|
Փոխարժեքներ
06 02 2026
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 377.7 |
| EUR | ⚊ | € 445.38 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.9058 |
| GBP | ⚊ | £ 512.84 |
| GEL | ⚊ | ₾ 140.39 |
Աղբյուրը` Aztagdaily
«Սիտըրզ Ռիփորթ» կայքը անդրադարձած է այն տուեալներուն, որոնց շնորհիւ լիբանանեան քաղաքական կողմերը, որոնց կարգին Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, կը կառչին զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանին, որպէսզի ան շարունակէ վարել այս նախարարութիւնը: Ըստ կայքին, այս իրողութեան պատճառը հետեւեալ բնագաւառներուն մէջ անոր արձանագրած յաջողութիւններն են.
1.- Լիբանանեան քաղաքական ոչ մէկ բաղադրիչ մերժեց այս նախարարութիւնը Կիտանեանի յանձնել, անոնց կարգին` հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետ Սաատ Հարիրին` տարբեր առիթներով Ազգային հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն ընդմէջէն:
2.- Նախարար Կիտանեան յաջողեցաւ բազմազանութիւն բերել լիբանանեան զբօսաշրջութեան մէջ, մինչ նախորդ տարիներուն անիկա կեդրոնացած էր Արաբական Ծոցէն եկողներուն վրայ:
3.- Զբօսաշրջիկներուն թիւը աւելցաւ, մօտեցաւ երկու միլիոնի. ասիկա առաւելագոյն սահմանն է, որուն հասած էր Լիբանան 2010-ին:
4.- Զբօսաշրջիկներուն կողմէ ծախսուած գումարը բարձրացաւ եւ հասաւ 7,3 միլիառ տոլարի, ինչ որ կարեւոր թիւ է ազգային տնտեսութեան ամրապնդման իմաստով:
5.- Կիտանեանի յաջողութիւնը «Վիզիթ Լեպընըն» համագումարին, որուն ճամբով Լիբանան իր արժանի տեղը ունեցաւ համաշխարհային զբօսաշրջութեան քարտէսին վրայ: Նաեւ մեծապէս աւելցաւ եւրոպացի զբօսաշրջիկներուն թիւը` լիբանանեան զբօսաշրջութիւնը ամբողջ տարուան, չորս եղանակներուն վրայ տարածելով: