կարևոր
1756 դիտում, 1 շաբաթ առաջ - 2024-05-09 11:23
Հասարակություն

Մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Գերաշնորհ Տ. Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեանի առաջնորդութեամբ սկիզբ առած շարժումին․ յայտարարութիւն

Մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Գերաշնորհ Տ. Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեանի առաջնորդութեամբ սկիզբ առած շարժումին․ յայտարարութիւն

Մայր հայրենիքի մէջ սկիզբ առած սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացը տեղիք տուած է լուրջ մտահոգութիւններու, որոնք տեւական սպառնալիքներ կը հանդիսանան մեր երկրի անվտանգ, ապահով ու խաղաղ կեանքին։ Միանալով այս առընչութեամբ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի կատարուած յայտարարութեանը եւ կիսելով մեր ժողովուրդի լայն հատուածներուն ազատ կամքը արտայայտուելու եւ իրենց մտահոգութիւնները բարձրաձայնելու արդարացի իրաւունքը, մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Տաւուշի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեանի առաջնորդութեամբ սկիզբ առած շարժումին։

Մեր աղօթքն ու մաղթանքն է, որ հայրենիքին եւ անոր սահմաններուն անվտանգութեանը, ամբողջականութեանն ու ազգային արժէքներու պահպանելուն ուղղուած մեր հայրենակիցներու ազնիւ ու արժանապատիւ մղումները արտայայտելուն ուղղուած սոյն երթը կ'ընթանայ բացառաբար խաղաղ, սիրոյ եւ համերաշխութեան մթնոլորտի մէջ։  

 

Աշոտ Եպիսկոպոս Մնացականեան

Առաջնորդ Եգիպտոսի Հայոց Թեմի