Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Դիոգինէսը մարդ կը փնտռէր…
Քրիստոսէ առաջ, չորրորդ դարուն, Յունաստանի մէջ ապրած է փիլիսոփայ մը, որուն անուան կապուած է լապտերի մը պատմութիւնը: Տակառ մը իբրեւ բնակարան ընտրած փիլիսոփան օր ցերեկով շրջած է Աթէնքի փողոցներուն մէջ եւ ձեռքի լապտերը մարդոց երեսին բռնած՝ յայտարարած է. «Պատուաւոր մարդ կը փնտռեմ»:
***
Երկու օր առաջ, Դիոգինէսի կորսուած լապտերը գտնուած է Հայաստանի մէջ: Գտնողը ճամբայ ելած է ո՛չ թէ պատուաւոր պետական գործիչ մը, այլ… մուկ մը գտնելու յոյսով, որովհետեւ տեսնուած է, որ Ուաշինկթընի մէջ, Պլինքըն-Պայրամով-Միրզոյեան եռօրեայ հանդիպումներէն մուկ մը իսկ չէ ծնած: Այս «արդիւնք»-ը որոշ լաւատեսութիւն շնորհած է կարգ մը մեկնաբաններու, որոնք կ’ըսեն, թէ Ատրպէյճանի պահանջներուն նոր ընթաք տուող աղէտալի նոր փաստաթուղթ մը չէ ստորագրուած: Անիկա 9 Նոյեմբերի յայտարարութիւնը նսեմացնող նոր հրէշ մը պիտի ըլլար:
***
…Ըստ դառն կատակներ սիրողի մը՝ ուաշինկթընեան փակ բանակցութիւններու գաղտնալսուած են: Կը հաւաստեն՝ որ Պայրամովի եւ Միրզոյեանի միջեւ սուր վէճ ծագած է, մօտաւորապէս հետեւեալ ձեւով, իսկ Պլինքըն բարեմի՜տ ծիծաղով հետեւած է՝ երբեմն-երբեմն «աչք ընելով» Պայրամովի:
ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ. Եղբա՛յր Պայրամով, այս ի՞նչ կ’ընէք… Մենք հոս խաղաղութեան պայմանագիր մը բանաձեւելու եկած ենք, դուք անդին մեր ոտքին կը կրակէք. Արցախի վրայ յարձակում կը գործէք, հայ զինուորներ կը սպաննէք: Ձեր ո՞ր ուզածը չենք ըրած մինչեւ հիմա, որ մեզ այսպէս՝ նեղ կացութեան կը մատնէք:
ՊԱՅՐԱՄՈՎ. Արցա՞խ… Ի՞նչ Արցախ… Նախ, ինչո՞ւ կ’ուզէք որ մենք մե՛ր ոտքին կրակենք, երբ կան ձեր ոտքերը: Յետոյ՝ աշխարհը ձեր ո՞ր ըսածը պէտք է ընդունի իբրեւ պաշտօնական կեցուածք: Մեր նախագահը շատո՜նց յայտարարած է, որ Արցախի հարցը լուծուած է մե՛ր ուզած ձեւով: Մեր «եոլտաշ» Փաշինեանն ալ յայտարարեց, որ Արցախը Ազրպէյճանի կը պատկանի, եւ դեռ եկեր ես, ինձմէ հաշի՞ւ կը պահանջես: Արցախը հիմա մեր երկրին մասնիկն է. անոր հետ կը վարուինք այնպէ՛ս՝ ինչպէս կը ցանկանք. կ’ուզենք՝ կ’այրենք, կ’ուզենք՝ կը ջարդենք: Մոռցա՞ր, որ քու պոսդ իսկ գիտէ, որ մենք ցեղասպանական նոր ծրագիր կը մշակենք… Ինք ալ ատենին ըսաւ, որ կ’ընէ այն՝ ինչ որ կ’ուզէ. հիմա ուզեց վերջնականապէս հրաժարիլ Արցախէն, հայերդ կլլեցիք, մենք ալ իրեն ըսինք «աֆերիմ»…
ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ. Բայց… բայց այս ձեւով ինչպէ՞ս կ’ուզէք, որ մեր ժողովորդը համոզենք, թէ խաղաղութեան դարաշրջան պիտի բանանք, ճամբաները պիտի բանանք, առեւտուր պիտի ընենք եւ ուրախ-զուարթ պիտի ապրինք:
ՊԱՅՐԱՄՈՎ. «Արխատաշ» Միրզօ-խան: Այդ ըսածներդ մեր բուն ծրագիրներուն հետ կապ չունին: Ես քեզ աւելի խելացի եւ շուտ հասկցող կը կարծէի: Մենք առաջին օրէն ըսած ենք եւ մի՛շտ կրկնած, որ այս բանակցութիւնները, խաղաղութիւն բերելները պիտի ըլլան մե՛ր պայմանով: Ձեր պոսը հասկցող է եւ յայտարարեց, որ բանակելու համար նախապայմաններ չկան: Պայման եւ նախապայման բառերը քիչ մը տարբեր են իրարմէ: Ըսած ենք, որ ձեր Արցախ կոչա՛ծն ալ մերն է, Զանգեզո՛ւրն ալ մերն է, Սեւա՛նն ալ մերն է, Էրիվա՛նն ալ մերն է: Արաբները նշանաւոր խօսք մը ունին. «Կրկնելով, իշուն կրնաս բան մը սորվեցնել…»: Մենք գիտենք, որ դուն եւ ընկերներդ էշ չէք, բայց չենք հասկնար, թէ այսքան կրկնութենէ ետք, չհասկնալիք ի՞նչ մնացած է: Հա՛, չմոռնամ ըսելու. Խանկետի (Միրզոյեան չէ համարձակած ըսել, որ քաղաքը Ստեփանակերտ կը կոչուի) նստած այդ Արայիկին ալ խօսք հասկցուցէք, որպէսզի փորը մտած սատանան դուրս հանէ:
ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ. Բայց…
ՊԱՅՐԱՄՈՎ. Բայց-մայց չկայ: Ըսածս դարձեալ կրկնել մի՜ տար: Պոսդ արդէն ձեր պատմութիւնն ու աշխարհագրութիւնը սկսած է մեկնաբանել մեր ուզած ձեւով: Մեր ուզածներէն բաւական բան տուած է, մնացեալն ալ պիտի տայ ուզելով, հոգ չէ թէ երբեմն սուտ դերասան կը ձեւանայ: Վաղը, երբ մեր նախագահին հետ դարձեալ Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում ունենայ, նոր առ-եւ-տուր պիտի ընեն, այն սկզբունքով, որ մենք միայն «տո՛ւր» ըսել գիտենք, իսկ ձերինը՝ «առէ՛ք՝ որքան որ կ’ուզէք»: Չէ՞ որ մեզմէ խնդրեց որոշել Հայաստանի սահմանները: Մեր ծրագիրներուն մէջ, սահմանի հարց չկայ, որովհետեւ Հայաստան չկայ:
ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ. Այս ընթացքով, մենք այստեղէն որեւէ համաձայնութեան չենք կրնար հասնիլ: Դուք կարծես թէ որոշած էք մեզի բան մը չձգել…
ՊԱՅՐԱՄՈՎ. Աֆերի՜մ, ջօճո՛ւխս, արդէն սկսար հասկնա՜լ: Ես վստա՛հ էի, որ դուն եւ պոսդ էշ չէք: Իրականութեան մէջ, պոսդ երբեք էշ չէ, որովհետեւ շատո՜նց հասկցած է մեր ուզածները եւ ընդունած է տալ՝ ինչ որ ուզենք:
ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ. Բայց…
ՊԱՅՐԱՄՈՎ. Նորէ՞ն բայց… Յստակ է, չէ՞. հիմա ձեզի կը մնայ մէկ բան: Շարունակեցէ՛ք ձեր ժողովուրդը համոզել, որ «արխատաշ» ազերիները գէշ մարդիկ չեն, անոնց մէջ կաթիլ-կաթիլ, չէ՜, գաւաթ-գաւաթ, տակառ-տակառ տարածեցէք ձեր բերելիք խաղաղութեան երազները, իսկ մենք պատրաստ ենք ձեզի օգնելու ամէն ձեւով, սկսելու համար, կրնանք տակառներով վառելանիւթ տրամադրել ձեզի հետ գործակցող վաճառականներուն եւ դուք ալ կրնաք շահաբաժին ունենալ: Յետոյ, կ’աշխատինք, որ մոռնան գերիները, մոռնան մեր գրաւած ու գրաւելիք հողերը, մոռնան՝ որ ձեր հետքերը կը ջնջենք մեզի պատկանած հողերուն վրայէն, ինչպէս որ մե՛ր թուրք պոսերը ըրած են եւ կ’ընեն՝ ձեզմէ իրենց վերագրաւած հողերուն վրայ: Թէեւ կանուխ է, բայց մտածեցէք, որ վաղը ինչպէ՞ս կրնաք կաթիլ-կաթիլ տարածել այն երազը, որ հայերդ թուրքերու եւ ազերիներու մէջ ձուլուելով՝ պատմական մե՜ծ սխալ մը սրբագրած կ’ըլլաք, Հայկական Հարց չի մնար, բոլորս, առանց հեքիաթներու հաւատալու՝ կ’ապրինք ուրախ-զուարթ: Աղուոր նշանախօսք մըն ալ տանք ձեզի. «Ne mutlu Türküm diyene» (երանի՜ թուրք եմ ըսողին): Լա՛ւ դատցէք եւ կշռեցէք: Ձեզի համար անկախ երկիր-պետութի՞ւնը աւելի շահաբեր է ու ապահով, թէ թուրանական նոր աշխարհի մէկ կուշտ-փոր շրջան մը ըլլալը:
ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ. Է՞… Մեր վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ, պոսիս եւ ընկերներուս…
ՊԱՅՐԱՄՈՎՉենք մոռցած, որ մե՛նք դաստիարակած ենք ձեզ: Որքան գիտեմ, ձեր սուրբ գիրքին մէջ մօտաւորապէս հետեւեալ աղուոր խօսքը կայ. «Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ. դուն որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ. մտի՛ր քու Տիրոջդ ուրախութեան մէջ»…:
***
Դիոգինէսի լապտերը գտնողը կը շարունակէ (եղեր) մուկ փնտռել, որպէսզի նկարէ եւ Հայաստանի զինանշանին վրայի առիւծի պատկերը անով փոխարինէ: Եթէ մուկը գտնէ, գտած պիտի ըլլայ (եղեր) նաեւ մուկի այն ծակերը, ուր պիտի ուզեն ապաստանիլ…
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
hairenikweekly.com