Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ժողովրդավարական վարչակարգի տէր պետութեան մը մէջ գոյութիւն ունին մտածողութեան եւ մանաւանդ գործունէութեան անշրջանցելի արժեհամակարգ ու մշակոյթ, որոնք կը բացառեն կամայականութիւնը: Այդ արժեհամակարգէն ու մշակոյթէն որեւէ շեղում, կամայական որեւէ քայլ առնել կը նշանակէ մուտք գործել Լութովիկոս ԺԴ.-ի «Ես եմ պետութիւնը» մտածելակերպի աշխարհ: Դժբախտաբար Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ճիշդ այդ տեղի ունեցաւ, երբ Ազգային ժողովը, աւելի ճիշդ երկրի վարչապետին ղեկավարած «Իմ Քայլը» պատգամաւորական խմբակցութիւնը Սահմանադրական դատարանի անբաղձալի անդամներէն ձերբազատելու իր ղեկավարին անձնական փափաքն ու կամքը կատարեց:
Քանի մը ժամուան մէջ հապճեպ կերպով որդեգրուած այդ օրէնքը հարազատ արտացոլումն է Սահմանադրական դատարանի դատաւորներէն անոնց պաշտօնավարութեան աւարտէն առաջ ձերբազատելու վարչապետ Փաշինեանի անհամբերութեան ու աճապարանքին: Ներկայութիւն մը, որ պետական առողջ մտածողութիւնը կը թելադրէր հանդուրժել, որքան ալ «անախորժ» ըլլար այդ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը մերժեց ստորագրել 22 յունիսին խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած այդ օրէնքը` այդպիսով վկայելով եւ ընդունելով լուրջ խնդիրի մը գոյութիւնը: Ահա թէ ինչու «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի «ինչո՞ւ նախագահը որոշեց չստորագրել օրէնքները, արդեօք վիճայարո՞յց կը նկատէ գործընթացը, թէ՞ այլ պատճառ կայ» հարցումին ի պատասխան նախագահի աշխատակազմէն յայտնեցին, թէ այդ առնչութեամբ լրացուցիչ մեկնաբանութիւններ չունին: Նախագահը իր կիսաքայլով արդէն պատասխանած էր այդ հարցումին:
Ըստ սահմանադրութեան 83-րդ յօդուածի 4-րդ մասին, նախագահը պարտի օրէնքը ստանալէ 21 օր ետք կա՛մ զայն ստորագրելով հրապարակել, կա՛մ ալ նոյն ժամկէտին դիմել Սահմանադրական դատարան` որդեգրուած օրէնքի սահմանադրութեան համապատասխանութիւնը որոշելու համար: Այլ խօսքով` նախագահ Արմէն Սարգսեան կանգ առաւ իր սահմանադրական այդ պարտաւորութեան կատարման կէս ճամբուն վրայ: Զգուշաւորութիւն մը եւ անվճռականութիւն մը, որ կարելի է վերագրել երկրին մէջ ստեղծուած անհանդուրժողականութեան մթնոլորտին մէջ «հակայեղափոխական» պիտակէն ու բանադրանքէն խուսափելու փորձի մը:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ