կարևոր
3904 դիտում, 10 ամիս առաջ - 2024-01-14 21:49
Աշխարհ Հասարակություն

Ես զաւակն եմ Համազգայինի

Ես զաւակն եմ Համազգայինի

Ես զաւակն եմ Համազգայինի։

Կրնամ նոյնիսկ անոր թո՛ռը համարուիլ։

Ճիշտը ըսելու համար խոստովանիմ, որ ես իմ ծնունդէն առաջ համազգայնական եմ եղած։

Ինչպէ՞ս։

Պարզապէս այն պատճառաւ, ինչպէս մայրս կը յիշէր, որ իր հօրենական տան մէջ, նոյնիսկ տանի՛քը, մեծհօրս հետ նարտ խաղացած ատեն Աղբալեան կը մտմտար մշակութային միութիւն ստեղծելու գաղափարին մասին. մե՛ր միութիւնը՝ այն ատեն դեռ անունն անգամ անյայտ Համազգայինը։

Անոր երկու գլխաւոր մեծ հիմնադիրները՝ Լեւոն Շանթն ու Նիկոլ Աղբալեանը, դաստիարակած են ծնողներս Աղեքսանդրիոյ Պօղոսեան ազգային վարժարանին մէջ։ Կրնայի՞ բան մը ժառանգած չըլլալ այդ դաստիարակութենէն. կաթիլ մը ներշնչում թերեւս, պտղունց մը սէր հայերէնի, բայց մանաւանդ մասնիկ մըն ալ ոգի ու կամք…

Համազգայինի հետ առաջին անմիջական առնչումս պատանեկութեանս է եղած… «Շղթայուած»-ի ճամբով, որուն մէկ դրուագի ներկայացման մէջ բեմադրիչ, մօրս մտերիմ ընկերուհի՝ Նուարդ Թիրեաքեանը, ինծի՛ ալ թզուկի դեր մըն էր վստահած՝ կարծես այդպիսով Համազգայինին շղթայելով զիս…

Քիչ մը աւելի ուշ, վաղ երիտասարդութեանս, Գահիրէ բնակած վերջին քանի մը տարիներուս, Համազգայինի օժանդակ յանձնախումբն էր հասարակական գործունէութեանս, – աւելի ճիշտ պիտի ըլլայ գրել՝ վարժողութեա՛նս գլխաւոր պարունակը, ուր Համազգայինի հեռատես ղեկավարները համախմբեր էին գրականութեամբ, արուեստով, թատրոնով ու ընդհանրապէս մշակոյթով հետաքրքրուող երիտասարդներ։ Ոտքիս անցած շղթային օղակը աւելի ամրացնելու նպատակով անկասկած…

Գանատա, Մոնթրէալ։ Ահա արդէն աւելի քան 56 տարի1։ Համազգային, Համազգային, Համազգային։

Ի՞նչ երանութիւն, հողը պատրաստ էր, կը մնար ցանել, ոռոգել… Այո, Համազգայինը հիմնուած էր այստեղ մեր ժամանումէն իսկ առաջ, հիմնուած էր օգտուելով Գահիրէէն այցելութեան եկած՝ Համազգայինի վաղեմի վարչական ընկ. Եփրեմ Թուշեանի ներկայութենէն, ու ի՛ր իսկ կնքահայրութեամբ։ Իսկ Սիմոն Վրացեան, այն ատեն Պէյրութէն, ստորագրեր էր վաւերացումը Հիւսիսային Ամերիկայի մեր այս առաջին մասնաճիւղի կազմութեան։ Տեղւոյն Միհրան Փափազեան կոմիտէի նախաձեռնութիւնն էր եղած մեր մասնաճիւղի ստեղծումը։ Ան նշանակովի վարչութեամբ մըն էր օժտած զայն, ու այդ վարչութեան ալ շնորհիւ մեր գաղթելուն երկրորդ ամիսն իսկ մենք պիտի վայելէինք յոբելեանը Համաստեղի՝ իր, Արամ Հայկազի ու Յակոբ Խաշմանեանի ներկայութեամբ։ Կ՚երեւակայէ՞ք հրճուանքս…

Մոնթրէալ մեր այս կազմակերպութեան մէջ նախաքայլերս պիտի առնուէին գրական խմբակով, որուն առաջին հանդիպումը պիտի կայանար մեզմէ մէկուն՝ այժմ նորոգ վախճանեալ Եդուարդ Մսրլեանի տան մէջ, ապա, երբ այլեւս յարկաբաժնի մը չորս պատերուն մէջ չէինք կրնար սեղմուիլ՝ Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ ներքնասրահը պիտի հաւաքուէինք։ Ու հետզհետէ պիտի դառնայինք անդամական շարքերը այս միութեան։

Այդ գրական խմբակն էր, որ նոյնպէս տան մը մէջ, այս անգամ՝ Ճեսուրեաններուն, պիտի հանդիպէր Վարդգէս Պետրոսեանի՝ Գարուն նորահրատարակ ամսագրի երիտասարդ խմբագրին հետ, որ Երեւանէն ժամանած էր՝ այդ օրերուն տեղի ունեցող «Էքսփօ 67» միջազգային ցուցահանդէսին որպէս այցելու, ու վերադարձին մեր այս նորակազմ գաղութը պիտի կոչէր «մի կտոր Հայաստան»։

Յաջորդ տարիներուն առիթ պիտի ունենայի վարչական դառնալու նոյն այս կազմակերպութեան մէջ, որ արդէն համախմբած էր մեծ թիւով անդամներ ու կը գործէր իր ժողովներով ու վարչական կառոյցով, իր հովանիին տակ բերելով նախապէս կազմուած երգչախումբ, պարախումբ, թատերախումբ։

Սակայն չէինք կրնար բաւարարուիլ այդքանով։ Հիւսիսային Ամերիկան շատ աւելի մեծ դեր կրնար խաղալ մեր մշակոյթի պահպանման ու զարգացամն գործին մէջ։ Եւ ահա, Թորոնթօ հաստատուած մեր ընկ. Մարգար Շարապխանեանին հետ ձեռք-ձեռքի, պիտի շրջէինք նախ Օնթարիոյի մեր միւս փոքր համայնքները, ապա ամերիկաբնակ ընկերներու՝ Հրանդ Մարգարեանի, Ժիրայր Ղարիպեանի եւ ուրիշներու հետ ալ՝ Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանի մեծ քաղաքները, ուր արդէն գոյութիւն էին առեր մշակութային միութիւններ՝ այդ բոլորը վերածելով Համազգայինի մասնաճիւղերու. այս ամենը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ. բժ. Հրաչ Աբրահամեանի անմիջական խղճամիտ ուշադրութեան ներքեւ։ Այդպէս պիտի կազմուէին զոյգ շրջանները Գանատայի եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու։ Անոնց միջեւ յարաբերութիւններն ալ սերտացնելու նպատակով, տեղի պիտի ունենային համատեղ մշակութային համախմբումներ, գիտաժողովներ, յոբելենական ձեռնարկներ եւ այլն։

Այս յօդուածիս նպատակը չէ երբեք յիշատակել ու յոխորտալ այս միութեան գործունէութեան մէջ իմ ներդրումներով։

Յաջորդող տասնամեակներուն եւ մինչեւ օրս ժողովուրդիս Դատին ծառայելու իմ ուխտս իրագործելու գլխաւոր դաշտերէն մէկը Համազգայինը հանդիսացաւ։ Ես երախտապարտ կը մնամ անոր եւ կուսակցութեանս։

Նպատակս չէ նաեւ ափսոսալ իմ թերացումներուն կամ ձախողութիւններուն համար։ Այո, այս միութեան մէջ մինչեւ բարձրագոյն մակարդակի պատասխանատւութիւն ստանձնելու առիթն ալ շնորհուեցաւ ինծի, սակայն ես ու գործակից ընկերներս միշտ չէ, որ կրցանք մեր բոլոր ցանկութիւնները իրականութեան վերածել՝ անշուշտ ծանրացնելով գալիք սերունդներու բեռը այդ ուղղութեամբ։

Մեր մշակութային կեանքը զարգացնելու մասին տարիներէ ի վեր մտահոգութիւններս եւ առաջարկներս արտայայտող յօդուածներս առանձին հատոր մը կրնան լեցնել։ Համոզուած եմ, որ մեծ, շատ մեծ ներուժ կայ մեր մէջ եւ շուրջ, եւ Հայաշխարհի ամբողջ տարածքին հասցնելու համար մեր կրթական ու մշակութային համապարփակ գործունէութիւնը եւ շարունակելու մեր ինքնուրոյն երթը այս մոլորակին վրայ՝ մենք կրնա՛նք, անհրաժեշտ է, որ կարենանք, մեր հետեւողական աշխատանքով ու գործակցութեամբ համապատասխան կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու եւ պետական կառոյցներու՝ արդիական, ժամանակին շունչով ու հնարաւորութիւններով աշխատող իրապէ՛ս համազգային կազմակերպութեան մը վերածել Համազգայինը։

Ու ես կը մնամ անոր զաւակը, անոր համեստ մէկ զինուորեալը։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

(«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԸ (Յուշեր, վկայութիւններ եւ մտածումներ)», 95-ամեակին նուիրուած յատուկ հրատարակութիւն, «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն, 2023)

1. Հիմա արդէն աւելի քան 57 տարի