կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-11-20 14:25
Հասարակություն

Կեանք Մը, Որ Ամբողջական Նուիրում Եղաւ

Կեանք Մը, Որ Ամբողջական Նուիրում Եղաւ

Քիչեր գիտէին, թէ այս «խոժոռ» դիմագիծով ընկերոջ հոգիին մէջ որքա՛ն ընկերական ջերմութիւն կար: Աւելի քիչեր գիտեն, թէ որքա՛ն նուիրում ու հաւատարմութիւն կար իր անձին մէջ: Հաւատարմութիւն` հայութեան շահերուն նկատմամբ, նուիրում` կազմակերպական-դաշնակցական սկզբունքներն ու որոշումները իրական կեանքի վերածելու ուղղութեամբ:

Իրեն ծանօթացած եմ ԼԵՄ-ի հիմնադրութեան օրերուն. բայց` միայն ծանօթացած: Որքան գիտեմ, Արա Տեմիրճեան առնչուած էր առաջին Կեդրոնական վարչութեան, թերեւս ալ մաս կը կազմէր այդ խումբին:

Հետագային, 1977-ին էր, որ երբ մաս կազմեցի ՀՅԴ Մամլոյ դիւանին ու ինք Բիւրոյի գրասենեակը կ՛աշխատէր (կարճ ատեն մը ետք` գործավար, Բենօ Թոնդեանէն ետք), աւելի մօտէն ճանչնալու առիթը ունեցայ իրեն:

Յաջորդող տարիներուն, ամէն քայլափոխի կը նկատէի, թէ որքա՛ն ուսանելի բաներ կային իր մէջ: Բնաւորութեամբ համեստ էր ու լռակեաց. այդպէս ալ մնաց մինչեւ վերջ, նոյնիսկ երբ տասնամեակներու թաւալումին հետ աւելի մտերմացանք, ինք մնաց նոյն լռակեացը: Մտերմիկ պահերուն եթէ բան մը ըսաւ` ըսաւ, այլապէս հարցում ալ չէի հարցներ իրեն… Լիբանանի մէջ ներկայ եղած եմ բազմաթիւ Շրջանային ժողովներու, կը յիշեմ բազմաթիւ դրուագներ` թէ՛ ծանրակշիռ եւ թէ՛ ընկերային-ծիծաղաշարժ պահերով: Շատ լաւ կը յիշեմ տոքթ. Բաբգէն Փափազեանին կրքոտ ելոյթները, տոքթ. Էպլիղաթեանին քաղաքական հանդարտաբարոյ լուսաբանութիւնները, ընկեր Կարպուշին անպաճոյճ, բայց խորիմաստ արտայայտութիւնները, մէկ խօսքով` Լիբանանի մեր կազմակերպութեան բոլոր «թենորները», սակայն ոչ մէկ անգամ կը յիշեմ Արա Տեմիրճեանին խօսք առնելը: Ինք անշուշտ ունէ՛ր տեսակէտ, սակայն «Ամէն մարդ չի կանայ կարդայ, իմ գիրն ուրիշ գրէն է. ամէն մարդ չի կանայ խմի, իմ ջուրն ուրիշ ջրէն է»:

Ինք գործեց իրերայաջորդ այն բիւրոներուն հետ, որոնք իրենց կարգին գործեցին փոթորկոտ ժամանակաշրջանի մը: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմ, ապահովական խնդիրներ, Հայ դատի հետապնդման նոր որակի աշխատանքներ, քաղաքական-յարաբերական աշխատանքներու եւ համապատասխան գրասենեակներ` Եւրոպայի թէ Ամերիկայի մէջ, Արցախի ազատագրական պայքար, Հայաստանի վերանկախացում եւ այլն: Առաւել, բազմաթիւ ընդհանուր ժողովներ ու անոնցմէ բխած բիւրոներ ու ժամանակի թաւալքին հետ Դաշնակցութեան աշխատանքի «խրամատի» ընդարձակում, որոնց մէջ ինք եղաւ դերակատար: Ոչ միայն դերակատար, այլ նաեւ հանդիսացաւ այն կազմակերպական «յուշամատեանը», աւելի՛ն, հանրագիտարանը, որ յարափոփոխ աշխարհի մը մէջ անհրաժեշտ է որեւէ կազմակերպութեան համար:

1970-ական թուականներէն մինչեւ անցեալ տարի, կեանք մը ամբողջ, ինք մնաց ու գործեց Բիւրոյի գրասենեակէն ներս, Պէյրութ, Աթէնք, թէ Երեւան: Ուր որ ալ գործը զինք կանչեց:

Մտերմութեան պահերուն, երբ, ըսենք, տաք վիճաբանութիւն մը կը սկսէր այս կամ երեւոյթին մասին, իր խօսքը շատ-շատ մէկուկէս նախադասութիւն էր. յաճախ ալ, ու ընդհանրապէս, պեխերուն տակէն սապէս` «Աաաա՛հ» մը, իւրայատուկ ու «արայական», զոր հասկնալու համար պէտք էր լաւ տեսնել այդ պահու իր դէմքի արտայայտութիւնն ու լսել ձայնին շեշտադրումը: Ատո՛նք էին, որ կը ճշդէին իր այդ «Աաաա՛հ»-ին իմաստը: Այս մասին աւելիով թող վկայեն Փիթըրը, Մուսան ու Սագոն…

Բայց ո՞վ կ՛ըսէր, թէ այս «խոժոռ» մարդը որքան նուրբ հոգի ունէր հալալ-զալալ ընկերներու նկատմամբ, իսկ մտերմութեան մէջ որքան… սրամտութիւն կար իր մէջ պահուած:

Արա Տեմիրճեանը եկաւ ու գործեց մեր ժողովուրդի պատմութեան բախտորոշ տասնամեակներուն ընթացքին: Իր դերը դիւրին-դիւրին տեսանելի տեսակէն չէր: Ինք «չկար» կարծէք, բայց ամէ՛ն տեղ կար: Օր մը պիտի գրուի այս ժամանակաշրջանի իսկակա՛ն պատմութիւնը, զերծ` ամէն տեսակի թեթեւսօլիկութիւններէ: Եւ կը վստահեցնեմ ձեզի, որ Արա Տեմիրճեան անունը իր արժանի տեղը պիտի գտնէ այդ պատմութեան էջերուն մէջ:

Արա՛, սիրելի՛ Արա, մեզմէ շատ բան պակսեցաւ քու անժամանակ մահովդ:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ