կարևոր
0 դիտում, 13 տարի առաջ - 2011-05-20 05:07
Առանց Կատեգորիա

Թուրքիա-Սիրիա հարաբերությունների վատթարացո՞ւմ

Թուրքիա-Սիրիա հարաբերությունների վատթարացո՞ւմ

Սուրիոյ մէջ վերջերս արձանագրուած իրադարձութիւններուն, բարեկարգումներ պահանջող ցոյցերուն եւ ապահովական խախտումներուն լոյսին տակ, Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւնները ցնցումներ կ'ապրին:

Ըստ արաբական մամուլին, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն այս խախտումը անցողակի պարզ հանգրուան մը կարելի չէ համարել, այլ՝ նոր հանգրուանի մը սկիզբը: Սակայն ներկայիս այդ հանգրուանին յատկանիշները կը մնան աղոտ եւ տակաւին կանուխ է զանոնք նկարագրել… Սուրիոյ հանդէպ Թուրքիոյ բացուելու քաղաքականութիւնը, կ'իյնար Պալքաններէն մինչեւ Կովկաս եւ Ռուսիայէն մինչեւ Հիւսիսային Ափրիկէ երկիրներուն հանդէպ «բաց քաղաքականութիւն» վարելու Թուրքիոյ նախաձեռնութեան շրջագիծին մէջ:

Սակայն Թուրքիա մասնայատուկ ուշադրութեամբ վարուեցաւ արաբական աշխարհին հետ, արաբական երկիրներուն հետ իր յարաբերութիւններուն հիմքը նկատելով ռազմավարական, աշխարհագրական, պատմական եւ քաղաքակրթական խորքը… Իսկ Արաբական աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, Սուրիան Թուրքիոյ համար առաջնահերթութիւն էր, նկատի ունենալով, որ դէպի արաբական աշխարհ մուտք գործելու Թուրքիոյ դարպասն էր անիկա:

Դամասկոսի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւնները աստիճանաբար բարելաւուեցան եւ հետզհետէ սկսան անձնական բնոյթ ստանալ: Փոխյարաբերութիւններու ամրապնդման ծիրին մէջ Թուրքիա նպաստեց Սուրիոյ դէմ ճնշումները նուազեցնեու առաքելութեան, վերջ տալով թրքական այն սպառնալիքներուն, որոնք Սուրիոյ հիւսիսային սահմանները կը խանգարէին: Ան նեցուկ կանգնեցաւ Դամասկոսի, որ մնայուն կերպով ամերիկեան սպառնալիքներու կ'ենթարկուէր եւ որուն դէմ լուսանցքայնացումի քաղաքականութիւն կը գործադրուէր՝ Իրաքի դէմ ներխուժումին ընթացքին, ինչպէս նաեւ անկէ ետք՝ Լիբանանի վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան ամբաստանութիւնը Սուրիոյ վերագրելու ընթացքին:

Թրքական այս զօրակցութեան զուգահեռ, Սուրիա իր կարգին շարք մը բարիքներ ընծայեց Թուրքիոյ: Սուրիա կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ՝ Թուրքիոյ նոր պատկերը տարածելու իմաստով: Աւելի՛ն. տասը տարուան դադարէ ետք, Դամասկոս Թուրքիոյ շնորհեց իր եւ Իսրայէլի միջեւ անուղղակի բանակցութեանց առումով միջնորդի դերակատարութիւն ունենալու «պատիւ»ը: Իսկ որոշ ժամանակ ետք, Իսրայէլի կողմէ Կազայի դէմ գործուած բռնարարքներուն իբրեւ հետեւանք, երբ Իսրայէլ մերժեց թրքական միջնորդութիւնը, Սուրիա կառչած մնաց անոր եւ իր կարգին մերժեց թրքականէն բացի որեւէ այլ միջնորդութիւն:

Միւս կողմէ, հակառակ այն իրողութեան, որ երկու երկիրներուն միջեւ ջուրի հարցերրը կը մնան անլոյծ եւ Սուրիա մնայուն կերպով կը տուժէ Եփրատի վրայ գործադրուող թրքական ծրագիրներէն, սուրիական վարչակարգը «աչք խփելու» քաղաքականութիւն ցուցաբերեց եւ մերժեց այդ իրականութիւնը հարցի վերածել եւ զայն արծարծել Արաբական Լիկային մէջ, ինչպէս կը պատահէր նախապէս:

Ընդհակառակն՝ նախագահ Ասատ ընդառաջեց Էրտողանի պահանջներուն եւ հակառակ Սուրիոյ կարիքներուն, Ասիի գետին ջուրերէն բաժին տրամադրեց Թուրքիոյ, ամրապնդելու համար երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական կապերը: Այս բոլորին կողքին, Սուրիա վերջ տուաւ նաեւ իրեն համար այնքան հարազատ հող նկատուող՝ Ալեքսանտրէթի պահանջին… Ապահովակական գետնի վրայ, Սուրիա առաւելագոյնս գործակցեցաւ Թուրքիոյ հետ, հալածանքի ենթարկելով Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան մարտիկները՝ Սուրիոյ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ:

Քաղաքականութեան մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը եղաւ յաջողագոյնը, յատկապէս Սուրիոյ հանդէպ ցուցաբերուած թրքական «Ռազմավարական խորք» տարազին գործադրութեան ծիրին մէջ: Այս առումով, Տաւութողլու իրականացուց իր երազը՝ առանց սահմաններու շրջան մը կերտելու առումով, որովհետեւ ըստ իրեն եւ Էրտողանի համոզումներուն՝ այդ սահմանները արդէն շինծու էին: Այն, ինչ որ Թուրքիա ձախողեցաւ իրագործել Եւրոպական Միութեան հետ, յաջողեցաւ Սուրիոյ հետ, սկսելով երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ այցելութեան պարագային վիզաները ջնջելու դրութենէն, հասնելով մինչեւ սահմանները բանալու եւ մաքսատան յատուկ անցարգելներու գոյութիւնը վերացնելու իրականութեան, ինչպէս նաեւ ռազմավարական գործակցութեան խորհուրդի կազմութեան: Միջին Արեւելքի մէջ Սուրիա կրցաւ քանդել Թուրքիոյ հանդէպ ստեղծուած ատելութեան եւ թշնամանքի հոգեբանութիւնը եւ առիթ տուաւ, որ Թուրիքա սպիտակ թեւաւոր ձիու վրայ մուտք գործէ արաբական շրջանէն, խիղճէն եւ մշակոյթէն ներս:

* * *

Բայց եւ այնպէս, արաբական յեղափոխութիւններուն ծայր տալէն ու բողոքի այդ շարժումներուն Սուրիա հասնելէն ետք, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւնները վերիվայրումներ ապրեցան: Արաբական աշխարհի մէջ ծայր առած բողոքի այս ալիքին դիմաց Թուրքիա իրարանցում դիմագրաւեց եւ բազմիցս հակասական կեցուածքներ որդեգրելով մատնացոյց եղաւ: Սակայն Սուրիոյ պարագան տարբեր էր: Թուրքիոյ համար Սուրիան իւրայատուկ էր ոչ միայն «ռազմավարական խորք»-ի իր քաղաքականութեան յաջողութեան իմաստով, այլ՝ որովհետեւ Սուրիոյ ընկերային, յարանուանական եւ ազգային կառուցուածքը նման է Թուրքիոյ:

Սուրիոյ մէջ ծայր տուած բողոքի շարժումներուն մասին Թուրքիա որդեգրեց հետեւեալ կեցուածքները.

ա.- Թուրքիա կը զօրակցի փոփոխութեան եւ բարեկարգումին, զանոնք նկատելով անխուսափելի անհրաժեշտութիւն.

բ.- Հարկ է ցուցարարներուն հետ խաղաղութեամբ վարուիլ, ազատ արձակելով քաղաքական բանտարկեալներն ու մտաւորականները, վերջ տալով արտակարգ դրութեան, ինչպէս նաեւ վաւերացնելով քաղաքական այլազանութիւնը՝ իբրեւ նախապայման ժողովրդավարութեան կիրարկման.

գ.- Նախընտրաբար այդ փոփոխութիւնները կատարուին նախագահ Ասատի ղեկավարութեամբ, որովհետեւ միայն այդ ձեւով կարելի կ'ըլլայ մեծ պայթում մը շրջանցել եւ կայունութիւն հաստատել:

Այս առումով թրքական բազմաթիւ պատուիրակութիւններ այցելեցին Սուրիա, ուր անոնք նախագահ Ասատի հետ քննարկեցին այդ տեսակէտները գործադրելու հեռանկարները: Սակայն Սուրիոյ հանդէպ ցուցաբերուած թրքական այս «ազնիւ» կեցուածքները երբեք չեն կրնար արդարացնել Սուրիոյ դէմ յայտարարուած թրքական կեցուածքները եւ անպարկեշտ վերաբերումները, որոնք հսկայ եւ տարբեր հարցման նշաններ պատճառած եւ սուրիական-թրքական յարաբերութիւնները լաւապէս ցնցած են, այն աստիճան, որ եթէ այդ կեցուածքները շարունակուին երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կը վերադառնան զերօ կէտին (Սաֆիր, 17 Մայիս 2011):

Սուրիոյ մէջ արձանագրուող բողոքի շարժումները հազիւ թէ սկսած էին, երբ թրքական մամուլն ու լսատեսողական զանազան լրատուամիջոցները փութացին նախագահ Ասատի անձին դէմ յարձակումներու արշաւի մը, զայն նկատելով արիւնարբու եւ բռնատէր, ինչպէս նաեւ հաստատումներ կատարելով, թէ Ասատի եւ Քազզաֆիի միջեւ հսկայ նմանութիւններ կան («Սթար», «Թիւրքիէ», «Ենի Շաֆաք» եւ «Զաման»):

Անոնք սուր քննադատութիւններ կատարեցին նախագահ Ասատի հասցէին եւ մէկ օրէն միւսը ի յայտ եկաւ, որ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միասնականութեան ջատագով իսլամ ծայրայեղական յօդուածագիրներ մէկ օրէն միւսը փոխուեցան:

Սուրիոյ հանդէպ Թուրքիոյ այս կեցուածքները Էրտողան պատաճառաբանեց ըսելով. «Մեզի համար սուրիական հարցերը թրքական ներքին հարցեր կը նկատուին»:

Ըստ «Սաֆիր» օրաթերթին` անբացատրելի է թրքական այս վարուելակերպը, նկատի ունենալով, որ թուրքերը իրենք են, որ ուսանելի դասերու եւ խորհուրդներու կարիքը ունին՝ սրբագրելու համար Օսմանեան կայսրութեան օրերէն ի վեր առկայ ազգային եւ յարանուանական իրենց հարցերը, ինչպէս նաեւ քրտական հարցը, որ 12 յունիսի երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք կրնայ Թուրքիան վերածել եմէնական եւ սուրիական կացութեան մէկ այլ տարբերակին:

Սուրիոյ հանդէպ գործուած այս սխալները թերեւս կարելի է փոքր ու աննշան նկատել, սակայն կան այլ սխալներ, որոնք անընդունելի են եւ խորապէս գրգռիչ: Այդ սխալներն են.

ա) Թուրքիոյ կողմէ սուրիական ընդդիմութիւնը ընդունելու եւ մամլոյ ասուլիսի իրաւունք եւ բեմ շնորհելու Սուրիոյ ընդդիմադիր Իսլամ եղբայրներու ղեկավար Մոհամետ Ռիատ Շաքֆէին.

բ) Պոլսոյ մէջ հիւրընկալելու նոյն սուրիական ընդդիմութեան խորհրդաժողովը:

Սուրիական ընդդիմութիւնը հիւրընկալելու թրքական սխալը յառաջացուցած է սուրիական ներքին գերզգայնութիւն եւ թրքական այդ արարքը նկատուած է Սուրիոյ ներքին հարցերու միջամտութիւն: Աւելի՛ն. վերջին քանի մը օրերուն, Էրտողան սկսած է հնչեցնել Սուրիոյ մէջ յարանուանական բաժանումի հաւանականութեան, ինչպէս նաեւ սիւննի-ալեւի սադրանքներու նախապատրաստութիւններուն ակնարկող յայտարարութիւններ, որոնք աւելի եւս կը շեշտեն սուրիական գերզգայնութիւնները եւ կը նկատուին ուղղակի գրգռութիւններ, որոնք կը միտին Սուրիոյ կացութիւնը բարդացնել եւ երկիրը քայքայել:

Այս բոլորին կողքին, Թուրքիա աշխուժ կերպով կ'անդրադառնայ նաեւ իբր թէ Սուրիոյ սահմանամերձ շրջաններէն սուրիացի գաղթականներուն Անտիոք եւ Մերտին ժամանումին մասին: Սուրիա այս մէկը խստիւ կը քննադատէ, նկատել տալով, որ Թուրքիա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ սուրիական վարչակարգը ամբողջ աշխարհին ներկայացնելու իբրեւ արիւնարբու վարչակարգ մը, որ միայն իր քաղաքացիները սպաննելով չի բաւարարուիր, այլեւ՝ զանոնք բռնագաղթի կ'ենթարկէ:

Մինչդեռ, սուրիական իրադարձութիւնները լրացուցած են իրենց մէկուկէս ամիսը եւ ոչ իսկ մէկ քաղաքացի ուղղուած է դէպի թրքական սահմանամերձ շրջաններ, ուր թրքական Կարմիր մահիկին կողմէ լարուած վրանները կը մնան դատարկ: Իսկ Էրտողանի կողմէ Սուրիոյ հարցերը թրքական ներքին հարցեր համարելու քայլը երբեք կարելի չէ արդարացնել, բացի անկէ, որ Թուրքիա կը փափաքի միջամտել սուրիական ներքին հարցերուն: Իսկ եթէ Էրտողանի արտայայտութիւնը արդարացնելու հաւանականութիւն կայ, ապա այդ մէկը պէտք է վերագրուի նաեւ Թուրքիոյ հարցերուն, որոնք համազօր պէտք է նկատուին Սուրիոյ, Իրաքի, քրտական իշխանութեան, Յունաստանի, Ռուսիոյ, Իրանի, Հայաստանի, Վրաստանի եւ յունական Կիպրոսի ներքին հարցերուն:

Հարկ է նշել, որ Սուրիոյ հանդէպ իր ցուցաբերած այս կեցուածքներով Թուրքիա իր «ռազմավարութեան խորք» տարազին շնորհիւ ստեղծած բոլոր յարաբերութիւնները վատթարացուց, սկսելով Սուրիայէն, հասնելով մինչեւ Թեհրան, Պէյրութ եւ Պաղտատ: Սուրիական կացութեան պարագային Թուրքիա կը դիմագրաւէ արտաքին քաղաքականութեան դժուար քննութիւն մը, որ արաբական այլ երկիրներու հետ նախապէս իր անցուցած քննութիւններուն հետ նմանութեան եզրեր չունի: Իսկ Սուրիոյ հանդէպ թրքական կեցուածքները արդէն իսկ բաւական հարցականներ առթած են եւ Սուրիոյ խիստ քննադատութեան արժանացած, ինչ որ կը նշանակէ, թէ իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ՝ «բոլորէն նոյն հեռաւորութեան վրայ մնալու» սկզբունքը կիրառելու առումով, Թուրքիա արդէն իսկ առաջին քննութեան մէջ ձախողած է եւ անոր «ռազմավարական խորք»-ի տեսութիւնը հազիւ քանի մը տարի կրցած է դիմանալ, որպէսզի պատմութիւնը դարձեալ խզէ արաբական-թրքական յարաբերութիւնները, որոնք հիմնականին մէջ քանդուած են դար մը առաջ՝ 1911-ին Իթթիհատ վէ Թերաքքը կուսակցութեան գործած հսկայ սխալներուն պատճառով:

ՍՈՒՐԻՈՅ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԹՐՔԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐ

Սուրիոյ մէջ արձանագրուած բողոքի ցոյցերուն մասին աննխատասելի եւ անսպասելի էին թրքական իշխանութեան ներկայացուցիչներուն կեցուածքները, որոնք ընդվզեցուցին Դամասկոսը եւ մղեցին անոր մամուլը սուր քննադատութիւններով պատասխանելու թրքական տեսակէտներուն: Այս ծիրին մէջ կարելի է նշել՝

- 26 ապրիլին Էրտողանի կողմէ Պաշշար Ասատի ուղղուած ինքնազսպումի ենթարկուելու կոչը:

- 29 ապրիլին, Տաւութողլուի կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիա կը փափաքի, որ սուրիական վարչակազմը բարեկարգումներ կատարէ եւ այդ իմաստով շօշափելի քայլերու դիմէ:

- Իսկ օր մը ետք՝ 30 ապրիլին, Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետին կողմէ կատարուած այն հաստատումը, թէ Թուրքիա կը մերժէ Սուրիոյ հարցերուն օտար միջամտութիւնները:

- Այս կեցուածքներուն կը միանան նաեւ, 2 մայիսին նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի յայտարարութիւնը, որուն մէջ կը հաստատուի, որ Թուրքիա յատուկ քայլերու պիտի դիմէ՝ եթէ Սուրիոյ մէջ յաւելեալ զարգացումներ արձանագրուին:

2 մայիսը յատկանշական էր նաեւ այն առումով, որ վարչապետ Էրտողան իր կարգին պայթեցուցած էր այլ կեցուածք մը, որուն մէջ ան մտահոգութիւն յայտնած էր, թէ սուրիական իշխանութիւններուն կողմէ երկրին մէջ բռնի ուժի բանեցումը համազօր են նոր Համայի եւ Հալապժայի, պահանջելով վերջ տալ սուրիացի ժողովուրդին դէմ բռնարարքներուն:

-12 մայիսին Էրտողան այլ կեցուածքով մը կը շեշտէ, թէ ինք առաջարկած է Սուրիոյ կառավարութեան վարժեցնել ժողովրդավարական գործելաձեւի, աւելցնելով, որ իր առաջարկը մերժուած է, միաժամանակ հաստատելով, որ Թուրքիոյ համար Սուրիոյ հարցերը թրքական ներքին հարցեր կը նկատուին:

- 13 մայիսին, թրքական պատկերասփիւռի պետական կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Էրտողան կ'ըսէ. «Թէեւ Ասատ բարեկամս է, սակայն, պէտք է ընդունիլ, որ ան ուշացած է իր ժողովուրդին բարեկարգումներ շնորհելու առաքելութեան մէջ», ինչպէս նաեւ կ'ընդգծէ, թէ Ասատ պէտք չէ մերժէ խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն ունենալու սուրիացի ժողովուրդին պահանջները:

* * *

Հոս հարկ է նշել, որ սուրիական օրաթերթերը իրենց կարգին քննադատեցին սուրիական վարչակազմին եւ նախագահ Ասատի դէմ կատարուած թրքական կեցուածքները: Սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը, թրքական կեցուածքները նկատեց յաւակնոտ, որոնք շատ արագ եւ գրեթէ կազմակերպուած կերպով հնչեցին Էրտողանի ձայնով՝ եւրոպական զանազան ամպիոններէ:

Սուրիական օրաթերթերը խստիւ դատապարտեցին Թուրքիոյ ցուցաբերած հակադրութիւնները, շեշտելով, որ սուրիական իրադարձութիւններուն հանդէպ անոր վարուելակերպը կրնայ շրջանային առումով նոր վերադասաւորումներ յառա-ջացնել… «Ուաթան» հաստատեց, որ արաբական-իսլամական աշխարհին մէջ ինքզինք իբրեւ «հրաշք բուժում» ծանուցող «թրքական նմուշը» դէմ յանդիման կը գտնուի լուրջ քննութեան մը, որուն արդիւնքներով կրնայ որոշուիլ իր իսկ ճակատագիրը: