Փոխարժեքներ
16 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 388.25 |
EUR | ⚊ | € 410.42 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.9 |
GBP | ⚊ | £ 491.99 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.19 |
Ազգերը չեն ծնիր, կը կերտուին։ Որեւէ հաւաքականութիւն կրնայ քարշ տալ իր աննպատակ գոյութեան՝ առանց ազգի վերածուելու։ Հաւաքական նպատակը եւ առաքելութիւնը կառուցելով է որ կը կերտուի ազգը։ Ա՛յս է ու ա՛յս կը մնայ ազգակերտումի (nation building) աշխատանքը հաւաքականութեան մը համար։
Ազգակերտումը մնայուն գործընթաց է, որպէսզի ազգը շարունակէ մնալ իր էութեան հաւատարիմ, նպատակին հարազատ եւ առաքելութեան յանձնառու։ Պայմաններու բերումով ազգակերտումի ընթացքը կը յարմարի շրջապատի նորութիւններուն եւ փոփոխութիւններուն՝ առանց զիջելու իր էութենէն, նպատակէն եւ առաքելութենէն։
Ուստի, արդէն իսկ պատմութեամբ հաստատուած ազգային գոյութիւնը ազգակերտումի աւարտը չէ։ Որովհետեւ ազգակերտումը չ՚աւարտիր պատմականօրէն հաստատուած գոյութեամբ։ Ան կանգ չ՚առնր, որովհետեւ ազգակերտումը՝ ազգը ա՛զգ պահող շարունակական գործընթաց է։ Երբ կանգ կ՚առնէ ազգակերտումը, աստիճանաբար կը թուլանայ ազգը եւ կը վերածուի ամբոխային հաւաքականութեան՝ մոռացութեան տալով իր էութիւնը, նպատակը եւ առաքելութիւնը։
Այսօր, Հայաստանի հայութիւնը բռնած է այդպիսի ամբոխային հաւաքականութեան մը ճամբան։ Այս ընթացքը սկսաւ երեսուն տարի առաջ՝ Հայաստանի վերանկախացումով։
Բայց այս սկսուած ընթացքին պատասխանատուն ժողովուրդը չէր։ Ազգակերտումի գլխաւորագոյն պարտաւորութիւնը եւ պարտականութիւնը կը պատկանին ժողովուրդի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային ղեկավարութեան։
Հայաստանի պարագային այս կացութեան գլխաւոր պատասխանատուն երեսուն տարի առաջ երկրին ղեկը ստանձնած քաղաքական ղեկավարութիւնն էր։ Այդ ղեկավարութեան մէջ գլխաւորագոյն դերակատարը Լեւոն Տէր Պետրոսեանն էր, որ իր հօրենական բարդոյթներով ազգայինէն խորթացած անձնաւորութիւն մըն էր եւ կը կը շարունակէ մնալ այդպիսին։ Տէր Պետրոսեան, իր ամերիկեան խորհրդատուներով, կասեցուց ազգակերտումի ընթացքը։
Ան զարկ տուաւ ժողովուրդի մէջ ամբոխային տրամաբանութեան եւ տրամադրութեան տարածման։
Երկրի արդէն իսկ համեստ հարստութիւնը աւարի նման բաշխուեցաւ պոլշեւիկեան օրերէն մնացած նախկին աւազակապետերուն, որոնք իրենց ստացած աւարի ուժով վերածուեցան իշխանաւորներու։
Մշակոյթի գործիչներն ու մտաւորականները օրապահիկ հայցող մուրացկաններու վերածուեցան։
Ազգակերտումի հաւատարիմ շրջանակը ենթարկուեցաւ հալածանքի, կալանքի եւ արհամարհանքի։
Ազգակերտումի կասեցման յաջորդեց մշակութակերտումի եւ պետականակերտումի կասեցման հանգրուանը, որուն հեղինակը մտային անհաւասարակշիռ եւ հոգեպէս հիւանդ Նիկոլ Փաշինեանն է։ Քաղաքական, ռազմական, դիւանագիտական ու մտաւորական տարրական կարողութենէ ու գիտակցութենէ զուրկ անձ մը, որ Տէր Պետրոսեանի սկսած ազգակերտումի քանդումին վրայ բարձրացուց մշակութակերտումի ու պետականակերտումի քանդումի իր աշտարակը։
Հեգնականը այն է, որ սովետական շրջանին, հակառակ իշխող վարչակարգի գաղափարական քարոզչութիւններուն եւ պարտադրանքներուն, Հայաստանի մտաւորականութիւնը, մշակութային գործիչները, նոյնիսկ իշխանաւոր պատասխանատուներէն մեծ թիւ մը կը շարունակէին պահպանել Հայաստանի ժողովուրդի ազգակերտումի աշխատանքը։ Անոնք կը հարստացնէին մեր մշակոյթը, ժողովուրդին կը ջամբէին ազգայինը։ Նաեւ ամուր կը պահէին սեփական պետական կառոյցները՝ միշտ այդ հեռանկարով, որ այդ կառոյցները սեփականութիւնն են մեր ժողովուրդին ու պատեհ առիթին պիտի վերադարձուին ժողովուրդին։
Սովետական Հայաստանի քաղաքական ու տնտեսական ղեկավարութիւնը ձեւական տուրքը կեդրոնական գաղափարախօսութեան մատուցելով, թէ՛ բնազդաբար ու թէ գիտակցաբար կը հետապնդէր ազգակերտումի ու պետականակերտումի գործը։ Անոնք ձեւականութիւնը պահած էին միջազգայինին, իսկ խորքայինը ազգայինին համար։ Այդ Հայաստանի մէջ ազգակերտումը եղաւ ձեւականօրէն միջազգային, բայց էութեամբ ու խորքով ազգային։
Երեսուն տարի առաջ, վերանկախացումի յուզմունքն ու խանդավառութիւնը բնական ակնկալութեամբ կը յուսադրէր սովետական շրջանէն ազգին փոխանցուող ազգակերտումի ու պետականակերտումի շարունակութիւնը։
Այդպէս չեղաւ։ Այդպէս չուզեցին որ ըլլայ։ Տէր Պետրոսեաններ եւ Փաշինեաններ, իրենց ստորնագոյն բարդոյթներով առաջացուցին ազգի փոխարէն ամբոխ մը, մշակութային պայծառամիտ գործիչներու փոխարէն ստրկամիտներու հոյլ մը, առաջնորդներու փոխարէն քաղաքական գաճաճներու փաղանգ մը, եւ տնտեսական հսկաներու փոխարէն աւազակապետերու մեծ խումբ մը։ Այս բոլորը կարելի դարձուցին տապալելով ազգն ու պետութիւնը կերտելու մեր հազարամեակներու փորձառութիւնը։
Եւ այսօր դէմ յանդիման կը գտնուինք ամբոխացած հաւաքականութեան ու ղեկավարութեան մը, որ անձնական շահն ու սեփական փառաբանանքը կը դասէ ամէն բանէ վեր։
Ո՛չ մէկ ազգ կարող է իր ազգային շահը պաշտպանել եւ գլուխը հպարտօրէն բարձր պահել աշխարհին առջեւ, երբ զինք բաղկացնող անհատներն ու առաջնորդները դադրեցուցած են ազգակերտումն ու պետականակերտումը, եւ կը մտածեն միայն իրենց անձնական շահին, սեփական հարստացման ու փառաբանումին մասին։
Օգոստոս 12, 2021
Լոս Անճելըս
Սեդօ Պոյաճեան