Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
2020ը կը զուգադիպէր Հայաստանի Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան 100ամեակին։ Թէեւ մեր երկրորդ հանրապետութիւնը ճիշտ իբրեւ այդպիսին չէր, որ կը ճանչցուէր իր յառաջացման օրէն մինչեւ 1936, սակայն 1920-1991 եօթանասունամեայ ժամանակաշրջանը կրնանք նկատել մեր երկրի պատմութեան յատուկ մէկ օղակը, որուն կ’արժէ անդրադառնալ։ Եւ ահա յարմար առիթը։ Արդարեւ, նոր ստացայ այդ հարիւրամեակին առթիւ 1920ին Երեւանի մէջ լոյս տեսած հայերէն եւ ռուսերէն գրքոյկը՝ «Խորհրդային Հայաստանը հայ ժողովրդի պատմական ճակատագրում. նուիրւում է Հայկական ԽՍՀ 100-ամեակին»։ Հրատարակիչն է «Ինտեգրացիա (համարկում. այս հայացումները՝ իմ կողմէ – Վ.-Ա.) եւ զարգացում» հետազօտութեան եւ վերլուծութեան հասարակական կազմակերպութեան Եւրասիական փորձագիտական ակումբը։ Նշեմ, որ թէեւ աբեղեանական ուղղագրութեամբ լոյս տեսած է այս հատորը, սակայն այստեղ թէ՛ նախորդող տողերը եւ թէ՛ հետագայ մէջբերումները կը ներկայացնեմ դասական ուղղագրութեամբ։
Դիզայներ (գեղարկիչ) Արմէն Սեդրակեանի ձեւաւորումով գունաւոր, պատկերազարդ եւ բաւական մաքուր տպագրութեամբ հատոր մըն է` 88 մեծադիր էջերու սահմաններուն մէջ, «ընթերցողներու լայն շրջանակի ուշադրութեանը ներկայացուող», սակայն, ափսո՜ս… 500 (՛) տպաքանակով։
Ափսոսալու երկրորդ եւ աւելի կարեւոր պատճառ մըն ալ կայ։ Գիրքը ներկայացնող բացատրութեան մէջ կը նշուի. «Հեղինակները գտնում են, որ Հայկական ԽՍՀն հայոց պետականութեան զարգացման կարեւոր փուլն է, տնտեսութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ կրթութեան եզակի ծաղկման ժամանակաշրջանը»։ Իսկ այս հատորէն ստացուող ընդհանուր տպաւորութիւնն այն է, որ ան կարծես ճիգ մը ըլլայ պաշտպանելու Խորհրդային Հայաստանը, արդարացնելու անոր գոյառումն ու կեանքը, նուաճումներն ու յաջողութիւնները։ Պաշտպանելու որո՞ւ դէմ։
Գրքոյկին խմբագիրը՝ Արամ Սաֆարեան (բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու եւ ԵՊՀ դոցենտ (դասախօս)), իր ներածութեան մէջ կը գրէ. «Ձեր ուշադրութեանը ներկայացուող յօդուածները գրուել են առաջատար գիտնականների եւ փորձագէտների կողմից։ Այդ իսկ պատճառաւ հրապարակումները ակադեմիապէս ստուգուած եւ գիտական առարկայական բնոյթ են կրում, ինչը թոյլ կը տայ մեզ՝ յաջողութեամբ յետ մղելու գաղափարական եւ քաղաքական ընդդիմախօսների յարձակումները»։ Այո՛, ափսո՜ս, որովհետեւ գիտական փորձ մը ըլլալէ աւելի կարծէք քարոզչական գրքոյկ մըն է, որ կը մատուցուի, ինչպէս կրնար ըլլալ տակաւին Խորհրդային Հայաստանի առկայութեան՝ իր այլ յոբելեաններէն մէկուն` հակառակ որ կա՛յ նաեւ բացասական երեւոյթները արծարծող յօդուած մըն ալ, որուն կ’անդրադառնամ քիչ անդին։ Այս տպաւորութիւնը կը ստացուի ոչ միայն ներածականէն, այլեւ միւս գրութիւններէն ալ։ Նախքան անոնց մասին խօսիլս, սակայն, կ’ուզեմ ընել կարգ մը հաստատումներ։
Խորհրդային կարգերու «գաղափարական եւ քաղաքական ընդդիմախօսներու» առաջին գիծի վրայ կը գտնուէր «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը», որ երբէք չէ վարանած իր ամենէն բուռն քննադատութիւնները ընելու, երբ հայութեան ազգային արժէքները կ՚ոտնակոխուէին, իրաւունքները կը բռնաբարուէին, եւ ֆիզիքական գոյութիւնն իսկ կը վտանգուէր համայնավար վարչակարգի տակ։ Սակայն միեւնոյն ատեն, կայսրինը կայսրին տալով հանդերձ, Աստծոյնն ալ Աստուծոյ կը տրուէր։
Կրնամ անձնապէս վկայել՝ ընթերցողը յղելով այն հարիւրաւոր յօդուածներուս, հարցազրոյցներուս, ապա նաեւ խմբագրականներուս՝ սկսելով «Յուսաբեր»ի էջերէն մինչեւ «Հայրենիք», «Հորիզոն» ու «Դրօշակ», բոլոր քննադատական արտայայտութիւններուս կողքին գրած դրուատանքներուս՝ ի տես Խորհրդային Հայաստանի մէջ յայտնաբերուող դրական երեւոյթներուն, յատկապէս 1965 թուականէն սկսեալ։ Զիս յատկապէս կը յուզէր ու կը խանդավառէր այն ազգայնաշունչ վերազարթնումը, որուն արձագանգները կը լսէինք հայրենի մամուլի էջերէն։ 1988ին «Հորիզոն» լոյս կ’ընծայէր 24 էջերէ բաղկացած յատուկ թղթածրար-յաւելուած մը(1)` նուիրուած Խորհրդային Հայաստանի, հիմնուած նախորդող տարիներուն ՀՅԴ երիտասարդական միութեան հաւաքներուն բազմիցս տուած իմ դաստիարակչականներուս վրայ։ Տարօրինակ է, բայց իրաւ, որ տարիներ ետք հրատարակուած այս գրքոյկը չափով մը կը յիշեցնէ իմ այդ թղթածրարը։
Սակայն կը նախընտրեմ այստեղ մէջբերել աւելի հանգամանալից խօսքեր ՀՅԴ 22րդ եւ 23րդ Ընդհանուր ժողովներու հրապարակումներէն, որոնք նոյնպէս ներառուած են գրքոյկին մէջ։ Այսպէս` 22րդ Ընդհանուր ժողովը (1981, Վիեննա) Խորհրդային Հայաստանը կը նկատէր «առանցքը ազգային գոյատեւման մեր պայքարին, պատուանդանը Հայ դատին եւ խարիսխը հայ ժողովուրդի լուսաւոր ապագային»։ Ընդհանուր ժողովը իր կոչով կ’ողջունէր «ամենէն առաջ Հայաստանի հայութիւնը, որ վերջին 60ամեակին, աշխարհ մը դժուարութիւններ ու ծանր փորձութիւններ յաղթահարելով, գերմարդկային զոհողութիւններ յանձն առաւ հայրենիքի պահպանման ու վերաշինութեան նուիրական գործին մէջ, բազմապատկեց իր համրանքը, պատուաբեր նուաճումներ արձանագրեց գիտական, արհեստագիտական ու մշակութային մարզերու մէջ եւ, հայոց պատմութեան ձայնին ունկնդիր, հնարաւոր բոլոր միջոցներով կը ջանայ ամրապնդել մեր ներկայի ու վաղուան գոյութեան խարիսխները, ամբողջական հայութեան լուսապայծառ ապագայի կերտման հեռանկարով»։
23րդ ժողովէն (1985, Աթէնք) ետք ՀՅԴ Բիւրոյի կոչին մէջ կը կարդանք. «Պատմական մեր հայրենիքէն վերապրող Հայաստանը, հակառակ խորհրդային վարչաձեւին, կը շարունակէ մնալ անփոխարինելի աղբիւրը ազգային մեր ինքնավստահութեան։ ՀՅ Դաշնակցութիւնը հպարտանքով կը հաստատէ հայրենի հայութեան ծաղկումը եւ վերելքը մշակութային թէ տնտեսական, գիտական թէ ընկերային բոլոր մարզերուն մէջ անխտիր»։
Վերջապէս, յաջորդ ժողովին (1988, Աթէնք) առթիւ հրապարակած իր յօդուածով(2) ընկ. Հրայր Մարուխեան՝ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, կը գրէր. «Հայ դատի հետապնդումը կը խարսխուի նախ Հայաստանի ներկայ իրականութեան վրայ, իբրեւ հիմնակառոյցը ապագային հողահաւաքով եւ հայահաւաքով իրականանալի մեր ամբողջական հայրենիքին։ Ներկայ Հայաստանը՝ իր պետական կառոյցով եւ շուրջ երեքուկէս միլիոն հայութեամբ, ինչպէս նաեւ Կովկասի հայապատկան հողերուն վրայ ապրող հայութիւնը, որ հազարումէկ թելերով կապուած կը մնայ հայոց պատմութեան, թէ հայ ժողովուրդի ամբողջութեան հետ»։
Ուրեմն որո՞նց կ’ակնարկուի, երբ «գաղափարական եւ քաղաքական ընդդիմախօսներու» մասին կը խօսուի ու ներկա գրքոյկով կ’ուզուի հակադրուիլ կամ հակաճառել անոնց…
Բայց ակնարկ մը նետենք գրքոյկի միւս յօդուածներուն վրայ։
Կարէն Խաչատրեան` պատմական գիտութիւններու դոկտոր, պրոֆեսոր, ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ինստիտուտի (հիմնարկի) փոխտնօրէն, իր «Խորհրդային Հայաստանի տեղն ու դերը հայոց պետականութեան պատմութեան մէջ» յօդուածին մէջ իրաւամբ կը հաստատէ. «Պէտք է նշել, որ հայկական խորհրդային պատմագրութիւնը թէեւ հասել է որոշակի յաջողութիւնների խորհրդային շրջանի Հայաստանի պատմութեան հիմնարար հարցերի ուսումնասիրման ոլորտում, բայց ամբողջատիրութեան, քաղաքական ցենզուրայի (գրաքննութեան), փակ արխիւների պայմաններում պատմագիտութեան զարգացման շրջանակները նեղ էին»։ Ներկայիս անհրաժեշտ սրբագրութիւնները սկսած են կատարուիլ, սակայն, ըստ հեղինակին, կը թուի, թէ միեւնոյն ատեն կայ նաեւ խորհրդային տարիներու կարեւորութեան նսեմացման ձգտում մը։ Յօդուածի շարունակութիւնը յատկացուած է Խորհրդային Հայաստանի նուաճումներուն զանազան մարզերու մէջ, ինչպէս նաեւ 1965էն ետք Հայկական հարցի արծարծման ու ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան երեւոյթներուն։ Ան կ’եզրակացնէ, թէ Խորհրդային Հայաստանը «իր արժանի տեղն է զբաղեցնում հայոց պետականութեան պատմութեան մէջ»։
Յաջորդ յօդուածը՝ «Ալեքսանդր Միասնիկեանը՝ Խորհրդային Հայաստանի հիմնադիր», ստորագրած է Աւագ Յարութիւնեան՝ Հայաստանի ազգային արխիւի Կինոֆոնոֆոտոփաստաթուղթերու (կրնա՞նք ըսել Շարժաձայնալուսա…., ինչո՞ւ ոչ, պարզապէս «ոչ թղթային փաստաթուղթերու», որոնք կրնան ներառել նաեւ թուայնացած նիւթերը) մասնաճիւղի տնօրէն, պատմական գիտութիւններու թեկնածու։ Ան սոյն գրութեամբ ջատագովը կը հանդիսանայ հայեւռուս սերտ յարաբերութիւններու եւ կը վերյիշէ Միասնիկեանի հետեւեալ խօսքերը. «Ռուսական զօրքերը Հայաստանում մնում են ոչ թէ ինչ-որ շահախնդիր նպատակների համար, այլ այն պատճառով, որ նրանց կարիքն է զգում Հայաստանը, որպէսզի հնարաւորութիւն ունենայ հանգիստ ու խաղաղ կառուցելու իր կեանքը։ Եւ այդ փաստը ամենեւին չի հերքում այն, որ Հայաստանն անկախ է»։ Կը լսէ՞ք, պարոնա՛յք Պուտին եւ Լաւրով…
Գագիկ Յարութիւնեան` գլխաւոր խմբագիրը սոյն գրքոյկին, որ Ցանցային հետազօտական ինստիտուտի (հիմնարկի) տնօրէնն է, իր «Խորհրդային դարաշրջանը “պատմական քաղաքականութեան” համատեքստում (շրջարկում)» յօդուածով կ’ուզէ փաստել, որ Հայաստան, Խորհրդային Միութեան մաս կազմելով, ուրիշներէ աւելի շատ օգտուած է, աւելի շատ ստացած է, քան թէ տուած` վիճակագրական տախտակներով փորձելով ցոյց տալ այդ, առանց, սակայն, համոզիչ ըլլալու։ Պարզապէս դիտել տամ, որ մէկ քիլոմեթր ասֆալտապատ ճանապարհ կառուցելը կրնայ մօտաւորապէս նոյնը արժել Ռուսաստանի մէջ, թէ Հայաստանի, սակայն նոյն ճանապարհէն անցնողներու թիւը եթէ նկատի առնենք, բնականաբար, անձ գլուխ ծախսը շատ աւելի նուազ կ’ըլլայ, եթէ հազար հոգի անցնի անկէ, քան եթէ տասը հոգի անցնի։ Եզրակացնե՞լ, թէ Հայաստանը աւելի առած կ’ըլլայ, քան թէ տուած։ Ապա յօդուածը դատապարտումն է այսօրուան «լիբերալ» («ազատական») յեղափոխութեան, որ աւելի կը շեշտէ հրատարակութեան որոշ միտումնաւորութիւնը։
Ալեքսանդր Սաֆարեան՝ պրոֆեսոր, ԵՊՀ թուրքագիտութեան ամբիոնի վարիչ, կը գրէ «Խորհրդային Հայաստանում գիտութեան եւ մշակոյթի ծաղկման ֆենոմենի [երեւոյթի] մասին»` յիշելով ծանօթ դէմքեր, հաստատութիւններ, գործեր, եւ, մուրճը նոյն գամին վրայ զարնելով, կ’եզրակացնէ, որ «Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ մշակութային-պատմական ռազմավարական դաշնակցութիւնը եւ արգասաւոր համագործակցութիւնը, սերտ ինտեգրացիան (համարկումը) (մասնաւորապէս գիտահումանիտար (գիտամարդկայնական)) արդի Հայաստանի հայրենասէր մտաւորականութեան կողմից ընկալւում են որպէս XXI (ԻԱ) դարում զարգացման պարտադիր պայման եւ նոր, համատեղ տնտեսական ու մշակութային թռիչքի հնարաւորութիւն»։
Աշոտ Թեւրիկեան՝ տնտեսական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ (դասախօս), իր «Խորհրդային Հայաստանի սոցիալ (ընկերային)-տնտեսական ձեռքբերումներ» յօդուածով կ’ընդգծէ Հայաստանի առաւելութիւնները խորհրդային միւս հանրապետութիւններուն բաղդատմամբ` նշելով, որ «Խորհրդային Հայաստանն ապահովում էր համամիութենական ՌԱՀի սպեցիֆիկ (իւրայատուկ) մասը, որպէս կանոն՝ ինտելեկտուալը (մտաւորը), ինչպէս նաեւ էլեկտրոնիկայի (ելեկտրոնագիտութեան) սեկտորը (հատուածը)։ Հայաստանը ԽՍՀՄում իր համար ամրագրել էր խորհրդային «Սիլիկոնային հովտի» դերը»։ Յետո՞յ։ Յետոյ պէտք է կրկնել, թէ «ԽՍՀՄ կազմում Հայաստանի գտնուելու շրջանը մեր ժողովրդի վերածննդի ու բարգաւաճման շրջանն էր»։ Հեղինակը, սակայն, այսքանով ալ պիտի չբաւարարուի ու վերջաւորութեան պիտի նշէ այն բացասական երեւոյթները, որ այսօր կը պարզուին ներկա՛յ Հայաստանի մէջ։
Արմենակ Մանուկեան` պատմական գիտութիւններու դոկտոր, պրոֆեսոր, իր «Քաղաքական բռնաճնշումները Հայկական ԽՍՀ-ում (1930-1950)» գրութեամբ կ’անդրադառնայ մեր կորուստներուն։ Ան կը գրէ. «Այսպիսով հայ ժողովուրդն ունեցել է զգալի եւ անդառնալի կորուստներ ստալինեան (միայն ստալինեա՞ն – Վ.-Ա.) բռնաճնշումների ժամանակաընթացքում։
Խեղուել է տասնեակ (միայն տասնեա՞կ – Վ.-Ա.) հազարաւոր մարդկանց ճակատագիրը։ Այս հրէշաւոր երեւոյթը մոռանալը, անտեսելը հաւասարազօր են ինքդ քեզ “մանկուրտ” լինել դատապարտելուն»։ Այս ամենը ըսելէ ետք պրոֆեսորը կ’աւելցնէ որպէս եզրակացութիւն. «Միեւնոյն ժամանակ, անհրաժեշտ է հնարաւորինս օբյեկտիւ (առարկայականօրէն) ուսումնասիրել այս հիմնախնդիրը՝ փաստերը չխեղաթիւրելու համար եւ, ղեկավարուելով յոյզերով կամ այլ պատճառներով, ԽՍՀՄ, հասկնալի է` նաեւ Հայկական ԽՍՀ պատմութիւնը չներկայացնել միայն սեւ լոյսով»։
Սամուէլ Մանուկեան՝ սոցիոլոգիական (ընկերաբանական) գիտութիւններու թեկնածու, զետեղած է այլապէս հետաքրքրական յօդուած մը` «Խորհրդային եւ ժամանակակից Հայաստանի կերպարները ուսանողութեան պատկերացումներում», որ յստակ չէ, սակայն, թէ ինչ գործ ունի այս հաւաքածոյին մէջ։ Հարցախուզային տախտակներով կը ներկայացուին ուսանողներու ճիշտ ու սխալ պատկերացումները։ Եզրակացութիւնն այն է, որ Խորհրդային Հայաստանի պատմութեան մասին թիւր ու թերի ըմբռնումները հետեւանք են այդ ուղղութեամբ դաստիարակութեան պակասի։
Վերջապէս, Արամ Անանեան՝ «Արմենպրես» լրատուական գործակալութեան տնօրէն ու պատմական գիտութիւններու թեկնածու, իր «Վերջաբանի փոխարէն» բաժինով կը հաստատէ, թէ «Հայաստանի քաղաքագիտական միտքը պէտք է համապատասխան գնահատական տայ մեր անցեալի այդ փուլին, ժամանակաշրջան, որը Հայաստանի տնտեսութեան, գիտութեան ու մշակոյթի վերելքի, մարդկային կապիտալի (դրամագլուխի, ներուժի) զարգացման մէջ աննախադէպ մեծ ներդրումների շրջափուլ էր՝ մէկտեղուած ամբողջատիրական քաղաքական մամլիչի կոյր ու համահաւասարեցնող ազդեցութեան հետ»։
Նպատակ չունէի այս գրքոյկի քննադատութիւնը ընելու, սակայն Խորհրդային Հայաստանի 100ամեակին առթիւ շատ աւելի կար ըսուելիք, քան այստեղ ներկայացուածը՝ առաւելաբար դրական մօտեցումով, նոյնիսկ աւելի քան դրական։
Կասկած չկայ, որ 70 տարուան ընթացքին Հայաստան դրական յառաջխաղացք պիտի ունենար, այն Հայաստանը, որ, որբերու եւ անօթեւան ժողովուրդի բնակավայր ըլլալով հանդերձ, խորհրդայնացումէն իսկ առաջ համալսարան ստեղծած էր ամենէն դժուարին պայմաններու մէջ, որ ժողովրդավար կարգերով պետականութիւն էր հաստատած։ Ո՞ր ազգը, ո՞ր ժողովուրդը եօթը տասնամեակի ընթացքին պիտի չզարգանար, չյառաջդիմէր, ո՜ւր մնաց հայը՝ ստեղծագործ, աշխատասէր, հայրենասէր։
Ժամանակաշրջան մը, սակայն, միայն արձանագրուած յաջողութիւններով ու նուաճումներով չէ, որ կը չափուի։ Բոլոր առարկայական երեւոյթներուն կողքին կան ենթակայական երեւոյթներ, բարոյակա՛ն երեւոյթներ, որոնք նոյնպէս կարեւոր են որեւէ քաղաքական իրավիճակի կամ շրջափուլի գնահատումին համար։
Դժբախտաբար, Հայաստանի խորհրդային տարիները նաեւ մեր պատմութեան ամենէն տխուրներն են, մանաւանդ Մեծ եղեռնէն վերապրած մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ ոչ միայն ստալինեան ժամանակներուն։ Այդ մասին չխօսելո՛վ ալ մենք մեղաւոր կը դառնանք։
Կարելի՞ է չխօսիլ հոգեկան լախտի այն ահաւոր հարուածին մասին, որ մեր ժողովուրդը ստացաւ մեր ուղղագրութեան աղճատումով, մեր լեզուի աղաւաղումով, անցեալի հետ մեր առնչութեան խաթարումով, հայրենիքի իսկ գաղափարի եղծանումով։ Կորսնցուցինք շատ բան, ներառեալ մեր հողին տէր կենալու պատրաստակամութիւնը, պարկեշտ աշխատանքով, սեփական քրտինքով ապրուստը հոգալու ունակութիւնը, մասնագիտական վկայականիդ քու ճիգ ու ջանքովդ արժանանալու աւանդութիւնը, կատարածիդ կամ արտադրածիդ որակին նախանձախնդրութիւնը եւ այլն, եւ այլն։ Ինչպէ՞ս կարելի էր հաշտեցնել միջազգային բեմերու վրայ հայ մարզիկներու եւ արուեստագէտներու փայլուն յաղթանակները հանրային վայրերու լուացարաններու անհանդուրժելի վիճակին հետ, գիտութեան բարձրագոյն մակարդակներու վրայ մեր անժխտելի թռիչքները՝ նկանակ մը հաց ձեռք ձգելու համար անվերջանալի հերթերուն հետ, մեր բանաստեղծներուն հայրենասիրութեան կոչերն ու ներբողները՝ առ այսօր շարունակուող հայրենալքումին՝ արտագաղթին հետ։ Տակաւին ինչպէ՞ս մոռնալ մատնութիւններն ու նախանձը նոյնինքն մտաւորական կամ արուեստագէտ կարծուած անձնաւորութիւններու իսկ շրջանակներուն մէջ։ «Զրկուած ենք կենցաղային մշակոյթէ»,– կը խոստովանէր ինծի Լիլիթ Գալստեան, երբ միասին կը մասնակցէինք «Համազգային»ի երկրորդ պատգամաւորական ժողովին Ծաղկաձոր 1994ին։ Դեռ չեմ խօսիր մտաւորական ու ղեկավար տարրի զանգուածային սրածման, մարդկային իրաւանց անտեսումին, հայութեան ազգային իրաւունքներու ոտնակոխման եւ ուրիշ շատ կորուստներու մասին։
Այո՛, ահաւոր էր ժառանգը, որ այդ եօթանասուն տարիները մեզի ձգեցին, ժառանգ, որմէ չենք կրցած ձերբազատիլ ահա արդէն «վերանկախացման» այս երեսուն տարիներուն անգամ։ Ըսեմ անմիջապէս, որ այդ ամենը կապ չունի անպայման Ռուսաստանի եւ Հայաստանի փոխյարաբերութիւններուն հետ, որոնց արդարացումն ու պաշտպանութիւնը կարծէք կը հետապնդուին Խորհրդային Հայաստանի հարիւրամեակին նուիրուած այս հրատարակութեամբ՝ այդպիսով նսեմացնելով ազնիւ նպատակը յիշատակութեան։
Գրքոյկին մէջ ներառուած վկայութիւններուն ու հաստատումներուն կողքին` կատարուած «առաջատար գիտնականների եւ փորձագէտների կողմից», կ’արժէ լսել քանի մը այլ վկայութիւններ ու հաստատումներ համայնավար վարչակարգի «բարիքները» վայելած ուրիշ հայորդիներու կողմէ։ Անոնցմէ մէկը իր «համոզմունքներով ու հայեացքներով» «մարքսիստ-կոմունիստ», նաեւ ինքզինք «հայ կոմունիստ» համարող հանգուցեալ Կարլեն Դալլաքեանն էր, որուն յուշերը(3) կարդացած ըլլալու էին վերոյիշեալ գրքոյկի հեղինակները։ Ամբողջ հատորը վկայութիւնն է 70ամեայ մեր դժբախտ երթին, որուն դրական կողմերուն մասին չի վարանիր գրելու Հայաստանի ղեկավար մարմիններու երկարամեայ անդամ պարոն Դալլաքեան։ Յիշեմ միայն մէկ մէջբերում իր գիրքի նախաբանէն. «Ընդունում եմ Խորհրդային Միութեան գաղափարը սկզբունքօրէն։ Մերժում եմ գործնական կիրառման շատ պարագաները։ Նման միութիւնը պէտք է լինի իրօք ազատ, անկախ պետութիւնների կոնֆեդերացիա (համադաշնակցութիւն) (այստեղ հայերէնը ի՛նք կ’աւելցնէ ‒ Վ.-Ա.), որի միասնական պառլամենտում (խորհրդարանում) իւրաքանչիւր երկիր ունենայ վետոյի իրաւունք։ (…) Մերժում եմ երկու կարգի եւ օրէնքի գոյութիւնը նման համադաշնակցութեան մէջ, երբ սահմանադրութեամբ տրուող իրաւունքները բռնաբարւում կամ օտարւում էին կուսակցական մարմինների խողովակներով»։
Յաջորդ վկայութիւնները բոլորն ալ կու գան ենթականերուն հետ տարիներու ընթացքին իմ ունեցած հարցազրոյցներէն. դժբախտաբար, բոլորն ալ` արդէն հանգուցեալ։ Ահա թէ ինչ կ’ըսէր Յակոբ Յակոբեան(4)` Եգիպտոսէն ներգաղթած նկարիչը, որ շատ առաւելութիւններ ալ վայելած էր այդ տարիներուն (որուն լուսանկարն ալ ներառուած է գրքոյկին մէջ). «Հակառակ այդ բոլորին, իմ կեանքիս ամենէն մեծ ուրախութիւնը եղած է այդ «ռեժիմին» կործանումը: Շատ ծանր բան է, որ կ’ըսեմ, եւ շատ մարդոց համար, եւ հետեւանքները սարսափելի եղան մեր ամբողջ երկրին, ամբողջ ժողովուրդին համար եւ պիտի շարունակեն սարսափելի ըլլալ, բայց այդ անտանելի «ռեժիմը» պէտք է կործանէր: Գիտէք, կար բան մը, որ մարդը կը դարձնէր ուրիշ տեսակ էակ, անտեսանելի ճնշում մը կար օդին մէջ, որ մարդկային ամբողջ յարաբերութեան վրայ կ’ազդէր, մարդը ձեւով մը կը վայրենացնէր»։
Էդմոնդ Աւետեան(5)` անուանի այլախոհ մտաւորականը, կ’աւելցնէր. «Ես դժբախտաբար կարող եմ նշել, որ գնալով նուազում է մարդկային արժանապատւութիւնը. տնտեսական դժուարութիւնները մարդուն հասցրեցին այն վիճակին, որ նա արդէն գայլի յատկանիշներ է իր մէջ արթնացրել։ Միւս կողմէ կարելի է նշել հաջող հակաէսթետիզմը (հակագեղագիտութիւնը). միայն այն չէ հարցը, որ փողոցները չեն մաքրւում, որ աղբամանները չեն դատարկւում ժամանակին, հակաէսթետիկ են դարձել իրե՛նք՝ մարդիկ, նրանք պահանջք չունին գեղեցիկ ապրանքի նկատմամբ, գնում են ամէն ինչ, նոյնիսկ ինչ որ այնպիսի տեսք ունի, որ, օրինակ, կատուս անգամ չի ուտում, իսկ մարդը ուտում է։ Բոլոր արտադրողները ասում են, իսկ եթէ չեն ասում, մտածում են, որ ապրանքը որքան էլ ցածր որակի լինի, մարդիկ ուզեն թէ չուզեն կը գնեն։ Ճիշտ է, ստիպուած է մարդը մէկ-մէկ գնել այն, ինչ իրեն դուր չի գալիս, սակայն կայ մի այլ բան արտադրողի վերաբերեալ. ինչպէ՞ս է թոյլ տալիս արտադրողը կորցնելու իր պրոֆեսիոնալիզմի մակարդակը»։
Միւսը ծանօթ գրող, յետոյ այլախոհ դարձած Կարէն Սիմոնեանի ըսածն է(6). Խորհրդային Հայաստանը «մշակութային յեղափոխութեան ջարդարարական մաքրազարդումների ընթացքին ամենազօր Վախի եւ Սարսափի մէջ արագօրէն մոռացութեան տուեց թէ՛ իր Հաւատը, թէ՛ իր Լեզուն, թէ՛ իր Պատմութիւնը, թէ՛ իր Մշակոյթը եւ թէ՛ իր ազգային Ընտրեալների բազմաստեղութիւնը։ Իմ Արամ հօր վկայութեամբ, որ հայրենադարձուելուց յետոյ` 1929-34 թուականներին, ուսանել էր Մոսկուայի բարձրագոյն ճարտարագիտական հաստատութեան մէջ եւ հրաշալի ծանօթ էր երեւանեան իրականութեանը, մինչեւ 50ականներ հասարակութեան բանիմաց խաւը գիտէր եւ հասկանում էր, որ Հայաստանը ճերմակ ջարդարարութեամբ դատապարտել են դանդաղ վախճանի»։
Մէկ վկայութիւն եւս. այս մէկն ալ Հրանտ Մաթեւոսեանէն(7)` նոյնպէս գրող, որուն նկարը նոյնպէս կայ սոյն գրքոյկին մէջ, եւ որուն այս խօսքը արձանագրուելու է Հայոց պատմութեան գրքերուն մէջ. «Փոքր որոնումներից յետոյ ընկել եմ էն գլխաւոր թեմայի (նիւթի, բնանիւթի) վրայ, որ առ այսօր էլ շարունակւում է եւ, կարծում եմ, միայն ինձանից չէ տեսնուած. դա երկրի, խորհրդային ասուած երկրի գլխաւոր հարցերն են` մարդու դիմազրկութեան եւ մարդու` իր հողից, իր աշխատանքից գժտութեան, մարդու եւ աշխատանքի բախման հարցերը. գժտութիւն, որ դարձաւ երկրի անհուն աղքատութեան պատճառ: Յաւակնոտ երկրի յեղափոխականները, ովքեր որ յաջողեցին իրենց յեղափոխութիւնը եւ կարծում էին, որ իրենք աստուածներ էին, կարողանալու են երկրի վրայ նոր խորհրդանիշներ ստեղծել, նոր այբուբեն ստեղծել եւ մարդուն նոր կոչումներ տալ, աւելիով՝ նոր երկիր ստեղծել, ոչինչի չհասան իրենց 70 տարուայ աշխատանքով, միայն հասան էն բանին, որ ամբողջ խորհրդային երկրով մէկ խորհրդային մարդը թշնամացաւ իր երկրին, հողին, աշխատանքին, իր գործին նկատմամբ»։
Այս ըսուածները եւ դեռ աւելին կրնային մաս կազմել Խորհրդային Հայաստանի 100ամեակին նուիրուած գրքոյկին։ Այսուամենայնիւ, Հայաստանի Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւնն ալ մաս կը կազմէ մեր պատմութեան շղթային, եւ մենք պարտաւոր ենք լաւապէս ճանչնալ Հայաստանի իրերայաջորդ հանրապետութիւնները` 1918էն սկսեալ, ու հասկնալ` ինչպէս մէկ վարչակարգը յաջորդեց միւսին, ի՛նչ ժառանգ փոխանցուեցաւ մէկէն միւսը, եւ ի՛նչ երկիր կ’ուզենք մենք ալ վերջիվերջոյ ժառանգ ձգել մեր յաջորդներուն։
___________________________________
Աղբիւրներ
Վրէժ-Արմէն, Խորհրդային Հայաստանը – Հայրենագիտական ակնարկ, «Հորիզոն», 21 Մարտ 1988։
Հրայր Մարուխեան, Հ.Յ. Դաշնակցութեան 24րդ Ընդհանուր ժողովի հետքերով, «Դրօշակ», 14 Սեպտեմբեր 1988։
Կարլեն Դալլաքեան, Յուշապատում, Երեւան, 1998։
Վրէժ-Արմէն, Մեր հարցազրոյցները – «Վերջապէս պիտի գիտնանք թէ մենք ո՛վ ենք, ի՛նչ ենք…» – Յակոբ Յակոբեան, «Հորիզոն», 1 Մարտ 1993։
Վրէժ-Արմէն, 25 տարի ետք – Անմոռանալի ասուլիս մը Էդմոնդ Աւետեանին հետ, «Հորիզոն» (Հորիզոն գրական), 25 Դեկտեմբեր 2017 – 1 Յունուար 2018։
Վրէժ-Արմէն, Զրոյց անսկիզբ եւ անվերջ – Մեր մղկտացնող ցաւերուն եւ վերապրեցնող երազներուն մասին, «Հորիզոն» (Հորիզոն գրական), 26 Մայիս 2014։
Վրէժ-Արմէն, Մեր հարցազրոյցները (խմբական) – Հաղորդութիւն Հրանտ Մաթեւոսեանի հետ, «Հորիզոն», 21 Օգոստոս 1989։
Վրէժ-Արմէն