Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ ասորական, յունական, իսրայէլեան, պոնտական, կիպրական, հրէական, ինչպէս նաեւ կրօնական ու քաղաքացիական իրաւանց պաշտպան այլ կազմակերպութիւններ խստօրէն դատապարտեցին Հայաստանի վրայ ատրպէյճանական նորագոյն յարձակումները, նոյն ժամանակ կոչ ընելով միջազգային համայնքին, որ զօրակցի Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդներուն եւ դատապարտէ Պաքուի մղած հայատեացութեան արշաւը։
«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեզի նեցուկ կանգնող կազմակերպութիւններուն, որոնք մեզի միանալով՝ միացեալ ճակատ մը կազմեցին Ատրպէյճանի նորագոյն բռնարարքներուն դէմ։ Պաքուի բռնապետական վարչակազմը պէտք է գիտակցի, որ ոչ մէկ հրահրում անպատասխան պիտի մնայ եւ թէ մենք միշտ մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին նեցուկ պիտի կանգնինք», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։
Ամբողջ միացեալ յայտարարութիւնը եւ կազմակերպութիւններու ցանկը կարելի է կարդալ կայքէջին վրայ։
asbarez.com