Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ armeniangenocide100
Միքայել Միքայելյան
1915 թ., Արաբկիր
Ցեղասպանությունից հետո Միքայելը պատմել է, որ 1915-ի հունիսին Արաբկիրում զանգվածային ձերբակալություններ ու բանտարկություններ են տեղի ունեցել: Թուրք ոստիկանները զենք գտնելու ու հավաքելու պատրվակով խուզարկել են տները: Բանտերում զանազան հիվանդությունների համաճարակ է բռնկվել: Կարինի, Բաբերդի ու Երզնկայի տարագրյալների քարավաններն, իրար հաջորդելով, անցել են Արաբկիրի միջով: Ամենուր սովալլուկ հայ երիտասարդներ են եղել, որոնք փողոցներում հաց ու գումար են մուրացել:
Միքայէլ լաւ կը յիշէ Արաբկիրի մէջ կատարուած ձերբակալութիւններն ու բանտարկութիւնները 1915-ի Յունիսին:
Թուրք ոստիկաններ, զէնք փնտռելու եւ հաւաքելու պատրուակով, տուները կը խուզարկեն:
Միքայէլ իր եղբօր՝ Տիգրանի հետ Շեփիկ գիւղը կ՚երթայ՝ հայրը՝ Սեդրակը տեսնելու համար։ Ճամբուն վրայ 200 թուրք զինուորներու կը հանդիպին։ Անոնց առաջնորդներէն մէկը՝ Մեհմէտ Չաւուշ իրենց նկատմամբ բարեացակամ վերաբերմունք ցոյց կու տայ։ Սակայն, այս ոստիկանները յանկարծ Շեփիկ գիւղին չորս կողմերը կը պաշարեն։
Մեհմէտ Չաւուշ եւ իրեն ենթակայ ոստիկանները գիւղապետին՝ Միքայէլի հօրեղբայր Յովհաննէսին կողմէ կը հիւրասիրուին։ Այս հիւրասիրութեան իբր փոխադարձութիւն, թուրք ոստիկանները կը բռնեն գիւղին տղամարդիկը եւ ծեծի տակ կը չարչարեն, նոյնիսկ կը սպաննեն։ Միքայէլը եւ Տիգրանը իրենց հօրը հետ կը տեսնուին ու շուտով Արաբկիր կը վերադառնան։ Անոնք նոյն օրը Արաբկիրի մէջ կ՚իմանան, թէ Միքայէլի հայրը՝ Սեդրակ եւս Շեփիկի հարուստ տղամարդոց հետ, կեդրոնական բանտին մէջ բանտարկուած է։ Այս իմանալով, Միքայէլ եւ Տիգրան, իրենց հետ ճաշի պաշար առնելով, բանտ՝ իրենց հօրը կ՚այցելեն։ Ոստիկանները խուզարկելու պատրուակով կը խլեն անոնց բերած ճաշերը։ Յստակ չէր, թէ ճաշը իր տիրոջը կը հասնի՞, թէ՞ ոչ։
Կարինի, Քեմախի, Բաբերդի եւ Երզնկայի տարագրեալներուն կարաւանները իրարու ետեւէ Արաբկիր կը հասնին։ Միքայէլ եւ Տիգրան օրը երեք անգամ բանտը ճաշ կը տանին իրենց հօրը։ Հայ սովահար պատանիներ Արաբկիրի փողոցներուն մէջ հաց կը մուրան։
Բանտին մէջ ծեծն ու չարչարանքը ամենօրեայ արարքներ դարձած էին։ Փոխանցիկ հիւանդութիւնները հոն բոյն դրած էին։ Օր մը առաւօտուն, կառավարչութեան շէնքին առջեւ հայ կանանց լացի ձայներ կը լսուին։ Անոնք իրենց բանտարկուած սիրելիներուն ճաշ տարած էին, սակայն բանտարկեալները գիշերով դէպի Մալաթիա քշուած էին։ Քանի մը օր քալեցնելէ ետք, զանոնք հրացաններով, սուրերով եւ դանակներով կը սպաննեն Եփրատի ամայի եզերքներուն վրայ։
Միքայէլ, իր մանուկ հասակին, տեղահան ըլլալէ առաջ, ուրիշ քաղաքներէ եկած հայ տարագրեալներու տառապանքներուն ականատես կ՚ըլլայ։ Եւ ահա՛, Արաբկիրի հայութիւնը կառավարչութեան շէնքին առջեւ հաւաքելով, տարագրութեան հրամանը կը կարդան անոնց։ Նաեւ կ՚առաջարկուի իսլամանալ՝ չտարագրուելու համար։ Մէկ շաբաթ պայմանաժամ կը տրուի։ Միքայէլի մայրը, առանց վարանելու, անմիջապէս կը մերժէ իսլամանալ։ Միքայէլ իր մօրաքրոջմէն՝ Բրաբիոնէն կ՚իմանայ, թէ վերջինիս թաղին մէջ քանի մը հայ ընտանիքներ պիտի չաքսորուին՝ իրենց աղջիկները թուրքերուն կնութեան տալու խոստումով։ Սակայն Միքայէլ իր եղբօր հետ քիւրտ չորեպաններու հետ խօսելով, 6 ջորի կը վարձեն զիրենք Մալաթիա հասցնելու համար։ Յաջորդ օրը կէսօրին անոնք ճամբայ կ՚ելլեն տարագրեալներու կարաւանին հետ։ Զիրենք առաջնորդող ոստիկանները առաջին գիշերը դրամ կը հաւաքեն իրենցմէ՝ պաշտպանութեան փոխարէն։ Նոյն այս ոստիկանները Լուսաբեր անունով հայ աղջիկ մը կ՚առեւանգեն։ Միքայէլի մայրը կը հիւանդանայ։ Ոմանք, չդիմանալով աքսորի տառապանքներուն, քիւրտերու գիւղերը կ՚ապաստանին՝ կաշառք տալով անոնց։
Շեփիկէն եկած տարագրեալներն ալ իրենց կը միանան։ Հինգ օր Ղայնաճա կոչուած դաշտին մէջ մնալէ ետք, կրկին ճամբայ կ՚ելլեն։ Քիչ ետք, կը հանդիպին հայերու դիակներու, որոնք ճամբուն եզերքները փռուած էին։ Տարագրեալները կը տառապին ջուրի պակասէն։ Աւելի ուշ, գետակի մը եզերքը հասնելով, կը յագեցնեն իրենց ծարաւը։ Սակայն, կիներէն ոմանք, յուսահատած եւ սպառած, իրենք զիրենք ջուրը կը նետեն։ Կրկին կը կողոպտուին ոստիկաններուն կողմէ, որոնք կը խոստանան զանոնք ապահով կերպով Մալաթիա հասցնել։ Հազարաւոր քիւրտ կողոպտիչներով կը շրջապատուին։ Գիշերը կարթննան առեւանգուած աղջիկներու պոռչտուքներէն։
Կը հասնին Ֆըրընճըլար կոչուած վայրը։ Հոս թուրքերը կ՚առաջարկեն փոքրերը թրքական որբանոց տանիլ։ Հարիւրաւոր մայրեր իրենց զաւակները ոստիկաններուն կը յանձնեն՝ զանոնք թրքական որբանոցները փոխադրելու համար։ Միքայէլի մօրաքոյրն ալ իր երկու զաւակները անոնց կը յանձնէ։ Միքայէլ հոս ականատես կ՚ըլլայ 30-ի մօտ տարեց եւ պատանի հայերու կոտորածին։ Քիչ ետք, ոճրագործները իրենց կը մօտենան, աղջիկներ կ՚առեւանգեն, կը կողոպտեն եւ կը սպաննեն։ Շատեր ծանր եւ թեթեւ վէրքեր կը ստանան։
Ընտանիքին անդամները զիրար կը կորսնցնեն։ Միքայէլ եւ իր փոքր եղբայրը՝ Հայկազ ողջ կը մնան, սակայն անոնց հագուստները կը կողոպտուին։ Միքայէլը Հայկազը շալկած կը քալէ: Ան քիւրտերէն պատառ մը հաց կը խնդրէ իր եղբօրը համար։ Միքայէլ կարելի եղածին չափով հոգ կը տանի Հայկազին։ Սակայն, տառապանքին սաստկութեան տակ, Միքայէլ երեք օր ետք կը ստիպուի լքել Հայկազը եւ շարունակել ճամբան։ Միքայէլ այս բանը կ՚ընէ իր հօրաքրոջ՝ Հռիփսիմէի թելադրութեամբ։
Անօթի, ծարաւ եւ սպառած Միքայէլը կոտորակուած կարաւանին հետ Եփրատի եզերքը կը հասնի։ Խորունկ քունէ մը արթնցած ըլլալով, Միքայէլ ինքզինք առանձին կը գտնէ: Առանձինն ճամբայ կ՚ելլէ եւ քիւրտի մը կը հանդիպի, որ զայն կը տանի գիւղի մը գիւղապետին մօտ ծառայելու։ Միքայէլ ոչխարներ կ՚արածէ։ Ետքը, ուրիշ քիւրտ կին մը զայն կ՚որդեգրէ։ Կնկան զաւակը իր տունը կը տանի զայն՝ ծառայեցնելու իրենց։ Այդ ժամանակ, Միքայէլ իր գլխուն վրայ վէրքեր ունէր, որոնք միշտ կ՚որդնոտէին։ Միքայէլ այս տան մէջ մէկ տարիէն աւելի կը ծառայէ տառապանքով եւ ստիպուած։ Օր մը, դրացի գիւղի գիպապետին եղբօրը կը հանդիպի, եւ անոր հետ համաձայնելով, գիւղապետին մօտը ծառայելու կ՚երթայ։ Երեք օր վերջ, զինք աշխատցնող նախկին երիտասարդը կու գայ եւ գիւղապետէն զայն կը պահանջէ։ Միքայէլ կը մերժէ երթալ։ Երկու գիւղերու գիւղապետերը կու գան այն համաձայնութեան, թէ Միքայէլ պիտի ծառայէ նախկին գիւղի գիպապետին մօտ։ Այս գիպապետին մօտ իր գործը աւելի դիւրին կ՚ըլլայ։ Տարի մը չանցած, Միքայէլ կը փախչի ուրիշ գիւղ մը եւ հոն քիւրւր պէկի մը ապարանքին մէջ կը ծառայէ։
Քանի մը ամիս եւրք, զինադադարի լուրը կը տարածուի գիւղին մէջ։ Այդ օրերուն պէկին ընտանիքը եւ տան մէջ գտնուող բոլոր ծառայողները Ուրֆա մեկնելու կը պատրաստուէին՝ ձմեռը հոն՝ պէկին բնակարանին մէջ անցնելու համար։ 1918ի Դեկտեմբերէն առաջ անոնք Ուրֆա կը հասնին։
Զինադադարին լուրը կը տարածոփ նաեւ Ուրֆայի մէջ եւ բոլոր վերապրող հայերը կ՚արտօնուին իրենց քաղաքները եւ գիւղերը վերադառնալ։ Բարեբաստիկ դիպուածով մը, Միքայէլ Ուրֆայի մէջ իր Յովհաննէս հօրեղբօր աղջիկը՝ Աննան եւ իր քոյրը՝ Արշալոյսը կը գտնէ։
Կառավարութիւնը վերապրող հայերը տան մը մէջ կը հաւաքէր։ Միքայէլ, Արշալոյս եւ Աննա այդ խումբին կ՚ընկերանան։ Խումբը դէպի Մեզիրէ ճամբայ կ՚ելլէ։ Հոս Միքայէլ եւ Արշալոյս կը գտնեն իրենց մեծ մայրը (որուն «մայրիկ» կ՚ըսէին), մօրաքոյրը եւ մօրաքրոջ աղջիկը։
Մեզիրէի մէջ լսած ըլլալով Խարբերդի Եփրատ Գոլէճի նախկին նախագահմըսթըր Հենրի Րիկզի վերադարձը, Միքայէլ իր «մայրիկ»ին հետ կը դիմէ անոր՝ գործ մը ճարելու համար։ Մըսթըր Րիկզ Միքայէլի կ՚առաջարկէ իր գրասենեակին մէջ աշխատիլ իբր գրագիր եւ թարգման։ Միքայէլ կ՚ընդունի առաջարկը եւ մինչեւ 1922 հոն կը ծառայէ։ Այս ժամանակաշրջանին Միքայէլ կ՚իմանայ, թէ իր եղբայրը՝ Տիգրանը Սեւերակ կը գտնուի։
Քեմալական շարժման հետեւանքով, Ամերիկեան Նպաստամատոյցի որբերը՝ 8-10 հազար հոգի, դէպի Պէյրութ փոխադրել կը սկսին։ Միքայէլն ալ կը պատրաստուի մեկնելու, բայց թրքական կառավարութիւնը կը ձերբակալէ զայն՝ զինուորական ծառայութեան տարիքին մէջ եղած ըլլալով։ Միքայէլ պետէ (փրկագին) կը վճարէ եւ զօրանոցէն տուն կը վերադառնայ։
Տասը ընկերներով կ՚որոշեն դէպի Հալէպ փախչիլ։ Արկածախնդրական դրուագներով լեցուն ճամբորդութիւն մը կ՚ընեն։ Երբ կը հասնին Ուրֆայի մօտերը գտնուող Գարա Քէօփրիւ կոչուած կամուրջը, հոն ուրֆացի հայերը իրենց կը պատմեն, թէ Գրիգոր Զօհրապն ու Վարդգէսը (Յովհաննէս Սերենկիւլեան) 1915-ի ամառը ինչպէս սպաննուած են։ Շարունակելով իրենց ուղեւորութիւնը, վերջապէս կը հասնին Հալէպ։
Երկու օր ետք, Միքայէլ իր ընկերոջ հետ շոգեկառքով կը մեկնի Պէյրութ, ուր Ամերիկեան համալսարանը կ՚արձանագրուի իբր բժշկութեան ուսանող։ Մէկ տարի ետք Միքայէլ համալսարանի հիւրանոցին մէջ յանկարծ կը տեսնէ իր եղբայրը՝ Տիգրանը, որ քիւրտի հագուստներով Պէյրութ հասած էր։
Տոքթ. Միքայէլ Միքայէլեան, «Յիսուն Տարիներ Առաջ», տպ. «Շիրակ», Պէյրութ, 1974, 157 էջ։ (Տե՛ս Վկայարան Հայկական ցեղասպանութեան, գիրք Բ., պատրաստեց` Յարութիւն Իսկահատեան, Պէյրութ, 2011, էջ 78 -82):