Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Յ. Պ.
Մոռնանք պահ մը հայկական լրատուամիջոցներու հաղորդածները:
Մեր ընկալուչը դարձնենք դէպի օտար մամուլը, ան պարտուածի ցաւին վրայ քացախ կը թափէ:
Օտարները Վարդանանց պատերազմ չեն ունեցած եւ չեն գիտեր, թէ ի՞նչ է բարոյական յաղթանակը:
Առանց հասցէներ ճշդելու, լսել օտարներու դատումները ազերի-թուրք միացեալ ուժերու Հայաստան-Արցախի դէմ նախայարձակման եւ անոր արդիւնքի մասին:
«Բացորոշ կերպով մեծ վնասողը Հայաստանն է: Ան պէտք է վերադարձնէ այն տարածքները զորս գրաւած էր Ատրպէյճանէն: Մանաւանդ կը կորսնցնէ զինուորական ամէն հակակշիռ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ, զոր այլեւս զիջած է իր ռուս դաշնակիցին, եւ իրմէ անջատուած է Շուշին: Ինք, Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը, պարտի դիմագրաւել ժողովուրդի քէնը ինչ կը վերաբերի զինադադարի պայմաններուն: Ան կը վճարէ այս հակամարտութեան պատրատուած չըլլալու գինը, հակառակ անոր որ կային նախանշանները եւ հակամարտութեան մասին իր խաբէական վարումը հայերու հանդէպ, որոնք կանչուած էին ճակատ մեկնելու երբ արդէն կացութիւնը աղիտալի կ’ըլլար»:
Եթէ այս խօսքը փոխադրենք Հայաստան, բաղդատենք ցուցարարներու կարգախօսներուն եւ մամուլի մէջ երեւցող քննադատութիւններուն, կը տեսնենք նոյնութիւնները: Ըսուած է անհրաժեշտը: Հայաստանի իշխանութիւնները տեղեակ կ’ըլլա՞ն օտար մամուլի արտայայտութիւններէն: Կ’ենթադրեմ, որ դեսպանատուները կը հաղորդեն հարկ եղածը: Ինչպէ՞ս կը հակազդեն, կը պաշտպանուի՞ն, այլ հարց է:
«Այս տխուր գործողութեան յաղթականները յայտնապէս Թուրքիան եւ Ռուսիան են, որոնք կը թուի թէ կը հաստատուին որպէս շրջանային տիրակալներ, շնորհիւ իրենց զինուորական ուժին: Զինուորական սարքերը, մասնաւորաբար անօդաչու, Թուրքիոյ կողմէ տրուած Ատրպէյճանի, նպաստեցին վերջինի ուժերու գերակայութեան, առանց հաշուելու սուրիացի վարձկանները, զորս Թուրքիան հոն բերաւ:»
Այսինքն, Մ.Ա.Կ.-ի, Ամերիկայի եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքի աչքին առջեւ, Թուրքիա-Ատրպէյճան միացեալ ուժերը նախայարձակում գործեցին Հայաստան-Արցախի դէմ, ինչ որ չէր կրնար տեղի ունենալ առանց Ռուսիոյ բացայայտ կամ լուռ մեղսակցութեան: Հայկական ճակատը, այդ պայմաններուն մէջ, առանձին չէր կրնար դիմադրել, եւ աղիտալի արդիւնքը անխուսափելի էր:
«Ինչ կը վերաբերի Վլատիմիր Փութինի, ան ամրացուց իր տիրապետութիւնը միաժամանակ երկու հակամարտող երկիրներուն վրայ, եւ Ուքրայինա ներխուժելէ վեց տարի ետք, իր զիուորական ներկայութիւնը տարածեց յետ-խորհրդային տարածքի վրայ, ինչ որ իր տնտեսութեան համար կ’ենթադրէ ծախսեր: Եւ Հայաստանի՝ որ յաւակնած էր իր ժողովրդավարական յեղափոխութիւնը ընել, ցոյց տուաւ, որ կը մնայ Մոսկուայի ճորտը»:
Վլատիմիր Փութին հետամուտ է Ռուսիոյ աւանդական կայսերական գօտին պաշտպանելու, վերականգնելու, արեւմտեաններու իրաւ-կեղծ սպառնալիքներուն դէմ, զորս կը մարմնաւորէ Ատլանտեան Ուխտը (ՆԱԹՕ): Այս քաղաքականութեան հետեւանք էին ռուսական միջամտութիւնը Վրաստան, Օսէթիոյ եւ Աբղազիոյ անջատումը, Խրիմի կցումը Ռուսիոյ եւ Ուքրայինայի Տոմպաս շրջանի անջատողական կռիւները: Այսինքն, ռուսական ապահովական քաղաքականութիւնը, ցարական եւ խորհրդային օրերուն թէ ներկայիս, կը պահէ նոյն տրամաբանութիւնը: Կ’ըսուի նաեւ, որ այս պատերազմի հետեւանքով՝
«Կայ ուրիշ կորսնցնող մը. եւրոպական դիւանագիտութիւնը: Այս պատերազմը կ’ամրագրէ ձախողութիւնը Եւրոպայի ապահովութեան եւ համագործակցութեան Մինսքի խումբի, որ որպէս համանախագահներ ունի Ռուսիան, Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան»:
Կը վերաշխուժանա՞յ Մինսքի խումբը, ի՞նչ պայմաններով, երբ Ռուսիան, փաստօրէն գործեց առանձին եւ միւս համանախագահները լուռ մնացին, ինչ որ խոստովանութիւնն է տատանումներու եւ անզօրութեան, երբ իրենց իրաւ-կեղծ դաշնակից Թուրքիան իրենք պարտէին կարգի հրաւիրել: Արդիւնքը եղաւ այն, որ մէկ կողմէ Ռուսիան յստակ կերպով ճշդեց, որ իր կայսերական ապահովական գօտիին տէրը ինք է, միւս կողմէ Թուրքիան ինքզինք ազատ զգաց իր սկսած եւ շարունակուող նկրտումներուն համար՝ Արեւելեան Միջերկրական, Սուրիա, Լիպիա, եւ դեռ վաղը…
«Ստիպողականութիւնը միայն Լեռնային Ղարաբաղը չէ: Եթէ Եւրոպան պարտի հետաքրքրուիլ Արեւելքի իրադարձութիւններով, այդ ոչ թէ հայերուն համար է, այլ ինքն իրեն: Արդ, անգիտանալ ձեւանալով բարբարոս վտանգը, Արեւմուտքը կը մերժէ ընդունիլ, որ քաղաքակրթական հակամարտութիւն մը կ’ընթանայ իր աչքին առջեւ: Այս քաղաքակրթական տրամաբանութիւնը եւ այս նոր «հայկական հարցը» հասկնալու համար, հարկ է ըմբռնել հայկական իքնութեան էութիւնն իսկ. աշխարհի առաջին քրիստոնեայ երկիրը, աշխարհագրականօրէն մեկուսացուած լեռնային Կովկասի մէջ եւ շրջապատուած անբարեացակամ դրացիներով, ան կը ներկայացնէ աշխարհագրական արգելք մը համաթրքական փառասիրութիւններու դէմ: Բայց ե՞րբ եւ ո՞ւր կանգ պիտի առնէ այդ փառասիրութիւնը: Միթէ՞ հարկ է սպասել, որ Մամլուքները գան եւ վերստին վրան զարնեն Վիեննայի առջեւ»: …«Այս կացութեան մէջ, Արցախն է որ կը կանգնի որպէս վերջին եւ փխրուն պատնէշ իր ինքնութեան, ժառանգութեան եւ հաւատքի ոչնչացման դէմ,- ինչպէս կը գրէ Սիլվէն Թեսոն: Եւ ի՞նչ կայ աւելի էական քան այս քաղաքակրթութեան բեկորը, որ չ’ուզեր մեռնիլ»:
Օտար մամուլի ընթերցողը կ’եզրակացնէ, որ քաղաքակրթութիւններու պատերազմի սկիզբն է, եւ Արցախը բախումներու առաջին գիծն է: Միաժամանակ կը խօսուի համաթրքական փառասիրութիւններու մասին: Կը նշանակէ, որ պատահածը, եւ ծրագրուածը գաղտնիք չեն: Վտանգը այսօր հեռու կը թուի սպառողական ընկերութեան երջանկութեան մէջ եղողներուն: Բայց հիմա հեռուն եւ մօտը անցեալի իմաստը չունին: Քամչաթքայի բռնկումը կրնայ հասնիլ մինչեւ Ուշուայա, Սկովտիա, Կալկաթա: Հասկցած են, որ այդպէս պէտք է դիտել Արցախի դէմ շղթայազերուած անհաւասար պատերազմը: Այսպէս պէտք է հասկնան Մոսկուան, Լոնտոնը, Փարիզը, Գահիրէն, Ուաշինկթընը, Փեքինը, Վիէթնամը: Հասկնան եւ ընդունին անհանգիստ ըլլալ, գալիք մեծ աղէտէն խուսափելու համար:
Միջազգային մամուլը չի հպատակիր հայոց հայրենասիրական զգացումներուն: Առանց աւելորդաբանութեան անոնք կը տեսնեն եւ կը դատեն:
«Երբ քառասուն-չորս օր տեւած պատերազմի օրերուն, ռազմական գործողութիւններու իրականութեան մասին սուտ կը խօսուի սեփական ժողովուրդին, յաճախ արդիւնքը կ’ըլլայ՝ անհասկացողութիւն եւ զայրոյթ, որոնցմով կը բռնուի Երեւանը, երեքշաբթի 9-էն 10 նոյեմբերի գիշերը, քիչ ժամամակ ետք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ամբողջական հրադադարի համաձայնութեան մը յայտարարութենէն ետք, կնքուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, Մոսկուայի հովանիին տակ: Ամէն օր, տեւաբար հրապարակելով յաղթանակի հաղորդագրութիւններ, չպատրաստելով երկիրը ոչ զինուորական ձախողութեան մը ոչ ալ քաղաքական համաձայնութեան մը հեռանկարին, հայկական կառավարութիւնը կորսնցուց իր վստահելիութեան վարկը»:
Մեր լրատուամիջոցներու եւ իրաւասու անձերու բուռն արայայտութիւներէն աւելի պարզ եւ յստակ կը խօսին օտար դէտերը, որոնք յաճախ ներկայ եղան դէպքերու ընթացքին: Իշխանութիւնները ինչո՞ւ իրականութիւնները թաքցուցած են ժողովուրդէն, ի՞նչ նպատակով: Եթէ այս հարցման պատասխան տրուի, ներազգային քաղաքական հորիզոնը կը պայծառանայ, իշխանութեան կողմնակիցներ եւ ընդդիմադիրներ կը հասկնան, թէ ի՞նչը ինչո՞ց է: 9-էն 10 նոյեմբերի գիշերուան բռնկումները լուսաբանութեան պակասի յառաջացուցած անհասկացողութեան արդիւնք են: Ինչպէ՞ս դատել. ո՞վ է վնասակար կացութեան իրաւ պատասխանատուն: Օտար մամուլի վճիռը պարզ է. «տեւաբար հրապարակելով յաղթանակի հաղորդագրութիւններ, չպատրաստելով երկիրը ոչ զինուորական ձախողութեան մը ոչ ալ քաղաքական համաձայնութեան մը հեռանկարին, հայկական կառավարութիւնը կորսնցուց իր վստահելիութեան վարկը»:
Միջազգային համայնքը Հայկական Հարցի ներկայ հանգրուանի մասին կարծիք պիտի կազմէ, ոչ թէ մեր հաղորդածներով (թերթ, հեռատեսիլ), այլ ի՛ր լրատուամիջոցներէն լսածով: Եթէ մենք ալ հետեւինք անոնց ըսածին եւ գրածին, մեր վերաբերումները իրարու նկատմամբ տարբեր կ’ըլլան, անբաղձալի կացութիւնը թերեւս աւելի ճիշդ կը տեսնենք եւ աւելի ճիշդ կը կողմնորոշուինք:
Պարզ. ճիշդ լուսաբանել եւ ճիշդ լուսաբանուիլ, որպէսզի ճիշդ ընթացք ճշդենք, այսօր եւ վաղը:
hairenikweekly.com