Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 390.14 |
EUR | ⚊ | € 409.14 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.75 |
GBP | ⚊ | £ 490.8 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.52 |
Բոլշեւիկեան օրերը յիշեցնող, նոյն մեթոտաբանութեամբ գործող արշաւ մը սկսած է այս օրերուս Հ.Յ.Դաշնակցութեան դէմ։ Յատկանշականօրէն ճիշդ ա՛յս օրերուն, երբ հայութիւնը կը նշէ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը եւ կ’ամրապնդէ իր պահանջատիրական ոգին։
19րդ եւ 20րդ դարերու հայ քաղաքական միտքը սերտօրէն առնչուած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան զարգացուցած քաղաքական միտքին հետ։ Ինչպէս որ Հ.Յ.Դ.ի եւ հայոց նորագոյն պատմութիւնը սերտօրէն առնչուած են իրարու։
Հ.Յ.Դաշնակցութեան քաղաքական միտքի դրսեւորումները խտացուած են Ընդհանուր ժողովներուն որդեգրուած ռազմավարութեան, ռազմավարական որոշումներուն, ծրագրային ու գաղափարական միտքի բանաձեւումներուն մէջ, ինչպէս նաեւ այս նիւթերով գրուած տեսաբանական ու վերլուծական բազմաթիւ երկերու մէջ։
Այսպէս, Հ.Յ.Դ.ի երկրորդ Ընդհանուր ժողովին էր, որ որդեգրուեցաւ կազմակերպական ապակեդրոնացման սկզբունքը, որուն հիման վրայ կը գործէ դաշնակցական կազմակերպական մեքենան մինչեւ օրս։
Երրորդ Ընդհանուր ժողովին էր, որ որոշուեցաւ սուլթան Համիտ Բ.ը ահաբեկել։ 17 տարուան յեղափոխական ու քաղաքական գործունէութեան լոյսին տակ, չորրորդ Ընդհանուր ժողովը գաղափարական բիւրեղացում բերաւ եւ ծրագրային յստակացումներ կատարեց, ճշգրտօրէն բանաձեւելով կազմակերպութեան քաղաքական նպատակները։ Նոյն այս Ընդհանուր ժողովին էր, որ Հ.Յ.Դ.ի դաւանած ընկերվարական ըմբռնումները յղկուեցան։ Բայց մանաւանդ, նոյն այս անկիւնադարձային ժողովին էր, որ բանաձեւուեցաւ այն միտքը, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը պաշտպանէ ՀԱՄԱՅՆ հայ ժողվուրդին շահերը. այս ոգին տիրական էր արդէն հիմնադրութեան օրէն սկսեալ, սակայն յստակ ծրագրային բանաձեւում ստացաւ նոյն այս ժողովին։
Այդ փոթորկոտ տասնամեակներուն, Երեւանի մէջ կայացած 9րդ Ընդհանուր ժողովը (1919) երկու շատ կարեւոր որոշումներ կայացուց։ Առաջին, իբրեւ քաղաքական նպատակ, որդեգրեց Միացեալ, Ազատ ու Անկախ Հայաստանի գաղափարական սկզբունքը ու այդ ձեւով ալ վերջ դրաւ «ռուսահայաստան» ֊ «թրքահայաստան» բաժանարար մտածողութեան։ Դաշնակցութեան քաղաքական միտքը այս ձեւով կը յայտարարէր, թէ ՄԷԿ է հայութիւնը եւ ՄԷԿ է անոր հայրենիքը՝ Հայաստանը. գաղափարական սկզբունքներ, որոնք մինչեւ այսօր կողմնացոյցի նման կ’առաջնորդեն Դաշնակցութեան Գործը։
Երկրորդ, 9րդ Ընդհանուր ժողովը որոշեց պատժել այն թուրք պետական գործիչները, որոնք հեղինակներն էին հայութեան դէմ գործուած ցեղասպանութեան։ Այսինքն, հայութեան դէմ ոճիր գործողները անպատիժ պիտի չմնան։ Այս որոշումը թէ՛հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան եւ թէ՛ քաղաքական կամքին կ’առնչուէր։
Այս որոշումը իրագործելու համար, մշակուեցաւ «Նեմեսիս» գործողութիւնը ու գործին պատասխանատուութիւնը յանձնուեցաւ Արմէն Գարոյին (Գարեգին Փաստրմաճեան)։ Այս ծրագիրին գործադրութեան բանալի դերակատարներէն էին Շահան Նաթալին, Հրաչ Փափազեանը եւ ուրիշներ։
Մէկ խօսքով, երգը կը ցոլացնէ պատմական ճշմարտութիւնը՝ «Դաշնակցութիւնը ժողով արեց, շուն Թալէաթին մահ որոշեց»։
Այս որոշումը սկսաւ գործադրութեան դրուիլ շուտով։ Այսպէս, Պէհպուտ Խան Ջիվանշիր կը պատժուէր Միսաք Թորլաքեանի (Պոլսոյ մէջ), Թալէաթ՝ Սողոմոն Թեհլիրեանի (Պերլինի մէջ), Սայիտ Հալիմ՝ Արշաւիր Շիրակեանի (Հռոմի մէջ), Ճեմալ Ազմի եւ Պեհաէտտին Շաքիր՝ Արամ Երկանեանի եւ նոյն Արշաւիր Շիրակեանի ձեռքով (դարձեալ Պերլին)։ Ապա, Ճեմալ Փաշա՝ Արտաշէս Տէր Գէորգեանի եւ Ստեփան Ծաղիկեանի կողմէ (Թիֆլիս, 1922)։
Այս բոլորով կ’ուզենք ընդգծել, որ այս արարքները հայ քաղաքական միտքի որոշումէն կը բխէին ու ոչ թէ անձնական վրիժառութեան, կամ միմիայն վրիժառութեան տրամադրութենէ։ Վրիժառութիւնը կա՛ր անշուշտ. միաժամանակ սակայն, այս որոշումին հիմքը հայութեան շահերու պաշտպանութիւնն է. այս որոշումին հիմքը քաղաքական այն մտածողութիւնն է, որ հայ ժողովուրդին դէմ ոճիր գործողները չեն կրնար անպատիժ մնալ։
Բայց ահաւասիկ, քանի մը օր առաջ, նոյնինքն Ապրիլ 24ին, Sputnik Արմենիայի կայքէջին վրայ Ռուբէն Շուխեանի ստորագրութեամբ լոյս կը տեսնէ յօդուած մը, ուր կը նկարագրուին հայ ժողովուրդի պատժիչ բազուկներէն Արշաւիր Շիրակեանի սխրագործութիւնները, Պոլիսէն Հռոմ ու Պերլին։ Նկարագրուող պատմական դէպքերը ճիշդ են վերիվարոյ։ Սակայն ՈՉ ՄԷԿ խօսք կայ այս արդարահատոյց արարքներուն տուն տուած քաղաքական որոշումին, քաղաքական մտածողութեան մասին։ Ընթերցողը կ’ունենայ այն տպաւորութիւնը, որ Արշաւիր Շիրակեան, «Պատասխանատու մարմին» կոչուած ինչ որ անծանօթ, անգոյն ու անդիմագիծ կողմի մը յանձնարարութեամբ, Հռոմ կամ Պերլին կը մեկնի, պատժելու համար թուրք ոճրագործ պետական դէմքեր։
Այլ կայքէջի մը մէջ, դարձեալ քանի մը օր առաջ, կը նկարագրուէր, թէ ովքեր Թիֆլիսի մէջ 1922ին ահաբեկած են թուրք ջարդարարներէն Ճեմալ փաշան եւ թէ ինչպէս խորհրդային իշխանութիւնները խոր ցաւակցութիւն յայտնած են Թուրքիոյ՝ այս «ցաւալի» դէպքին առիթով։ Դարձեալ, ոչ մէկ խօսք, ոչ մէկ բառ Ճեմալի ահաբեկումին առաջնորդած քաղաքական որոշումին մասին։
Անմեղ չէ հայութեան քաղաքական միտքի փայլուն արգասիք հանդիսացող այս քաղաքական որոշումին մասին քար լռութիւն պահելու մօտեցումը։ Խօսիլ այս որոշումին մասին, ակնարկել ատոր՝ պիտի նշանակէր խօսիլ նոյն այդ որոշումին հեղինակին, Հ.Յ.Դաշնակցութեան մասին եւ ա՛յս է, որ «անընդունելի» է բոլշեւիկեան քարոզչութեան այս նորելուկ հեղինակներուն համար։
Հայաստանի Հանրային հեռատեսիլի արտադրած «Ինչո՞ւ է աղմկում անցեալը. Նեմեսիս» անունով վաւերագրական ժապաւէնին մէջ, կը նկարագրուին նոյնինքն Սողոմոն Թեհլիրեանի, Արշաւիր Շիրակեանի ու իրենց ընկերներուն սխրանքները այնպիսի «քոշըր» մեթոտաբանութեամբ, որ կարծէք հայութիւնը 1920ական տարիներուն ոչ գլուխ, ոչ ղեկավարութիւն, ոչ ալ քաղաքական մտածողութիւն ունեցած է. այլ՝ եղած է խառնամբոխ մը, ուրկէ տարերային ու բնազդային ձեւով հրապարակ իջած են Շիրակեաններն ու Թեհլիրեանները։
Մեր նշած օրինակներուն մէջ (յօդուած կամ ժապաւէն) ոչ մէկ անարգական խօսք կայ Հ.Յ.Դաշնակցութեան դէմ, ոչ մէկ ժխտական արտայայտութիւն։ Թերեւս «ներէինք» եթէ այդպէս ըլլար։ Բայց կայ աւելի՛ ծանրակշիռը. այս օրինակներուն ենթաթեքսթը եւ բուն նպատակը հայութիւնը իբրեւ անտէր ֊անտիրական, «թշուառ անտէր» ներկայացնելն է. ժողովուրդ մը, որ ոչ քաղաքական մտածողութիւն ունեցած է, ոչ քաղաքական որոշում, ոչ ալ քաղաքական ղեկավարութիւն։ Ահաւասիկ ա՛յս է հայութեան համար այս էապէս վնասակար քարոզչութեան նպատակը, ուր բուն թիրախը հայ քաղաքական միտքն է։ Ասոր համար է, որ ներելի չեն նման յօդուածներու կամ ժապաւէններու հեղինակները եւ պատուիրատուները։
Կայ դեռ աւելին։
Մեր նորագոյն պատմութեան մաս կը կազմէ 1975ին սկսած Հայ դատի նորագոյն պայքարը, երբ թրքական պետական թիրախներ հարուածի թիրախ կը դառնային «Հայկական Ցեղասպանութեան արդարութեան մարտիկներ» կոչուած կազմակերպութեան կողմէ։ Այդ տարիներուն, իւրաքանչիւր թուրք պետական պաշտօնատարի մը զգետնումին կը յաջորդէր նշեալ կազմակերպութեան հաղորդագրութիւնը, ուր կը նշուէր նպատակը՝ Թուրքիա պէտք է ճանչնայ իր գործած ոճիրը՝ Հայկական ցեղասպանութիւնը։ Կը նշուէր, թէ Հայ դատին շուրջ կայ «լռութեան պատ» մը, որ պէտք է քանդել։ Կը նշուէր նաեւ, թէ արդար հատուցում պէտք է կատարուի հայ ժողովուրդին։ Մէկ խօսքով, կար քաղաքական միտքէ բխած տրամաբանութիւն մը, այդ միտքը շատեր կը բաժնեն կամ ոչ։ Սա էր չոր իրականութիւնը։ Այդ արարքներուն մասին սփիւռքահայ եւ արեւմտեան մամուլին մէջ կան ընդարձակ լրատուութիւններ եւ մանաւանդ վերլուծական յօդուածներ։
Ապրիլ 26ին, քանի մը օր առաջ, Երեւանի մէջ, CivilNet անունով համացանցային հեռատեսիլային լրատու գործակալութիւնը իր տաղաւարին մէջ կը հիւրընկալէ Հայկական Ցեղասպանութեան արդարութեան մարտիկ եւ 1983ին Պելկրատի մէջ Թուրքիոյ դեսպանին դէմ յաջողած մահափորձի մասնակիցներէն մին։ Կազմակերպութիւն մը, որ Եութիւպի վրայ դրուած այս հարցազրոյցին կցուած ծանօթագրութեան մէջ կը ներկայացուի իբրեւ… «վրիժառուական խմբաւորում»։
Կը տեսնէ՞ք. ահաւասիկ, մէկ բառով («վրիժառուական») փորձ կը կատարուի թրքական պետական հանգամանք ունեցող թիրախներու դէմ կատարուած այդ արարքները բնորոշելու իբրեւ զգացական պոռթկում, («վրիժառուական»…) ու այդ ձեւով ալ՝ զանոնք պարպել իրենց քաղաքական բովանդակութենէն։
Այս օրերուն, երբ հայութիւնը ազգովին կը նորոգէ իր պահանջատիրական ուխտը, աշխարհին ցոյց կու տայ, որ ինք տէրն է իր անժամանցելի իրաւունքներուն, անդին կը գտնուին «լրագրողներ» կամ «լրատուամիջոցներ», որոնք նսեմացնելով հայ քաղաքական միտքին դերակատարութիւնը, կը նսեմացնեն նոյնինքն հայ ժողովուրդը եւ անոր արդար դատը։
Պարոնա՛յք, վերջ տուէք այս հակահայ քարոզչութեան. վերջ տուէք այս խեղկատակութիւններուն, որովհետեւ մեր ժողովուրդը կրնայ ցորենն ու որոմը իրարմէ զանազանել եւ դուք ցորեն չէք։
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ