Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Սեւրի Դաշնագրի հարիւրամեակի առիթով Ազգային Ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան Օգոստոս 10 թուակիր դիմատետրային գրառումը, հետեւելով տասնամեակներէ ի վեր ի զուր կրկնուող պոլշեւիկեան քարոզչական ոճին ու բովանդակութեան, կը միտէր յերիւրածոյ վերագրումներով վարկաբեկել Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ղեկավարութեան (իմա՛ Հ. Յ. Դաշնակցութեան) աշխատանքն ու վարքագիծը։ Երկփող հրացանի հարուածով մը Պրն. Միրզոյեան կը փորձէր մէկ կողմէ աղաւաղել անկախ Հայաստանի եւ Խորհրդային Ռուսաստանի միջեւ ընթացող բանակցութիւնները եւ միւս կողմէ նսեմացնել Սեւրի Դաշնագրի իրաւական ու քաղաքական արժէքը։
Շաբաթ մը առաջ անդրադարձած էինք (տե՛ս «ԱԺ Նախագահ Արարատ Միրզոյեանի Պատմութիւնը» յօդուածը) հայ-խորհրդային բանակցութիւններու ներկայացման մէջ Պրն. Միրզոյեանի նենգափոխուած պատմութեան որ, կրկնելով պոլշեւիկեան հնամաշ յերիւրանքները, կը փորձեր հայկական հողատարածքներու կորուստի ամբողջ պատասխանատուութիւնը բեռցնել անկախ Հայաստանի ղեկավարութեան ուսերուն։
Հիմա վերադառնանք Պրն. Միրզոյեանի Սեւրի Դաշնագրի «պատմութեան»։ Սկսինք մէկ հարցումով՝ ուղղուած ԱԺ նախագահ եւ մասնագիտութեամբ պատմաբան Պրն. Միրզոյեանին.- «ՍԵՒՐԻ ՍԱՀՄԱՆԱԾ ՀՈՂԱՏԱՐԱԾՔՆԵՐԸ ՈՐՈ՞Ւ ԿԸ ՊԱՏԿԱՆԻՆ»։
Կարդալով ներկայ իշխանութեան ղեկին թառած քաղաքական ուժին թիւ 2 անձնաւորութեան մեկնաբանութիւնը, հարկադրաբար պէտք է յանգիլ այն եզրակացութեան, որ այդ հողատարածքներու պատկանելիութիւնը չեն հետաքրքրեր Պրն. Միրզոյեանին։ Ինչո՞ւ։ ԱԺ նախագահը զանոնք կը նկատէ կորսուած տարածքներ։
Հիմնաւորելու համար կորսուած հողատարածքներու իր պատմութեան «առարկայականութիւնը», Պրն. Միրզոյեան կը կատարէ հետեւեալ յանձնապաստան յայտարարութիւնը.- «Մեր պատմութեան մէջ դժուար է գտնել միամիտ երազկոտութեան կամ գուցէ աւելի ճիշդ՝ երազկոտ միամտութեան եւ չոր իրականութեան աւելի դաժան ու շառաչուն հակադրութիւն, քան այն, ինչ տեղի ունեցաւ ուղիղ 100 տարի առաջ այս օրը»:
Ուրեմն, 100 տարի աաջ անկախ Հայաստանի ղեկավարութեան «միամիտ երազկոտութիւնը կամ երազկոտ միամտութիւնը» հողային կորուստներ պատճառած է, ըստ պատմաբան Միրզոյեանին։ Պէտք է յիշեցնել պատմաբանին, թէ կար ժամանակ երբ երեսուն հազար քառակուսի քիլոմեթր ներկայ կոտորակուած Հայաստանը ունեցած է երեք հարիւր հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն։ Այլ երկիրներու նման, դարերու ընթացքին Հայաստան երբեմն ընդարձակած է իր հողատարածքը, իսկ յաճախ՝ հողեր կորսնցուցած։ 1918 Մայիսի 28-էն առաջ՝ վեց դարեր Հայաստան ճշդուած սահմաններ չէ ունեցած, պետութիւն իսկ չէ ունեցած։ Այս բոլորը հայ ղեկավարութեան միամտութեա՞ն կամ երազկոտութեա՞ն պէտք է վերագրել։ Աւելի ուժեղ ու աւելի զօրաւոր ուժերու յարձակումներուն դիմաց Հայաստանի ժողովուրդը կքած է, ինչպէս կքած են կամ ամբողջովին անէացած են այլ փոքր ժողովուրդներ։
Բայց ի տարբերութիւն այլ նման ժողովուրդներէ, հայը կրկին ոտքի կանգնեցաւ, կրկին սեփական հայրենիքի սահմաններ գծեց, կրկին իր սեփական պետութիւնը վերականգնեց՝ 1918 Մայիսի 28-ին։ Անկախ Հայաստանի ղեկավարները իրենց «միամիտ երազկոտութեամբ կամ երազկոտ միամտութեամբ» երկրի սահմանները տասը հազարէն ընդարձակեցին վաթսուն հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութեան։ Անոնք կերտեցին հայրենիք մը՝ հոգ չէ թէ կոտորակուած, որուն պատուանդանին վրայ կանգնած է Պրն. Միրզոյեանի ու իր թիմակիցներու այսօրուան իշխանութիւնը։
Այդ նոյն ղեկավարները ռազմական, քաղաքական ու դիւանագիտական բոլոր միջոցներու դիմեցին, որպէսզի Սեւրի Դաշնագրով հայրենիքի վաթսուն հազարնոց տարածքը ընդարձակուի հարիւր վաթսուն հազար քառակուսի քիլոմեթր հայրենական տարածութեան։
Սակայն «իրապաշտ» Պրն. Միրզոյեան կը գրէ, Սեւրի Դաշնագիրը «մնաց թղթի վրայ եւ դարձաւ տարածաշրջանից հեռացող դաշնակիցների սիրոյ վերջին խոստովանութիւնը, որը ջերմացնում էր մեր հոգիները, երբ մերժում էինք թուրքերի հետ բանակցելու առաջարկը եւ դրանով իսկ՝ Կարսը, Սուրմալուն (Իգդիր) ու էլի ինչ-որ բան պահելու հնարաւորութիւնը։»
Սեւրի Դաշնագրի նկատմամբ Հայաստանի պետական մարդու կը կողմէ այսպիսի բացատրութիւն պարզապէս քաղաքական անհեթեթութիւն է, չըսելու համար աւելին։ Նախ, Սեւրի Դաշնագիրը սոսկական թուղթի կտոր մը չէ։ Հայաստանին վերաբերող անոր յօդուածները գործադրելի պարտամուրհակ մըն է, որուն տէրը կը հանդիսանայ Հայաստանի պետութիւնը։ Երկրորդ, Սեւրը միջազգային օրէնքով հիմնաւորուած իրաւական փաստաթուղթ է, որ կը սահմանէ հայութեան ու Հայաստանի հողային ու մարդկային կորուստի իրաւունքները։ Պրն. Միրզոյեանին պէտք է յիշեցնել, որ այսօրուան Հայաստանն ու ներկայ հայութիւնը շարունակուող իրաւազրկումի արդիւնք են։ Եթէ հայութեան կէսէն աւելին ցեղասպանութեան չենթարկուէր, այսօր համայն հայութեան համրանքը փոխանակ տասը միլիոնի պիտի ըլլար երեսուն միլիոն։ Եթէ Սեւրի Դաշնագիրը գործադրուէր, Հայաստանի այսօրուան հողատարածքը պիտի ըլլար առնուազն հարիւր յիսուն հազար քառակուսի քիլոմեթր։ Այնքան ատեն, որ Հայաստան պատանդ կը պահուի այս իրաւազրկումին, ան պիտի մնայ տնտեսապէս տկար ու քաղաքականօրէն խոցելի։ Հայաստանի կառավարութեան եւ առաջին հերթին Հայաստանի Ազգային Ժողովին պարտաւորութիւնն է իրաւազրկումի վերացման միտող օրէնքներ որդեգրել եւ գործնական քայլերու դիմել։
Փոխարէնը, Պրն. Միրզոյեան, պոլշեւիկեան ոճաբանութեամբ իր քաղաքական անհեթեթութեան վրայ կ՚աւելցնէ վիրաւորանք՝ պնդելով, թէ Սեւրին ապաւինելով մերժեցինք թուրքերու հետ բանակցելու առաջարկը եւ, առ ի հետեւանք, կորսնցուցինք նաեւ Կարսը, Սուրմալուն պահելու հնարաւորութիւնը։ Պատմական փաստերը կը հաստատեն, որ Թուրքիան եւ Խորհրդային Ռուսաստանը, միասնաբա՛ր, ի սկզբանէ դէմ էին Սեւրի Դաշնագրի պայմաններու գործադրութեան։ Դաշնակից ուժերու «սիրոյ վերջին խոստովանութիւն» չէր, որ ձախողցուց Սեւրը, այլ՝ թուրքօ-խորհրդային զինակցութիւնը, որուն մէջ նուազ չէր հայ պոլշեւիկներու դերակատարութիւնը։ Անկախ Հայաստանի վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի բառերով, Հայաստան մնացած էր թրքական մուրճի եւ ռուսական սալի միջեւ։ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական հին հաշիւներ կրկին գլուխ ցցած էին։ Այդ հաշիւները, ինչպէս անցեալին նաեւ այդ օրերուն, չէին հանդուրժեր անկախ ու հողատարածքով ընդարձակուած հզօրացող Հայաստան մը։ Ճիշդ հո՛ս պէտք է փնտռել Սեւրի Դաշնագրի ձախողութեան սկիզբը, որովհետեւ դաշնակից ուժերը տրամադիր չէին Հայաստանի իրաւունքները պաշտպանելու՝ ընդդէմ Թուրքիոյ եւ Խորհրդային Ռուսաստանի։
Հակառակ այս պատմական ճշմարտութիւններուն, պատմաբան Պրն. Միրզոյեան կ՛եզրակացնէ, «1920թ․ Դեկտեմբերի 2-ին Հայաստանի անունից ստորագրուեցին կրկին երկու փաստաթղթեր, որոնցից մէկով ամրագրուեց Հայաստանի խորհրդայնացումը, իսկ երկրորդը յիշատակելն անգամ անարժան է թւում», եւ աւելցնելով, «Սեւրի պայմանագիրը շարունակեց իր անհողեղէն ոդիսականը մինչեւ 1923թ․, երբ Լոզանում աշխարհն ըստ էութեան ճանաչուեց քեմալական Թուրքիայի իշխանութիւնը ոչ միայն Սեւրով հայերին խոստացուած տարածքների, այլեւ Կարսի, Արտահանի ու Սուրմալուի նկատմամբ։»
1920 Դեկտեմբեր 2-ին ստորագրուեցաւ միայն ՄԷԿ փաստաթուղթ, ուր մինակ մնացած անկախ Հայաստանի ղեկավարութիւնը, ի դիմաց Խորհրդային Ռուսաստանի դաւադրութիւններուն եւ սպառնացող թրքական վտանգին, պարտադրաբար ընդունեց երկրին խորհրդայնացումը։
Երկրորդ փաստաթուղթը, որուն «յիշատակելն անգամ անարժան է թւում» Պրն. Միրզոյեանին, Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրն է, որ ստորագրուեցաւ Դեկտեմբեր 3-ին։ Այս դաշնագիրը երեւութապէս դիւանագիտական պարտութիւն էր, սակայն Հայաստանի համար քաղաքական նուաճում մըն էր, որ իրագործուեցաւ անկախ Հայաստանի «միամիտ կամ երազկոտ» ղեկավարութեան կողմէ։ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը նախկին վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեանի գլխաւորութեամբ դիտմամբ երկարաձգեց բանակցութիւնները մինչեւ դեկտեմբեր 3-ի լուսցող ժամերը՝ դիտմամբ սպասելով Հայաստանի խորհրդայնացման։ Երբ ստորագրուեցաւ դաշնագիրը, գոյութենէ դադրած էր Հայաստանի Հանրապետութիւնը, քանի որ Դեկտեմբեր 2ի կէսօրէ ետք ժամը 5ին, Հայաստանի պետական լիազօրութիւնները ստանձնած էր պոլշեւիկեան Յեղկոմը։ Խատիսեան, Դրոյի հետ խորհրդակցաբար, դիտմամբ իրաւազրկեցին Ալեքսանդրապոլի Դաշնագիրը։
Գալով Սեւրի Դաշնագրի «անհողեղէն ոդիսականին», ի հեճուկս Պրն. Միրզոյեանի պատմական գիտելիքներուն, այդ ոդիսականը վերջ չգտաւ 1923 Յուլիս 24-ի Լօզանի Դաշնագրով։ Լօզանի Դաշնագիրը ոչ մէկ առնչութիւն ունի Սեւրի Դաշնագրին հետ։ Ասիկա Թուրքիոյ եւ դաշնակից ուժերու միջեւ կնքուած պայմանագիր մըն է, որ կը վերաբերի Յունաստանի եւ կարգ արաբական տարածքներու, բայց ո՛չ Հայաստանի։ Թուրքիան, կարդ նը արեւմտեան պետութիւններ եւ շարք մը պատմաբաններ զայն կը ներկայացնեն որպէս Սեւրի Դաշնագիրը փոխարինող նոր համաձայնագիր մը։ Ասոնց շարքին անցած է նաեւ պատմաբան ու ԱԺ նախագահ Պրն. Միրզոյեան։
Սակայն, միջազգային օրէնքի հիմամբ, Լօզանը չփոխարինեց եւ չէր կրնար փոխարինել Սեւրը։ Այս երկու դաշնագրերը առաջին հերթին իրարու հետ չեն առնչուիր, որովհետեւ կ’ընդգրկեն իրարմէ տարբեր նիւթեր։ Երկրորդ` անոնց ստորագիր պետութիւնները նոյնը չեն եւ նոյն նպատակները չունին։ Իրականութեան մէջ Լօզանի դաշնագիրը հաստատումն է Սեւրի դաշնագրով ճշդուած Հայաստան-Թուրքիա այն սահմանագիծին, որ ցարդ կը մնայ գործադրելի։ Շատ յատկանշական է Լօզանի դաշնագրի 16րդ յօդուածը, որ բառացիօրէն կը տրամադրէ, թէ Թուրքիա կը հրաժարի իր բոլոր իրաւունքներէն եւ իրաւատիրութենէն բոլոր այն տարածքներուն մէջ, որոնք մաս չեն կազմեր Լօզանի դաշնագրի քննարկման: Յստակօրէն, Սեւրի դաշնագրով Ուիլսոնեան իրաւարար վճիռին հիմամբ ճշդուած Հայաստանի հողատարածքի սահմանները մաս չէին կազմեր Լօզանի քննարկումներուն։
Ինչ կը վերաբերի Կարսի, Արտահանի ու Սուրմալուի կորուստին, Պրն. Միրզոյեան, միշտ մեր պատմութիւնը պոլշեւիկեան ակնոցով դիտելով, կը խուսափի անդրադառնալ Խորհրդային-Թրքական այն մեծ դաւադրութեան, որուն զոհ գացին ոչ միայն Կարսը, Արտահանը ու Սուրմալուն, այլեւ Գանաձակը, Ղարաբաղը եւ Նախիջեւանը։
Սեւրի Դաշնագրի անվաւեր մնալը ոչ մէկ ձեւով կը նսեմացնէ անոր բովանդակութիւնը, ուր ամրագրուած է հայութեան հողային եւ մարդկային իրաւունքներու իրաւազրկման վերացման բանաձեւումը։ Սեւրը կը մնայ իրաւական փաստաթուղթ, որ ամէնօրեայ մղձաւանջ կը պատճառէ Թուրքիոյ՝ ի տես հոն սահմանուած հայկական հարցի լուծման պայմաններուն։
Բայց բուն հարցը կը կայանայ մեր մօտ, մանաւա՛նդ հայ պետութեան ղեկը ստանձնած այրերուն մօտ։ Ուստի, հարցումը պէտք է կրկնել Պրն. Միրզոյեանին։ Իբրեւ հայոց պետութեան օրէնսդիր իշխանութեան նախագահ, Սեւրի սահմանած հողատարածքները որո՞ւ կը պատկանին։ Հայաստանի՞ն, թէ՞ Թուրքիոյ։
Հայութիւնը, իր հայրենի ժողովուրդով եւ Սփիւռքով, գիտէ, որ այդ հողերը կը պատկանին Հայաստանին։
Հետեւաբար, ի՞նչ կ՚ընեն ԱԺ նախագահ Պրն. Միրզոյեանն ու պետական միւս այրերը՝ Թրքական դրօշակը վար բերելու հայապատկան հողերու վրայէն...։
Սեդօ Պոյաճեան
Լոս Անճելըս,
Օգոստոս 21, 2020