Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէն, Գանատայի ողջ կառոյցի անունով՝ խստի՛ւ կը դատապարտէ 18 Մայիսին, Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ընկեր Հրանդ Մարգարեանի դէմ եղած անարգ յարձակումը: Իր երկու մատղաշ թոռներուն ներկայութեամբ նմանօրինակ մոլեգին խժդժութիւնը, Դաշնակցական վաստակաւոր ղեկավարի ու Արցախեան ազատամարտի բոլորանուէր գործիչի հասցէին հնչած ատելութեան արտայայտութիւններն ու հակադաշնակցական լուտանքները՝ կը համարենք անընդունելի՛։ Անոնք ամէ՛ն մէկ Դաշնակցականի դէմ ուղղուած ոտնձգութիւն են:
Վերջին շրջանին, հանրապետութեան մէջ օրէ օր յաւելեալ թափ հաւաքող լարուածութեան ու անհանդուրժողականութեան մթնոլորտի ուղղակի արդիւնքն է այս պառակտիչ գրգռութիւնը: Սիրոյ եւ համերաշխութեան լոզունգային քողին տակ կարելի չէ' պարտկել ալ բաժանարար գիծեր քաշելու այս վտանգաւոր միտումները:
Առ այդ, կոչ կ'ուղղենք իրաւապահ մարմիններուն՝ անմիջապէս հետաքննութեան ձեռնարկեն ու յայտնաբերեն այս արարքի ետին կանգնող անձիքը ու օրինական պատասխանատուութեան ենթարկեն։
Կոչ կ՚ուղղենք նաեւ հայրենի իշխանութիւններուն ու մանաւանդ՝ վարչապետ Փաշինեանին՝ յստակ քայլեր ձեռնարկելու այս կուտակուած լարուածութիւնը լիցքաթափելու, յանուն երկրի ու ազգի միասնութեան։ Դէպքերու այս բացասական ընթացքը ամէն գնով ու արմատապէ՛ս պէտք է սանձուի ՀՀ ղեկավարութեան կողմէ, այլապէս անոր պայթիւնավտանգ հետեւանքները պիտի իյնան իրենց ուսերուն։
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէ