Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ուշադրութեանս յանձնուեցաւ պատկառելի ծաւալով, ընտիր թուղթի վրայ, լաթակազմ ու գեղեցիկ հատոր մը`նուիրուած Պալեան ճարտարապետներու գերդաստանին(1)։
Խնդրուեցաւ, որ անդրադառնամ։ Խնդրանք մըն էր, որ չէի կրնար մերժել գրքին ունեցած կարեւորութեան պատճառաւ՝ մէկ կողմէ` ինծի համար` իբրեւ ճարտարապետի(2), միւս կողմէ` հայութեա՛ն համար ընդհանրապէս։ Եւ ինչո՞ւ միայն հայութեան։ Արդարեւ, մեծ ծառայութիւն մըն է, որ կը մատուցէ այս գործը թէ՛մեր եւ թէ՛ աշխարհի պատմութեան ու մշակոյթին։
Ի՞նչ գիրքի մասին է խօսքը. «THE BALYANS – Ottoman Architecture and Balyan Archive» («Պալեանները –Օսմանեան ճարտարապետութիւնը եւ Պալեան արխիւը»), հեղինակը՝ Պիւքէ Ուրաս։ Թրքերէն բնագիրը լոյս տեսած է 2021 թ. յունուարին, անգլերէն թարգմանութիւնը՝ ամիս մը ետք։
Հատորի պատրաստութեան համար հեղինակը օգտուած է բազմաթիւ աղբիւրներէ. թարգմանուած են ԺԹ եւ Ի դարերու հայկական աղբիւրներ, պատճէնահանուած գերեզմանատուներու եւ եկեղեցիներու արխիւներ, եւ հատորին մէջ ներառուած 155 նկարներ, որոնցմէ 98ը՝ Հայաստանի Ալեքսանդր Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-ինստիտուտէն, մնացեալ 57ը` անհատական հաւաքածոներէ, ՀԲԸՄի Փարիզի Նուպարեան մատենադարանէն, հայկական, թրքական, ամերիկեան եւ եւրոպական տարբեր թանգարաններէ ու պետական կամ այլ հաստատութիւններէ։
Ո՞վ է Պիւքէ Ուրաս, որուն վստահուած է այսպիսի կենսական գործի մը պատրաստութիւնը։ Իր ամփոփ կենսագրագիծին մէջ ան ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ ճարտարապետ ու գրող։ Ծնած է Իսթանպուլ 1976ին, ճարտարապետութիւն ուսանած Հռոմի «Լա Սափիէնձա» համալսարանը, աշխատած Նիւ Եորք՝ մեծանուն ճարտարապետական գրասենեակներու մէջ, Թուրքիա վերադարձած ու բացած է սեփական գրասենեակը եւ դասաւանդած «Պահչէշեհիր» համալսարանին մէջ, աշխատակցած է զանազան թերթերու եւ պարբերաթերթերու։ Ներկայիս կը բնակի Փարիզ։ Մեծ հետաքրքրութիւն ունի օսմանեան շրջանի ճարտարապետական գծագրութիւններու եւ վաւերաթուղթերու նկատմամբ ու յաջողած է ստեղծել անձնական մեծ հաւաքածոյ մը։ Իր կազմակերպած ցուցահանդէսներու կամ հրատարակած գիրքերու եւ յօդուածներու ճամբով, ի միջի այլոց, ներկայացուցած է Էտուարտօ տէ Նարի իտալացի ճարտարապետի գործը Պոլսոյ մէջ եւ օսմանեան պալատներու գեղազարդումները Պետրոս Սրապեանի կողմէ։
Այս գիրքը կու գայ հարստացնելու այս ուղղութեամբ ասկէ առաջ կատարուած աշխատանքը, յատկապէս վերոնշեալ թանգարան-ինստիտուտի տնօրէն դոկտ. Աշոտ Հայկազուն Գրիգորեանի «Հայոց ազգին պարտէզի գանձերը. Պալեաններ» գիրքը(3)։
Այս գործի նախաձեռնողն ու հովանաւորն է «ՀԱՅՃԱՐ» ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութիւնը, ծրագրին համադրողները (նաեւ հովանաւորները)՝ Արսէն Եարման եւ Գէորգ Էօզգարակէօզ։
Այս հատորը արդիւնք է լայն համագործակցութեան մը։ Գրքի տուեալներու էջին վրայ կը յիշուին բազմաթիւ աշխատակիցներ ու աջակիցներ՝ ընդհանրապէս հայ։
Ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ գրքին բովանդակութիւնը:Ահա՛.
– Ներածական
– Նախաբան
– Պալեաններու ճարտարապետութեան արխիւը
– Պալեան ընտանիք.անձնական պատմութիւններ
– Պալեաններու ճարտարապետութիւնը եւ անոր ներկայացումները
– Պալեաններու ճարտարապետութիւնը Թանզիմաթի դարաշրջանին
– Պալեաններու արխիւի ցուցակը
– Համառօտագրութիւններ
– Մատենագիտութիւն
– Ցուցակ
Ինչպէ՞ս ծագած է գիրքը հրատարակելու գաղափարը։
Արսէն Եարման իր ստորագրած ներածական խօսքին մէջ կը տեղեկացնէ, թէ երբ բացայայտուած է Պալեաններու արխիւը, յառաջացած է այնտեղ թաքնուած իրողութիւնները պատմութեամբ հետաքրքրուողներու սեփականութիւնը դարձնելու ցանկութիւնը։ Այդ արխիւի ուսումնասիրութիւնը յստակօրէն հաստատած է, որ «Պալեանները, որոնք յաճախ սխալ մեկնաբանուած են պարզապէս իբրեւ շինարարներ, եւ որոնց յօրինողի ինքնութիւնը մոռացութեան տրուած է, իրապէս գործող եռանդուն ճարտարապետներ էին թէ՛ ծրագրերու պատրաստութեան եւ թէ՛ անոնց գործադրութեան մարզերուն մէջ» (էջ 6)։ Եարման կ’աւելցնէ, որշատ քիչեր գիտեն, թէ աւելի քան մէկ դար «պալատներ, զօրանոցներ, տաղաւարներ, մզկիթներ, դամբարաններ, դպրոցներ եւ եկեղեցիներ կերտած»(էջ 7) Պալեան ամիրաները ի՛նչ յարաբերութիւններ ունէին սուլթաններուն եւ պետական պաշտօնակատարներուն հետ եւ ի՛նչ մասնակցութիւն բերած են երկրի ճարտարարուեստականացման եւ քաղաքային զարգացման, ուստի սոյն գիրքը լոյս ընծայելը պարտաւորութիւն մըն էր աւելի, քան պարզ ցանկութիւն մը։
«ՀԱՅՃԱՐ» ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութիւնը իր կարգին նոյնպէս ներածականի մը մէջ կը նշէ, որ կարեւոր իրադարձութիւն մըն ալ նկատուելու է Քիրմիզիեան եղբայրներուն շնորհիւ Սկիւտարի (Պաղլապաշըի) մէջ վերաշինութիւնը Պալեան գերդաստանի դամբարանին, որ կայսերական մայրաքաղաքին վրայ Պալեաններու ունեցած ամենէն ուժեղ ոգեկան դրոշմը կը դառնայ իրենց ճարտարապետական գործերուն կողքին։ Այդ դամբարանի ծրագրի ներկայացումը 2014ին Վիեննայի ճարտարապետական երկամեայ ցուցահանդէսին առիթ կը հանդիսանայ, որ ճարտարապետ Արմէն Կիւրեղեան Հայաստանի ճարտարապետական թանգարանի տնօրէն Աշոտ Գրիգորեանին հանդիպի ու անոր յանձնէ Պալեաններու արխիւը՝ կատարելով իր մեծ հօր՝ Պալեաններուն գործակից ճարտարապետ Լեւոն Կիւրեղեանի կամքը։ Այս վերջինը արխիւը Պոլիսէն դուրս բերած էր, յստակ չէ, թէ 1907ի՞ն, 1921ի՞ն, թէ՞ 1926-1927ին, եւ պահած էր իր «Արարատ» մենատան մէջ(Ասոլօ, Իտալիա)` միշտ յուսալով ու կամենալով, որ այդ կարեւոր վաւերաթուղթերը օր մը Հայաստան հանգրուանեն։
Վերջապէս ներածական իր խօսքով Գէորգ Էօզգարակէօզ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք իրականութեան վերածեցին այս հսկայական աշխատանքը։
Գրքին հեղինակը «Նախաբանին» մէջ ընդհանուր բովանդակութիւնը ներկայացնելէ ետք կը հաստատէ, որ «Պալեաններու ծրագրերուն պարզապէս արդի մեկնաբանութեամբ մօտենալու փոխարէն յատուկ ճիգ մը թափուեցաւ զանոնք համարկելու իրենց ժամանակաշրջանի հեռանկարին մէջ»(էջ 13)։ Այդ նպատակով շուրջ երեք տարի ուսումնասիրած է թրքական վարչապետարանի, Ֆրանսայի ազգային գրադարանի, ազգային արխիւներու, ճարտարապետական կաճառի եւ պաշտօնական այլ հաստատութիւններու վաւերաթուղթերը, օսմանեան, հայկական եւ ֆրանսական մամուլը, ինչպէս նաեւ օտարազգի ճամբորդներու եւ գրողներու տպաւորութիւնները։ Առաջին անգամ ըլլալով լոյս կը տեսնեն, շնորհիւ Պալեաններու արխիւին, ցարդ մասնակիօրէն միայն ծանօթ բազմաթիւ անկերտ ծրագրեր, արդէն իսկ քանդուած կամ ամբողջովին փոխուած պալատներու եւ այլ շէնքերու գծագրութիւններ, ծանօթ առկայ գործերու յօրինման տարբերակներ, ինչպէս նաեւ Սարգիս Պալեանի ջրաներկ հեռանկարները, որոնք կը պահուին Նուպարեան մատենադարանին մէջ։
Առաջին գլուխին՝ «Պալեաններու ճարտարապետական արխիւը»ին մէջ Ուրաս, առանց ձեռնոց դնելու, յստակ կը գրէ. «Պալեանները իրենց ճարտարապետական յղացքներուն մէջ աննախընթաց չափերու կրցան հասնիլ` որդեգրելով նոր տիպաբանութիւններ եւ առաջադրելով նոր լուծումներ առկայ տիպաբանութեանց, որոնք հետզհետէ աւելի ու աւելի կը բարդանային գործառոյթի առումով։ Պալեաններու ճարտարապետութիւնը յատկանշող այլ տարրեր են միջգիտակարգային (միջմասնագիտական) գործակցութիւնը, նոր շինանիւթերու գործածութիւնը եւ շինարարական բարդ վայրերու կազմակերպումը, ներառեալ կառուցողական նորարար հմտութիւնները եւ գործելաձեւերը, մօտէն հետեւելով ժամանակակից ճարտարարուեստական յեղափոխութեան արհեստագիտական զարգացումներուն»(էջ 19)։
Պալեանները, ժամանակի նոր պարոքեան զարդապաշտական մօտեցումներուն հաւատարիմ մնալով հանդերձ, «յուշարձանային դասականութիւնը,– կ’ըսէ ան,–հարստացուցին աւանդական ցայտուն տարրերով՝ պատմական բազմընտրականութեան մը մէջ, որ պիտի առաջնորդէր ճարտարապետական շարժումի մը, որ պիտի ճանչցուէր իբրեւ օսմանեան վերածնունդ» (էջ 20)։
Հակառակ տարբեր ծրագրերու իրականացման՝ յղացքային տարբեր մօտեցումներով, տարբեր ոճերով, հեղինակը կ’աւելցնէ, թէ անոնք ճանաչելի են շնորհիւ «մեր այն հոգեբանական ընկալումին, որով կը տեսնենք անոնց միջեւ որոշ կապ մը»։ «Այդ՝ տարածութեան ոգին է՝ իբրեւ վերացական ընկալում մը։ Այդ՝ վեհութիւնն ու մեծութիւնն է, որ կը ներկայացնէ երեք ցամաքամասերու վրայ տարածուած հսկայ կայսրութիւն մը, որ կը պատշաճի օսմանեան սուլթանին՝ իբրեւ արուեստի բացառիկ հովանաւորի մը»(էջ 20)։
Հեղինակը վկայութեան կը կանչէ Ալիսըն Վարթոն (Տիւրգարեան), որ կը նշէ, թէ մէկ կողմէ թուրքերը փորձած են նսեմացնել Պալեաններու դերը, նոյնիսկ վարկաբեկել զանոնք, միւս կողմէ հայերը զիրենք հանճարներ նկատած են, երբեմն` ի հեճուկս այլ հայ ճարտարապետներու։
Հեղինակը կը գրէ, որ Պալեաններու նկատմամբ վերջերս պետական որոշակի դրական կեցուածք սկսած է ձեւ առնել շնորհիւ հայ գաղութի ջանքերուն։ Նաեւ նկատի առնելու ենք, որ ճարտարապետական բազմընտրական ոճին նկատմամբ միջազգային բացասական տրամադրութիւններն ալ դեր ունեցած են հակապալեանական կեցուածքներու յառաջացման մէջ։ Բարեբախտաբար, այդ եւս սկսած է փոխուիլ։
Ըստ Ուրասի`«ԺԹ դարու օսմանեան ճարտարապետութիւնը, որուն մէջ Պալեան ընտանիքը, կըգրաւէ կեդրոնական տեղ մը, արժանի է գիտական ու քննական գնահատման մը՝ այդ նախապաշարումներէն անդին։
Օսմանեան հարստութեան հովանաւորութիւնը, կայսերական ինքնութենական քաղաքականութիւնները եւ բազմալեզու ու բազմամշակոյթ կայսրութեան մը ազգային ինքնութեան որոնում մը արժէքաւոր կը դարձնեն Պալեաններու բազմընտրականութիւնը։ Յօրինման լայն ազատութիւնը եւ ոճական փոխներգործութիւնները, որոնք ի յայտ եկան ընտանեկան արխիւներէն, պէտք է նկատուին իբրեւ ճարտարապետական ինքնատիպ, խառնածին եւ բարձրորակ մօտեցում։ Ասիկա մօտեցում մըն է, որ կ’օգտուի կայսրութեան մտաւորական դաշտի ժամանակակից գաղափարներէն՝ փոխանակ ստեղծելու անարժէք կրկնութիւններ արեւմտեան կաղապարներու, որ կը ձգտի արդիական ըլլալու թէ՛ մտաւորական եւ թէ՛ արհեստագիտական առումներով եւ որ կը փորձէ յառաջդիմութեան հասնիլ՝ հիմնուելով արտադրական տեղական նախատիպերուն վրայ» (էջ 25-26)։
Այս հատորը բծախնդիր մանրամասնութեամբ կու տայ Պալեան գերդաստանի պատմութիւնը` սկսելով անոր հաւանական նախահայրէն՝ Մերեմեթճի Պալի Խալֆայէն, որ վարպետ նորոգողի համբաւ ունէր(ուրկէ ալ` իրեն տրուած այդ անունը), որ գաւառէն (Մարաշի եւ Քոզանի միջեւ գտնուած Պելէն գիւղէն կամ, երկրորդ աղբիւրի մը համաձայն, Բաբերդի Լուսոնք գիւղէն, վերջապէս ըստ երրորդ աղբիւրի մը՝ Կեսարիոյ Տերեւանք գիւղէն) փոխադրուած է Կ. Պոլիս։ Ան մահացած է 1803ին։ Անոր շառաւիղները ճանչցուած են Պալի-եան, ապա` Պալեան (Պալիի զաւակներ) մականունով։ Ճարտարապետ եղած են անոնցմէ երկուքը` Սենեքերիմը (1768-1853) եւ Գրիգորը (1764-1831)՝ կայսերական ճարտարապետը, որ ճանչցուած է նաեւ իբրեւ Գրիգոր ամիրա։ Վերջին ամիրաներէն եղած է անոր զաւակը՝ Կարապետ ճարտարապետը (1800-1866)։ Այս վերջինին չորս զաւակները, որոնք նոյնպէս նոյն ասպարէզը ընդգրկած են, եղած են Նիկողոսը (1826-1858), Սարգիսը (1831-1899), Յակոբը (1838-1875) եւ Սիմոնը (1846-1894)։ Սարգիսը, բացի ճարտարապետ ու տաղանդաւոր գեղանկարիչ ըլլալէ, նաեւ գիւտարար մըն էր, որ հիմնաւորապէս պիտի զարգացնէր շինարարութեան մեքենական սարքերն ու միջոցները։ Այս գերդաստանի վերջին ճարտարապետ շառաւիղը պիտի ըլլայ Նիկողոսի զաւակը՝ Լեւոնը (1855-1925), որ «ժամանակի պայմաններուն ու անձնական դժուարութիւններու»(էջ 93) պատճառաւ Փարիզ փոխադրուած է ու հոն ալ մահացած։ Կ’ենթադրեմ` 1915ին կ’ակնարկուի…
Բայց Պալեան անունը` իբրեւ ճարտարապետներու գերդաստանի անուն, ժամանակ մը եւս շարունակուած է շնորհիւ Պալի Պալեանի (1835-1911), որ բացառիկ արուեստագէտ էր ու անմիջական գործակիցը Պալեաններուն եւ իբրեւ պատուոյ կոչում ստացած է ու պահած է Պալեան մականունը։ Իր զաւակը՝ Կարօն (1878-1960), ճարտարապետ է եղած, 1896ին (այդ ալ ուրիշ դժխեմ ժամանակի մը մէջ) փոխադրուած է Պուլկարիա, ապա` Գահիրէ։ Այնտեղ ինքն ալ, համբաւ վաստկած, յօրինած է խտիւներու պալատները կամ շէնքերը։ Անոր զաւակը՝ Հրազդան Պալեանը եւս ճարտարապետ էր։ Այս տողերը գրողը զինք ճանչնալու բախտը ունեցած է…
Պալեանները կը յատկանշուին իբրեւ հաւաքական ուժ գործած գերդաստան։ Անոնք ունեցած են ընտանեկան համագործակցութիւն եւ յաջողած իրենց տարբեր անդամներու տաղանդն ու ձիրքը ի մի բերել եւ աւելի արդիւնաւէտ ասպարէզ մը ունենալ։ Արդէն անոնց աւարտն ալ մասամբ հետեւանք է այդ երկարամեայ ներգործակցութեան տկարացման։
Կ’աւելցուի նաեւ, որ ամիրաներու եւ Պալեա՛ն ամիրաներու օրով է, յատկապէս 1820էն 1840, որ կարելի է եղած շրջանցել մինչ այդ գործող կայսերական-պետական արգելքները եւ նորոգել հայկական եկեղեցիներն ու հաստատութիւնները եւ կերտել նորերը։ Սա արդէն Պալեաններու այլ ներդրում է, յատկապէս հայկական տեսանկիւնէ։
Յաջորդ երկու՝ «Պալեաններու ճարտարապետութիւնը եւ անոր ներկայացումները» եւ «Պալեաններու ճարտարապետութիւնը Թանզիմաթի դարաշրջանին» գլուխներուն մէջ Ուրաս կը կատարէ զանազան վերլուծումներ` պատմական ակնարկներով՝ ճարտարապետութեան միջազգային զարգացումներու լուսարձակին տակ։
Դժբախտաբար, Պալեանները իրենց ճարտարապետական յղացքներուն եւ մօտեցումներուն մասին որեւէ գրաւոր վաւերաթուղթ չեն ձգած, կամ նման վաւերաթուղթեր չեն գտնուած, սակայն անոնց պատմութիւնը արձանագրուած է իրենց կերտած յուշարձաններուն եւ գծագրութիւններուն միջոցաւ։
Գրքին գլխաւոր բաժինը «Պալեան արխիւի ցուցակը» գլուխն է` շուրջ 200 էջ, եւ աւելի քան 200, եթէ նկատի առնենք, որ բազմաթիւ էջեր ունին կրկնակի չափեր, ներծալեն`բացուելով ու ցուցադրելով մեծ գծագրութիւններ՝ երբեմն մինչեւ չորս էջերու լայնքին։ Այդ գծագրութիւնները յատակագիծեր են, ճակատներ(«ֆասատ»), ինչպէս նաեւ մէկական արուեստի գործ հանդիսացող ներսոյթներ (ներքնամասեր), որոնք կը պարզեն Պալեաններու` շէնքերու տեղադրման, յօրինումի եւ զարդարման անզուգական տաղանդը։ Այստեղ է, որ կ’ըմբոշխնենք Չըրաղան պալատի, Եըլտըզի տաղաւարի, Ազիզիէի մզկիթի, Սարայպուռնու պահեստարաններու, Մաչքա զինարանի կամ տաղաւարներու եւ այլ շէնքերու մանրակրկիտ գծագրութիւնները, ինչպէս նաեւ նախորդ գլուխներուն մէջ զետեղուած լուսանկարները` Տոլմապահչէ պալատի կամ ուրիշ շէնքերու։ Կը հանդիպինք նաեւ այդ շէնքերուն մէջ զետեղուած կահաւորման կամ ջահերու եւ այլ օժանդակ իրերու` ընդհանրապէս այլոց կողմէ ստեղծուած, որոնք վարպետօրէն համարկուած են Պալեաններու ճարտարապետութեան մէջ։ Նաեւ իրապէս տպաւորիչ է Պէշիկթաշի սիւնազարդ ու կամարազարդ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ խորանին լուսանկարը` 1860ի շուրջ առնուած։ Չկառուցուած Ազիզիէի մզկիթը, որուն ճակատը կ’երեւի նաեւ կողքի թուղթէ կիսաշապիկին վրայ, ըստ հեղինակին ինծի ուղղուած մէկ նամակին, իր ծրագրուած չորս մինարէթներով պիտի դառնար օսմանեան եւ իսլամական ճարտարապետութեան գլուխգործոցներէն մէկը։ Եթէ Պալեաններու բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ, ներառեալ հայկական եկեղեցիները, չեն երեւիր այս հատորին մէջ, պատճառն այն է, որ բացայայտուած արխիւին մէջ անոնք բացակայ են(4)։
Մատենագիտութեան ընդարձակ գլուխով մը` 7 էջ, ապա անձնանուններու, տեղանուններու եւ շէնքերու նոյնպէս ընդարձակ ցուցակով մը կ’ամբողջանայ այս մեծարժէք հրատարակութեան բովանդակութիւնը։
Օսմանեան կայսրութեան զարգացման մէջ հայ մարդուն, հայ քաղաքացիին ունեցած մեծ ներդրումին վկայութիւնը կը հանդիսանայ այս գործը ու նպաստ մը կը բերէ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու փոխադարձ ճանաչման ու մերձեցման տեսանկիւնէն։ Նախաձեռնողներն ու հեղինակը իրենց պարտքը կատարած են այս ուղղութեամբ։ Կը մնայ, որ հակառակ կողմն ալ գիտակցի ատոր ու ի՛նք ալ դրական քայլեր առնէ նոյն ուղղութեամբ։
Վարձքը կատար այս գիրքը ստեղծողներուն։ Կը յուսանք, որ մշակոյթի ու պատմութեան սիրահարներ կարենան գնահատել կատարուած աշխատանքը եւ ոչ միայն անկէ օրինակ մը ունենան իրենց գրադարանին մէջ, այլեւ նախանձախնդիր ըլլան զայն տարածելու՝ նուիրելով հայ թէ օտար վարժարաններու, գրադարաններու եւ կեդրոններու` այդպիսով նպաստելով մեր ազգի առաւել ճանաչման(5)։
_____________________________________________
Աղբիւրներ եւ բացատրութիւններ
1. «THE BALYANS – Ottoman Architecture and Balyan Archive» («Պալեանները – Օսմանեան ճարտարապետութիւնը եւ Պալեան արխիւը»), հեղինակը՝ Պիւքէ Ուրաս, անգլերէնի թարգմանիչը՝ Թուղչէ Սելին Թաղմաթ, հրատարակիչը՝ Քորփուս Քիւլթիւր վէ Սանաթ, խմբագիրը՝ Միւկէ Ճենկիզգան, գեղարկիչը՝ Ուլաշ Ուղուր, տպարանը՝ A4 Ofset Իսթանպուլ, փետրուար 2021։ Առաջին տպագրութիւն՝ 600 տպաքանակով (թրքերէնը՝ նոյնպէս)։ 352 մեծադիր էջեր՝ 26 սմ x 31 սմ, բազմաթիւ ներծալ էջերով, գունաւոր։
2. Այս տողերը գրողը՝ Վրէժ-Արմէն Արթինեան, ճարտարապետ է` վկայեալ Գահիրէի համալսարանէն եւ Մոնթրէալի ՄգԿիլ համալսարանէն (մագիստրոս, 1969)։ Այդ ասպարէզին կը ծառայէ մինչ օրս` նոյն ատեն մամուլի եւ այլ գործունէութեանց ճամբով իր մասնակցութիւնը բերելով հայ կեանքին։
3. Աշոտ Հայկազուն Գրիգորեան, Հայոց ազգին պարտէզի գանձերը. Պալեաններ, Երեւան, «Զանգակ» հրատարակչութիւն, 2017, 544 էջ եւ ներծալ էջեր։ Կը ներառէ ռուսերէն, անգլերէն ու ֆրանսերէն ամփոփումներ։
4. Այս առնչութեամբ դոկտ. Աշոտ Գրիգորեանէ ստացայ հետեւեալ բացատրութիւնը. «Պալեանների արխիւում հայկական եկեղեցիների գծագրեր եւ լուսանկարներ չկային: Կարծում եմ` պատճառն այն էր, որ Լեւոն Կիւրեղեանը, որին պարտական ենք արխիւի այդ մասունքները փրկելու եւ պահելու ազնիւ արարքով, Պոլիս է եկել այն ժամանակ, երբ Պալեաններից վերջինը՝ Սարգիսը, արդէն մահացած էր, իսկ Պալեանների արուեստանոցը` քայքայուած, լքուած եւ թալանուած: Փրկել է այն, ինչը կարողացել է: Տարիներ առաջ Բարս Թուխլաջին (Բարսեղ Թուղլաճեանը) հրատարակեց Ստամբուլի հայկական եկեղեցիներին նուիրուած իր հետազօտութիւնը («Պալեան ընտանիքի դերը օսմանեան ճարտարապետութեան մէջ»), որում որոշ եկեղեցիների յատակագծեր կային նոր չափագրութիւններով: Այդ եկեղեցիների յատակագծային լուծումները անշուշտ տարբերւում են հայկական աւանդական պաշտամունքային կառոյցների յատակագծերից այն պարզ պատճառով, որ Օսմանեան կայսրութիւնը արգելում էր գմբեթների կառուցումը (թերեւս միակ բացառութիւնը Զոպեանի կառուցածն է): Միւս կողմից` ինչ նախագծել եւ կառուցել են Պալեանները, խնդրին մօտեցել են ռացիոնալ ճանապարհով. օգտագործել են ձեռքի տակ եղած շինանիւթերը, վարպետներին, աշխատուժը եւ այլն: Նրանց հիմնական առաքելութիւնը Պոլսոյ հայ համայնքին օգտակար լինելն է եղել: Պալեանների արխիւում կան մի շարք մզկիթների նախագծեր: Դրանցում հետաքրքիրն այն է, որ յատակագծային լուծումներում յստակօրէն օգտագործել են հայկական աւանդական ճարտարապետութեան մէջ 4էն 7րդ դարերում արդէն լայն կիրառութիւն գտած չորս յենարանների (սիւն, մոյթ եւայլն) վրայ վեր խոյացող գմբեթի յօրինուածքային լուծումները, որոնց, անշուշտ, լաւ տիրապետել էին նաեւ Պալեաններից առաջ Ստամբուլում գործած Տրդատը, Սինանը եւ այլք»:
5. Այս հատորը կարելի է ապսպրել` դիմելով www.thebalyans.com կայքէջին։
Վրէժ-Արմէն