Փոխարժեքներ
17 07 2025
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 383.74 |
EUR | ⚊ | € 450.05 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.9299 |
GBP | ⚊ | £ 521.81 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.25 |
«Aztagdaily»-ն՝ գրում է.
«Պոլսոյ «Ժամանակ»-ի 100-ամեակի մատենաշարը ընթերցողներու սեղանին կը դնէ իր հերթական հրատարակութիւնը: Միսաք Գօչունեանի, Երուխանի ու Ռուբէն Զարդարեանի գիրքերուն կու գայ միանալ Վահան Թէքէեանի (1878-1945) «Կեսարիա. երթուդարձի եւ բնակութեան օրագիր մը» հատորը (175 էջ): Ծանօթագրութիւններով ու յատուկ անուններու ցանկով օժտեալ հատորին մաս կազմած են նաեւ Թէքէեանի այսպէս կոչուած կեսարիական գործերը` պատանեկան շրջանին գրի առած «Կաղանդը Կեսարիոյ մէջ»-ը եւ «Ս. Կարապետ Կեսարիոյ» ու «Գիշերուան աղօթքը» քերթուածները: Հատորը կազմած ու խմբագրած են սփիւռքահայ անուանի գրագէտ Գրիգոր Պըլտեանն ու բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանը: «Հրաշագործ Ս. Կարապետ» խորագրեալ յառաջաբանին հեղինակը նոյնպէս Գրիգոր Պըլտեանն է: Կողքը պատրաստած է արուեստագէտ Արէտ Կըճըր:
Վահան Թէքէեան «օրագիր» կամ «ուղեւորական նոթեր» կոչած է դէպի Կեսարիա իր այս ուղեգրութիւնը, որ տեւած է հինգ ամիս` 2 սեպտեմբեր 1913-էն մինչեւ 30 յունուար 1914: Թէքէեան իր հայրենի բնակավայրը մեկնած էր որպէս տեղւոյն Ս. Կարապետ վանքին տնօրէնը: Իր պաշտօնն ու կեցութիւնը կ՛աւարտին անսպասելի կերպով, երբ բանաստեղծը Ազգային ժողովի ներկայացուցիչ կը նշանակուի Երուսաղէմի վանքին, ուր կը մեկնի միջոց մը Պոլիս մնալէ ետք, մարտ-ապրիլ 1914-ին»:
Մանրամասները՝ սկզբնաղբյուրում: