Փոխարժեքներ
02 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 387.17 |
EUR | ⚊ | € 420.51 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.95 |
GBP | ⚊ | £ 499.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.88 |
«Եթէ հայ ազգը անհետացած ըլլար, կամ լուծուած` դրացի ազգերուն մէջ, քաղաքակրթութեան շէնքէն քար մը պիտի պակսէր… թերեւս նոյնիսկ` գմբէթ մը»:
Ժան Փիեռ Ալեմ (1912 – 1995, ֆրանսացի վիպագիր)
«Եւրոպայի վեցանկիւն»-ին (Ֆրանսա) եւ Հայկի ու Բելի ճակատամարտի երկրին արմատները խոր եւ հին են: Երկար ու անաւարտ է շարքը այն հանճարներուն, որոնք Ֆրանսա – Հայաստան բարեկամութեան համար գործած են: Անոնց շարքին է Ժան Փիեռ Ալեմը, որ վերոյիշեալ յիշատակելի պատկերացումով աւարտած է իր հանրածանօթ գիրքերէն՝ «Լ՛Արմէնի»-ն:
Գմբէթը, որուն կ’երթայ յիշեալ ակնարկութիւնը, այս օրերուն հայորդիին եւ յատկապէս ֆրանսահայուն կը յիշեցնէ մասնաւորաբար Արցախի մէջ ոչնչացման վտանգին մատնուած մշակութային մեր ժառանգութիւնները, որոնց կարգին՝ Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ – Ղազանչեցոց – եկեղեցիին սրբապղծուած գմբէթը:
Յունիս 1-ին, Հ.Հ. հրաժարեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Փարիզ այցելութեան առթիւ (անակնկալ եւ Քէ Տ՛Օրսէին կողմէ առաջարկուած թուականէն ամիսներ առաջ), Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յարգեց փրոթոքոլը եւ իր հիւրին յայտնեց, թէ Ֆրանսա պատրաստ է շարունակելու իր աջակցութիւնը բնակչութեան, շեշտելով, թէ Նոյեմբերի զինադադրէն ետք ստեղծուած կացութիւնը այդքան ալ յուսադրիչ չէ, ուրեմն յաւելեալ ջանք պէտք է թափուի, լարուածութեան մեղմացման եւ երկխօսութեան վերսկսման ի խնդիր:
Խօսքերուն մէջ պէտք է տեսնել վերոյիշեալ գմբէթին մասին ակնարկութիւն մը, նաեւ մտավախութիւն՝ անոր փլուզման, երբ կը շեշտէր ու կը կարեւորէր Արցախի մէջ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը:
Այսուամենայնիւ, Փաշինեանի Փարիզ այցելութիւնը միայն պատերազմի օրերու թարմ անցեալի մը (չաւարտած) մասին չէր, այլեւ ապառնիի երազով մըն էր որ ժամանած էր «լոյսերու քաղաք»-ը: «Թայմինկ»-ը յստակ էր, համաշխարհայնացած իւրայատուկ ընտրարշաւի գործելաձեւ մը…նոյնիսկ իր երկրի սահմաններէն (եթէ անշուշտ յստակ են) հեռու:
Պատահարը կը յիշեցնէ մօտիկ անցեալի նմանօրինակ դէպք մը. Փետրուար 28-29, 2020-ին, Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ Տան այդ օրերու վարձակալ Թրամփի երկրորդ շրջանի ընտրարշաւի մեկնարկը, որ տրուեցաւ …Հնդկաստանի մէջ, պաշտօնական այցելութեան մը առթիւ:
Կարելի է հետեւցնել, որ նոյն պրիսմակին ընդմէջէն պէտք է դիտել արտաքին գործոց հրաժարեալ նախարար Արա Այվազեանի՝ հրաժեշտի հանդիպման ընթացքին արտայայտած հաստատումները, թէ՝ յատկապէս այս նախարարութիւնը, որ ծնունդն է անկախութեան, պէտք է անշեղօրէն պաշտպանէ պետական շահերը, ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը: Ան նոյն յստակութեամբ շեշտեց, որ «Այս նախարարութիւնը երբեք չի կրնար առիթ տալ եւ համաձայն գտնուիլ գաղափարներու եւ նախաձեռնութիւններու, որոնք մեր պետականութեան, մեր ազգային եւ պետական շահերուն դէմ եղած են»:
Հրաժարեալ վարչապետը Փարիզ մեկնեցաւ Այվազեանի հրաժեշտի խօսքէն հազիւ 24 ժամ ետք: «Իմ Քայլ»-ական թեկնածուն, դէպի արտերկիր իր « Թռիչք»-ով, ազդանշանը տուաւ Յունիս 20-ի ընտրարշաւին:
Ըստ էութեան՝ արտառոց ընտրարշաւ մը, զուրկ՝ որեւէ խոր ուսումնասիրութիւններէ, առաջարկներէ եւ թղթածրարներէ, որոնց մասին օրին ամբողջական պատկեր մը տուաւ «Հայաստան» դաշինքը՝ իր ծննդոցի օրն իսկ:
Ժամանակն է, որ Հայաստան – եւ Արցախ – դուրս գան անհորիզոն, անծրագիր եւ գաղափարազուրկ փապուղիէն եւ մտնեն իսկական աշխատանքի դաշտ, որ կը պահանջէ վիթխարի ուժ, կարողականութեանց մէկտեղում՝ ի խնդիր Հայրենիքին փրկութեան:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Պոսթըն
Խմբագրական
hairenikweekly.com