Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Աղբյուրը՝ Aztagdaily
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին երէկ` կիրակի, 26 նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարիներու աւանդութիւն դարձած «Պատանիի օր»-ուան հանդիսութիւնը` «Ով տիրում է Շուշիին, նա տիրում է Արցախին» կարգախօսով: Ձեռնարկին ներկայ էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն անունով խօսք առաւ Կալի Աւագեան: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն հանդիսութեամբ պիտի նշուին երկու կարեւոր օրեր: Առաջին` «Պատանիի օր»-ը, որ պարզ օր մը չէ դաշնակցական պատանիներուն համար, որովհետեւ այս օրուան ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն անդամակցած նորեկ պատանիները պաշտօնապէս կը դառնան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատանիներ` խոստանալով ըլլալ մտքով մաքուր, հոգւով արի, վսեմ ու կարգապահ, պահել, սիրել ու սիրցնել հայ արժէքները, լեզուն, մշակոյթը, գիրն ու պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ իրենց կարելին ի գործ դնել ի սպաս հայրենիքին ու ազգին բարգաւաճման:
Երկրորդ` Շուշիի ազատագրման 25-ամեակը, երբ 1988-ին հայրենասէր, քաջ ու ազատատենչ հայ երիտասարդներ ուզեցին դուրս գալ ազրպէյճանական բռնատիրութենէն ու դիմեցին ազատագրական պայքարի` Արցախի մէջ քաջաբար դիմադրելով թշնամիի մեծաթիւ բանակին, եւ 1992-ի մայիսին Շուշիի ազատագրումով պսակեցին հայութեան յաղթանակը:
«Իբրեւ դաշնակցական պատանիներ պէտք է հաւատարիմ մնանք մեր տուած խոստումին, որովհետեւ մենք ենք հայ ժողովուրդի ապագան, մենք ենք տէրը հայերէնին, հայ երգին ու պարին, Հայ դատին» եզրափակեց Աւագեան:
ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին անունով խօսք առաւ Նանար Սարգիսեան: Ան ըսաւ, թէ «Ով տիրում է Շուշիին, նա տիրում է Արցախին» կարգախօսով ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինը որոշեց կազմակերպել այսօրուան «Պատանիի օր»-ը: Ան նկատել տուաւ, որ 1992-ի մայիսին, երբ հայ ժողովուրդը իր հայեացքը սեւեռած էր բռնագրաւուած Արցախին, Շուշիի յաղթանակը այն անկիւնադարձային կէտը եղաւ, որ արցախեան գոյամարտին տուաւ նոր ուժ եւ նոր յոյս` աւելցնելով, որ այսօր Արցախը ազատ եւ անկախ է եւ ասիկա ապացոյց մըն է աշխարհին, թէ հայը պատրաստ է ամէն գնով կռուելու, որպէսզի տիրանայ իր արդար իրաւունքին:
«Մենք Շուշիի յաղթանակը կը պարտինք մեր ազատամարտիկներուն, որոնք իրենց անձնազոհութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ դարձան անմահ օրինակներ, որոնցմով մենք այսօր կը դաստիարակենք հայ նոր սերունդները», շեշտեց Սարգիսեան` աւելցնելով, որ համաշխարհայնացման եւ արդիականացման այս դարուն դիւրին չէ կերտել ազգային ոգիով դաստիարակուած եւ նուիրեալ սերունդներ, սակայն Հայ յեղափոխական Դաշնակցութեան Լիբանանի պատանեկան միութիւնները կը շարունակեն ըլլալ այն դպրոցները, ուր պատանիները կը դաստիարակուին ըլլալու օրինակելի մարդիկ, նուիրեալ հայեր, եւ ապագային` տիպար դաշնակցականներ: Ան հաստատեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին կողքին վարիչ ու վարիչուհիները կը հսկեն պատանիներուն գաղափարական, ընկերային եւ մարզական զարգացման վրայ, մասնագիտացած եւ մանկավարժական ձեւերով պատանիին կը ներկայացնեն գիտելիքներ եւ կը մղեն անոր ձիրքերուն զարգացման:
Ան յայտնեց, որ խոստման արարողութեամբ պատանիները պիտի խոստանան ըլլալ սրտով մաքուր, մտքով վսեմ, արի ու կարգապահ, նաեւ պիտի խոստանան սիրել ու սիրցնել ազգի բոլոր արժէքները, շարունակել մեր ֆետայիներու ուղիով եւ դաշնակցական պատանիի բոլոր միջոցներով ծառայել ազգին ու հայրենիքին:
«Այնուհետեւ գեղարուեստական բաժինով «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» պատանեկան միութենէն Սելինա Աբիկեան դաշնակի վրայ նուագեց «Արի իմ սոխակ» երգը, Թրիփոլիի «Արշակ Ջամալեան» պատանեկան միութենէն Աբրահամ Արճեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Քիչ ենք, բայց հայ ենք» քերթուածը, «Նաւասարդեան» պատանեկան միութենէն Կայէլ Ապուսէֆեան երգեց «Կեանք ու կռիւ» երգը, «Գէորգ Չաւուշ» պատանեկան միութենէն Հրակ Մամիկոնեան ասմունքեց Վահան Տէրեանի «Մի՛ խառնէք մեզ ձեր վայրի արջի ցեղերին» բանաստեղծութիւնը, «Արշակ Ջամալեան» պատանեկան միութենէն Բարտի Մոսքոֆեան կիթառի վրայ նուագեց «Արդեօք ովքեր են» երգը, «Արմէն Գարօ» պատանեկան միութենէն Արազ Էլէյճեան ասմունքեց «Ղարաբաղ»-ը, «Զաւարեան» պատանեկան միութենէն Լիա Գէորգեան դաշնակի վրայ նուագեց երաժշտական կտոր մը, «Արշակ Ջամալեան» պատանեկան միութենէն խումբ մը պատանիներ մեկնաբանեցին «Պատանիներ» երգը: Ցուցադրուեցաւ նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը:
Այնուհետեւ պատանիներուն եւ ներկաներուն իր խօսքը ուղղելով օրուան պատգամախօս Արփի Մինասեան-Կոստանեան ըսաւ, որ պատանեկան միութիւնը ՀՅ Դաշնակցութեան այն դարբնոցը եւ հնոցն է, ուր ծիլ կու տայ եւ կը սկսի հասակ նետել ապագայ դաշնակցական գործիչը: «Պատանեկան միութիւնը ձեզ պիտի ուսուցանէ գաղափարը, յեղափոխութիւնը, զէնքն ու այբբենարանը ՀՅ Դաշնակցութեան, որպէսզի հետագային դառնաք հաւատաւոր, ստեղծագործ, հմայիչ մտաւորականներն ու մարտիկները նոյնինքն ՀՅ Դաշնակցութեան եւ իր ճամբով հայ ժողովուրդին», շեշտեց Արփի Մինասեան-Կոստանեան` յիշեցնելով, որ մեր բոլորին կեանքի իմաստը եւ նպատակը պէտք է ըլլայ ծառայել հայ ազգին եւ Հայաստանի:
Աւարտին տեղի ունեցաւ 70 պատանիներու խոստման արարողութիւնը: Հանդիսութեան կարգախօս «Ով տիրում է Շուշիին, նա տիրում է Արցախին» խորհուրդով, 70 պատանիներու սերունդը կոչուեցաւ «Շուշի» սերունդ` ի պատիւ Շուշիի ազատագրման ճամբուն վրայ նահատակուած բոլոր ազատամարտիկներուն:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով: