կարևոր
2335 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-06-24 15:36
Քաղաքական

Ակնարկ. ԵԽԽՎ-ի Խիստ Բանաձեւը Եւ Ուաշինկթընի Անհամբերութիւնը

Ակնարկ. ԵԽԽՎ-ի Խիստ Բանաձեւը Եւ Ուաշինկթընի Անհամբերութիւնը

ԵԽԽՎ-ի բանաձեւը իբրեւ բովանդակութիւն խիստ է ու հասցէական: Յստակ մեղադրանք կայ Ազրպէյճանին նկատմամբ եւ ուղղակի պահանջ այդ երկրին ուղղուած` վերջ տալու Արցախի ապաշրջափակումին:

Անկախ անկէ, որ բանաձեւը կոչի սահմաններուն մէջ է եւ պարտադիր բնոյթ չունի, պէտք է փորձել եւրոպական հայեցակէտերէ դիտել խնդիրը:

Եւրոպական խորհրդարանի պաշտպանութեան ենթայանձնախումբի պատուիրակութիւնը դիտորդական խումբին հետ կ՛այցելէր Սիւնիք` Բերձորի միջանցքի հայաստանեան հատուած պարեկութիւն կատարելու համար: Այս առիթով ուշագրաւ է ենթայանձնախումբի նախագահին կատարած յայտարարութեան հետեւեալ բաժինը. «Եւրոպական խորհրդարանը ամբողջութեամբ կը սատարէ Բերձորի միջանցքը միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկելու գաղափարին, ինչպէս նաեւ կ՛ողջունէ ընդհանրապէս միջազգային ներկայութեան գաղափարը Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքները եւ շահերը ամբողջութեամբ պաշտպանելու համար:

«Մենք նաեւ միանգամայն կողմ ենք, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւ ընդունուի: Եւ որքան շուտ, այնքան լաւ պիտի ըլլայ, եթէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամները նախապատրաստեն այդպիսի բանաձեւի մը նախագիծը»:

Առաջադրանքը յայտնապէս նոր փաստահաւաք խումբ ուղարկելն է եւ Արցախի մէջ միջազգային առաքելութեան ներկայութիւն ապահովելը: Աւելի՛ն. եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը կը խօսի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ այդ ուղղութեամբ նախապատրաստական աշխատանքներ ձեռնարկելու մասին:

ԵԽԽՎ-ի բանաձեւը համահունչ բաժին ունի այս ենթայանձնախումբի նախագահին կատարած յայտարարութեան: Բանաձեւը հիմնականին մէջ կ՛անդրադառնայ Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի շրջափակման մարդասիրական եւ մարդու իրաւունքներու հետեւանքներուն, կ՛ընդգծէ Բերձորի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան հրատապ գործուղման անհրաժեշտութիւնը, կոչ կ՛ուղղէ հրատապ հասցէագրելու Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերը` Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան միջոցով, ինչպէս նաեւ ապահովել միջազգային չէզոք ներգրաւում` խաղաղութեան ուղղուած որեւէ գործիքակազմի կիրարկման համար:

ԵԽԽՎ-ն նաեւ կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին թոյլ տալու այլ միջազգային կազմակերպութիւններու` ներառեալ ՄԱԿ-ի հաստատութիւնները, մուտք գործել տարածաշրջան:

Ահա այստեղ է ամբողջ հանգոյցը: Միջազգային կազմակերպութիւններու մուտքը տարածաշրջան: Մնացեալը` իրաւունքներ, անվտանգութիւն, մարդասիրական ճգնաժամ ուղիներ են այդ առաջադրանքի իրականացման համար: Իսկ այդ առաջադրանքը ռուսական ներկայութեան դիմաց միջազգային ներկայութիւն հաստատել է: Իբրեւ առաջին քայլ ռուսական գործօնի դուրս մղման:

Սպասուող ուաշինկթընեան հանդիպումէն չեն սպասուիր ԵԽԽՎ-ի հնչեցուցած հասցէականութիւնն ու մեղադրականը: Կը սպասուի սակայն միջազգային երաշխիքներու ապահովման առաջադրանքի ընդգծումը: Ուաշինկթընի ներկայացուցիչները «անհամբերութեամբ» կը սպասեն հիւրընկալել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները:

«Ա.»
aztagdaily.com