Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Դաշնակցութիւնը իր տարեդարձը երբեք չէ նշած առանձին, որովհետեւ երբեք չէ ապրած ու գոյատեւած առանձին:
Դաշնակցութիւնը` 128-ամեայ, իր գոյութեան ամբողջ ընթացքին անսասան եւ անկոտրում ապաւէնը եղած է իր ժողովուրդին, որմէ ստացած է իր ուժը, հաստատակամութիւնը եւ, ամէն տեսակի խոչընդոտներ շրջանցելով, միշտ յառաջացած է վճռակամ:
Դաշնակցութեան հարստութիւնը նիւթը չէ եղած երբեք, Դաշնակցութեան հարստութիւնը իրեն հաւատացող, իրմէ արդար ակնկալութիւն ու պահանջ ունեցող, իրմէ կարելին ու անկարելին սպասող, պայծառ ու ամպամած օրերուն իր կողքին եղող թանկագին ժողովուրդն է:
Եւ այդ ժողովուրդն էր, որ խիտ շարքերով երէկ` ուրբաթ, 7 դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Էմիլ Լահուտ» համալիր եկած էր` տօնակատարելու ի՛ր կուսակցութեան 128-ամեակը, ուրախանալու անոր գոյութեամբ, արժեւորելու անոր նուաճումները, քննադատելու անոր թերացումները, հաստատելու, որ ինք տէրն է Դաշնակցութեան, որ երբեք առանձին պիտի չմնայ, որքան ալ փոխուին ժամանակներն ու պայմանները:
Տեսնել այդ պատկերը եւ չհրճուի՞լ, չյուզուի՞լ` պարզապէս անկարելի է: Տեսնել այդ մեծաթիւ լիբանանահայերը, որոնք ժամէն շատ առաջ լեցուցած էին ո՛չ միայն սրահին երկու յարկերը, այլ նաեւ աստիճանները, միջանցքներն ու դուրսի սպասման սրահը, տեսնել ծերերը` աթոռներուն յենելով քալող, երեխաները` իրենց ծնողքին գիրկը, աշակերտները` ՀՅԴ-ի դրօշակը գրկած, երէցներն ու երիտասարդները` բեմին վրայ արտասանուած խօսքերուն սպասող եւ դէմքի կամ գլխու շարժումով զգացումներ արտայայտող, տեսնել նահատակներուն ծնողները` իրենց յատկացուած աթոռներուն կարգին հպարտութեամբ եւ գոհունակութեամբ իրենց անունը փնտռող® Տեսնելով այս բոլորը` պարզապէս հպարտութիւնը կը լիացնէ սիրտդ, շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան ապրումները կը համակեն հոգիդ, յուզումը կը տիրէ ներաշխարհիդ. այո՛, կրկին Դաշնակցութեան հաւատարիմ լիբանանահայութիւնն է, որ եկած է շնորհաւորելու կուսակցութեան հիմնադրութեան տարեդարձը:
Ժողովուրդին կողքին Դաշնակցութեան 128-ամեակի հանդիսութեան ներկայ էին երեք համայնքապետերը, ՍԴՀԿ եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ միութիւններու, տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ պաշտօնական հիւրեր:
ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին հնչեցուցած եղանակներուն կշռոյթով ՀՄԸՄ-ի արի-արենուշներ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ Դաշնակցութեան դրօշները բարձրացուցած խրոխտ քայլերով սրահի երկու մուտքերէն մտան եւ յառաջանալով հոծ բազմութեան ընդմէջէն բարձրացան բեմ, ուր զետեղեցին դրօշները, մինչ պատանիները ծաղիկներ նուիրեցին Դաշնակցութեան նահատակներու հարազատներուն, ապա Դաշնակցութեան պանթէոնի պատկերին առջեւ խումբ մը պատանիներ խոնարհեցուցին ծաղիկներ, երբ շեփորախումբը կը հնչեցնէր «Արիւնոտ դրօշ» երգը:
Այնուհետեւ հնչեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները, ապա բոլոր ներկաները միասնաբար երգեցին Դաշնակցութեան քայլերգը` «Մշակ բանուոր»-ը:
Յայտագիրը վարեցին Սիլվիա Սերայտարեան եւ Սագօ Եագուպեան: Անոնք մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան հրաւիրեցին ներկաները` յարգելու համար նուիրեալ նահատակներու եւ 1988-ի ահեղ երկրաշարժի զոհերուն յիշատակները:
Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` մայիսին տեղի ունեցած երեսփոխանական ընտրութիւններու նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին:
Դաշնակցութեան երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան խօսքը արտասանեց Նանոր Նահապետեան: Ան ըսաւ, թէ 128 տարիներու ընթացքին ՀՅԴ-ն կերտած է հայ ժողովուրդին յաղթական պատմութիւնը, եղած է անզիջող, եղած է միշտ սկզբունքային, ծնած է ժողովուրդէն եւ իր ամբողջ էութեամբ ծառայած է ժողովուրդին… կերտելով ազատ ու անկախ հայրենիք` հայոց պատմութեան ամէնէն դժնդակ օրերուն:
Ան ըսաւ, թէ Դաշնակցութիւնը յառաջդիմական կուսակցութիւն է եւ գործած իբրեւ այդպիսին տասնամեակներ շարունակ: Քայլ պահած է դարու զարգացումներուն եւ պահանջներուն հետ, սակայն միշտ անեղծ պահելով իր սկզբունքները, կրցած է դիմադրել ժամանակի չարիքներուն: Հաւատարիմ եղած է հայրենի սուրբ հողին, պատրաստ` արեան գնով անգամ պաշտպանելու հայրենիքի սահմանները եւ իւրաքանչիւր հայու օճախը: Դաշնակցութիւնը միշտ ներկայացած է իբրեւ վահան, որուն վրայ փշրուած են մեր ազգը այլակերպող ժամանակի բոլոր սպառնալիքները:
Նանոր Նահապետեան ըսաւ. «Դաշնակցութիւնը ազգային է, ոչ ազգայնամոլ: Կը պաշտպանէ հայ ազգի դատը` առանց ոտնակոխելու այլ ազգերու եւ ժողովուրդներու իրաւունքները: Դաշնակցութեան ազգային կուսակցութիւն ըլլալու ամէնէն կենդանի օրինակը անոր կառչած մնալն է Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին եւ հայ ազգի արժանավայել ապագայ մը ունենալու ձգտումին: Դաշնակցութիւնը ժողովրդավարական է, կը յարգէ անհատը, կը լսէ ժողովուրդին ցաւերը. առիթ կու տայ բազմակարծիք ըլլալու, երբ այդ կարծիքները կը բխին ժողովուրդին ծառայելու տրամաբանութենէն: Դաշնակցութիւնը միշտ ալ ձգտած է հայ մարդու պայծառ դիմագիծի կերտման, խօսքի ազատութեան իրաւունքի պահպանման ընդմէջէն միշտ պահպանած է ամէն խօսք, որ կը նուիրականացնէ հայ մարդու միտքի ազատ թռիչքն ու դէպի հաւաքական շահերու նուիրումը»:
Ան նշեց, որ ընկերվարական է Դաշնակցութիւնը, որ կը պաշտպանէ հայ մշակի եւ բանուորի իրաւունքը, կը մերժէ մենատիրութիւնը եւ ժողովուրդի հաշուոյն հարստացողներու նիւթապաշտ ձգտումները: Դաշնակցութիւնը յեղափոխական է, որ չի վարանիր բռունցք դառնալ հաւաքական շահերը վտանգող սպառնալիքներուն դէմ: Ան հաստատեց, որ Դաշնակցութեան երիտասարդութիւնը եւ ուսանողութիւնը հաւատարիմ են եւ ուխտած են մնալ այս կուսակցութեան հիմնադիրներու գծած սկզբունքային ուղղութեան եւ պիտի շարունակեն կառչած մնալ ՀՅԴ-ի գաղափարական դպրոցին:
Ան աւարտեց խօսքը ըսելով. «Մեզ միացնողն է մեր պայքարունակ ոգին: Իւրաքանչիւր դաշնակցական իր կարողութեան սահմաններուն մէջ կը նուիրուի հայ ազգի ծառայութեան գործին` հաւատարիմ մնալով Դաշնակցութեան անմահներու երթին: Ոմանք կը նուիրուին մշակոյթի ճամբով, ուրիշներ` պատերազմի դաշտին վրայ, սակայն բոլորին նպատակը մէկ է, պայքարիլ ի խնդիր հայ ազգի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, մշակութային բովանդակ շահերու պաշտպանութեան, եւ այս պայքարի ճանապարհներով կարելի պիտի ըլլայ կերտել ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը, մեր բոլորի հաւաքական կեանքի միակ երազն ու ապաւէնը»:
Հանդէս եկաւ հայրենի երգիչ Սեւակ Ամրոյեան եւ մեկնաբանեց «Զգուշ խօսիր» եւ «Հայոց մարտիկներ» երգերը:
Ցուցադրուեցաւ երկրորդ տեսերիզ մը` լիբանանահայ ազգային կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացնող:
Դաշնակցական համակիրի խօսքը արտասանեց Յակոբ Լուսարարեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ 128 տարի առաջ տարբեր դասակարգի պատկանող անձնուէր երիտասարդներ համախմբուեցան եւ որոշեցին վերջ տալ հայութեան դարաւոր ստրկութեան: Անոնք ընկալելով ազատութիւն, իրաւունք, ուժ հասկացողութիւններուն իմաստը` համախմբուեցան եւ մէկտեղեցին իրենց գիտելիքներն ու տեսլականները, զանոնք բանաձեւեցին յստակ գիծերու մէջ եւ կազմեցին ծրագիր, որ բնականաբար անհրաժեշտութեան պարագային պիտի իրագործուէր յեղափոխական մեթոտներով: Անոնք իրենց աշխատանքին նշանաբանը դրին «ՄԱՀ կամ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ»: Անոնք զոհաբերութիւններով եւ աշխատանքով անկարելին դարձուցին կարելի` առաջ տանելու համար հայրենիքի ազատագրութեան գործը:
Լուսարարեան ըսաւ, թէ Դաշնակցութիւնը սփիւռքի մէջ պահեց հայութիւնը, պահեց հայոց եռագոյնը, հիմնեց ուղեկից միութիւններ` ՀՄԸՄ, ՀՕՄ, Համազգային, որոնք իրենց կարգին վառ պահեցին հայ լեզուն, մշակոյթը եւ աւանդութիւնները: Դաշնակցական զինուորը իր հերոսութեամբ եւ նահատակութեամբ հիմնական նուիրեալը դարձաւ արցախեան ազատագրական պայքարին:
Յ. Լուսարարեան նշեց, որ Դաշնակցութեան 128 տարուան պատմութիւնը կերտուած է ծայրայեղ կարգապահութեամբ, հեռատես ղեկավարութեամբ, խոնարհ, բայց քաջ կուսակցական ընկերներու զոհողութեամբ, ինչպէս նաեւ գաղափարին թունդ համակիրներու հսկայ բանակով:
Ան յայտնեց, որ հպարտօրէն համակիրներու բանակին կը պատկանի 40 տարիէ ի վեր եւ ականատես եղած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին Դաշնակցութեան կատարած պաշտպանութեան մեծ գործին, հայապահպանման աշխատանքներուն եւ ընդհանրապէս լիբանանահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան պայքարին:
Ան ըսաւ նաեւ, որ իր արժանապատուութիւնը վիրաւորուած կը զգայ, երբ մարդիկ վատ միջոցներով կը փորձեն Դաշնակցութիւնը հարուածել: «Այդ բոլորը ամօթալի երեւոյթներ են ու մերժելի նախ եւ առաջ հաւատարիմ համակիրներու կողմէ, որոնք կուսակցականի նոյն ապրումով կ՛երգեն «Արիւնոտ դրօշ»-ը եւ «Մենք անկեղծ զինուոր ենք»-ը: Դաշնակցութիւնը 128 տարուան կեանք ունի եւ կը յիշեցնէ մեզի ամէն վայրկեան, որ իր կապը ժողովուրդին հետ միշտ ալ մնացած է ամուր եւ ոչ մէկ օտար կամ հայ ձեռք կրցած է այդ կապը քանդել», ըսաւ ան, ապա եզրափակեց. «Կը խոնարհիմ նահատակներուն դիմաց եւ կ՛ուզեմ վստահեցնել, որ միշտ դաշնակցական կը զգամ ու դաշնակցականի նման պիտի գործեմ եւ իմ համեստ նպաստս պիտի բերեմ ու ծառայեմ ազգիս: Կեցցէ՛ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ ժողովուրդով կը շնչէ եւ ժողովուրդին համար մի՛շտ պատրաստ է»:
Այնուհետեւ հանդէս եկաւ հայրենի երգչուհի Եւա Եկանեան եւ մեկնաբանեց «Պիտի գնանք» եւ «Թաթուլ Կրպէեանի յիշատակին» երգերը: Իսկ Սեւակ Ամրոյեան ներկայացուց «Ախպերս ու ես» եւ «Գինի լից» երգերը:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ հանդիսութեան ընթացքին երիտասարդութեան եւ համակիրներուն անունով արտասանուած խօսքերուն` հաստատելով, որ Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ երիտասարդութեան վերանորոգ ուժին, նաեւ կը գիտակցի, որ ոչ կուսակցականներուն իր ընդհանրական գործին մասնակցութիւնը կարեւոր է եւ առանցքային:
Ապա ան խօսեցաւ հայոց պատմութեան մէջ Դաշնակցութեան ունեցած անառարկելի դերակատարութեան մասին` հարց տալով, թէ ի՞նչ կրնար ըլլալ պատմութեան ընթացքը, եթէ չըլլար Դաշնակցութիւնը` դիտել տալով, որ այս կուսակցութիւնն է, որ 19-րդ դարուն, հայկական զարթօնքի ժամանակաշրջանին, կազմակերպական ենթահող, գաղափարական խմորումները բիւրեղացնող, միաւորող ու զանոնք գործի վերածող ուժը եղաւ, Արեւմտահայաստանի մէջ ծառացաւ հարստահարման, սպանդի եւ հայկականութեան կորուստի դէմ, Արեւելահայաստանի մէջ հայ մարդը մղեց իր արդար իրաւունքները պաշտպանելու, ապստամբութիւններ կազմակերպեց ու հերոսամարտեր մղեց, հայութեան դրօշը բարձր պահող զինուոր ու հրամանատար պատրաստեց, նահատակներ տուաւ, Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքին ականատեսներուն համար հանդիսացաւ ոգեշնչող ներկայութիւն, վիշտ ամոքող, անոնց կեանքը իմաստաւորեց, մայիս 28 կերտեց, հաստատեց անկախ Հայաստան, որուն վրայ կառուցուեցաւ Խորհրդային Հայաստանը: Տակաւի՛ն. Բագրատունի հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը սփիւռքի կազմակերպական գործ տարաւ, Հայ դատը հետապնդեց, քաղաքական ներկայութիւն եղաւ, ժողովուրդը պաշտպանեց, Ցեղասպանութիւնը ծրագրողներուն արդար պատիժը տուաւ, գաղափարական սնունդ տուաւ, կառչեցաւ Հայաստանին ու Արցախին, հարազատ հողին, որ մնայուն է եւ յաւերժական:
«128 տարի տեւաբար Դաշնակցութեան քանդումը նախատեսող, անոր քայքայումը ցանկացող, անոր յուղարկաւորութիւնը կազմակերպող, ժողովուրդի թշնամին նկատող, զայն պուրժուայական հաւաքականութիւն ներկայացնող հայ եւ օտար բոլոր ուժերն ու սպասարկութիւնները, հակառակ իրենց հակադաշնակցական մոլուցքին, գազազած կիրքերուն, հակառակ կատաղի հակադաշնակցականութեան, Դաշնակցութիւնը ժողովուրդէն հեռացնելու անխոնջ ջանքերուն, կրցա՞ծ են գտնել պատասխան, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս ապրեցաւ ու դեռ պիտի ապրի Դաշնակցութիւնը:
«Բայց կա՛յ Դաշնակցութիւնը: Կայ ու պիտի ապրի Դաշնակցութիւնը: Թէ ինչո՞ւ` որովհետեւ ան ծնաւ պատմական անհրաժեշտութենէ, ծնաւ ժողովուրդին համար ու կ՛աշխատի ժողովուրդին համար: Կայ ու կ՛ապրի Դաշնակցութիւնը` շնորհիւ իր գաղափարական ուժին, ժողովրդավարական ու ապակեդրոն կազմակերպուածութեան, անդամներուն կարգապահական բծախնդրութեան եւ խօսքէն առաջ իրական գործին հաւատալու եւ զայն կեանքի վերածելու անզիջող վճռակամութեան:
«Դաշնակցութիւնը կա՛յ ու կ՛ապրի շնորհիւ ձեզի, սիրելի՛ ու արժանապատիւ հայ ժողովուրդ: Դաշնակցութիւնը կայ ու կ՛ապրի շնորհիւ իր կեանքին վրայ երդում կատարած ու հայութեան եւ Հայաստանի համար դաշնակցական դարձած ընկերուհիներուն եւ ընկերներուն», հաստատեց Յակոբ Բագրատունի:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը ըսաւ, թէ Դաշնակցութեան մէջ սորվեցանք պաշտել Հայաստանը, հոն դարձանք Հայաստանի եւ հայութեան համար անզիջող հայեր, հայադրոշմ, անհատականէն անդին հաւաքականին ծառայող: Ան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ կուսակցութեան մղած ազգային շահերու հետապնդման պայքարներուն, որոնց պատճառով ալ ան արգիլուեցաւ հայրենիքի մէջ, դրական աչքով չդիտուեցաւ երբեմն, բայց եւ այնպէս կրկին վերադարձաւ հայրենի հող, թէեւ տասնամեակներ շարունակ ան մարդոց հոգիներուն եւ սրտերուն մէջ էր: «Ահա թէ ինչո՛ւ Հայաստանի ու հայութեան յաւերժութեան համար մենք դէմ ենք ամէն տեսակի ապահայացնող, այլանդակութեան առաջնորդող, ապազգայնացնող, ազգային գաղափարախօսութիւնը ոտնակոխ ընող, աննպատակ զիջումներ ճառող կեցուածքներու եւ ուժերու», նշեց ան: Յակոբ Բագրատունի ապա խօսեցաւ մայիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդային ցասումին մասին` ըսելով. «Դաշնակցութիւնը Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ անմիջապէս ողջունեց ժողովրդային շարժումը, կանգնեցաւ անոր կողքին, առաջինը եղաւ, որ քանդեց նախկին կառավարական քոալիսիոնը, միաժամանակ անհրաժեշտ նկատեց մտածուած, հիմնաւորուած ու ծրագրուած փոփոխութիւններ, ժողովրդավարութեան պահպանում եւ Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութիւն: Սկզբունքներ, որոնք ժողովրդային ցասումը կ՛առաջնորդէին իրաւ յեղափոխութեան, հոգիներու եւ մտքերու ազատագրման, հպարտ քաղաքացիի կառուցումին, անաչառ, անկեղծ, հայադրոշմ արժէքները պահող ժողովրդավար պետութեան մը, որ ապաւէն պիտի ըլլար իւրաքանչիւր հայու:
«Ու եթէ մատնանշեցինք կարգ մը սխալներ, բացթողումներ, կարծրացած տեսակէտներ, մտահոգուեցանք երկրի ընկերային, հողային թէ պետական անվտանգութեամբ, ու եթէ ժողովրդավարութեան սկզբունքով բարձրաձայնեցինք մեր կեցուածքները, այդ բոլորը ըրինք, որովհետեւ պաշտելի է Հայաստանը, եւ որովհետեւ մենք կը ձգտինք կատարուածը հասցնել յեղափոխութեան ու Հայաստանը վերածել անսասան ամրոցի, ամէն հայու տան, ամբողջ հայութեան Հայաստանի:
«Երբեմն չհասկցուեցանք, երբեմն վարկաբեկուեցանք, երբեմն չարախօսութեան կամ թունաւոր հարուածներու ենթարկուեցանք, սակայն քաղցր է Հայաստանի համար այս լուծը շալկել: Նահատակներ տուած, իր լաւագոյն տղաքը անարդարօրէն բանտերու մէջ տեսած Դաշնակցութիւնը չի կրնար կանգ առնել պաշտելի Հայաստանը ամուր ու յաւերժական տեսնելու իր գոյամարտին մէջ»: Անոր համաձայն, Հայաստանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները ի՛նչ ալ ըլլան, Դաշնակցութիւնը պիտի մնայ ու գործէ Հայաստանի մէջ` Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման, ազգային գաղափարախօսութեան պահպանման, ամրապնդման եւ ճառագայթումին համար:
Յաջորդ բաժինով երեսփոխան Բագրատունի խօսեցաւ Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան մասին, յատկապէս կեդրոնանալով մայիս 6-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն վրայ, որոնց ընթացքին Դաշնակցութիւնը իր ամբողջ ճիգը ի գործ դրաւ` հայութեան ձայնը հայկական միջավայրի եւ հայ քաղաքական կուսակցութեանց արձագանգ եղող ձայնի հաստատումը ապահովելու:
«Դժբախտաբար ընտրարշաւի ընթացքին լիբանանցի հայ քաղաքացին վարակուեցաւ նաեւ ընտրական վատ բարքերէ: Ընտրակաշառքին առջեւ տկարացան շարք մը հայեր, քուէավաճառք կատարուեցաւ, ու քուէին հետ գնուեցաւ նաեւ հայ քաղաքացիին ազատ խիղճը: Երբեմն նաեւ հայեր քուէարկեցին ոչ հայ թեկնածուներու` մոռնալով, որ վերջին հաշուով տակաւին համայնքային դրութեամբ գործող այս երկրին մէջ իւրաքանչիւր անհատ կը վերադառնայ իր համայնքին, իր կուսակցութեան, որոնք պարտին լուծել իր հարցերը: Ժխտական երեւոյթ մը, անկասկած, որ սակայն իրականութիւն է:
«Մենք շնորհակալութեան խօսք ունինք անոնց, որոնք քուէարկեցին ի նպաստ մեր թեկնածուներուն: Ձեր քուէն վստահութեան քուէ է անկասկած, ձեր ազատ կամքի պահպանման, ինքնութեան պահպանման, Լիբանանի հայութեան ամրացման քուէն է: Ձեր ազատ կամքի քուէն է: Հպարտ հայու քուէն է: Ձեր վարձքը կատա՛ր:
«Իսկ միւսները, հակառակ իրենց քուէին, են ու կը մնան մեր ժողովուրդի զաւակները, թէեւ իրենց քուէով այլընտրանք կատարած կամ կաշառուած ու խոստումներ ստացած: Անոնք մեր մեծ ընտանիքի անդամներն են, փորձառութեամբ կրնան տեսնել ճիշդը եւ վերանայիլ իրենց ընտրանքը: Մեր դռները բաց են բոլորին դիմաց», վստահեցուց Բագրատունի: Ան աւելցուց, որ տիպար քաղաքացի ըլլալով հանդերձ, տկար չէ լիբանանահայը, տէրն է իր իրաւունքներուն, արժանապատուութեան, եղած է դրական ներկայութիւն, կառուցած է, մերժած է քանդել ու պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ Լիբանանին:
Ապա Բագրատունի լուսարձակի տակ առաւ լիբանանահայութեան ինքնութեան պահպանման ու ամրապնդման հարցը, ազգայինէն եւ հաւաքականէն դուրս գալով դէպի անհատական ԵՍ կղզիացումը, հայու աղաւաղուած տիպարի ստեղծման վտանգը` աւելցնելով, որ այս բոլորին դէմ կարելի է պայքարիլ հաւաքաբար, հայ մարդու կոթողական վերականգնումով եւ հայեցի ինքնութեան վերընձիւղումով: «Լիբանանի մէջ քանդել հայութեան ինքնութիւնն ու հայկականութիւնը կը նշանակէ հարուածել սփիւռքահայութիւնն ու Հայաստանը, կը նշանակէ հեռանալ Հայ դատի բարւօք լուծման գործընթացէն: Այլ խօսքով` կը նշանակէ շարունակել ու յաջողութեամբ իր լրումին հասցնել թուրքին սկսած ու կիսատ մնացած գործը: Լիբանանի հայութեան քանդումը կը ցանկան շատ մը օտար ուժեր: Գէթ հայութիւնը իր կրօնական եւ աշխարհական պատասխանատուներով ու ժողովուրդը հաւաքաբար պարտի հայու ձեռքով չիրականացնել թուրքին ու օտարին երազը», ըսաւ ան:
Այդ ծիրին մէջ երեսփոխան Բագրատունի շեշտը դրաւ լիբանանահայութեան համար հիմնաքար հանդիսացող երիտասարդութեան վրայ, որ ապագային պիտի ստանձնէ մեր ժողովուրդին պատասխանատուութիւնը, շարունակէ վառ պահել կրակը, աւելիով բորբոքէ զայն ու իրականացնէ վերանորոգ իր երազը: Ըստ անոր, բնական է երիտասարդութեան կողմէ երէց սերունդին նկատմամբ դժգոհութիւնը, հինը քանդելու ու նորը կառուցելու ձգտումը: «Նորը պէտք է ըլլայ նախկինէն լաւ, նախկինէն ուժեղ, նախկինէն ամուր: Այդ նորը ամէն պարագայի պէտք է ըլլայ հայադրոշմ», յայտնեց Յակոբ Բագրատունի` աւելցնելով, թէ նորօրեայ բազում վտանգներուն լոյսին տակ հայադրոշմ նորը ստեղծելու համար երիտասարդը պարտի գործօն մասնակցութիւն բերել ազգային-հասարակական մեր կեանքին, ունենալ հայկական արեւելում: «Հեռու մնալ հայկական իրականութենէն, հրաւէրի սպասել, քննադատել առանց խորքային ճանաչման, տարուիլ օտար բարքերէ ու գերագնահատել օտարը, միաժամանակ վատ տեսնել կատարուած ձեռքբերումները եւ ամէն ինչ որ հայկական է, չեն օգներ հայադրոշմ նորի կառուցման եւ ո՛չ ալ երիտասարդութեան հայկականութեան, ու հետեւաբար, ապագայ սերունդներու ինքնութեան պահպանման խնդիրին», դիտել տուաւ ան:
Իր խօսքը եզրափակելով` Յակոբ Բագրատունի հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ ապրիլ, այնքան ատեն որ կ՛ապրի հայ ժողովուրդը, որովհետեւ անիկա շունչ է, ոգի, միտք ու բազուկ, զգօնութեան հրաւէր, որ ամուր է իր ժողովուրդով, ամուր է գալիք սերունդներուն համար, ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանին համար:
Ելոյթ ունեցաւ Եւա Եկանեան` ներկայացնելով «Մարտիկին» եւ «Երկրին» երգերը:
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ հայրենի երգիչներ Սեւակ Ամրոյեանի եւ Եւա Եկանեանի «Հսկայ երկիր է» միացեալ երգով:
aztagdaily.com