կարևոր
5647 դիտում, 6 ամիս առաջ - 2024-04-27 15:08
Քաղաքական

Պայքարը Պէտք Է Շարունակել

Պայքարը Պէտք Է Շարունակել

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեանի հեռակայ խօսքը Գամիշլիի մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակին նուիրուած հաւաքին՝ Ապրիլ 24, 2024:

Հոգեշնորհ Հայր Սուրբ, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ, սիրելի եւ հարազատ գամիշլիահայ հայրենակիցներ, սիրելի երիտասրադներ:

Երիտասարդները առանձին կը շեշտեմ, որովհետեւ համաձայն չեմ յաճախ կրկնուած այն խօսքին՝ թէ երիտասարդութիւնը մեր ապագան է, այլ կը պնդեմ, որ երիտասարդութիւնը մեր ներկան է, ուր ազգային մեր հարցերուն համար մղուած պայքարին մէջ երիտասարդութիւնը ունի գործելու, որոշումներ կայացնելու եւ պատասխանատուութիւն կրելու էական առաքելութիւն: Ան այսօր իսկ, ունի պայքարի առաջին գիծերու վրայ գտնուելու պարտաւորութիւն: Մանաւանդ, երբ այսօր ազգովին կը նշենք Հայոց Ցեղասպանութեան հերթական տարելիցը, կանգնած ըլլալով ազգի ու հայրենիքի գոյաբանական նոր մարտահրաւէրներու դիմաց։

Սիրելի ներկաներ,

Նմանօրինակ մարտահրաւէրի մը առջեւ կանգնած էինք հարիւր ինն տարիներ առաջ, երբ թրքական հայաջինջ, ճիւաղային, փանթուրքիստական ծրագրին իրագործումով հայ ժողովուրդը իր գողգոթան բարձրացաւ, մէկ ու կէս միլիոն սրբացուած հայեր զոհուեցան, ողջ հայրենիք մը հայաթափուեցաւ, պատմական մշակոյթի մը կոթողներ պղծուեցան: Ցեղասպանական ծրագրի կենդանի վկայութիւնն է նոյն ինքն Գամիշլին, որ ծնունդ առաւ իբրեւ արդիւնք Հայոց Ցեղասպանութեան: Բայց այդ օրերու հայրենանուէր հայորդիներու ճիգերով, Քրիստոսի օրինակով, երեք տարի ետք յարութիւն առինք ու վեր խոյացաւ հայոց անկախ պետականութիւնը:

Ցաւօք սրտի, հայութիւնն ու Հայաստանը վերացնելու փանթուրքիստական ծրագիրը կանգ չառաւ եւ ան կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Բոլորս ականատես եղանք նոյն ծրագրի շարունակութեան, երբ Արցախը ենթարկուեցաւ թրքական բարբարոսական յարձակումի ու նոյնիսկ այս պահուն, Ատրպէյճանը նոյն ձեռագրով կը շարունակէ մշակութային ցեղասպանութիւնը Արցախի մէջ, ճիշտ այնպէս ինչպէս Թուրքիան տասնամեակներէ ի վեր հայոց մշակոյթի վկայութիւնները կը վերացնէ Արեւմտահայաստանի մէջ:

Այս անգամ կացութիւնը աւելի դաժան է եւ մեր անժամանացելի իրաւունքներու պաշտպանութեան կամքը վերանորոգելու հարցը աւելի մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ, որովհետեւ երեսունամեայ անկախ պետականութիւն ունենալու պայմաններուն մէջ, հայրենի իշխանութիւնը փոխանակ պետական լծակներու արդիւնաւէտ օգտագործումով ամէն ճիգ թափէ ազգին ու հայրենիքին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն դէմ կենալու, ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան գերնպատակին շուրջ ազգը համախմբելու՝ լծուած է հայութեան դարաւոր թշնամիներու ջրաղացին ջուր թափելու գործին:

Ամբողջ հարիւրամեակ մը, նուիրեալ զաւակներու զոհաբերութեամբ, հայ ժողովուրդը պատժեց Ցեղասպանութիւն իրագործած ճիւաղներուն, ապահովեց Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած բազմութեան մէջ հայ մշակոյթ, լեզու ու եկեղեցի պահպանեց, Արցախ ազատագրեց, վերանկախացած հայրենիք կերտեց ու ազգային ազատագրական պայքարի ջահը վառ պահեց: Իսկ այսօր, խումբ մը արկածախնդիրներ եկան Արցախը զիջելու, հայութիւնը պառակտելու, աշխարհաքաղաքական բարդ իրավիճակին մէջ Հայաստանը միջազգային հակամարտութիւններու թատերաբեմ դարձնելու, վերանկախացած հայրենիքի անվտանգութիւնը խարխլելու: Աւելին, պարտուողական ու զիջողական քաղաքականութեամբ արդէն Ցեղասպանութեան փաստը կասկածի տակ դնելու, ցեղասպանին թէզերը կրկնելու ու պաշտպանելու:

Սիրելի ներկաներ,

Ակնյայտ է, որ այսօր հայ իրականութեան մէջ անհաշտ պայքար կայ ազգայինի ու ապազգայինի, պարտուողականի ու յաղթանակողի, անարժանապատիւ խաղաղութեան ու արժանապատիւ խաղաղութեան միջեւ: Ահա թէ ինչու, բոլոր ժամանակներէն աւելի, այսօր իւրաքանչիւր հայ ազգային գաղափարախօսութեան կրողը դառնալու պարտաւորութիւն ունի եւ իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ Հայոց Ցեղասպանութեան արդար հատուցման համար մղուած պայքարի մարտիկ դառնալու առաքելութիւնը ունի:

Բոլորս անկասկած կը հետեւինք Հայաստանի սահմաններուն վրայ ընթացող ալեկոծ իրադարձութիւններուն, ուր թշնամին չարախինդ հրճուանքով կտոր առ կտոր կ’իւրացնէ հայրենի մեր հողը: Իսկ հայրենի իշխանութիւնը փոխանակ սանձելու թշնամու ցեղասպան նկրտումները՝ ուժային իր կառոյցներով կը փորձէ խեղդել հայրենիքի պաշտպանութեան համար բարձրացած ժողովրդային արդար զայրոյթը եւ պաշտպանական ամուր դիրքերը կազմագանդելով՝ կը դիւրացնէ թշնամու յառաջխաղացքը: Ոմանք, միամտօրէն կամ դաւադրաբար, կը փորձէին համոզել, թէ Արցախը զիջելով խաղաղութիւն կը բերեն: Իսկ այսօր չեն գիտակցիր կամ չեն ուզեր հասկնալ, որ Արցախը մեր հայրենիքի անվտանգութեան դարպասն էր եւ կը շարունակեն իրերայաջորդ զիջումներով մեր ժողովուրդին կերակրել կեղծ խաղաղութեան օրակարգով:

Մենք ամբողջովին կը հասկնանք մեծ տէրութիւններու քաղաքական անբարոյականութեան ծալքերը: Կը հասկնանք նաեւ, որ քսաներրորդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան անպատիժ մնալու արդիւնք են անոր յաջորդող ցեղասպանութիւնները եւ հայ ժողովուրդի ու հայոց պետականութեան դէմ գործուած ոճիրներուն նկատմամբ արդար ու ազդու պատժամիջոցներու բացակայութեան հետևանքն է, որ Թուրքիոյ և Ատրպէյճանի աջակից Իսրայէլը այսօր կը համարձակի պաղեստինցի ժողովրդին նկատմամբ ցեղասպանութիւն իրագործել։ Կը հասկնանք նաեւ, որ անպատժելիութեան արդիւնք է միջազգային հանրութեան աչքին առջեւ քիւրտ ժողովուրդին դէմ իրականացուած Թուրքիոյ սանձարձակ յարձակումները:

Մենք ամբողջովին կը հասկնանք աշխարհաքաղաքական այն բարդ իրավիճակը, որ այսօր կը տիրէ մեր շուրջ: Կը հասկնանք նաեւ, որ Ռուսաստանի, արեւմուտքի ու տարածաշրջանային պետութիւններու միջեւ ընթացող հակամրտութիւնները տնօրինելը փոքրիկ Հայաստանի մը ուժերէն վեր է: Պարզ է, որ քաղաքական անբարոյական միջավայրին մէջ իւրաքանչիւր գերտէրութիւն իր սեփական շահերով պիտի առաջնորդուի: Սակայն կարելի չէ Հայաստանի ու հայութեան այս կործանարար կացութիւնը վերագրել արեւելքին կամ արեւմուտքին: Այստեղ մէջբերեմ մեծն Գարեգին Նժդեհի խօսքը, որ կ’ըսէ. «Վայ այն ժողովուրդին, որ իր գլխուն եկած չարիքներուն պատճառը այլոց մէջ կը գտնէ»: Ուստի, մեր գլխուն եկած չարիքին պատճառը պէտք է փնտռել մեր սեփական ապազգայնութեան ու տհասութեան մէջ: Այսօրուան դժուար մարտահրաւէրները դիմագրաւելու միակ լուծումը ազգային արեւելումի բարձր գիտակցութեամբ զինուած համխումբ միասնութիւնն է: Իսկ պարտուողականութեան, զիջողականութեան, թշնամիին առջեւ ծունկի գալուն ու ապազգայնութեան շուրջ միասնակամ չեն դառնար: Ազգերը միասնակամ կը դառնան հայրենիքի պաշտպանութեան, յաղթանակ կերտելու կամքին, իրաւունքներու համար մղուած պայքարին շուրջ միայն:

Այս խորը համոզումով է, որ այսօր կ’ուզեմ դիմել բոլորիդ, որ հայ իրականութեան մէջ ընթացող պայքարին մէջ կողմնորոշուիլ, ազգային գաղափարախօսութեամբ զինուիլ, ականջ տալ Հայոց Ցեղասպանութեան ու ազգային ազատագրական պայքարի ճամբուն վրայ ինկած նահատակներու կտակին ու տէր կանգնիլ հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներուն: Հայ ժողովուրդի գոյութենական պայքարի կարեւոր հանգրուանի մը մէջ ենք ազգովին, թշնամին իր ծրագիրները իրագործելու, հայոց հողին ու ջուրին տիրանալու, Ցեղասպանութիւնը իր աւարտին հասցնելու պարարտ հող գտած է հայ ապազգայնութեան, պարտուողականութեան ու անձնատուութեան մէջ, իսկ մենք այդ բոլորը արմատախիլ ընելու եւ ազգային պայքարի շուրջ համախմբուելուն մէջ կը տեսնենք ազգի ու հայրենիքի փրկութիւնը: Պայքարը պէտք է շարունակել Հայոց Ցեղասպանութեան արդար հատուցման, ազգային մեր դիմագիծի պահպանման, արցախահայութեան վերադարձի ապահովման եւ ազգային պետութեան ամրապնդման ուղղութիւններով: Իսկ այս պայքարը կ’արդիւնաւորուի մեզմէ իւրաքանչիւրի ներդրումով ու անսակարկ նուիրումով: