Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Մայիս 9-ի եռատօնը իմաստազրկուած է: Այս հարցումը բնական կարգով կ՛ուրուագծուի բոլորիս մտապատկերին մէջ, երբ այս տարի կ՛անդրադառնանք, որ ազատագրուած Շուշին վերագրաւուած է: Տօնին երկրորդ բաղադրիչը Արցախի պաշտպանութեան բանակին հիմնումն է, իսկ երրորդը` Հայրենական պատերազմին յաղթական աւարտը:
Ցաւալի է, որ այսօր Արցախի զինեալ ուժերու կարգավիճակը խնդրոյ առարկայ է: Փոխուած են նաեւ այն սահմանները, որոնց վրայ կը հսկէին հայկական ուժերը: Յաղթանակի բաժինը այս օրուան առումով կը վերաբերի միայն Հայրենական պատերազմին մասնակցած վերապրող հայերուն:
Եռատօնի խորհուրդը ձեւախեղուած է: Խորհուրդի վերարծարծումը, յատկապէս նոր առաջադրանքներու վերաբանաձեւման առումով, հրամայական է: Այլապէս Մայիս 28-ը պիտի չպահպանէր իր մեծագոյն խորհուրդը, եթէ հայրենիքի խորհրդայնացումով իմաստազրկուած նկատէինք անկախութիւն եւ հանրապետութիւն կերտելու գաղափարը:
Յուսաբեկում յառաջացուցած էր հայրենիքի սահմաններու փոփոխութիւնը, անկախութեան կորուստը, իշխանութեան յանձնումը խորհրդային վարչակարգին: Կար սակայն հայրենիքը վերանկախացնելու հետեւողական պայքարը, աշխատանքը, սերունդներուն մօտ վառ պահելու գերիշխանութեան եւ ազատագրման նպատակները:
Արցախ աշխարհը այսօր ո՛չ միայն կորսնցուցած է ռազմավարական եւ անվտանգային նշանակութիւն ունեցող իր պատմական շրջանները, այլ նաեւ ԼՂԻՄ-եան տարածքները: Իր անվտանգութեան երաշխաւորութիւնը ստանձնած են Ռուսիոյ դաշնութեան խաղաղապահ զօրքերը:
Մայիս 9-ը կը յուշէ ներկայ իրավիճակէն մեկնած առաջադրել հայկական կողմի հետագայ աշխատանքներուն նպատակը:
Եթէ կ՛ընդունինք, որ 9 նոյեմբերի յայտարարութիւնը հրադադարի համաձայնութիւն է եւ ոչ թէ տագնապի լուծում, ապա այդ մէկը կը նշանակէ, որ բանակցութիւնները վերսկսելու օրակարգ ունինք մեր առջեւ: Պահն է, որ հայկական կողմը պահանջէ Ստեփանակերտի վերադարձը բանակցային սեղան: Հայաստանի Հանրապետութիւնը մինչ այժմ կը մասնակցէր բանակցութիւններուն իբրեւ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւոր: 44-օրեայ պատերազմն ու յետպատերազմեան դասաւորումները կը համոզեն, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կորսնցուցած է անվտանգութեան երաշխաւոր ըլլալու իր իրաւակարգը: Պահն է իրականացնելու Ստեփանակերտի բանակցային կողմ ըլլալու հանգամանքի ապահովումը: Վերականգնելու իբրեւ պետական անկախ միաւոր բանակցելու իր իրաւունքը իբրեւ հակամարտութեան կողմ:
Բանակցող Ստեփանակերտը կը մշակէ բանակցային նոր ռազմավարութիւն, հիմնուած` հետեւեալ կէտերուն վրայ.
– Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնում,
– Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչում,
– Արցախի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման-սահմանագծման իրականացում` առաջադրանք ունենալով հիւսիսային Արցախի վերակցում` Արցախի Հանրապետութեան:
Աշխարհաքաղաքական առումով կը նկատուին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի վերականգնման միտումներ: Այս կը նշանակէ վերադառնալ Հելսինքեան եզրափակիչ աքթի հիմնարար սկզբունքներուն`
– Տարածքային ամբողջականութիւն
– Ազգերու ինքնորոշման իրաւունք
– Ուժի կիրարկման բացառում
– Կողմերու իրաւահաւասարութիւն
Այս սկզբունքներէն կիրարկելի մնացած է ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը: Արդէն ինքնորոշուած Արցախը ունի իրաւական տուեալները վերադառնալու բանակցութիւններուն` իբրեւ բանակցող կողմ, եւ իրականացնելու իր տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումն ու իր հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչումը:
aztagdaily.com