Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի մօտակայ եւ հեռաւոր ափեր, զգալիօէն նուազած է թիւը այն հայորդիներուն, որոնք ատակ են մեր հայրենիքին ուղղուած ահազանգերուն ձայնը լսելու, իսկ լսողներէն մաս մըն ալ ինքզինք պատսպարած է անտարբերութեան՝ «բան չենք կրնար ընել»ի ինքնահամոզումի պատմուճանին մէջ:
Նորագոյն ահազանգը հնչեց Հինգշաբթի, 13 Յուլիսին, երբ հաստատուեցաւ, որ Նիկոլ Փաշինեան երկու օր ետք, 15 Յուլիսին Պրիւքսէլ պիտի վազէ (դարձեալ), Հայտար Ալիեւի հետ հանդիպումի համար, անշո՛ւշտ մշտական «կնքահայր» Շարլ Միշէլի «բարերարութեամբ»: Հանդիպումը նախատեսուած էր մօտաւորապէս շաբաթ մը ուշ, յետոյ, ամերիկացի խմբավարները ճպոտ մը տուին Հայաստանի ապահովութեան սպասարկութեան պետին ձեռքը, որ «աւետեց», թէ հանդիպումը աւելի կանուխ կրնայ կայանալ: Եւ ահա, հաստատուեցաւ, որ ժամադրութիւնը 15 Յուլիսին է: Սա արդեօք առաջին ցուցանի՞շն է, որ «ճաշը եփած է», ստորագրուելիքը պատրաստ է արդէն…
Չենք ուզեր երկար-բարակ կրկնել այն յայտարարութիւնները, որոնք վերջին շաբաթներուն դարձեալ հնչեցին նոյնինքն Փաշինեանի, իր կամակատարներէն՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ այլ «հանճարներու» կողմէ, թէ՝ Ազրպէյճան ցեղասպանական ծրագիրներ կը հետապնդէ, կը խափանէ խաղաղութեան ուղին (բնականաբար «դժբախտ Շուշի»ն եւ բռնագրաւեալ շրջաններու մէջ հայութեան հետքերու ջնջման ոճիրները մոռցուած են… գերիներու ճակատագիրին պէս), ամէն օր կը կրակէ Հայաստանի սահմանային ու Արցախի բնակավայրերու ուղղութեամբ…: «Մենք խաղաղութեան ուղիէն չենք կրնար հրաժարիլ»-ը իբրեւ դրօշ ծածանող վարչախումբը յայտնապէս դաժան իրականութիւնները կը ծանուցէ՝ մարդիկ սիրաշահելու եւ ժողովուրդին զայրոյթը բեկանելու դիտաւորութեամբ, որովհետեւ ԻՐԱԿԱՆ ԳԵՏՆԻ ՎՐԱՅ զարգացումները ցոյց կու տան, որ այս իշխանութիւնը հասած է հայրենիքէն նոր տարածքներ թշնամիին նուիրելու նոր համաձայնագիրի մը սեմին: Ու եթէ 9 Նոյեմբեր 2020-ի համաձայնագիրը ծնաւ գաղտնօրէն, ինքնագլուխ որոշումով եւ ժողովուրդին, նոյնինքն Արցախի կամքը ասֆալթին փռելու խիզախութեամբ, այս անգամ շատ գաղտնիք չկայ, իշխանութիւնը շաբաթներէ ի վեր ոգի ի բռին լծուած է ժողովուրդը համոզելու, որ պէտք է պատրաստ ըլլալ՝ թունաւոր նոր դեղահատեր կուլ տալու:
Ի դէպ, «Մենք խաղաղութիւն կ’ուզենք»-ին փուչիկը պայթած է կրկնակիօրէն. նախ՝ որովհետեւ պատերազմը կը շարունակուի առօրեայ յարձակումներով, յետոյ, մէկը հարց չի տար, թէ այն ո՞վ է որ պատերազմ կը ցանկայ, դէպի պատերազմ կը վազէ: Փաստօրէն, ընդդիմադիրները շա՜տ աւելի նախանձախնդիր են պատերազմին դադարեցման, քան պատերազմը մասնավճարներով շարունակող իշխանաւորները…
***
Աղէտալի նոր համաձայնագիրի մը մասին ինչո՞ւ է այս մտավախութիւնը, որմէ կը ծնի նորագոյն եւ ահագնադղորդ ահազանգը:
ՔՊ-ական վարչախումը քանիցս խոստովանեցաւ, որ Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնութիւն կ’ուզէ կնքել ամէն գնով. Արցախի մեծագոյն մասը պատերազմով կամ անկէ ետք՝ բերանացի համաձայնութիւններով յանձնելէ ետք, Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու Փաշինեանի եւ շեփորախումբին հաստատումները անծածկոյթ նախերգանք էին, մարդիկը ուղեղալուացքի ենթարկելու յարատեւ ճիգ: Ու տակաւին կան անուղեղներ, որոնք կը հաւատան, թէ «զրոյական կէտէ» սկսողին հաւաստիքները, թէ՝ բոլոր աղէտներուն պատասխանատուութիւնը միայն նախկիններուն ուսերուն կը ծանրանայ:
Գոյանալիք համաձայնագիրը յայտնապէս պիտի ընդգրկէ Հայաստանի այն «կղզեակները», որոնք խորհրդային տարիներուն, ՇԱՀԱԴԻՏԱԿԱՆ ԿԱՄԱՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ (ինչպէս Արցախի յանձնումը Ազրպէյճանին՝ իբրեւ ինքնավար մարզ) դրուած էին ազերիներու վարչական տնօրինումին տակ: Այլ ցուցանիշներու շարքին է «Ստեփանակերտը պէտք է Պաքուի հետ ի՛նք բանակցի իր մարդկային եւ մշակութային իրաւունքներուն պահպանման համար» յայտարարութիւնները (մոռցէ՜ք ինքնորոշում, քաղաքական իրաւունք եւ նման «պարապ բաներ»), իբրեւ նորագոյն փաստ՝ Հայաստանին պատկանող հայկական այդ տարածքէն ձեռք լուալու՝ Երեւանի իշխանաւորներուն «հերոսապատումին»: Չշարունակենք, այլ անգամ մը եւս ընդգծենք, որ Արցախը Հայաստանի մէկ մասնիկն է, ինչպէս Սիւնիքը, Տաւուշը, Լորին եւ միւս մասնիկները: Ցաւով պէտք է արձանագրենք, որ մինչեւ իսկ արցախցիք երբեմն կ’իյնան այն ծուղակին մէջ, ըստ որուն՝ Արցախը բոլորովին անջատ միաւոր է (քաղաքական խաղերը նման հարկադրանք ստեղծած են):
Թշնամիին կողմէ ալ յստակ նախանշաններ կրկնուեցան ու կը կրկնուին: Ամէնէն ահազանգայինը այն է, որ Ալիեւ բառացիօրէն հրահանգեց Փաշինեանի, թէ հասած է բերանացի խոստումները գրաւոր կերպով հաստատելու եւ անոնց տակ ստորագրելու պահը: Ալիեւի պահանջին միտք բանին հետեւեալն է. «Պարոն Փաշինեան, չի բաւեր ըսել, որ Արցախն ու կղզեակները կը ճանչնաս իբրեւ Ազրպէյճանի հող, զանոնք կը կոչես թրքական անուններով, չի բաւեր, որ անոնց մասին բերանացի խոստումներ տուիր քանի մը անգամ. հիմա պէտք է ստորագրես այդ բոլորը վաւերագրող փաստաթուղթ»: Իսկ թէ անկէ ետք «խաղաղութիւն պիտի բերենք»ը ի՞նչ ճակատագիր պիտի ունենայ՝ մարգարէ ըլլալու պէտք չկայ, որովհետեւ աւելի քան երկուք ու կէս տարիէ պարզ աչքերով կը տեսնենք, որ Ալիեւ ի՛նչ ճակատագիրի մատնեցին 9 Նոյեմբերի համաձայնագիրը:
***
Արցախը ենթակայ է կրկնակիօրէն յուսահատական վիճակի, թէեւ վճռած է չյուսահատիլ եւ չենթարկուիլ Պաքուի (նաեւ Հայաստանի վարչախումբին) կամայականութիւններուն: Արցախէն դարձեալ հնչեց ահազանգային կոչ մը, ուղղուած՝ միաժամանակ միջազգային ընտանիքին եւ Հայաստանի վարչախումբին: Արցախը դարձեա՛լ պահանջեց, որ ինքնորոշման, իր սեփական հողին վրայ ապրելու իրաւունքը չբռնաբարուի, որովհետեւ այլապէս, հայութեան կեանքին չափ հին՝ հայկական Արցախը պիտի մտանուի վերջնական կորուստի, պիտի հայաթափուի կամ կոտորածի զոհ պիտի երթայ, երկուքն ալ մերժելի՝ աւելի քան 6 ամիսէ ի վեր հեղձուցիչ պաշարման ենթակայ ժողովուրդին կողմէ:
Արցախէն հնչած կոչը ունի տարբեր հնչեղութիւն մըն ալ, թէեւ անիկա չէ արտայայտուած բառերով: Արցախցիք յստակօրէն կ’ըսեն, որ եթէ խորհրդային տարիներուն, Հայաստանի համայնավար կամակատարները ենթարկուեցան կարմիր Մոսկուայի քմայքներուն, «Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ»ը ենթակայ դարձաւ խտրական եւ հայամերժ վարքագիծի, ազերիական ոճիրները այդ տարիներուն միայն հազուադէպօրէն աղաղակ բարձրացուցին հայկական աշխարհին մէջ. հիմա, Փաշինեանի վարչախումբը, անկախ եւ գերիշխան Հայաստանի հանրապետութեան անունով, կ’առնէ համայնավարներէն աւելի՛ վատ քայլեր, որովհետեւ ո՛չ միայն կրաւորական եւ ձեռնթափ դիրք որդեգրած է ազերիական ոճրային քաղաքականութեան հանդէպ, այլ ԳՈՐԾՆԱՊԷՍ ՄԱՍՆԱԿԻՑ է – պիտի ըլլայ – թէ՛ հաւանական ցեղասպանութեան եւ թէ ամբողջ Արցախէն հայութեան հետքերը ջնջելու քայլերուն: Ազրպէյճան ոչինչ գաղտնի կը պահէ, գործնապէս ալ ցոյց կու տայ իր դիտաւորութիւնները:
***
Կայ այլ խմբավար մըն ալ, որ այս օրերուն դարձեալ ձեռք առած է հին ճպոտը: Ան կը կոչուի սուլթաններու, իթթիհատականներու եւ քեմալականներու համաթուրանական գահը ժառանգած Էրտողան: Անոր ճպոտին նորագոյն շարժումը նախ ուղղուած է Ռուսիոյ, թէ՝ համաձայն 9 Նոյեմբերի համաձայնագիրին, ռուսական խաղաղապահ ուժերը 2025-էն ետք այլեւս գործ պիտի չունենան Արցախի մէջ եւ պէտք է տուն երթան: Այս պայմանաժամը կրնայ յաւելեալ կրճատումի ենթարկուիլ, որովհետեւ ըստ 9 Նոյեմբերի յայտարարագիրին, հարցերը պէտք է դասաւորման հուն մտնեն 5 տարուան ժամանակամիջոցի լրումէն վեց ամիս առաջ: Սա յաւելեալ ազդակ մըն է, թէ «Հայաստանը սիրող միջնորդներ»ը ինչո՞ւ տաք կրակի վրայ դրած են եփող ապուրը:
Ճպոտին շարժումը միաժամանակ ուղղուած է դէպի Պրիւքսէլ՝ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումին:
ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիոյ նախագահը, առանց բառերը ծամծմելու, կ’ըսէ Փութինի. «Տե՛ս, արխատաշ: Ես հետդ որոշ գետիններու վրայ կրնամ գործակցիլ, սակայն երբ կարգը կու գայ ՆԱԹՕ-ին պատկանելիութեանս եւ համաթուրանական ծրագիրներուս, ես պատրաստ եմ ձեռքերս միացնելու Արեւմուտքի դաշնակիցներուս, եւ աշխատանք տանիլ, որպէսզի հեռանաս Կովկասէն: Ա՛յդ կը պահանջէ ՆԱԹՕ-ի շահը, ա՛յդ կը պահանջեն կայսրութիւնս վերականգնելու ծրագիրներս»: Կասկած չկայ, որ Ռուսիա, իր շահերուն դիտանկիւնէն, մտահոգ է այս զարգացումներով: Էրտողան նաեւ համազօր պատգամ մը կ’ուղղէ Փաշինեանի, թէ՝ «Քթիս չես կրնան խնդալ երդման արարողութեանս ներկայ ըլլալովդ եւ լայն ժպիտներ շռայլելդ: Գնա՛ Պրիւքսէլ եւ ըրէ՛ այն՝ ինչ որ «եղբայրս»՝ Ալիեւ կը պահանջէ»: Ան պէտք չունի յիշեցնելու, որ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ (ան)հաւանական խաղաղութեան ճամբան կ’անցնի Պաքուէն, այսինքն՝ Ազրպէյճանի պահանջներուն համաձայն՝ Երեւան-Պաքու համաձայնագիրի մը ստորագրումէն:
Արեւմուտքը լիաբուռն ծափահարութիւններով ողջունած է «նշաձողը իջեցնելու» Փաշինեանի իրերայաջորդ քայլերը, «բարի վարուց վկայական» ալ տուաւ, յայտարարելով, որ Փաշինեան Հայաստանի առաջին պետական ղեկավարն է, որ ճանչցաւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջութիւնը, այսինքն Արցախը պաշտօնապէս նուիրեց Ալիեւի: Արեւմուտքին համար ո՛չ մէկ կարեւորութիւն ունի, թէ սա Հայաստանի Սահմանադրութեան ոտնակոխումն է, ժխումը՝ բոլոր այն սկզբունքներուն եւ պայմաններուն, որոնց հիմամբ, մինչեւ երկու տարի առաջ մասնակից էր արցախեան բանակցութիւններուն: Մարդիկը իրաւունք չունի՞ն մտածելու. «Եթէ Հայաստանի պաշտօնական իշխանութիւնը եղող Փաշինեանը կ’ընդունի այսքան զիջում, մե՞նք մնացինք Հայաստանի շահերը աւելի լաւ պաշտպանողը»: Անոնք անշուշտ երբեք պիտի չխոստովանին, թէ «քալողներու» խումբը իշխանութեան բերուեցաւ եւ իբրեւ «ժողովրդավարութեան պասթիոն» կը պահպանուի իրենց կողմէ, որովհետեւ իրենց շահերը այդպէ՛ս կը պահանջեն, ի՜նչ փոյթ, որ Լա Հէյի Միջազգային ատեանը Ազրպէյճանը կը դատապարտէ, ի՜նչ փոյթ, որ արցախցիք սովի կը մատնուին, ի՜նչ փոյթ, որ Արցախն ու Հայաստանէն մասնիկներ (սկսելու համար) կը մտնեն քարիւղով հարուստ Ազրպէյճանի ստամոքսը…
***
Արցախէն հնչած երկսայրի կոչը՝ Հայաստանին եւ միջազգային ընտանիքին՝ աննախընթաց չէ եւ երկար մեկնաբանութեան չի կարօտիր: Այս կոչին միտք բանին այն է, որ հայկական աշխարհը ՊԷՏՔ Է ՇԱՐԺԻ, անցնի մեկնաբանութիւններու եւ վերլուծումներու փուլէն անդին, աշխարհը եւ մանաւանդ Արցախի տագնապին առնչակից կողմերը զգաստութեան բերէ գործո՛վ, ի հարկին… ցաւցնող միջոցառումներ որդեգրէ: Մանաւանդ պէտք է սթափիլ եւ տեսնել, որ «ազգընտիր վարչապետը» ո՛ւր հասցուցած է մեր հայրենիքն ու ազգը, վաղն ալ կրնայ նոր կորուստներ «նուիրել» բոլորիս: Ձեռնածալ կանգնիլը համազօր պիտի ըլլայ պարտուողական ուղիին մասնակից ըլլալու: Եւ հոս է որ կը շեշտուի իսկական հայրենասէրներուն, իշխանութեան ընդդիմադիրներուն դերը: Չենք ստորագնահատեր ստորագրահաւաքի եւ զուգահեռ՝ հայրենիքի պաշտպանոիւթեան անկեղծ նախաձեռնութիւնները, սակայն եթէ քանի մը օրէն մեր դիմաց դրուի վնասաբեր նոր համաձայնագիր մը, այդ նախաձեռնութիւնները պիտի վերածուին բութ դանակի: (Անշուշտ չենք անտեսեր նաեւ այն, որ անարդար տնօրինումները մի՛շտ ալ կարելի է աղբանոց նետել):
Ցաւցնողը անպայման ուժային միջոցառումներ չեն: Ամէնէն կարեւորը՝ պէտք է ԳՈՐԾԻ ԱՆՑՆԻԼ անյապաղ, օրինակի համար՝ արգիլել, որ Փաշինեան Պրիւքսէլ երթայ: Նման քայլեր պիտի նշեն նոր սկիզբ մը, նոր ճամբուն սկիզբը միայն:
…Այն պահուն, երբ Պրիւքսէլի ժամադրութեան մանրամասնութիւնները կը յայտարարուէին, Գերմանիոյ քաղաքներէն՝ Համպուրկի եւ Տիւսըլտորֆի օդակայանները քանի մը ժամ անդամալուծութեան մատնուած էին: Չէ՛, փոթորիկ կամ մեքենական խանգարումի հետեւանքով չէր եղածը: Կենսոլորտի ապականման դէմ պայքարի ելած ցուցարարներ նստացոյցով գրաւած էին օդակայաններուն վազքուղիները, արգելք ըլլալով օդանաւերու թռիչքներուն: Բազմահազար ճամբորդներ եւ իշխանութիւնը իրենց մորթին վրայ զգացին խաղաղ խայթոցը:
Հայաստանի եւ աշխարհի ազդեցիկ քաղաքներու մէջ, հայութիւնը հրաւէրի՞ կը սպասէ, որպէսզի Արցախի եւ ընդհանրապէս մեր Դատին առնչուած անսակարկելի իրաւունքները ԳՈՐԾՈՎ յիշեցնէ մարդկութեան, պահանջէ, որ ան տէր կանգնի իր յանձնառութիւններուն: Չէ՞ որ քանի մը օրէն պիտի յիշենք Լիզպոնի Հինգին սխրանքին 40-րդ տարեդարձը…
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
13 Յուլիս 2023