կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-10-25 14:32
Հասարակություն

Հիշելով Աղբյուր Սերոբին

Հիշելով Աղբյուր Սերոբին
Սեդօ Պոյաճեան

Այսօր, 118 տարի առաջ, Հոկտեմբեր 24, 1899ին, հայ դաւաճաններու կողմէ թունաւորուեցաւ, եւ ապա Պշարէ Խալիլին կողմէ գլխատուեցաւ Հայկական Յեղափոխութեան ֆետայապետ ՍԵՐՈԲ ԱՂԲԻՒՐԸ՝ Նեմրութի ասլանը։

Սակայն ազատագրական պայքարը շարունակուեցաւ Սերոբի ոգիով։ Սերոբ աղբիւրն էր Սասնոյ պաշտպանութեան։ Ան դարձաւ աղբիւրը Հայկական Յեղափոխութեան։ Ինչպէս ժողովուրդը կ՛ըսէր, «Վերեւ Աստուած, ներքեւ Սերոբ»։

Ֆետայիներուն եւ բոլորին Սերոբ կը պատգամէր, «Տղա՜ք, առանց հացի մնացէք, առանց զէնքի մի մնաք»։

Ֆետայիները առանց զէնքի չմնացին, նաեւ անվրէժ չմնաց Սերոբի դաւաճանական սպանութիւնը։ Անդրանիկ, Գէորգ Չաւուշ, Մակար, Գալէ, շենիկցի Մանուկ եւ Ղազար մահապատիժի ենթարկեցին Սերոբը դաւաճանող հայերուն եւ գլխատեցին Պշարէ Խալիլը։

Իր մահուան տարեդարձին, Սերոբին նուիրուած երգը տակաւին կը շարունակէ պատգամել, «Ով որ քաջ է, ի՞նչ կը սպասէ։»