Փոխարժեքներ
24 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի տեղեկատու գրասենեակը դատապարտեց հարաւային Լիբանանի մէջ գտնուող լրագրողներուն կեդրոնը ռմբակոծումի թիրախ դարձնելու քայլը: Գրասնեակը լիբանանեան մամուլին յղած դատապարտանքի գիրին մէջ նշեց.
«Վերջին օրերուն ընթացքին պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ Իսրայէլի գործած մարդկութեան դէմ ոճիրներէն ետք, իսրայէլեան ուժերը ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին կարգ մը լրագրողներ, որոնք իրենց պարտականութիւնը կը կատարէին հարաւային Լիբանանի մէջ:
Այդ արարքին նպատակն էր լռեցնել տեղեկատուութեան մարզը, որ լուրը ինչպէս որ է դէպքին վայրէն կը փոխանցէ հանրութեան:
Իսրայէլեան ուժերուն այս ռմբակոծումին պատճառով զոհուեցաւ լրագրող-լուսանկարիչ Իսամ Ապտալլա, ինչպէս նաեւ վիրաւորուեցան այլ լրագրողներ եւ լուսանկարիչներ:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի տեղեկատու գրասենեակը խստիւ կը դատապարտէ այս անարգ թիրախաւորումը, եւ խորազգաց ցաւակցութիւն կը յայտնէ զոհուած լուսանկարիչին ընտանիքին, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէ վիրաւոր լրագրողներուն եւ լուսանկարիչներուն:
Տեղեկատուութիւնն ու լրագրութիւնը պատգամներ են, որոնց նպատակն է դէպքերը իրենց էութեամբ հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել: Հետեւաբար Իսրայէլ ինչքան ալ փորձէ լռեցնել այդ մարզը, իրականութիւնները պիտի շարունակեն վկայել ժողովուրդներուն եւ մարդկութեան դէմ անոր գործած ոճիրներուն մասին»:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտեի տեղեկատու գրասենեակ