կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-10-20 12:46
Հասարակություն

Զգաստանալու պահը

Զգաստանալու պահը

Աղբյուրը՝ arfd.am

ԱՅՍ ԱՆԳԱՄ ՀԱՐՑԸ Ա. ԿԷՕՆՃԵԱՆԸ ՉԷ

Անցնող Սեպտեմբերի 21ին, յօդուածով մը անդրադարձեր էինք Արշաւիր Կէօնճեանի յօդուածին, Հայաստանի հանրապետութեան հռչակման հարիւրամեակին եւ Արամ Մանուկեանի արձանին տեղադրման հարցին մասին։

Այժմ Ա. Կէօնճեան պատասխանած է մեր յօդուածին՝ «Պայքար» շաբաթաթերթի 8 Հոկտեմբեր 2017ի համարին մէջ։ Իր խորագիրն է «Վաչէ Բրուտեանի անզօր նկրտումները՝ 2018 Մայիսեան հարիւրամեակի առիթով»։ 

Այս կապակցութեամբ կ՛ուզենք վերահաստատել մեր կարգ մը թեզերը, կատարել կարգ մը անհրաժեշտ ճշդումներ, բայց ամէնէն կարեւորը՝ անդրադառնալ քաղաքական մտածողութեան առնչուող հիմնական խնդրի մը, որ պէտք է յուզէր թէ՛ Ա. Կէօնճեանը եւ թէ՛ իր պատկանած կուսակցութիւնը, ՌԱԿը։

ՆԱԽ ՃՇԴՈՒՄՆԵՐ

Վերոնշեալ շաբաթաթերթի աւելի քան մէկ լրիւ էջի ծաւալով իր վերջին յօդուածին մէջ, Ա. Կէօնճեան երկար-բարակ նախաբանէ մը ետք դարձեալ կը մեղադրէ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, իր որդեգրած «միահեծան (one track minded), այլամերժ եւ դաշնակցականեդրոն գործելակերպին, երբ նոյնիսկ (Վ.Բ.- Արդեօ՞ ըսել կ՛ուզէ… նոյնինքն) այդ կեցուածքը պատճառ դարձած է Սփիւռքը ալեկոծող, բաժանարար լուրջ հետեւանքներու»։ Պրն. Կէօնճեան, դուք չձանձրացա՞ք կրկնելէ այս անհիմն վերագրումները. նման բաներ տասնամեակներով կարդացած ենք, պատասխանած ենք ու անցած, պատմութեան անիւը թաւալած է, հասած ենք 2017 թուականը, կայ անկախ Հայաստան, պետականութիւնը ամրապնդելու, վերակառուցելու խնդիր կայ, համահայկական տարողութեամբ խնդիրներ կան հայ ժողովուրդին եւ պետութեան օրակարգին վրայ եւ դուք դեռ «հո՞ն» էք։ Ալ չենք պատասխաներ այս մաշած վերագրումներուն, որովհետեւ յօդուածագրին այս մտածողութիւնը աւելի ծանրակշիռ իրողութեան մը հետեւանքն է՝ ինչ կը վերաբերի իր ու իր պատկանած կուսակցութեան քաղաքական մտածողութեան լճացումին։

Բայց պիտի գանք հոն՝ աւելի անդին։

Յօդուածագիրը կը շարունակէ ըսելով. «Նախ որպէս վերյիշեցում եւ յաւելեալ լուսաբանութիւն, պրն. Բրուտեանին նկատողութեան կը յանձնեմ թէ ես, ինչպէս նաեւ ռամկավար մամուլը յստակօրէն եւ առանց վարանումի, անցեալին ինչպէս այսօր, կը հաստատենք թէ 1918 Մայիս 28ը յիշատակութեան արժանի պատմական թուական մըն է հայ ժողովուրդին համար»։ Ցնցիչ նորութիւն մըն է այս բացայայտումը… Այդ ե՞րբ էր, որ Կէօնճեանի գաղափարակիցները ունեցեր են այս վերաբերումը Մայիս 28ի առիթով։ Եթէ նշած են Մայիս 28ը՝ միայն ու միայն Դաշնակցութիւնը քարկոծելու տրամաբանութեամբ ըրած են ատիկա եւ ոչ թէ արժեւորելու մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ այն անկիւնադարձային բնոյթը, որմով կը յատկանշուի այդ թուականը։

Ապա քիչ անդին, կը հաստատէ, թէ նոյն այդ օրերուն (1918), Հ.Յ.Դ.ն «կարեւոր քաղաքական ուժ մըն էր հայ իրականութեան մէջ», սակայն կային նաեւ ուրիշներ, ՍԴՀԿը, Ժողովրդական կուսակցութիւնը եւ ուրիշներ։ Ճիշդ է Ա. Կէօնճեանի ըսածը եւ նոյնինքն ա՛յս պատճառով էր, որ նոյն այդ «կարեւոր քաղաքական ուժը» պնդեց, որ 1918ի այդ օրերուն կազմուելիք կառավարութիւնը ըլլայ համախոհական (կօալիսիոն) եւ այդ ձեւով ալ ուրիշ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ եւս մաս կազմեցին կառավարութեան, ներառեալ ՌԱԿի նախահայրերէն համարուող ժողովրդականները։

Այնպէս որ, բացարձակապէս անհիմն է յօդուածագիր Կէօնճեանի այն պնդումը, թէ Դաշնակցութիւնը «այդ շրջանին, բոլորովին արհամարհելով տրամադրելի քաղաքական այլ ուժերու գործակցութիւնը ապահովելու եւ միացեալ ջանքերով գործելու կենսական գաղափարը, կոպտութեամբ իշխանութեան ծիրէն դուրս հրեց քաղաքական միւս հոսանքներու ներկայացուցիչները»։ Ոչ միայն այս, այլեւ ըստ իրեն՝ Դաշնակցութիւնը «անհեռատես եւ ապարդիւն կերպով կազմակերպեց Փետրուարեան ապստամբութիւնը» (Վ.Բ.- Դեռ լաւ է որ «խռովութիւն» բառը չգործածեց…)։ Անկախ այն իրողութենէն, որ Դաշնակցութիւնը չկազմակերպեց Փետրուարեան ապստամբութիւնը, այլ պարզապէս իրերու պարտադրանքով գլխաւորեց զայն, Կէօնճեան այս պարագային բնաւ չի նշեր բոլշեւիկեան անլուր բռնութիւնները 2 Դեկտեմբերէն մինչեւ 18 Փետրուար երկարող օրերուն, չի նշեր Երեւանի բանտերուն մէջ կազմակերպուած կացինահարումները, որոնք պատճառ դարձան համաժողովրդային այդ ապստամբութեան։ Չ՛երկարենք։

Վերջերս դարձեալ «մոտա» դարձած է այն միտքը, թէ 1918ի հանրապետութիւնը պարտադրուած էր «Օսմանեան իշխանութեան կողմէ»։ Կէօնճեան եւս կը նշէ այս իրողութիւնը։ Առիթն է միանգամընդմիշտ յստակացնելու, որ այս մասնայատուկ հանգամանքին լայնօրէն անդրադարձեր են այդ օրերու ականաւոր գործիչներ Ս. Վրացեան, Ալ. Խատիսեան, Ռուբէն եւ շատ ուրիշներ։ Այնպէս որ, հոս ոչ մէկ նորութիւն կայ։

Բայց եւ այնպէս, շատեր այսօր հանրութեան կը ներկայացնեն թրքական պարտադրանքի հարցը եւ այնպիսի ձեւով, որ կարծէք մեծ, շատ մեծ եւ տիեզերքը ցնցող իրականութիւն մը բացայայտած են։ Ասոնց շարքին են բազմաթիւ կէօնճեաններ, ներառեալ հայաստանաբնակ գործիչ Թաթուլ Յակոբեան (վերջինս ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ «լրագրող»), որ վերջերս լայն մէջբերումներ կը հրապարակէ Վրացեանէն եւ Ռուբէնէն, կարծէք անյայտ տուեալ մը բացայայտած, կամ թապու մը խորտակած է…

Թրքական գործօնին հանգամանքը իբրեւ «գիւտ» ներկայացնողները կը մոռնան, որ պատմութիւնը անպայման եւ միայն փաստերու գումարում չէ։ Պատմութիւնը մեծ պատկերին իսկական արժեւորումն է, հետեւաբար նաեւ, 1918ին հռչակուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ինչ պայմաններու տակ ալ ծնած ըլլար ան, մեր ժողովուրդի դարաւոր իղձերու իրականացման իրաւական եւ քաղաքական հիմքը հանդիսացաւ։ Որովհետեւ սեփական, անկախ պետութիւնն է միայն, որ կրնայ երաշխաւորել տուեալ ժողվոուրդի մը ապահով բարգաւաճումը իր սեփական հայրենիքէն ներս։ Միայն հայկական անկախ պետութիւնն է, որ կրնայ հիմքը դառնալ հայահաւաքին ու հողահաւաքին, միայն ան է, որ կրնայ լիիրաւ տիրութիւն ընել հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն։ Եւ հո՛ս է, որ կը կայանայ հիմնական արժէքը Մայիս 28ին ծնունդ առած հայկական պետականութեան։ Զուգահեռաբար, Հայաստանի 21 Սեպտեմբերին վերանկախացումը Խ. Միութեան փլուզումին չարախինդ ոճով վերագրողները եւս (ներառեալ Ա. Կէօնճեան իր այս յօդուածին մէջ) նոյն ծուղակին մէջ կը բանտարկեն իրենք զիրենք, մոռնալով, որ ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնն է այն միակ իրաւական եւ քաղաքական հիմքը, որուն վրայ պիտի ստեղծուի ապագայ Միացեա՛լ Հայաստանը։ Ոչ ոք թող կասկածի կամ առարկէ այլեւս։ Ա՛յս է նաեւ Դաշնակցութեան ծրագիրը։
Գալով մեր պատասխան յօդուածին մէջ արտայայտուած այն միտքին, թէ Դաշնակցութիւնը տասնամեակներով պայքարեցաւ ի խնդիր Միացեալ, Ազատ ու Անկա Հայաստանի գաղափարին եւ ըսած էինք, թէ «այս պայքարին ելքը յայտնի է բոլորիս»։ Զարմանքով նկատեցինք, թէ Կէօնճեան մեր այս հաստատումը կը մեկնաբանէ ըսելով՝ «Այսինքն (Վաչէ Բրուտեանը) ըսել կ՛ուզէ թէ այսօրուայ Հայաստանը այսինքն Երրորդ Հանրապետութիւնը արդիւնքն է Դաշնակցութեան տարած այս պայքարին»։ Մեղայ քեզ Տէր… Ինչպէ՞ս կարելի է մեզի վերագրել բաներ, որոնք ոչ ըսած ենք, ոչ ալ ըսել ուզած։

ԵԿԱՆՔ ԲՈՒՆ ԽՆԴՐԻՆ

Անիմաստ գտնելով յօդուածագրին բոլոր պնդումներուն մէկ առ մէկ պատասխանելը (Տիգրան Մեծի արձանի տեղադրում եւայլն), կը բաւարարուինք այսքանով, որ ինքնին բաւարար է եզրակացնելու, որ այն գաղափարական ու քաղաքական մտածողութիւնը, որուն արդիւնքն է Ա. Կէօնճեանի այս յօդուածը, շատոնց ժամանակավրէպ դարձած է… դժբախտաբար։
ՌԱԿի այս մօտեցումները հետեւանքն են այն հանգամանքին, որ ան չունի ազգային քաղաքականութիւն մը, որ հիմնուած ըլլայ 1988էն վերջ արձանագրուած կարեւոր զարգացումներուն վրայ, այսինքն՝ թէ՛ Հայաստանի վերանկախացում եւ թէ՛ Արցախի ազատագրում, իրենց բոլոր ենթամասերով։

Տարբեր խօսքով, ՌԱԿի այս քաղաքական մտածողութիւնը տակաւին «բանտարկուած» կը մնայ իր աւանդական դարձած հակադաշնակցական բարդոյթին մէջ։ Դժբախտաբար։
Ինչո՞ւ այսպէս եղաւ։

Պատասխանը պարզ է։ Վերջին երկուքուկէս տասնամեակներուն ընթացքին, դժբախտաբար, ՌԱԿը կը մնայ լրջօրէն պառակտուած։ Հակառակ այս պառակտումը դարմանելու իրենց բոլոր ճիգերուն, տխուր փաստը կը մնայ։ Կողմերէն իւրաքանչիւրը չվարանեցաւ մինչեւ իսկ մամուլով ու հանրային տիրոյթի այլ բնագաւառներու մէջ «միւսները» սեւցնելու՝ յաճախ ամենագռեհիկ դրսեւորումներով։ Վերջին օրինակը եկաւ Լիբանանէն, ուր արաբերէնով լոյս տեսած հաղորդագրութիւն մը դիտել կու տար, որ «Պայքար»ը չի ներկայացներ ՌԱԿի տեսակէտները…։

Ալ ինչպէ՞ս ակնկալել, որ պառակտուած կուսակցութիւն մը (այս պարագային ՌԱԿը) կարենայ քաղաքական միտք կամ քաղաքականութիւն մշակել, նորոգել կամ զարգացնել։ Այս նիւթը մենք ափսոսանքով եւ սրտցաւութեա՛մբ արծարծած ենք մեր ռամկավար բազմաթիւ ծանօթ-բարեկամներուն հետ։ Սրտցաւութեամբ, որովհետեւ սիրենք կամ ոչ, համակրինք կամ ոչ, չոր իրականութիւնը այն է, որ ՌԱԿը հայկական իրականութեան մէջ մտածողութեան, գաղափարական մօտեցումներու մեծ երանգապնակին մէկ մասն է։ Առ այս, ան ունեցած է դերակատարութիւն։ Ան կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի մէկ խաւին տեսակէտները, մօտեցումները։ Հետեւաբար նաեւ, ան պարտաւոր է օրուան հետ վերամշակելու իր մօտեցումները, ըլլան ատոնք քաղաքական թէ գաղափարական։ Վերջին հաշուով կորսնցնողը հայ ժողովուրդն է, մեր հանրային կեանքն է ընդհանրապէս, որովհետեւ գաղափարական ուրոյն շերտի մը բացակայութիւնը չի նպաստեր մեր հաւաքական շահերուն։
Սրտցաւօրէն կ՛ակնկալենք Ա. Կէօնճեանէն ու իր բոլոր գաղափարակիցներէն, որ փոխանակ ժամանակավրէպ դիտարկումներով զբաղելու, լծուին իրենց պատկանած կուսակցութիւնը փրկելու (այո՛, փրկելու) աշխատանքին, որպէսզի եթէ ան դեր մը ունի, կարենայ խաղալ զայն։

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Լոս Անճելըս
19 Հոկտեմբեր 2017