կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-04-03 11:01
Հասարակություն

Մեր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնենք Ապրիլ 5-ի հանրահաւաքին. ՀՅԴ Կանադայի Կենտրոնական կոմիտե

Մեր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնենք   Ապրիլ 5-ի հանրահաւաքին. ՀՅԴ Կանադայի Կենտրոնական կոմիտե

Նոյեմբեր 9 2020-ի տխրահռչակ համաձայնութենէն ետք, տարածաշրջանի նորագոյն ցնցումներու առիթէն օգտուելով, Ատրպէյճանը դիմած է Արցախի դէմ նոր սադրանքներու ու կրկին անգամ՝ կը սպառնայ արցախահայութեան գոյութեան:

Վերջին օրերուն, հայրենիքէն կը հնչէ պատերազմի հաւանականութեան լուրջ ահազանգ: Ազգովին կը գտնուինք մեր հայրենիքի լինելութիւնը պատուհասող ճգնաժամային կացութեան մէջ։ Հայաստանի եւ Արցախի սահմանները ենթակայ են ատրպէյճանական մշտական ոտնձգութիւններուն։ Թուրք-ատրպէյճանական թանտեմի յարձակողապաշտ սպառնալիքներուն նպատակը՝ Արցախը շնչահեղձ պահել եւ հայաթափման մղելն է: Աւելին՝ ընձեռուած որեւէ առիթի՝ շարունակել է ցեղասպանական իր մոլուցքը եւ հայաջնջման ծրագիր իրականացնելն է։ Առ այդ ալ, վտանգուած է ո’չ միայն Արցախի բնակչութիւնը, վտանգուած է ամբո’ղջ հայրենի աշխարհը։

Այս բոլորին դիմաց, ՀՀ իշխանութիւնները անընդմէջ կը խօսին «խաղաղութեան դարաշրջան»ի մը թրքահաճոյ գաղափարին մասին։ Անոնք ընդունելի կը համարեն բանակցային սեղանին դրուած ազերիական ու թրքական բոլոր նախապայմանները: Զիջումներով եւ անձնատուողական վարքագծով իշխող ներկայ վարչախումբի միակ նպատակը՝ իշխանութեան երկարաձգումն է՝ ի հեճուկս հայրենի ժողովուրդի անվտանգութեան ու լինելութեան։

Ազգովին, Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, այսօր դարձեա’լ կանգնած ենք մեր ուժերու գերլարման հրամայականին դէմ յանդիման, որպէսզի համազգային դիմադրութեամբ կատարենք մեր հայրենատիրութիւնը, տէր կանգնելով Արցախին ու Հայաստանին եւ շրջենք պատմութեան անիւը դէպի մեր նուաճումներուն ու անվտանգ զարգացման կողմը։ Ժա’մն է այլեւս մէկդի դնելու Արցախեան վերջին պատերազմի առթած ցնցումն ու հիասթափութիւնը եւ ոտքի’ կանգնելու՝ յանուն հայրենիքին ու անոր համար ինկած մեր բոլո’ր նահատակներուն:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի կառոյցը, իր ողջ ներուժով՝ Արցախի եւ Հայաստանի կողքին է, հայ զինուորին եւ հայկական բանակի կողքին է։ Ճգնաժամային այս պահուն, մեր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնենք Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընդդիմութեան նախաձեռնած Ապրիլ 5-ին կայանալիք հանրահաւաքին ու անկէ ետք շղթայազերծուող դիմադրական բոլոր քայլերուն։

Վերականգնե’նք ու վերակերտենք մեր յաղթական երթը, մեր յստա՛կ ՈՉ-ը արձանագրելով բոլոր ձեւաչափերով զիջումներուն եւ պարտուողական քաղաքականութեանց։

Ազգովին դիմադրելով՝ պաշտպանե’նք Արցախը, պաշտպանե’նք Հայաստանը:

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէ

Ապրիլ 2, 2022