կարևոր
0 դիտում, 11 տարի առաջ - 2013-06-19 13:33
Հասարակություն

Պահանջատիրությունը պետք է դարձնել Ցեղասպանության տարելիցի նշման առանցքը

Պահանջատիրությունը պետք է դարձնել Ցեղասպանության տարելիցի նշման առանցքը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուող Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը Կիլիկեան բոլոր թեմերը ներկայացնող աւելի քան հարիւր պատուիրակներու, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու եւ հրաւիրեալներու ներկայութեան, յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100–ամեակի նշման: Այս ուղղութեամբ տրուած զեկոյցներու ու կատարուած քննարկումներու լոյսին տակ, Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը ընդգծեց հետեւեալ կէտերը.–

 

1.– Ինչպէս Վեհափառ Հայրապետը Ազգ. Ընդհանուր Ժողովին ուղղած իր Հայրապետական Պատգամին մէջ շեշտեց, «Սովորական ամեակ պէտք չէ դառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100–ամեակը: Աշխարհաքաղաքական տարբեր պայմաններով ու շահերով յատկանշուող ներկայ աշխարհին մէջ, 100–ամեակի նշումը մարտավարական ու ռազմավարական նոր մօտեցում կը պահանջէ»: Արդ, այս ծիրէն ներս կատարուելիք աշխատանքները, ծրագրումները ու յարաբերութիւնները, ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ, յստակօրէն պէտք է արտայայտեն 100–ամեակին վճռական կարեւորութիւնը Հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ: 

 

2.– Բնականաբար իւրաքանչիւր գաղութ արդէն սկսած է ծրագրել 100–ամեակի նշումը՝ նկատի ունենալով իր ներքին դրուածքը ու շրջապատը: Արդ, իւրաքանչիւր գաղութ կարեւոր դեր ունի կատարելիք ու իւրայատուկ նպաստ ունի բերելիք 100–ամեակի համազգային նշման: Սակայն, տեղական նախաձեռնութիւններէն ու աշխատանքներէն անդին, անհրաժեշտ կը նկատենք համահայկական մաշտապով այնպիսի միջոցներու որոնումը, որով կարելի ըլլայ յաչս աշխարհին գործնապէս արտայայտել Հայ ժողովուրդի միակամ ու ամուր կեցուածքը Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման նկատմամբ: 

 

3.– Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումը առիթ պէտք է դառնայ վերանորոգ թափով շարունակելու մեր աշխատանքը Հայաստանի պետութեան, եկեղեցւոյ, Հայ Դատի մարմիններու ու քաղաքական կուսակցութիւններու ճամբով՝ ի խնդիր Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման: Այս շրջագիծէն ներս անհրաժեշտ է յատուկ աշխատանք տանիլ մասնաւորաբար այն երկիրներու կառավարութիւններուն մօտ, որոնք ցարդ չեն ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: 

 

4.– Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առընթեր Հայ ժողովուրդի բռնաբարուած մարդկային իրաւունքներու հատուցումը կը նկատենք խիստ անհրաժեշտ: Ցեղասպանութեան ճանաչում կ'ենթադրէ հատուցում: Այս ծիրէն ներս կ'ողջունենք 2012–ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գումարած միջազգային համագումարը եւ Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ այս ուղղութեամբ շարունակուող աշխատանքները՝ յատկապէս եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներու գծով: Կ'ողջունենք նաեւ եկեղեցապատկան կալուածներու վերադարձին գծով երկու Վեհափառ Հայրապետներուն հրապարակած միացեալ կոչը: Արդարեւ, քարոզչական, քաղաքական ու իրաւական երեսները Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն հարկ է սերտօրէն համադրել ու ներդաշնակել: 

 

5.– Կ'ողջունենք Հայաստանի պետութեան  կողմէ Ցեղասպանութեան 100–ամեակի նշման պետական յանձնաժողովի յառաջացումը: Նման քայլ, մեր ժողովուրդի միասնականութիւնը արտայայտող գօտեպնդիչ երեւոյթ է: Միանգամայն մեր սպասումն է, որ Հայաստանը ու Սփիւռքը իր մէջ ներառող ու Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի հովանաւորութիւնը վայելող այս Յանձնաժողովը սոսկ  ձեռնարկները «համարկարգող» մարմին չդառնայ, այլ՝ որոշակի ու յստակ որոշումներ առնէ՝ յատկապէս մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը շեշտող ու համայն աշխարհին յիշեցնող: 

 

6. Կ'ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ցեղասպանութեան 100–ամեակի ծրագիրները եւ կոչ կ'ուղղենք մեր բոլոր թեմերուն, գաղութներուն ու կազմակերպութիւններուն, միասնական ու պահանջատիրական ոգիով ծրագրելու ու նշելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը: 

 

7.– Եւ ի վերջոյ՝ արձագանգելով Վեհափառ Հայրապետի պատգամին, բոլոր միջոցներով հետապնդել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու Հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու անժամանցելի պահանջատիրութիւնը միջազգային արդարութեան ատեաններուն հասցնելու կարելիութիւնները: