կարևոր
0 դիտում, 11 տարի առաջ - 2013-05-30 17:44
Քաղաքական

Ցեղասպանության թեմայով խորհրդաժողով` Եվրախորհրդարանում

Ցեղասպանության թեմայով խորհրդաժողով` Եվրախորհրդարանում

Մայիս 29, 2013-ին, Եւրոպական միութեան խորհրդարանէն ներս իրականացաւ «Հայկական Ցեղասպանութիւն՝ ազգերու հաշտեցման կամուրջ» խորհրդաժողովը, համակազմակերպութեամբ Եւրոխորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի ու Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակին։ Ձեռնարկին հովանաւորութիւնն ստանձնած էին Եւրոխորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ՝ դոկտ. Էլենի Թէոխարուս (Կիպրոս, Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն) եւ Անտրէաս Փիցիլիտիս (Կիպրոս, Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն)։ Ներկայ էր նաեւ ՀՀ Ազգային ժողովէն պատուիրակութիւն մը, որ Պրիքսել կը գտնուէր Եւրոնեսթ խորհրդարանական վեհաժողովի  լիագումար նիստին մասնակցելու համար։

 

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Թէոխարուսի օգնական՝ Մերի Փանուսի, որ կարեւորեց այսօրուան ձեռնարկը, յատկապէս անոր խորհուրդը։ Ապա ողջոյնի խօսքն ուղղեց Էլենի Թէոխարուս, որ կեդրոնացաւ հաշտեցման վրայ ու շեշտեց, թէ հայերուն դէմ մարդոց կողմէ՝ մարդկութեան դէմ ոճիռ մըն է, որ իրագործուած է, եւ թէ նման ոճիռներն պէտք է ապագային կանխարգիլել կրկնուելէ՝ իսկական եւ իրաւական պայմաններու վրայ հիմնուելով, այլ ո՛չ թէ անցեալն մոռացութեան մատնելով՝ կեղծ հաշտութեան սիրոյն։ Ան նաեւ նշեց, որ հայերէն բացի՝ յոյներու, ասորիներու ջարդերու քաղաքականութեամբ, միջին Ասիոյ ամբողջ քրիստոնեայ բնակչութիւնն էր, որ ոչնչացման ենթարկուեցաւ։ Ան երկար ակնարկ մը ըրաւ Թուրքիոյ ժխտողականութեան եւ այլամերժութեան, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի դէմ գրաւման քաղաքականութեան։ Պելճիքայի եւ Լիւքսեմպուրկի թագաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ եւրոմիութեան մօտ ՀՀ դեսպան Աւետ Ատոնց նշեց, որ հայ ժողովուրդին պայքարը համամարդկային է, ցեղասպանութիւններ կանխարգիլելու նպատակ ունի։ Դեսպանն նաեւ նշեց, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնն անցեալին չի պատկանիր, եւ տակաւին կը շարունակուի մեր ամենօրեայ կեանքին մէջ։

 

Խորհրդաժողովին կեդրոնական պատգամաբերն էր Ֆրանսայի ազգային ժողովի անդամ, Ֆրանսայի խորհրդարանէն ներս Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման օրէնքի նախագիծի հեղինակ՝ Վալերի Պուայէ, որ յատկապէս ըսաւ.- թէ Ֆրանսան պէտք է վաւերացնէ Եւրոպական միութեան որոշում - շրջանակը, որմով կը պահանջուի պայքարիլ օտարատեացութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ. Հայկական Ցեղասպանութեան հարիրամեակին նախօրէին, Ֆրանսայի մէջ թուրքեւազերի փրոփականտան օրիցօր կը սաստկանայ։ Այսոր աւելի քան երբեք, մեր երկրի ձայնն պէտք է բարձրանայ՝ պաշտպանելու համար Մարդկային իրաւանց եւ հիմնական ազատութիւններու սկզբունքները։ Քարիւղը ո՛չ յիշողութիւն, ո՛չ Մարդկային իրաւունք կը գնէ։Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Լուվեն-լա-Նէօվ համալսարանի դասախօս, պատմագէտ փրոֆեսէօր Պերնար Քուլի, որ պատմական ակնարկն կատարեց, անդրադառնալով Օսմանեան կայսրութեան փոքարամասնութիւններուն հալածանքի ենթարկելու քաղաքականութեան, նշելով, որ զոհն ու ոճրագործը չեն կրնար մոռնալ անցեալը։

 

Ֆրանսայի հայ իրաւաբաններու եւ դատաւորներու միութեան անդամ, իրաւաբան Սեւակ Թորոսեան, իր ելոյթին ընթացքին անդրադարձաւ ցեղասպանութիւններու ժխտման քրէականացման իրաւական հիմքներուն, նշելով, որ ժխտումը ցեղասպանութեան վերջին քայլն  է, եւ թէ այս ալ պէտք է տեղ գտնուի մշակուելիք օրէնքին մէջ։

 

Ողջոյնի իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ, որ թուականն նկատի առնելով, պէտք է շնորհաւորել ներկաները ՀՀ առաջին հանրապետութեան կերտման 95-ամեակի առիթով, նշելով այն օրերու նուաճումները՝ մարդկային իրաւունքներու, եւ ժողովրդավարական հասկացողութեան եւ ըմբռնումներու, հասարակական կառավարման յառաջդիմական քաղաքականութեան, կիներու ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքի, կրթական համակարգին մէջ։ Իսկ անդրադառնալով խորհրդաժողովին օրակարգին, շեշտեց, որ Թուրքիան օրուան պատշաճ պատգամը պիտի ստանայ բանախօսներէն, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումով եւ հատուցումով է միայն կարելի շրջանին մէջ կառուցել հաշտութեան կամուրջը։

 

ՀՀ պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ Վահան Յովհաննիսեան, ողջունեց նման խորհրդաժողովի մը կազամկերպումը Եւրոխորհրդարանին կողմէ, եւ նշեց, որ միայն ճանաչումով եւ հատուցումվ կրնայ իսկական հաշտութիւն գոյութին ունենալ երկու երկիրներուն միջեւ, ու տարածաշրջանէն ներս։ Խորհրդաժողովին աւարտէն առաջ առիթ տրուեցաւ ներկաներուն՝ հարցեր ուղղել պատգամաբերներուն։