Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ստորեւ ներկայացուած ցանկը` դաշնակցական մամուլի 26 անուն հաւաքածոներ, արդէն «Ազդակ»-ի տրամադրութեան տակ են, նկարահանուած վիճակով: Ազգային գրադարանին մօտ պահուող եւ այնտեղ նկարահանուած այս հաւաքածոները «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ շուտով յատուկ ծրագրաւորումի փուլէն անցնելէ ետք կ՛օժտուին որոնողական համակարգով եւ այսպիսով կը նկատուին թուայնացուած: Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային գրադարանին հետ «Ազդակ»-ի համագործակցութիւնը առաջին քայլերը կ՛առնէ. ծրագրուած է յատկապէս մամուլի հաւաքածոներուն ուղղութեամբ միացեալ աշխատանքներ իրականացնել: Այս առնչութեամբ կը ներկայացնենք նաեւ Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեանի նամակը` ուղղուած «Ազդակ»-ին, ուր կը կատարուի «Ազդակ»-ի թուայնացման աշխատանքին գնահատականը.
Ստացանք Ձեր կողմից ուղարկուած «Ազդակ» պարբերականի 2009-2010 թուականների Թուայնացուած տարբերակները եւ գրանցուած լազերային պնակիտի վրայ, մշակուած նիշերի տեսագիտական ճանաչման համակարգով (OCR-Optical Character Recognition):
Ցանկանում եմ նշել, որ ստուգելով նիշերի ճանաչման որակը, հասկացանք, որ դուք ապահովել էք շատ բարձր արդիւնքներ, պատկերները գործնականում վերծանուած են անսխալ, որի համար ընդունէք իմ շնորհաւորանքները:
Իրականացրել էք եզակի աշխատանք, որի արդիւնքները մեծապէս կը նպաստեն հայագիտական նիւթերի որոնման եւ արդիւնաւէտ օգտագործման հնարաւորութիւնների ընդլայնմանը, ինչպէս նաեւ հայալեզու բովանդակութեան տեսանելիութեան ապահովմանը համացանցում:
«Ազդակ»-ի տրամադրութեան տակ գտնուող նկարահանուած թերթերու ցանկը: Շուտով կը սկսի թուայնացման աշխատանքը.
«Ազատ Հայաստան» – խմբագիր` Ա. Չիլինգարեան
«Ազատամարտ» – Պոլիս ՀՅԴ օրկան, հիմնուած` 10-6-1909 թուականին
«Ազատամարտ» շաբաթաթերթ, Պոլիս, 1910-1911
«Ազատամարտ» շաբաթաթերթ – Փարիզ, 1978
«Ազդակ» – Պոլիս
«Ալիք» օրաթերթ – Թիֆլիս, 1906 թուական
«Ալիք» Կարին, 1914 թուական
«Այգ» եռօրեայ, Թաւրիզ, 1914-1921
«Աշխատանք» շաբաթաթերթ – Վան, 1910-1915
«Աշխատանք» – Իզմիր, 1913-1914
«Աշխատանք» – Երեւան, 1916-1919
«Աշխատաւոր» Թիֆլիս, 1919-1920
«Աշխատաւոր»-ի լրատու, Թիֆլիս
«Աշխատաւորի ձայն» օրաթերթ, Կարս
«Ապառաժ» Ամասիա, 1911
«Ապառաժ» Շուշի, 1917
«Առաջամարտ» – 1912
«Արդարամարտ» – Պոլիս – 1918
«Արեւ» – Պաքու, 1914-1918
«Արիամարտ» – Պոլիս, 1918
«Արօր», Թիֆլիս – 1907
«Բագին» յաւելուած «Ազատամարտ»-ի, 1911-1912
«Գործ» – Պաքու
«Գործ» ամսագիր, Պաքու, 1917
«Գործ» – Թիֆլիս, 1908-1909
«Երկիր» օրաթերթ, Թիֆլիս, 1906 – «Յառաջ»-ի շարունակութիւնը
«Զանգ», Երեւան, 1917-1919, խմբագիր` Վրացեան
«Զանգ» – Թիֆլիս
«Հայաստանի Աշխատաւոր» – ՀՅԴ օրկան
«Հայկաշէն», Փարիզ, 1942-1943
«Հայրենիք» ամսագիր – Պոսթըն
«Հորիզոն» – Թիֆլիս – ՀՅԴ օրկան, 1909-1914
«Ճակատամարտ» Պոլիս
«Յառաջ» – Թիֆլիս, 1906
«Յառաջ» – Պաքու, 1917
«Յառաջ» – Փարիզ 1950-1960
«Յարդգող» – գրական յաւելուած «Ազդակ»-ի – Պէյրութ
«Նոր Ալիք», Թիֆլիս, 1907
«Նոր աշխատաւոր», Թիֆլիս – 1919-1920
«Շիրակի աշխատաւոր» – ՀՅԴ օրկան
«Վէմ» – Փարիզ
aztagdaily.com