կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-08-06 10:50
Սփյուռք

Ակնարկ. Կը Յաղթահարենք Նաեւ Ա՛յս Փուլը

Ակնարկ. Կը Յաղթահարենք Նաեւ Ա՛յս Փուլը

Երկրաշարժի համազօր պայթումը ծայր աստիճան տագնապահար վիճակի հասցուց երկիրը իբրեւ պետութիւն եւ իբրեւ հասարակութիւն: Անկախ պայթումի բուն շարժառիթներուն յայտնաբերումէն, յետցնցումային նոր իրավիճակ պիտի ստեղծուի նաեւ քաղաքական հարթութեան վրայ:
Լիբանանը երկար ամիսներէ ի վեր տարածաշրջանային քաղաքականութեան հետ կապուած օրակարգերու պատճառով շրջափակուած է: Արգելակուած են ամէն տեսակի օժանդակութիւն, աջակցութիւն երկրին հասցնելու բոլոր տեսակի ֆինանսական եւ տնտեսական գործընթացները:
Հիմա աղէտի գօտիի յայտարարութեամբ կ՛ակնկալուի մարդասիրական օժանդակութիւններու առաքում պետական մակարդակով: Իրար ետեւէ կը գրանցուին այն երկիրները, որոնք պատրաստակամութիւն կը յայտնեն օժանդակելու Լիբանանին:
Քաղաքական առումով միակ երկիրը, որ բարձրագոյն պաշտօնատարով այցելութիւն կը կատարէր Պէյրութ, Ֆրանսան էր` արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով: Այսօր Լիբանան կը հասնի նոյն երկրի հանրապետութեան նախագահը: Ֆրանսական նախաձեռնութիւնը բաւարար չէր Լիբանանը ապամեկուսացնելու:

Հիմա օժանդակութիւններու պատրաստակամութեան թէ գործնապէս սատարելու ուղղութեամբ առնուած քայլերը նկատի ունենալով կարելի է ըսել, որ թէկուզ մարդասիրական բնոյթով թէ՛ Միացեալ Նահանգները, թէ՛ Եւրոպական Միութեան երկիրները եւ թէ՛ Արաբական ծոցի պետութիւնները ո՛չ միայն պատրաստակամ են, այլ նաեւ քայլ առնելու նախաշեմին են:

Եթէ արտաքին ընդհանուր յայտարար մը կը ձեւաւորուի մարդասիրական ապաշրջափակման հոլովոյթ սկսելու, ապա ներլիբանանեան առումով նոյնիսկ երկրաշարժային ցնցումը չէ յաջողած ի մի համախմբել լիբանանեան կողմերը գործադիրին շուրջ` հետզհետէ խորացող ճգնաժամէն դուրս գալու ուղիները միասնաբար գտնելու առումով:

Լիբանանահայ մակարդակի վրայ նոյնքան ծանր է իրավիճակը: Միաժամանակ սակայն կայ գիտակցութիւնը համայնքին ուժերով հասնելու բոլորին: Ընկերային հարցերու մէջ տուայտողին, թագավարակէն ախտահարուածին, հիմա ալ բնակարան կորսնցուցածին կամ վիրաւորին:

Ազգային, հոգեւոր, միութենական, կուսակցական, երիտասարդական, բարեսիրական շրջանակներ զօրաշարժի ենթարկուած յետցնցումնային իրավիճակի հետեւանքները յաղթահարելու կ՛աշխատին:

Եւ եթէ համայնքային է պատկերը, ապա անպայման կ՛ունենայ համասփիւռքեան, ինչու չէ նաեւ համահայկական զօրակցութիւն: Հայաստանի հանրապետութենէն, Արցախէն եւ սփիւռքեան շրջանները արդէն սկսած են հնչել լիբանանահայութեան կարիքներուն փութալու պատրաստակամութեան կոչեր:

Անպայման կը համակարգուի աշխատանքը: Կը թեթեւնան սնունդի պայքար մղողներուն հոգերը, կը բուժուին թագավարակակիրները, կը վերաշինուին բնակարանները, կը վերանորոգուին եկեղեցիներն ու մեր հաւաքական կեդրոնները եւ կազմակերպուածութեան բարձրագոյն աստիճան նուաճած այս համայնքը վերանորոգ թափով կը լծուի իր առաքելութեան:

«Ա.»

aztagdaily.com