Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերջապէս դիմեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին` պահանջելով արտակարգ նիստ գումարել, քննելու համար ցեղասպանութեան ենթակայ շրջափակուած արցախցիներու հարցը: Ըստ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի, Հայաստանի կառավարութիւնը իր դիմումով` ընդառաջած է Արցախի իշխանութիւններու խնդրանքին: Արցախ չէր կրնար նման դիմում կատարել, որովհետեւ անդամ չէ ՄԱԿ-ին, ուստի իր փոխարէն անդամ պետութիւն մը պէտք է կատարէր դիմումը:
Ապահովութեան խորհուրդը անգամ մը արդէն քննարկած է շրջափակման հարցը: Խորհուրդի 15 անդամներու կողքին մասնակցած են նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչները: Անդամներուն մեծամասնութիւնը դատապարտած է Ազրպէյճանի արարքը, սակայն նիստը` խորհրդակցական բնոյթ ունենալով, ոչ մէկ որոշում քուէարկուած է, ոչ իսկ յայտարարութիւն կատարուած նիստի նախագահին կողմէ: Պահանջուած նիստը պարտաւոր է որոշման մը յանգիլ. ներկայացուող որոշման բանաձեւը 9 ձայն պէտք է ստանայ: Մնայուն անդամները (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Չինաստան, Ֆրանսա եւ Անգլիա) ունին վեթոյի իրաւունք, այսինքն եթէ անոնցմէ մէկը դէմ քուէարկէ, բանաձեւը չ՛ընդունուիր նոյնիսկ եթէ մնացեալ 14 անդամները կողմ քուէարկած ըլլան:
Սկզբունքով, Ապահովութեան խորհուրդի որոշումները պարտադիր են: Իսրայէլի նման բազմաթիւ որոշումներ չէ գործադրուած: Սպասենք եւ տեսնենք, թէ Հայաստանի եւ Արցախի համար ընդունելի որոշում պիտի կայանա՞յ եւ այդ պարագային ինչ պիտի ընէ Ազրպէյճան:
Ռուսական «Քոմերսանթ» թերթը բացայայտեց ռուսական փոխզիջումային առաջարկ մը: Կը բացուի նախ Աղտամի ճամբան, ուրկէ Կարմիր խաչի երկու մեքենաներ մուտք կը գործեն Ստեփանակերտ, 24 ժամ ետք կը բացուի Լաչինի ճամբան: Արցախի իշխանութիւնները մերժած են առաջարկը. Ազրպէյճան անպայման կ՛ուզէ ուղիղ յարաբերութիւն ստեղծել Արցախի հետ` զայն իր ենթակայութեան տակ առնելու համար:
Բանակցութիւններու, խօսակցութիւններու, պահանջատիրական ու բողոքի փոքր եւ մասնակի դրսեւորումներու մթնոլորտին մէջ Հայաստանի մէջ կը շարունակուի «խաղաղութեան դարաշրջան» բուրող անհոգ կեանքը: Կը պատրաստուինք Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 14 սեպտեմբեր 2023-ին: Թեկնածութիւններու գրանցման ժամկէտը կը լրանայ 15 օգոստոսին. արդէն յայտնի է, որ տասնեակ մը ցուցակներ պիտի մրցին տիրանալու համար Երեւանի վարչական կառավարման իրաւունքին: Տիրող վարչախումբը բնականաբար ունի իր թեկնածուն, յանձինս իբրեւ փոխքաղաքապետ նախապատրաստուած Տիգրան Աւինեանի: Իսկ ընտրութեան նախօրեակին ժողովուրդին տրամադրութիւնը բարձրացնելու համար կառավարութիւնը Հրազդան մարզադաշտին մէջ կը կազմակերպէ ամերիկացի երգիչի մը համերգը` այդ նպատակին յատկացնելով 6 միլիոն տոլարի գումար մը: Այո՛, 6 միլիոն տոլար, այս օրերուն, ամերիկացի այլանդակ երգիչի մը համերգին համար:
Այս կարգի մտորումներու մէջ էի, երբ ականջիս հնչեց Արամ Ա. կաթողիկոսի ձայնը` Պիքֆայայի վանքէն: Արամ Ա. կաթողիկոս` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով խաղաղութեան, առողջութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներ կատարելէ ետք, կ՛անդրադառնայ Արցախեան տագնապին, ահազանգ կը հնչեցնէ Արցախի ու Հայաստանի գլխին կանգնած վերահաս վտանգին համար ու հայրապետական պատգամով կը դիմէ հինգ ուղղութիւններով: Պէտք է կարդալ, լսել, վերակարդալ ու վերալսել հայրապետական պատգամը, որ ուղղուած է հինգ շրջանակներու` Հայաստանի իշխանութեան, Հայաստանի ժողովուրդին, Միջազգային հանրութեան, սփիւռքին եւ Արցախի ժողովուրդին:
Հայաստանի իշխանութեան ուղղուած պատգամին մէջ, դատապարտելէ ետք առանց Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին շեշտման զայն Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մաս համարող քաղաքականութիւնը, Արամ Ա. կաթողիկոս կը պահանջէ աչալուրջ ըլլալ, որ Հայաստան չվերածուի Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ լարուածութեան հարթակի: Կը թելադրէ դուրս գալ պարտուածի հոգեվիճակէն եւ առկախել բանակցութիւնները մինչեւ Բերձորի միջանցքի վերաբացումը: Դիտել կու տայ, որ նոր պատերազմէն խուսափիլ չի նշանակեր տեղի տալ Ազրպէյճանի բոլոր պահանջներուն եւ տէր կանգնիլ ինքնորոշման պահանջին: Վերջապէս, ազգային ամուր միասնականութիւն ստեղծելու համար կազմել իշխանութեան, ընդդիմութեան եւ սփիւռքի մասնակցութեամբ մարմին մը, որ դիւանագէտներու ու մասնագէտներու օժանդակութեամբ վարէ նորացուած բանակցութիւնները:
Իր երկրորդ պատգամով Արամ Ա. տարօրինակ կը գտնէ Հայաստանի ժողովուրդին լռութիւնն ու անտարբերութիւնը: Զայն կը հրաւիրէ հրապարակ գալու, լսելի դարձնելու համար ժողովուրդի ձայնը:
Արամ Ա. կաթողիկոս Միջազգային հանրութենէն կը պահանջէ յայտարարութիւններէ, զօրակցական խօսքերէ ու օժանդակութիւններէ անդին աւելի գործօն դիրքորոշում ու գործնական ճնշում Ազրպէյճանի վրայ:
Չորրորդ պատգամը ուղղուած է սփիւռքին, որ միշտ զօրավիգ եղած է Արցախին: Սփիւռքէն կը պահանջուի ամէն ուղղութիւններով, լրատուական, դիւանագիտական եւ այլ, բազմապատկել ճիգերը` ի նպաստ Արցախին:
Վերջապէս հինգերորդ պատգամը ուղղուած է Արցախի ժողովուրդին. Արամ Ա. կաթողիկոս կը վստահեցնէ զայն` ամբողջ հայութեան զօրակցութեամբ ու կը փակէ իր խօսքը ըսելով, որ բոլորս ԱՐՑԱԽՑԻ ԵՆՔ:
Ամբողջ հայութիւնը հրաւիրուած է լսելու եւ գործադրելու Արամ Ա. կաթողիկոսին կորովի պատգամը:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
aztagdaily.com