Փոխարժեքներ
07 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 387.36 |
EUR | ⚊ | € 416.1 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.94 |
GBP | ⚊ | £ 499.15 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.24 |
Հինգշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի նորընտիր կազմի անդամները։ Հանդիպման ներկայ էն նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Պրն. Րաֆֆի Տօնապետեան եւ Ազգային Վարչութեան անդամներըը։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալուստի իր խօսքէն ետք, շնորհաւորեց նորընտիր Կեդրոնական Կոմիտէի անդամները եւ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ իրենց բոլոր աշխատանքներուն։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայութիւնը յուզող խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ Գանատայի հաստատութիւններուն եւ կառոյցներուն վերակենսաւորման եւ աշխատանքներու ձեւերու վերանայման։
Աւարտին շեշտուեցաւ միասնական համագործակցութիւնը։