Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, երէկ այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Վարչապետին Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ վարչապետ Հարիրիի մօտ կը տիրէ դրական մթնոլորտ: «Ան մնայուն աշխատանքի մէջ է եւ կ՛ողջունէ բոլորին ջանքերը, ինչպէս նաեւ իր կարգին ճիգ չի խնայեր` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ առկայ հարցերը, յատկապէս Լեռնալիբանանի միջադէպը լուծելու նպատակով», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ իրենք հանդիպումէն դուրս եկած են այն տպաւորութեամբ, որ կան որոշ դրական նշոյլներ, որոնք սակայն յաւելեալ ջանքերու եւ քաղաքական ուժերուն միջեւ յաւելեալ համաձայնութեան կը կարօտին` արդիւնաւորուելու համար:
Անդրադառնալով 2019-ի պետական ամավարկին` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ վարչապետ Հարիրի յանձնառու է անոր կէտերը գործադրելու` խորհրդարանէն անոր ստանալիք վաւերացումէն ետք:
«Դժբախտաբար, Հայկական երեսփոխանական պլոքը նկատած էր եւ նախքան Լեռնալիբանանի միջադէպը կոչ ուղղած քաղաքական բոլոր ուժերուն` վերջ տալու սուր կեցուածքներուն եւ հռետորաբանութեան, որովհետեւ քաջ գիտեր, թէ Լիբանան ի վիճակի չէ նման բան հանդուրժելու: Մանաւանդ որ ամառ է եւ կը գտնուինք զբօսաշրջութեան եղանակի մէջ ու կը վստահինք այդ մարզին», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:
Ան հաստատեց, որ լիբանանցի քաղաքացիները այսօր կը դիմագրաւեն հարցեր, որոնց մէկ մասին իրենք ծանօթ են, իսկ միւս մասին ծանօթ չեն: «Լիբանանցիները իրաւունք ունին բոլոր պատասխանատուներէն պահանջելու, որ տէրը ըլլան իրենց խիղճին` քաղաքացիներուն եւ Լիբանանին օժանդակելու իմաստով, որպէսզի կարելի ըլլայ այս տագնապէն դուրս գալ», ընդգծեց Յ. Բագրատունի: