Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ aztagdaily
Կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի Հայեցի դիմագիծի պահպանման յանձնախումբին, շաբաթ, 20 յունուար 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Նոր Մարաշ թաղին մէջ տեղի ունեցաւ փառատօն` «Հպարտ ենք Պուրճ Համուտով – հանդիպում Մարաշ թաղին մէջ» խորագիրով:
Նկատի ունենալով, որ Պուրճ Համուտը ճանչցուած է իբրեւ հայութեան սիրտը, Պուրճ Համուտի Հայեցի դիմագիծի պահպանման յանձնախումբը, երկար ուսումնասիրելէ ետք յարմարագոյն առիթով ուզեց ներկայացնել հայկական ոճը, շեշտել հայկականութիւնը, ծանօթացնել եւ քաջալերել հայկական արտադրութիւնները Պուրճ Համուտի մէջ, եւ նախ եւ առաջ Նոր Մարաշ թաղին մէջ: Յանձնախումբը կը հաւատայ Պուրճ Համուտի եւ հայկական ինքնութեան պահպանման կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ իրերայաջորդ սերունդներէն ժառանգ մնացած հայկական աւանդութիւններու ու սովորութիւններու պահպանման: Անիկա կ՛ընդգծէ հայութեան ուսերուն վրայ դրուած պարտաւորութիւնը այդ ժառանգութիւնը պահելու եւ միասնաբար մեր հաւաքական ուժականութիւնը տրամադրելու կարեւորութիւնը այդ աշխատանքին համար:
Արդարեւ, շաբաթ յետմիջօրէի ժամը 2:30-ին կատարուեցաւ փառատօնին բացումը: Նոր Մարաշ թաղին մէջ զետեղուած յատուկ տաղաւարներով փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածը, ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները, ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղը, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը, ԱՖՀԻԼ-ը, «Արցախ Ֆոնտ»-ը, ՔԱՀԼ-ի «Ծիրանի» խոհանոցը, «Տիսքոթէք Ճէքա», «Երեւան սթոր», քանդակագործ Աշոտ: Բաւական հետաքրքրական էին Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի զոյգ տաղաւարները, որոնցմէ մէկուն մէջ աշակերտները իրենց ուսուցիչին հսկողութեամբ իրենց շաբաթական դասը կ՛ընէին, իսկ երկրորդ տաղաւարին մէջ կը գծէին փառատօն այցելողներուն դիմանկարները:
Փառատօնի ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր: ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի սկաուտները ներկայացուցին մարզական շարժումներ:
Յայտնենք, որ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի սկաուտները պատրաստեցին նաեւ պարաններով ձեռային աշխատանք մը:
Փառատօնի ընթացքին ելոյթ ունեցան Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու «Գայեանէ» պարի դպրոցը` «Բերդ», «Քոչարի» եւ հայկական պարով, Համազգայինի «Տաւիղ» եւ տհոլահարներու համոյթները, իսկ «Ծիածան» մանկապատանեկան խումբը զուարճացուց փոքրիկները:
Տաղաւարներուն մէջ տիրած հայկականութիւնը իր ազդեցութիւնը ձգեց փառատօնին ներկայ գտնուած իւրաքանչիւր հայորդիի վրայ, որ վերստին լիցքաւորուեցաւ հայաշունչ մթնոլորտով:
Յայտնենք, որ փառատօն այցելողներու շարքին էին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան: