Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
12 սեպտեմբերի առաւօտուն մեզմէ անակնկալօրէն վաղաժամ բաժնուած ընկ. Վարանդ Փափազեանի մասին շատեր գրեցին, ցաւակցեցան ու մանաւանդ վկայեցին:
Ճեմարանը աւարտելէ ետք ազատ ասպարէզ որդեգրած Վարանդ Փափազեանը լիբանանեան պատերազմի ամենաթէժ շրջանին դարձաւ «Ազդակ»-ի տնօրէն, 1988-ին Ղարաբաղեան պահանջատիրական պայքարը, իր նկարագրին ու ազգային ազատագրական պայքարին մասին իր համոզումներուն պատշաճող ասպարէզ ստեղծեց: Վարանդը անտարբեր չէր կրնար մնալ ու ՀՅ Դաշնակցութեան «Դէպի Երկիր» կոչին առաջին արձագանգողներէն դարձաւ: Հայաստանի զանազան շրջաններուն, նոյնիսկ Ռուսիոյ մէջ դաշնակցական բջիջներու ստեղծումին կողքին, պէտք է առանձնացնել Արցախի դաշնակցական կառոյցին ստեղծումը, որուն գլխաւոր կազմակերպիչը հանդիսացաւ Վարանդ Փափազեանը:
Վարանդը ապա դարձաւ Արցախի նոր կազմաւորուող իշխանութեան խորհրդատուն: Իրեն վիճակուեցաւ Արթուր Մկրտչեանի, որուն հետ ընկերական ջերմ յարաբերութիւն ունէր, սպանութենէն ետք Դաշնակցութեան անունով դամբանական խօսք ըսելու պարտականութիւնը:
Շուշիի ազատագրութեան օրերուն Վարանդ Փափազեանը Արցախի մէջ է. որքան երջանկացած պէտք է եղած ըլլայ, երբ Արցախի ղեկավարութեան հետ ինքն ալ յաղթական մուտք գործեց ազատագրուած Շուշի:
Վարանդ Փափազեանին վիճակուեցաւ նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան 100-ամեակին Երեւանի մէջ տօնակատարութեան գլխաւոր բանախօսը ըլլալու պատիւը:
Երբ դէպքերու ժխտական դասաւորումը մեզմէ շատերը Հայաստանէն ու Արցախէն վերադարձուց Լիբանան, Վարանդ Փափազեան վերստանձնեց «Ազդակ»-ի տնօրէնի պաշտօնը, զոր վարեց մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը:
Ահա վաթսուն տարուան իբրեւ դաշնակցական գործունէութեան սեղմ կենսագրութիւնը: Քիչ անգամ Վարանդ Փափազեանը կուսակցական մարմիններու անդամակցած է եւ ուղեկից միութիւններու մէջ ալ ներկայութիւն չէ եղած: Սակայն վաթսուն տարի Վարանդ Փափազեանը մշտական ներկայութիւն է իբրեւ դասախօս, պատգամախօս, զեկուցող, հրապարակագիր ու ժողովական: Ու միշտ գործունեայ, յանձնառու ներկայութեամբ:
Անհանգիստ բնաւորութեան տէր դաշնակցական էր Վարանդ Փափազեանը: Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան` ազգայինի, ընկերվարականի, ժողովրդավարի ու յեղափոխականի անզիջում պահանջատիրութեամբ, Վարանդ Փափազեան անդադար որոնեց գաղափարական այդ դաւանանքը ժամանակի ու պայմաններուն պատշաճեցնելու յարմարագոյն ռազմավարութիւն մը:
Ու յաճախ, դժգոհ ըլլալով հանդերձ, աշխատանքի ոճին ու տարողութեան նկատմամբ անբաւարարութեան կեցուածք ունենալով հանդերձ, Վարանդ Փափազեան միշտ մնաց ասպարէզի վրայ, քննադատելով ու պահանջելով, բայց նաեւ գործելով:
Դաշնակցութեան բարոյական սկզբունքներուն հաւատարիմ (դաշնակցականը բարոյական նկարագրի տէր պէտք է ըլլայ), ընթացիկ երեւոյթները անդադար քննող, զննող, բաղդատող եւ մեկնաբանող, ինքնուրոյն ու անկախ վերլուծող ու համապատասխան եզրակացութիւններու յանգող Վարանդ Փափազեան իր կեցուածքները ընկերական հաւաքներու ու ժողովներու մէջ կիրքով պաշտպանեց, բայց երբեք այդ կեցուածքներուն հրապարակային արտայայտութիւն չտուաւ:
Դաշնակցական որոշումներու ենթարկուելու յանձնառութիւն մը, որ մերօրեայ կարգ մը դաշնակցականներ կը մոռնան, կը մոռնան, որ կարելի է տարբեր մտածել, բայց մնալ կարգապահ ու հաւատարիմ ո՛չ միայն Դաշնակցութեան ծրագրին ու կանոնագրին, այլ նաեւ ու մանաւանդ` գործելակերպին ու որոշումներուն:
Մարդկային բնութեան անյեղլի օրէնքով երբ հրաժեշտ կու տանք Վարանդ Փափազեանին, կ՛ուզենք հաւատալ, որ իր գաղափարական հաւատաւոր մարդու տիպարը կը շարունակէ ներգործել ու աւիշ դառնալ փոխարինողներու յայտնութեան:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
16 սեպտեմբեր 2020
aztagdaily.com