Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Արցախեան շարժումէն 35, անկախութեան վերականգնումէն 32 եւ ընտանեկան բարօրութեան սպասարկումի խոստումներէն, իշխանութեան աթոռը ամէն գնով պահելու, պետականութիւնը կորուստէ կորուստ հասցնելու յանգած «թաւշաթմրամոլութենէն» աւելի քան հինգ տարի ետք, հայոց ուշիմ ազգն արժանի է, ի շարս այլ բաներու՝ աւելի առոյգ, հեռատես եւ ապագայատեսիլ մամուլի եւ հրապարակախօսութեան։
Հանրային խօսքն պարտաւոր է ոչ միայն քննադատել, այլեւ ուղի ցոյց տալ, գաղափարներ խմորել եւ հասունացնել։ Հեռու կամ մօտ անցեալի վրիպումները, կոպիտ սխալները անվերջ յիշեցնելով, հայ միտքը եւ հոգեբարոյական կերտուածքը միայն կը տկարանան, կ’ամլանան եւ մակերեսային դառնալով՝ զոհ կը դառնան մարդոց մակերեսայնութեան վրայ խաղացող ուժերուն։ Մինչդեռ երբ կայ այդ վրիպումները, սխալները յաղթահարելու ուղիներու որոնում, ուրուագծում, հանրային բանավէճի մէջ անոնց բիւրեղացում եւ հետագայ աշխատանքի յստակեցումի ճիգ, դրական արդիւնքը չ’ուշանար։
Մեր խօսքը միայն Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան, իշխանութիւններու կամ ղեկավարութիւններու ըրածին ու չըրածին չի վերաբերիր. անիկա աւելի ընդհանուր է եւ կ’ընդգրկէ մեր հաւաքական ապրումի բոլոր ոլորտները՝ առաջին հերթին կրթութիւնը, առողջապահութիւնը եւ այլն։
Այս առումով ալ եթէ նկատենք՝ որ 32 տարիէ ի վեր անկախ պետականութիւն ունինք, սակայն, օրինակի համար, եթէ խօսինք «պզտիկ հարց»ի մը մասին, որ լեզուական մէկ քաղաքականութեան, միակ ուղղագրութեան, տառադարձութեան կանոնի շուրջ դեռ չենք կրցած համախոհութեան հասնիլ, պէտք է խորհինք՝ ազգային ներքին բարեկարգումներուն վերաբերող հարցեր ի՛սկ օրակարգ դարձնելու ի վիճակի չենք եղած, ալ ո՜ւր կը մնայ առնուազն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նետած ձեռնոցը ազգովին վերցնելու, նաեւ լուրջ մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու մասին մտածելը։ Այն բոլոր շառլատանները, որոնք օրն ի բուն ռուսականութեան, ԽՍՀՄ-ի դէմ կամ թեր կեցւածքներու վրայ կը կառուցեն իրենց «պետականամէտութիւնը», երբեւէ անդրադարձա՞ծ են, որ ժամանակն է այդ ծանր ժառանգութեան հրաժեշտ տալու, նախ եւ առաջ վերականգնելու հայոց ներքին միասնութիւնը, գիր, լեզու եւ գրականութիւն մէկ ու միակ ուղղագրութեամբ մատուցել հասարակութեան։ Նման առաջադրանք ո՛չ ՄԱԿ-ի Ապ․ խորհուրդի նիստ կը պահանջէ, ո՛չ ալ մեծ պետութիւններու աջակցութիւն։ Մենք մեզի աջակցինք եւ յոյս տանք մեր հայրենակիցներուն, որ կրնանք դրական յառաջխաղաց ունենալ ներքին համախոհութեամբ։
Նոյնը՝ կրթական համակարգին կը վերաբերի. ո՛չ միայն հայագիտական նիւթերու մասին է խօսքը, այլեւ գիտու- թեան բոլոր ճիւղերուն՝ բնական գիտութիւններու թէ մարդասիրական։ Հայաստան ունէր անցեալէն ժառանգած համակարգ, որ՝ դատելով արդիւնքներէն, գերազանց արդիւնք տուած է եւ պետութեան պարգեւած փայ-լուն բազում ուղեղներ։ Այսօր՝ դարձեալ օտար ճամբաներու վրայ աննպատակ կը դեգերինք եւ եզրակացութեան չենք յանգիր։ Մէյ մը Վենետիկեան յանձնաժողով, միւս օրը ռուսական, չինական կամ ամերիկեան համակարգեր կը շեղինք. վերջը չկայ։
Եւ գիտէ՞ք ինչու։
Որովհետեւ՝ չունինք, չենք բանաձեւած կարեւորագոյն հարցի մը պատասխանը. Ի՞ՆՉ կ’ՈՒԶԵՆՔ, ԻՆՉԻ՞ կ’ՈՒԶԵՆՔ ՀԱՍՆԻԼ, Ո՞ՐՆ Է ՄԵՐ ԲԱՂՁԱԼԻ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ, եւ մի՛շտ ալ ապագային ձգած ենք պատասխաններու որոնումը։
Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը՝ միացեալ Հայաստան, միացեալ հայութեամբ, ընդհանուր եւ չմանրամասնուած տեսլական է, որ պէտք է ունենայ իրագործման իր ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ միջոցները։ Ո՞վ պիտի ընձեռէ այդ անհրաժեշտ միջոցները։ Ռո՞ւսը, ամերիկացի՞ն, թէ՞ չինացին ու հնդիկը։ Բոլորը կրնան աջակցիլ իրենց չափով, սակայն թէ՛ անհրաժեշտ միջոցը ՅՕՐԻՆՈՂԸ, թէ՛ անոր մասնիկները ՀԱՒԱՔՈՂԸ, թէ՛ զայն ԿԱԶՄՈՂԸ եւ՝ ամենակարեւորը, զայն ԲԱՆԵՑՆԵԼ ՈՐՈՇՈՂԸ եթէ ԱԶԳԱՅԻՆ տեսլականի տէր հայը չէ, այլ օտարը կամ անոր ծառայողն է, մենք կ’ունենանք անվերջ ձախողութիւն եւ հիասթափութիւն։
Այս անհրաժեշտ միջոցներուն մէջ շատ բան կը մտնէ. նախ եւ առաջ այն բոլոր կառոյցները կամ միաւորումները, նոյնիսկ անհատական ջանքերը, որ տարբեր ժամանակներու ստեղծուած կամ եղած են՝ Արտերկրի մէջ, բնականաբար՝ Երկրի պետական կառոյցներուն զուգահեռ։ Այդ ամբողջ ճիգը չի կրնար լքուիլ եւ մոռցուիլ։ Իւրաքանչիւրին ետին կանգնած են մարդիկ, որոնք օրին իրենց առաւելագոյնը տուած են, խորհելով որ դրական աշխատանք կը կատարեն։ Այս հարստութիւնը կարելի է գումարել եւ օգտագործել պարզապէս նպատակներու շղթային մէջ իր տեղը եւ դերը որոշելով ու առաջադրանքի վերածելով։ «Մասնակցային» չարչարուած եզրը Արտերկրի մէջ անհրաժեշտ է կենսունակ եւ ստեղծագործ դարձնել, ըսելով կրկնութեան գնով՝ յստակ ծրագիրի մը ծիրին մէջ։ Պետութեան սահմաններուն մէջ յատուկ ճիգ պէտք է պետական ծրագիր մշակելու համար եւ կը ներառուին բոլոր նախաձեռնութիւնները։
Այս ուղղութեամբ մտածելով, չենք կրնար չըսել, որ հակառակ անցած հարիւրամեակներուն արժեչափերու ապրած զարգացումներուն եւ զանոնք ազնուացնելու, գեղեցկացնելու թերեւս անկեղծ ճիգին, փաստը կը մնայ փաստ՝ որ պատերազմը եւ բիրտ ուժը տակաւին միջազգային օրինականութիւն կը վայելեն, եթէ անոր թիկունք է աշխարհի բախտը տնօրինողներուն տրուող պատշաճ նիւթական, քաղաքական կամ աշխարհաքաղաքական կաշառքը, խայծը, շահը… խոստումը։
Երկրորդ հաստատումը կը վերաբերի մարդ արարածի արժէքին։ Այսքան աղմկել ի պաշտպանութիւն մարդկային իրաւանց, սեռային շեղումներ ունեցողներու համար կուրծք ծեծել եւ պատժամիջոցներ տնօրինել այլախոհ պետութիւններու դէմ, անգամ մը ռազմական բիրտ ուժ կիրառել բռնատիրական վարչակարգը տապալելու համար (թէեւ տեսած ենք նաեւ ժողովրդավար կարգեր տապալելու ձեռնարկներ՝ յանուն այս կամ այն նախասիրութեան), իսկ միւս պարագային լուռ ու անկար ձեւանալ մարդկային ողբերգութիւններու հանդէպ՝ ըլլայ անիկա ժողովրդավարական Արցախի, ամբողջատիրական Սուտանի, մասնատուած Պաղեստինի թէ հետաքրքրութենէ դուրս ինկած այլ երկրամասի մը՝ ցոյց կու տայ այն կեղծիքն ու երեսպաշտութիւնը, որուն մէջ կ’ապրինք եւ կ’եզրակացնենք՝ կ’արժես այնքան, ինչքան հզօր ես ու կարող՝ սեփական արժեհամակարգդ պաշտպանելու։
Երրորդը՝ բոլոր մարդոց եւ ազգերու իրաւահաւասարութիւնն է։ Մի՞թէ… Մի՞թէ բոլոր մարդիկ ու ազգեր իրաւահաւասար են։ Տեսականօրէն՝ այո, եւ այդ է ճիշդ ու ցանկալին, սակայն մեր այսօրուան աշխարհին մէջ, ուղիղ հակասութիւն կայ տիեզերական այս իղձին ու ռազմական ուժով եւ կաշառքով ամրապնդուած զինուորական յաղթանակները ամէն գնով պարտադրելու ջանասիրութեան միջեւ։ Ինչպէ՞ս հասկնալ Կրեմլին եւ Սպիտակ տան՝ որոնք 2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն ետք, փոխանակ սաստելու մշտական նախայարձակը, մինչ այդ իրենց երգած քիչ թէ շատ ընդունելի երգը փոխեցին ատրպեճանական մուղամի։ Մոռցուեցաւ, որ Արցախի ժողովուրդը 1988-ի Փետրուարին ինքնորոշուելու եւ ազերի բռնատիրութենէն ազատագրուելու պայքար սկսաւ, որուն աջակից, ապա երաշխաւոր դարձաւ Հայաստան՝ նախ խորհրդային, ապա անկախ։ Արցախը 1988-ի՞ն արթնցաւ. անշո՛ւշտ ոչ։ Դարաւոր պայքարի նորօրեայ դրսեւորումն էր ատ, երբ պայմանները թոյլատու նկատուեցան։ Թերեւս հանգամանքներու թոյլատւութիւնը ճիշդ չգնահատուեցաւ, բայց ունեցանք ինչ որ ունեցանք։ Իսկ այսօր երբ աշխարհը բերնին ծայրով մարդոց եւ ազգերու իրաւահաւասարութեան մասին կը բարբառի, իսկ լիաբերան կը խօսի Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մասին, որուն պահպանման համար՝ եթէ հարկ ըլլայ, պէտք է զոհուին բոլոր իրաւատէր ազգերը եւ ժողովուրդները, ո՛ւղղակի ամօթալի է եւ ծիծաղելի։
Կը մնայ միջազգային իրաւունքը եւ անոր պաշտպան Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը։ Երբ վերջինիս կարեւոր ատեաններէն՝ Միջազգային դատարանի Լաչինի միջանցքը բանալու որոշումն օրը ցերեկով բորենիաբար կ’անտեսէ եւ հիմնաւորումները կասկածի տակ կը դնէ Պաքու, միջազգային անկարութեան խայտառակութիւնը պարտկելու տեղ չի մնար այս երկինքին տակ։
Ի՞նչ պէտք է հետեւի այս բոլորին։ Բոլոր սկզբունքներն ու օրէնքները, միջազգային կարգի հիմնասիւները խախտելէ ետք, ի՞նչ ընել։
Խօսք է, կը խօսինք. մարդիկ ուշադրութիւն չեն դարձըներ ո՛չ մեր տուած ամօթանքին, ո՛չ ալ ծիծաղին, պարզապէս կը շարունակեն իրենց գործը, ինչպէս դարերէ ի վեր։ Չէ՞ որ «նոր» ու «քաղաքակիրթ» աշխարհին մէջ ծանօթ խօսք է այն, որ քաղաքականութիւնը զգացում չի ճանչ-նար, այլ միան շահ ու աւելի՛ շահ, ուրեմն՝ ամօթանքն ու անմարդկայնութենէ զերծ մնալը հին հասկացութիւննե՞ր են, démodé բանե՞ր…
Մեր նպատակը ոչ թէ ուշադրութեան արժանանալը պէտք է ըլլայ, այլեւ հռչակուած եւ ընդունուած տիեզերական արժեչափերը պատշաճ յարգանքի արժանացնելը եւ անոնց անժամանցելիութիւնն ու անշրջանցելիութիւնը ապահովելը, ՊԱՐՏԱԴԻՐ ԵՒ ՀԱՐԿԱԴԻՐ ՈՒԺՈՎ։
Եթէ մենք որեւէ նախաձեռնութեան չդիմենք, սպասելով որ իրեր եղափոխուին, շատ դանդաղ պիտի ընթանան անոնք եւ հարցական է թէ գալիքները պիտի բաւարարե՞ն մեզ ու մարդկութեան, թէ՞ դարձեալ պիտի իյնանք հիասթափութեան ալիքներու մէջ։
Ահա՛ հիմնահարց մը, զոր կարելի է քննելու եւ զարգացնելու ներկայացնել տարբեր հարթակներու եւ մակարդակներու վրայ։
Համաշխարհային քաղաքականութեան դաշտ ներ- մուծելով գաղափար մը կամ գաղափարներ՝ կարելի է այս կամ չափով նպաստել կենսական օրակարգերու մարմնաւորման, որոնք կրնան սեղմուած պահել անսանձ նկրտումներով գործողները։
Ասիկա պայքարի խաղաղ ձեւն է։
Զայն չորդեգրելու այլընտրանքը բիրտ ուժ կազմակերպելն է եւ անոր կիրառումը, փորձելով հասնիլ նոյն նպատակին՝ անսանձները սանձել եւ չափաւորել անոնց ախորժակը։
Կասկած չկայ՝ իտէալական կրնայ ըլլալ համադրական գործելակերպը՝ խօսքի եւ բռունցքի զուգորդումը, աշխարհին հասկնալի դառնալու համար՝ ցնոր տնօրինութիւն։
Վերջապէս պէտք է 0 կէտէն շարժիլ դէպի 1 ու աւելի անդին, ԱՄԷ՛Ն ԳՆՈՎ։
ԶԱՒԷՆ ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ