Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Երկուշաբթի, 14 նոյեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջմիութենական հաւաք, որուն ընթացքին ՀՅԴ-ի ուղեկից միութիւնները` ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի ներկայացուցիչները անջատաբար ծանօթացուցին իւրաքանչիւր միութեան գործունէութիւնն ու ապագայ ծրագիրները: Հաւաքին ներկայ էին միութենականներ եւ համակիրներ:
Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Օրուան հանդիսավար Արմէն Ապտալեան բացումը կատարեց հաւաքին, ապա հրաւիրեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որպէսզի ուղղէ իր խօսքը: Ան տեղեկացուց, որ նոյն օրը առաւօտուն տեղի ունեցաւ ուղեկից միութիւններու արդիւնաւէտ խորհրդաժողով, որուն գումարման վայրը ընտրուեցաւ Լիբանանը, որովհետեւ ՀՅԴ Բիւրոն կը գնահատէ Լիբանանի դերը` իբրեւ սփիւռքի ճաճանչող սիրտը, իբրեւ այն համայնքը, որ միշտ եղած է հնոց ու մարդուժ հայթայթած թէ՛ կուսակցութեան եւ թէ՛ միութիւններուն: Ան շեշտեց, որ այսօր ալ լիբանանահայութիւնը պատնէշի վրայ է, իսկ համահայկական այդ կառոյցները միշտ ալ պատրաստ են ամէն գնով նեցուկ կանգնելու Լիբանանին:
Ապա Յակոբ Տէր Խաչատուրեան լուսարձակի տակ առաւ ներկայիս Հայաստանի ու Արցախի մէջ տիրող կացութիւնը, առկայ մարտահրաւէրները, ներկայ իշխանութեան վարած պարտուողական վտանգաւոր քաղաքականութիւնը, որուն ամբողջովին դէմ է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը: Այս իրականութեան լոյսին տակ, ան դիտել տուաւ, որ այսօր կուսակցութիւնը կոչուած է թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ճակատի վրայ պայքար մղելու, պաշտպանելու հայութեան իրաւունքները ամէնուրեք` շեշտելով, որ ՀՅԴ-ին համար պետականութիւնը սրբութիւն է, ուստի ամէն գնով պիտի պաշտպանէ զայն:
Ապա ՀՕՄ-ի ատենապետ Նայիրի Տէրտէրեան տեսերիզով ներկայացուց ՀՕՄ-ի գործունէութիւններն ու ծրագիրները: Երկրորդ բաժինով ցուցադրուեցաւ ՀՄԸՄ-ի կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը, ուր ներկայացուած էին ՀՄԸՄ-ի աշխարհատարած գործունէութիւնն ու ծրագիրները: Այնուհետեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան` դարձեալ տեսերիզով, ներկաներուն ծանօթացուց Համազգայինի ծաւալած աշխատանքները: ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Ցողիկ Աշըքեան եւս անդրադարձաւ գրասենեակին տարած գործունէութեան:
Ներկայացումներու աւարտին Արմէն Ապտալեան բեմ հրաւիրեց զեկուցաբերները, որպէսզի պատասխանեն ներկաներու հարցումներուն:
Թատերասրահին մէջ գտնուող միութենականները գրաւոր ներկայացուցին իրենց հարցումները, եւ Ապտալեան զանոնք հերթաբար ուղղեց զեկուցաբերներուն, որոնք լուսաբանեցին ներկաները եւ համապատասխան բացատրութիւններ տուին անոնց հարցումներուն: