Իմ փորձը, որ խօսքը կրնայ սպանել ընտանեկան պատմութեան հետ կապուած պատճառներու բերումով, ինձ համար յատուկ նշանակաութիւն ունի, քանի որ խօսքը եղած է ցեղասպանութեան գործիք, խօսքը եղած է դատապարտելու, նուաստացնելու, հալածելու եւ վերջապէս ոչնչացնելու համար հրաշալի գործիք: Հետեւաբար ինծի համար խօսքը միայն բառեր չեն: Խօսքը նաեւ գործողութիւններ են, երբեմն դաժան գործողութիւններ, որոնք կրնան կոտրել մարդկանց, նոյնիսկ սպաննել, նուազագոյնը առյաւէտ վիրաւորել. այդ իսկ պատճառով երբեք չեմ հասկցած բառերու զօրութեան նուաստացնող մարտկանց, մարդիկ որոնք կըսեն թէ խօսքի ազատութիւնը սկզբունքօրէն անսահմանափակ է:
Կարծես թէ խօսքը սոսկ բառերու կուտ է եւ խօսքին կարելի ի է միշտ դիմակալել ուրիշ խօսքով. բայց երբ բառերուն տանք այն լրջութիւնը որուն արժանի են անոնք, ապա կը հասկնանք, որ խօսքը կրնայ ունենալ ֆիզիկական, հոգեկան եւ մտաւոր ազդեցութիւն, եւ որ աշխարհի մեջ ոչ մի բառ չի կրնար վերացնել այդ վնասները։ եթե սա կը հասկնանք ապա նաեւ պիտի գիտակցինք, որ խօսքի ազատութիւնը պէտք է ունենայ իր սահմանները, ինչպես ֆորմալ, այնպես էլ ոչ –պաշտոնական խօսքը:
Այնպէս ինչպէս որսորդական լիցենզիան, կրնայ վերածուիլ անխտիր սպանելու կամ վիրաւորելու արտօնագրի, , ապա նոյնպես խօսքի ազատութիւնը կրնայ հեշտութեամբ վերածուիլ վիրաւորելու, կոտրելու, սպանելու սանձարձակ ազատ թույլտվութեա:
Անոնք որոնք կը պայքարին խօսքի ազատութիւնը ատելութեան խօսք օգտագործելու իրաւունքի համար, որոշ իմաստով իմաստով կը համեմատուին այն ամրդոց հետ որոնք կը պայքարին հրազեն ձեռք բերելու իրաւունքի համար:
Ես կը փորձեմ հասկնալ, թէ ինչպես կարելի է ընդունիլ , որ խօսքը որ կրնայ սպանել կամ կը վիրաւորել նաեւ խօսքի ազատութիւն է. կուզեմ հասկնալ թե ինչպէ՞ս այս ծայրայեղ ընկալումը դարձաւ ազատական դիրքորոշում. բայց չեմ կրնար հասկնալ. ինչու չենք տեսներ որ խոօքը ինչպիսի փորձութեան կրնայ մատնել ինչպէս ազատութեան, այնպէս ալ ժողովրդավարութեան: Իհարկէ, ես կը հասկնամ որ այստեղ կայ սահմանագծումի խնդիրը, դեռ չյիշատակելու համար այն միւս խնդիրը, թէ ով է որոշելու, թէ որտեղ պետք է սահմանը գծել, ինչ միջոցներով, եւայլն. բայց ես չեմ հասկնար այն մարդկանց, որոնք ձեռքի թեթեւշարժումով կարհամարհեն խօսքի սպանելու կարողութիւնը:
Այն, որ խօսքը դժուար է կարգաւորել, որ խօսքի ազատութիւնը կենթադրէ ինքնակարգավորման մեծ չափորոշիչ, չի նշանակէր որ մենք կարող ենք չտեսնել, սուրբ գրքի լեզուով ըսուած, թոյնով լի մահացու լեզուներու հետեւանքները.յատկապես այնպիսի մի ժամանակ, երբ մահացու թույնը կարող է արտադրուիլ եւ տարածուիլ այնպիսի արագութեամբ, ծաւալով եւ տեւողութեամբ, որ Յակոբի նամակի հեղինակը չէր կարող պատկերացնել իր ամենասարսափելի դժոխքի երեւակայութեան մէջ:
Այո, մենք եւս չէինք պատկերացներ մինչեւ վերջերս: Սոցիալական մեդիան, կամ ես կը նախընտրեմ կոչել, ապա-սոցիալական մեդիան , ստեղծեց մարդկային հաղորդակցութեան մէջ ամենամեծ յեղափոխութիւնը որ բանաւոր թունատարածումը վերածեց մանկական խաղի:
Մնալով Աստվածաշունչի մեթաֆորներու մէջ, սոցիալական լրատուամիջոցները թունաւոր լեզուներու կատարեալ գործիքներն են: Այստեղ, ցանկացած մարդ, անանունութեան կամ կեղծ ինքնութեան պաշտպանութեան տակ, կրնայ թունաւոր խօսք տարածել որեւէ մեկուն կամ բանի մասին, եւ թիրախը պաշտպանուլեու եւ կամ իրաւունքները վեարկանգնելու ոչ մի հնարք չունի. մինչ թոյնը՝ անխափան երկար ժամանակ կը շարունակէ աշխատիլ համացանցի որոնման համակարգերուն մէջ եւ սոցիալական ցանցերուն մէջ :
Խնդիրը աւելի բարդացած այսոռ է քանի որ ս ԶԼՄ-ները, հաղորդակցութեան յեղափոխութեան յարմարուելու իրենց ձգտման մէջ ոչ միայն իրենց լրագրութիւնը կը յարմարեցնեն սոցիալական լրատուամիջոցներուն, twitter փոթորիկներուն եւ հեշթագային հոսքին, այլ նաեւ կարծես հրաժարած են իրենց հրապարակախօսային պատասխանատւութենէն։
Այն ինչ որ կարելի է ըսել սոցիալական միջոցներում, եւ որ կրնան ստեղծել twitter փոթորիկներ եւ սնել հեշտագներ, հակուած են ազդելու հրապարակախօսական լրատուամիջոցներուն վրայ. : Սա իմ համար անընդունելի է. Այն, ինչ որ գրեթէ լրիւ ազատօրէն կըսուի է սոցիալական էջերուն վրայ, նաեւ խօսքեր են, որոնք կրնան վնասել եւ նունիսկ սպանել. Այդ խօոսքը, ատելութեան խօսքը , իմ տեսակէտով խօսքեր են որոնք կը խախտեն նոյնինքն ազատութեան հիմքը:
Կարծում եմ, ժամանակն է, որ սկսինք լուրջ վերաբերիլ ատելութեան խօսքին:
Սյուզան Խարդալյան, Ստոկհոլմ