կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-11-20 15:07
Քաղաքական

Թրքական խորհուրդ․․․ Արեւը արեւելքէն կը ծագի

Թրքական խորհուրդ․․․ Արեւը արեւելքէն կը ծագի

Հազիւ 12 տարուայ կեանք ունի այս խորհուրդը, որ քանի մը անունով կը ներկայացուի, ինչպէս՝ «թրքալեզու պետութիւններու համագործակցութեան խորհուրդ», «թրքական խորհուրդ», իսկ այժմ՝ «թրքալեզու պետութիւններու կազմակերպութիւն»։

Վերջին տարբերակը սկսաւ գործածուիլ Պոլսոյ մէջ Նոյեմբեր 12-ին տեղի ունեցած ութերորդ համագումարին, մասնակցութեամբ անդամ եւ հիւր երկիրներու։

Կազմակերպութեան այժմու ղեկավարը «սուլթան» Էրտողանն է, սակայն հետաքրքրականը այն է, որ այս հաւաքին մտայղացումը կատարած է Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ, 2006-ին։ Հիմնադրութեան վայրը՝ Նախիջեւան, արդէն իսկ յստակ եզրակացութիւններու կրնայ տանիլ ընթերցողը։ Թուրքիոյ կողքին, այս կազմակերպութեան անդամ երկիրներն են «Արեւելեան Թուրքիա»-ն կամ․․․ Ատրպէյճանը, Ղազախստանը, Ուզպեքիստանն ու Ղրղըզիստանը։

Հայութենէն խլուած հողի՝ Նախիջեւանի մէջ կայացած անդրանիկ ժողովով մը, Հոկտեմբեր 3, 2009-ին հիմնուած է այս կազմակերպութիւնը։ Վայր մը, ուր կարճ ատեն առաջ հարիւրաւոր խաչքարեր քանդուած էին ազերի զինուորներու կողմէ, պարզապէս հայկական հարուստ պատմութիւն մը ջնջելու համար երբեմնի հայահոծ շրջանէն։

Անարդարօրէն Ատրպէյճանի բռնակցուած եւ հայաթափուած Նախիջեւան մը, զոր այսօր ամէն գնով կը փորձեն «Զանգեզուրեան միջանցք»-ով միացնել Ատրպէյճանին։

Յստակ է այս կառոյցին մաս կազմող երկիրներուն աշխարհագրական դիրքը։ Լեզուական եւ խնամիական կապեր ու կամուրջներ հաստատելով՝ Էրտողան սկսած է զարգացնել համաթուրանական ուխտ մը, որ հետզհետէ նոր անդամներ ընդունելով եւ գաղափարներ առաջադրելով՝ պիտի տարածուի եւ տարբեր կերպար ստանայ, դուրս գալով տոհմիկ եւ լեզուաբանական նեղ կառոյցէն։

Նոյեմբեր 12-ին կայացած ժողովին, Էրտողան բեմահարթակ բարձրանալով՝ յստակօրէն եւ ամենայն համարձակութեամբ շեշտեց, թէ այս կազմակերպութեան հաստատ հիմերու վրայ դրուիլը, վերակազմաւորումն ու անուանափոխումը առիթ պիտի ընծայէ, որ այս միութիւնը աւելի ծաղկի։

Էրտողանի համար, այս թրքախօս երկիրները «պատմութիւն կերտած են» եւ «հազարամեակներ շարունակ, եղած են մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան կեդրոն»։ Այսպէս, մշակոյթը, լեզուն, քաղաքականութիւնն ու մինչեւ իսկ ապագայի կարեւորագոյն հարցերէն՝ կենսոլորտը իրարու միացնելով, Էրտողան տպաւորիչ ու միաժամանակ սովորական եւ Լափալիսեան իրականութիւն ցոլացնող եզրակացութեան մը յանգած է, յայտնելով․ «Արեւը կրկին արեւելքէն պիտի ծագի»։

Ուշագրաւ է, որ վերոյիշեալ երկիրներուն կողքին, երկու այլ երկիրներ՝ Թիւրքմենիստան եւ ․․․Հունգարիա ներկայ էին իբրեւ հրաւիրեալ-դիտորդ, յանձինս նախագահ Պերտի Մուհամետովի եւ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի։
Քաղաքական տարբեր ոլորտներու մէջ են այս երկու դիտորդները։ Թիւրքմենիստանի նախագահը վերջերս բազմիցս շեշտեց, թէ մտադրած է միանալ այս կազմակերպութեան՝ միայն ու միայն իբրեւ լեզուական եւ մշակութային ժառանգութիւն, բայց հեռու՝ քաղաքական հաշիւներէ։

Արցախի վերջին պատերազմին, Թիւրքմենիստան պահեց իր չէզոքութիւնը եւ տեղի չտուաւ Անգարայի եւ Պաքուի ճնշումներուն առջեւ։

Հունգարիոյ պարագան իւրայատուկ է, նկատի ունենալով, որ մակիար (կամ մաճար) ցեղը դարեր առաջ Կեդրոնական Ասիայէն, Կովկասի վրայով հասած է Դանուբի ափերը եւ լեզուն մօտիկ է թրքերէնին։ Հոս տեղին է փակագիծ մը բանալ եւ յիշեցնել Ալիեւի մօտիկ գործակից՝ վարչապետ Օրպանի երկրին դերակատարութիւնը, երբ ՆԱԹՕ-ի մէկ հանդիպումին, հայրենի զինուոր Գուգէն Մարգարեանը կացինահարած եւ Պուտափեշթի մէջ բանտարկուած ազերի Ռամիլ Սաֆարովը նուէր տրուեցաւ Ատրպէյճանին եւ… դարձաւ ազգային հերոս։

Շարունակելով խօսիլ իր համաթուրանական երազներուն մասին, Էրտողան նոյնիսկ կը նշէ, թէ Կիպրոսի գրաւեալ մասն ալ պէտք է անդամակցի այս կազմակերպութեան։

…Արդեօք այս համագումարին եւ անոր մութ ծալքերուն մասին արձագանգներ լսուեցա՞ն, պիտի լսուի՞ն Հայաստանի Ազգային Ժողովի բեմէն, թէ՞ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին նման, ՔՊ-ականները այս մէկն ալ արեւելքէն ծագող արեւին մէկ կիզիչ եւ կենսատու ճառագայթը պիտի նկատեն։

ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Պոսթըն
Խմբագրական

hairenikweekly.com