կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2017-12-12 17:12
Հասարակություն

Երուսաղեմի կարգավիճակն ու հայկական արձագանքները

Երուսաղեմի կարգավիճակն ու հայկական արձագանքները

Աղբյուրը՝ arfd.am

Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը կարելի է նկատել ցնցիչ, բայց ոչ անպայման անակնկալ: Աւելի ճիշդը, նախագահ Թրամփ նման չկշռադատուած յայտարարութիւններ կատարելու կանխատեսելիութեամբ յատկանշուած է արդէն: Զուգահեռ, նկատելի է նաեւ քաղաքականօրէն, որ Թրամփի յայտարարութիւնները լարուած կացութիւններ կը ստեղծեն, բայց յաճախ ալ քաղաքական հետեւանքներ անպայման չեն ապահովեր եւ կը մնան յայտարարողական առումով մթնոլորտ ստեղծելու եւ ոչ թէ իրավիճակ փոխելու ուղղութեամբ կտրուկ շրջադարձներ զգացնելու ծիրին մէջ:

Աշխարհաքաղաքական առումով տարածաշրջանին մէջ առանցք կազմած գլխաւոր խաղացողներու Մոսկուա-Թեհրան-Անգարա առանցքը դատապարտանքի դիրքորոշումով հանդէս պիտի գար: Միացեալ Նահանգներու նախագահին նորագոյն այս յայտարարութիւնը յայտարարողական հարթութեան վրայ նոր բաժանարար գիծ կ՛ընկալուի տարբեր գերտէրութիւններու միջեւ: Մինչ, տեղի ժողովուրդը կրնայ այդ հարթութենէն անդին աւելի սուղ գին վճարել:

Հիմա կարելի է մտածել, որ Երուսաղէմի մասին կատարուած այս յայտարարութիւնը եւս կը դիտարկուի շղթայական այս յայտարարութիւններու շարքին: Անշուշտ կարելի չէ հաստատել, որ տարածաշրջանին մէջ նոր սրումներ եւ բախումներ կը բացառուին այս ձեւով: Հիմա կը մեկնարկեն Ուաշինկթընի այս քայլը ողջունողներու կամ դատապարտողներու յայտարարութիւնները:

Երուսաղէմի կարգավիճակի ճշդումը համաշխարհային ուշադրութեան արժանացած խնդիր է հասկնալիօրէն: Առանց խորանալու տարբեր շահագրգռութիւններու շարժառիթներուն մէջ, փորձենք ընդգծել հայկական արձագանգներուն առանցքային բաժինները:

Պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումը այս հարցին մէջ քաղաքական տրամաբանութեամբ հասկնալի է եւ կը յատկանշուի հաւասարակշռուածութեամբ ու նրբութիւններու յարգումով:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Երուսաղէմի խնդիրը իսրայէլա-պաղեստինեան բանակցութեամբ լուծուելիք խնդիր է, որուն մէջ շատ կարեւոր է խաղաղ եւ կայուն ընթացքը:

«Երուսաղէմի մէջ առկայ է բազմադարեան հայկական ներկայութիւն, հարուստ հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւն: Հայ առաքելական եկեղեցին կը հանդիսանայ Սուրբ վայրերու իրաւատէր եկեղեցիներէն մէկը: Բնականաբար, մենք ուշադրութեամբ կը հետեւինք Երուսաղէմին առնչուող բոլոր զարգացումներուն»:

Հիմա աւելի քննական հայեացքով մը քաղաքական այս յայտարարութիւնը կը յանգի այն եզրակացութեան, որ Երեւանը առանց դիրքորոշուելու իսրայէլեան-պաղեստինեան քաղաքային կարգավիճակի ճշդումի հարցին մէջ, ըստ էութեան կը յայտնէ իր անհամաձայնութիւնը Միացեալ Նահանգներու նախագահի կայացուցած որոշումին: Երբ կ՛ըսուի, որ խնդիրը հակամարտող կողմերուն միջեւ պէտք է համաձայնեցուի, ըսել կ՛ուզուի, որ երրորդ կողմը պէտք չէ նման որոշում կայացնէ:

Հիմնաւորումը եւս նման դիրքորոշում հրապարակելու արդարացուած է, այն իմաստով, որ հայկական պետութիւնը նախանձախնդրութիւն ցոյց կու տայ պահպանելու բազմադարեան հայկական ներկայութիւնն ու հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը:

Տեղական հանգամանքներու նկատառումով զուտ հայկական թաղամասերու իրավիճակին մասին պարզաբանումներ կու տայ Երուսաղէմի պատրիարքութեան բանբերը: Մինչ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ուղղակի կը մերժէր Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը` զայն նկատելով միջազգային օրէնքի, արդարութեան եւ պատմական իրողութեան հակադրուող քայլ: Այս կեցուածքը օրինաչափ է նաեւ համաքրիստոնէական հայեցակէտով` Երուսաղէմը պէտք է շարունակէ մնալ բաց քաղաք միաստուածեան երեք կրօններուն առջեւ:

Աշխարհագրական տարբեր միջավայրերէ եւ տարբեր պայմաններէ հրապարակուած հայկական արձագանգներուն միջեւ կայ ընդհանուր համահնչեղութիւն: Կարեւոր է վերընդգծելը, որ Երուսաղէմի մէջ կայ հայկական բազմադարեան ներկայութիւն, եւ այդ առումով համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող քաղաքի մէջ գոյութիւն ունին հայկական իրաւունքներ:

«Ա.»

aztagdaily.com