Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ arfd.am
Օրը նոր՝ գայթակղութիւնը նոր: Վերջինը կ՛առնչուի Հայաստանի բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեանի Լիւքսեմպուրկ ճամբորդութեան:
Բնածին հակադաշնակցականութեամբ օժտուածները յուսախաբ ընելու համար անմիջապէս ըսեմ, որ նշեալ գայթակղութեան բուն հերոսը ոչ թէ նախարարն է, այլ… «մամուլ»ի ներկայացուցիչ մը (իր նոյնքան չակերտեալ «լրագրող»ով):
Այսպէս, Հայաստանի մէջ գործող լրատուամիջոց մը (անունը շատ ալ կարեւոր չէ) քանի մը օր առաջ քաջ-նազարական ոճով հաղորդած էր, թէ բնապահպանութեան նախարարը Լիւքսեմպուրկ մեկնած է աշխատանքային այցելութեամբ՝ օդանաւային տոմսին համար ծախսելով 914 հազար դրամ (մօտաւորապէս 1900 ամերիկեան տոլար): Այսպէս, փաստօրէն (եւ ըստ նոյն լրատուամիջոցին), հակառակ վարչապետին կոչին՝ որ «պրիմիտիվ գողութիւնները» պէտք է դադրին, նախարարը «պիզնես» կարգի տոմսով (համապատասխան ճամբորդական շքեղութեամբ) ճամբորդած է: Մէկ խօսքով, նախարարութիւնը եւ անշուշտ նախարարը կը շարունակեն մսխել պետութեան գումարները իրենց աշխատանքային ճամբորդութիւններու շքեղանքին վրայ:
Անմիջապէս յաջորդ օրը հրապարակուեցաւ նախարարութեան պարզաբանումը, որ նշեալ ծախսը ոչ թէ տոմսին գինն է, այլ կը ներառէ նախարարին թէ՛ պանդոկ կեցութեան (3 օր) եւ թէ՛ օրապահիկի ծախսերը: Նախարարութիւնը կը յստակացնէր նաեւ, որ նախարարը ճամբորդած է ոչ թէ «պիզնես» կարգով, այլ՝ Coach կամ Economy կարգով, միաժամանակ տալով ծախսերու իւրաքանչիւր մասնաբաժինի մանրամասնութիւնները:
Մէկ խօսքով, ցեխը շպրտուեցաւ նախարարութեան ուղղութեամբ: Վերջինս «մաքրեց» այդ ցեխը: Յետո՞յ: Ի՞նչ պատահեցաւ նոյն այդ ցեխը շպրտած լրագրողին, կամ լրատուամիջոցին, որ տեղ տուած էր «մսխումի» գայթակղութեան:
Փաստօրէն, ինչպէս երեւան կու գայ, այս գայթակղութեան բուն հերոսը ո՛չ թէ նախարարն է (կամ նախարարութիւնը), այլ՝ բառին ոչ նիւթական իմաստով, այդ աժան-կարապետ լրատուամիջոցը՝ իր նոյն որակի լրագրողով:
Որեւէ պատասխանատուութիւն կրեցի՞ն այս ցեխը շպրտածները: Ոչ մէկ. մինչդեռ, անոնք պարտաւոր էին հրապարակաւ ներողութիւն խնդրելու իրենց կատարածին համար:
Այս յօդուածագիրին անծանօթ անձնաւորութիւն մը, Անահիտ Ամատունի (որ ի դէպ, իր իսկ վկայութեամբ դաշնակցական մը չէ) իր դիմատետրի էջին վրայ անդրադարձած է այս հարցին («Երկիր» կայք, 1 Դեկտեմբեր) եւ նշած. «Այս թեմային չէի էլ անդրադառնայ, եթէ իւրաքանչիւր օր չտեսնէի այդ տիպի լուրեր եւ պարզաբանումներ տարաբնոյթ գերատեսչութիւններից: Մի քանի օր առաջ «Առաւօտ» օրաթերթի խմբագիր Արամ Աբրահամեանի խմբագրականը կարդացի նմանօրինակ միջադէպերի հետ կապուած, որում խմբագիրը իրաւացիօրէն նշում էր, որ սխալներ թոյլ տուած լրատուամիջոցները, լրագրողները ներողութիւն այդպէս էլ չեն խնդրում նման թիւրիմացութիւններ տարածելու համար»:
Անահիտ Ամատունի արդարօրէն կը շարունակէ. «… իմ մէջ ամէն դէպքում օբիեկտիվ (Վ.Բ.- առարկայական) հարցադրում է առաջանում՝ ո՞վ է ներողութիւն խնդրելու Արծուիկ Մինասեանից կամ մէկ այլ պաշտօնեայից, ում լրատուամիջոցը մեղադրում էր գողութիւն անելու մէջ: Կ՛ասէք ճանապարհը դատական ատեաններն են. չեմ համաձայնուի, եթէ ոեւէ պաշտօնեայ դատի տայ լրատուամիջոցի, ապա այդ լրատուամիջոցը ամէն օր մի նոր լուր կը նկարի… ու մինչեւ վերջ կը փորձի ստորացնել տուեալ գերատեսչութեան ղեկավարին: Չգիտես ինչ ասել, բայց ամօթ է, լրագրողի մասնագիտութիւնը «հին մասնագիտութիւնների շարքին մի՛ վերածէք»:
Տարբեր խօսքով, զրպարտութեան թիրախ դարձած պաշտօնատարները, գործ բան ձգած, փաստաբան վարձելով դատարաննե՞ր պիտի վազեն: Ո՞ւր մնաց լրագրողական պարկեշտութիւնը՝ գէթ տեղեկութիւնները, եղելութիւնները ճշգրիտ կերպով ներկայացնելու, զանոնք չխեղաթիւրելու իմաստով:
Ինչպէս ոեւէ հողեղէն, լրագրողը եւս սխալական է: Կրնայ տեղ մը վրիպիլ, սխալիլ: Սակայն իրա՛ւ լրագրողը իր վրիպումին համար քայլ կ՛առնէ, կ՛ընդունի իր սխալը այս կամ այն ձեւով: Աւելի քան չորս տասնամեակ առաջ պատահած դէպք մը, այս յօդուածագիրին համար, տակաւին կը մնայ ուսանելի: Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի քաղաքական բաժինի խմբագիրներէն Զարեհ Մոնոֆարեան (որուն բարեկամութիւնը եւ գուրգուրանքը վայելելու պատիւը ունեցած եմ. այժմ հանգուցեալ) օր մը առաջին էջի լրատուութեան մէջ սխալած էր՝ անճիշդ տեղեկութիւն մը հաղորդելով կէս գիշերուան ուշ ժամուն: Անճշդութիւնը ընդհանուր լուրին ոչ մէկ ձեւով վնասած էր, երրորդական մակարդակի բան մըն էր. Հենրի Քիսինճըր քաղաքական բանակցութիւններու համար Լիբանան հասած էր այսինչ օդակայանը էջք կատարելով (մինչդեռ էջք կատարած էր… Լիբանանի ուրի՛շ օդակայան մը): Սակայն յաջորդ օրը, Զարեհ Մոնոֆարեան, իր հրաժարականը դրած էր թերթին տնօրէնի գրասեղանին (*)…: Կ՛երեւի այդ օրերուն տակաւին լրագրողական «նամուս» կար: Եւ կա՛ր:
Չտեսանք լրագրող մը, որ սանձարձակութիւն մը կատարելէ (եւ «բռնուելէ») ետք հրապարակաւ ներողութիւն խնդրէր: Նման «լրագրող»ներ չակերտներով կը գոյատեւեն ու կը գրեն՝ միշտ ի վնաս մեր հանրային կեանքին, ինչքան ալ իրենք զիրենք ծածկեն լրագրողական սիրամարգի փետուրներով:
Դժբախտաբար, այս առաջին պարագան չէ, որուն ականատես կ՛ըլլանք: Քանի մը ամիս առաջ եւս, այս յօդուածագիրը նմանօրինակ դէպքի մը անդրադարձած էր յօդուածով մը: Բայց ամէն անգամ ալ խեւին խրատին ու սեւին սապոնին պատմութիւնը կը յիշենք:
Այնպէս որ, մամուլ կայ, «մամուլ» ալ կայ. լրագրող կայ՝ «լրագրող» ալ կայ:
(*) Աւելորդ է ըսել, որ թերթին այդ օրուան տնօրէն Երուանդ Փամպուքեան, որքան բծախնդիր՝ նոյնքան ալ լայնախոհ, մերժեց Զ. Մոնոֆարեանի հրաժարականը:
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
asbarez.com