Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«Համազգային»ի Ճեմարանը լոկ քարաշէն կառոյց մը չէ. ոչ ալ` դասական ու սովորական կրթական հաստատութիւն մը: Ճեմարանը ոգեշնչող ապրող էակ մըն է, որ վերստին ծնունդ կ'առնէ, ամէն անգամ, որ երեխայի մը ծնողքը իրենց հոգեհատորին դաստիարակութիւնը խոհեմօրէն կը վստահին մեր ինքնուրոյն Դարբնոցին:
Արդարեւ, ա՛յն օրը երբ խնդրոյ առարկայ երեխան մուտք կը գործէ մանկամսուրի դռնէն ներս, անոր էութեան ու հոգեմտաւոր ներաշխարհին մէջ կը ցանուի Ճեմարանի հունտը, որ հետզհետէ սնանելով` ծիլ կու տայ, յաջորդաբար կը դառնայ բողբոջ, կոկոն եւ ծաղիկ (ոչ-Ճեմարանական ընթերցողները պէտք է անդրադառնան, որ Ճեմարանը իւրայատուկ է նոյնիսկ այս չորս հանգրուաններուն անուանումով, յաջորդաբար` Վարդագոյն, Կապոյտ, Կանաչ ու Դեղին. այս վերջինը ջնջուեցաւ 1997-ին, երբ դարձաւ համազօր Ա. դասարանին):
Այնուհետեւ, բացուած ծաղիկը կը դառնայ բուրումնաւէտ եւ յաջորդող տասներկու տարիներուն ընթացքին, Ճեմարան յաճախող առանձնաշնորհեալ աշակերտին ներաշխարհին մէջ, Ճեմարանը հասակ կ'առնէ եւ կ'ուռճանայ, մինչեւ որ, ընդհանուր` տասնվեց տարիներ ետք, իր աւարտին հասնի աշակերտին ուսումնական կազմաւորումը, եւ ան նետուի կեանքի ասպարէզ, կա՛մ ուղղակիօրէն, կա՛մ ալ` անցնելով համալսարանական ուսման բովէն:
Երկու պարագաներուն ալ, Ճեմարանականը զինուած կ'ըլլայ ակադեմական լաւագո՛յն ատաղձով, ճո՛խ ու լայնատարած ընդհանուր զարգացումով, ընտի՛ր հայեցի դաստիարակութեամբ, անկաշկա՛նդ ազատատենչութեամբ (ոմանք անարդարօրէն զայն կը որակեն որպէս սանձարձակութիւն) եւ մարդկային ջի՛նջ արժանիքներով. միա՛կ ազդակը, որ, ըստ ոմանց, կրնայ որո՛շ չափով պակսիլ, այդ ալ զո՛ւտ կրօնական դաստիարակութիւնն է. ըստ իս, ասիկա ոչ խոցելի բաց մըն է, որ ընդհանրապէս կը վերագրուի Ճեմարանի գլխաւոր Հիմնադիրին` անզուգակա՛ն Շանթին, եւ` որ կարելի է մեղմացած սեպել, եթէ նկատի ունենանք, որ համամարդկային արժանիքներու եւ առաքինութիւններու բարոյական արժեհամակարգը արդէն իսկ կը ներառնէ կրօնական որոշ հիմունքներ:
Եթէ նկատեցիք, դիտումնաւոր կերպով, վերեւ գործածեցի «Ճեմարանական» եզրը, եւ ոչ` «Ճեմարանաւարտ», որովհետեւ բնա՛ւ պայման չէ, որ մէկը ունենայ Ճեմարանի լիիրա՛ւ Վկայականը. նոյնի՛սկ թերաւարտներուն ու միայն մի քանի տարի Ճեմարան յաճախողներուն էութիւնը դրոշմուած կ'ըլլայ Ճեմարանի կնիքով. տակաւին, աւելին` կան շա՛տ մը թերաւարտներ, որոնք գլխաւորաբար Լիբանանեան Պատերարզի դաժան օրերուն, կարելիութիւնը չունեցան իրենց ուսումնական երթը ամբողջացնելու Ճեմարանի յարկին տակ, սակայն ոչինչով ետ կը մնան Ճեմարանին նկատմամբ տածած` իրենց պատկանելիութեամբ, կապուածութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ, երբեմն ալ` նոյնիսկ գերազանցելով կարգ մը համեմատաբար անտարբեր ու պաղ վերաբերում ցուցաբերող Ճեմարանաւարտներ:
Կարիք չկայ օրինակներ նշելու ապացուցելու համար, թէ 3 Մարտ 1930-էն ի վեր` Ճեմարանը ինչպէս թրծած է համա՛յն սփիւռքահայութեան ծառայած ու ցարդ ծառայող` բազմաթիւ կուսակցական ու միութենական ղեկավարներ, հասարակական ու ազգային գործիչներ, կրթական տնօրէններ ու ուսուցիչներ, դասախօսներ ու խմբագիրներ եւ հայութեան երկնակամարը զարդարող մտաւորականներ:
Առանց չափազանցած ըլլալու, խղճի հանգստութեամբ եւ ամենայն առարկայականութեամբ, կարելի է անվարան հաստատել, թէ, համա՛յն սփիւռքահայութեան մաշտաբով, շա'տ դժուար է գտնել Ճեմարանի ջամբած պաշարը երաշխաւորող համազօր Դարբնոց մը:
Ճեմարանը չի ծերանար. այլ` կը մնայ պատանի, որովհետեւ ան կը յարատեւէ իր երդիքին տակ կազմաւորուած պատանիներուն ընդմէջէն:
Ի հետեւումն այս վերջին հաստատումիս, լիայո՛յս եմ, որ, նորածին զաւակս ալ` իր կարգին, ասկէ մօտ տասնեօթ տարիներ ետք, պիտի թեւակոխէ այդ հանգրուանը: Սկսելու համար, հիմակուհիմա, ան դրական իմաստով «դատապարտուած» է մուտք գործելու Ճեմարանի նորակառոյց եւ խոստմնալից մանկամսուրի դռնէն ներս:
14 Ապրիլ 2018-ին տեղի ունեցած պաշտօնական բացման հանդիսութեան օրը, կառոյցին գեղեցկութեան եւ ընձեռած յարմարութիւններուն նկատմամբ զգացած հիացմունքիս կու գար միախառնուելու ջերմագի՛ն մաղթանքս, որ օրին մէկը իմ հարազատ զաւակս ալ առիթ ունենայ իր առաջին քայլերը նետելու եւ վազվզելու այս արտասովոր ու հիասքանչ կառոյցին յարկին տակ:
Տեսլականի տէր` «Համազգային»ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, Ճեմարանի Խնամակալութիւնն ու Տնօրէնութիւնը սոյն ռազմավարական վիթխարի միջոցառումին նախաձեռնելով, ամրապնդեցին Ճեմարանի զօրաւոր հիմերը. եւ այս բոլորը` շնորհիւ պելճիքաբնակ ազնուասիրտ Արսլանեան ընտանիքի երկրորդ բարերար սերունդին իշխանական նուիրատուութեան:
Սիրելի' ընթերցողներ, տրուած ըլլալով, որ այսօր կը զուգադիպի «Հայրերու Տօն»ին (անձնապէս, իմ առաջի՛նս), թոյլ տուէ՛ք, որ Ձեր ընդմէջէն` խօսքս ուղղեմ նաեւ, վերջին ամիսներուն, մեր ընտանեկան կեանքին առանցքը դարձած եւ զմեզ յաւելեալ ու առաջնահերթ գոյութեան պատճառով մը օժտած` տղուս ...
Տղա՛ս, եթէ չեմ սխալիր, դուն պիտի դառնաս առաջի՛ն Ճեմարանականը, որ պիտի ներկայացնէ իր ընտանիքին չորրորդ ճեմարանական սերունդը: Արդարեւ, առաջի՛ն հունտը ցանած է մեր «Նանիկ»- (1939-ի շրջանաւարտ` մօրենական մեծ մայրս). անոր հետեւած ենք հայրս (1964), մայրս, ես (1991) ու քոյրս (1998). տակաւին` ունինք տասնեակներով թերաւարտ ու շրջանաւարտ զարմիկներ ու ազգականներ:
Ի շարս քեզի երգած օրօրներուս, արդէն իսկ քանիցս քեզի երգեցի ու պիտի շարունակեմ երգել «մեր բոլորի՛ն Ուխտավայր»ին նուիրուած Քայլերգը: Վստահ եմ, որ ի մօտոյ պիտի ընտելանաս անոր հետ եւ պիտի սիրես անզուգական Բարսեղ Կանաչեանին յօրինած մեղեդին: Մի քանի տարիէն, նաեւ պիտի սկսիս հասկնալ աննման Մուշեղ Իշխանին ստեղծագործած բանաստեղծութիւնը. իսկ Ճեմարանը աւարտելէդ ետք, այդ խորիմաստ բառերը պիտի մեկնաբանես բոլորովի՛ն տարբեր զգացումներով եւ այլ պրիսմակէ դիտուած:
Տղա'ս, ճիշդ է, որ.
- Յար եւ նման մեր «Նանիկ»-ին` Շանթին, Աղբալեանին, Գիւզալեանին եւ Առաքեալներու առաջին սերունդին աշակերտած պիտի չըլլանք ոչ հայրս, ոչ ես ու ոչ ալ` դուն.
- Ոչ ալ հօրս պէս` Վրացեանին, Սասունիին, Պարոն Մուշեղին ու Բանեանին, «Մատամ»ին ու «Սըր»ին, որ իր ապրած կենցաղով եւ բարեսիրութեամբ` «աշխարհի՛կ սուրբ» մըն էր.
- Ոչ ալ մեր սերունդին պէս` Տասնապետեանին, Տիկին Լուսինին, «Սըր»ին, Պարոն Յովհաննէսին, Գանտահարեանին ու Կիրակոսեանին, Պարոն Եփրեմին ու «Մատամ» Հանրիէթին, եւ Թահհանին, որ փաղաքշական կերպով զիս կը յորջորջէր «Աֆլաթոն» մակդիրով:
Այսուհանդերձ, ի մօտոյ` առիթը պիտի ունենաս ստանալու «Ճեմարանական Օրհնութիւն»ը Հիմնադի՛ր Սերունդին աշակերտած եւ երկրորդ ու երրորդ սերունդներուն հետ պաշտօնավարած` Ճեմարանի այժմու նահապետուհիին` Օրիորդ Ալիսին, որ աւելի քան 80 տարիներէ ի վեր, Ճեմարանի անբաժան մասնիկն է եւ իր համա՛կ կեանքը նոյնացուցած է Ճեմարանին հետ, նախ` որպէս աշակերտուհի, եւ ապա` իբրեւ ուսուցչուհի, կրթական պատասխանատու եւ Տնօրէն Խորհուրդի անդամ, առանց մոռնալու Շրջանաւարտից Միութեան ծիրէն ներս անոր իրագործած մեծ ներդրումը, որուն 90-ականներու հատուածին մասին անմիջականօրէն կրնամ վկայել` անձնապէս:
Ու տակաւին, քեզի պիտի ծանօթացնեմ մեծաթի'ւ այն նուիրեալներուն հետ, որոնք սատարած են մեր սերունդին կազմաւորման ծիրէն ներս եւ որոնց մէկ մասին հետ պաշտօնակից ըլլալու առիթն ալ ունեցայ` 2002-03-ին, որմէ ասդին յատուկ գուրգուրանք կը տածեմ 99 աշակերտներուս հանդէպ:
Իսկապէս, անարդար պիտի ըլլայ թուել մեր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներէն մի քանիին անունները եւ ոչ` բոլորինը, սակայն բոլո՛րն ալ ներողամիտ թող ըլլան, եթէ յատուկ կերպով մատնանշեմ մեր օրերու «Օրիորդ» Արփին, որ նորօրեայ ընկերային ցանցերու ընձեռած բոլոր միջոցները օգտագործելով, գրեթէ ամենօրեայ դրութեամբ, հաղորդակցութեան մէջ է իր հարիւրաւոր աշխարհասփիւռ սերնդակիցներուն եւ աշակերտներուն հետ:
Տղա'ս, Ճեմարանը ունի այնպիսի դիւթիչ հրապոյր մը, որ պատերազմի դժնդակ տարիներուն ընթացքին պատահած կարգ մը երեւոյթներ մեր սերունդին կողմէ կրնան յիշուիլ որպէս քաղցր յիշատակներ. այսպէս`
- 1976-77 տարեշրջանը յատկանշուեցաւ առժամեայ դասաւորումով մը, ընդ որում` Պէյրութէն հեռու բնակող աշակերտներուն տրամադրուեցաւ «Կենաց» վարժարանի (հետագային` Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլէճ) կառոյցը. Ճեմարանականի առաջի՛ն քայլերս հոն նետած եմ` բռնելով ձեռքը առաջի'ն ուսուցչուհիիս` Օրդ. Շաքէին:
- 1977-78 տարեշրջանը` հեռակայ շրջաններէն մինչեւ Քաղաք ամենօրեայ արկածախնդրական երթուդարձով` ձեռնհաս շարժավարութեամբ Պարոն Գարեգինին.
- 1978-79 տարեշրջանին, արտակարգ պայմաններու մէջ, մեր սերունդը աւարտեց մանկապարտէզը` անզուգական Տիկ. Լուսին - Տիկ. Քարմէն «երկեակ»ին կողմէ ղեկավարուած արտասովոր թատերախառն ներկայացումով մը.
- Յաջորդող 8-9 տարեշրջաններուն ընթացքին, Ճեմարանի «արեւելեան թեւ»ը պատսպարուեցաւ «Շաղզոյեան»ի երդիքին տակ. այս միջոցին է, որ պատահած է, որ պատերազմական շեշտակիօրէն վտանգալից պայմաններուն ներքեւ, օր մը, դպրոցական պայուսակս տուն հասնի առանց ինծի (2 Ապրիլ 1981). այլ առիթով մը, «Լիբանանեան Ուժեր»ու երկրորդ «ներքին ապստամբութեան» օրը, հեռակայ շրջաններ բնակող աշակերտները մէկ գիշերուան համար «որդեգրուեցան» Պուրճ Համուտի բնակիչ ազնուասիրտ ընտանիքներու կողմէ (մեր պարագային, պայուսակագործ Քէշիշեաններն էին, որոնք գուրգուրալից ձեւով ընդունեցին մեզ):
- Արեւմուտք-արեւելք երկփեղկումը աներեւակայելի դժուարութիւններ կը պարփակէր երկուստեք ծառայող ուսուցիչներուն ու պաշտօնեաներուն համար. նոյնպէս` ամբո՛ղջ աշակերտութեան կողմէ սիրուած` Պարոն Սերոբին ու Տիկին Ռոզին պարագային.
- Միեւնո՛յն երկփեղկումը ապրած ենք նաեւ քոյրս ու ես. արդարեւ, 1982-83 եւ 1983-84 տարեշրջաններուն ընթացքին, երբ հօրս վստահուած էր «Ազդակ»ի տնօրէնութեան պարտականութիւնը, մենք կէս առ կէս` կը յաճախէինք Ճեմարանի երկու թեւերը. Տիկին Արուսը, որ կ'ապրէր նո՛յն դժուարութիւնը, մեզ իրաւացիօրէն կ'անուանէր «touriste».
- 1989-ի ամրան, Ուրբաթ օր մըն էր, երբ Ծաղկաձորի «համազգայնապատկան» կալուածին վրայ գտնուող թնդանօթները անակնկալօրէն «գործի անցան», մինչ ամբողջ դպրոցը դասի մէջ էր. սովորաբար, Բանակին Հրամանատարութիւնը կը զգուշացնէր, որպէսզի կա՛մ գետնայարկը պատսպարուէինք, կա՛մ ալ` տուն արձակուէինք. ըստ երեւոյթին, այդ օրը, նեղ կացութեան մատնուած ըլլալնուն բերմամբ, անոնք առիթը չէին ունեցած «համադրել»ու:
- Դժբախտաբար, մեր Լսարանական երեք տարիներուն` տիրող անկայուն կացութեան բերմամբ, կարելի չեղաւ լոյս ընծայել մեր աւանդական տարեգիրքը` «Ջահակիր»ը. այս գծով, կրնանք մխիթարուիլ, որ անկէ մի քանի տարի առաջ` լոյս ընծայած էինք «Կանթեղ»ը, որ ժամանակին կը հրատարակուէր Ը. դասարանի աշակերտներուն կողմէ:
Տղա'ս, նաեւ կ'ուզեմ քեզ տեղեակ պահել, որ.
- Մեր բազմատաղանդ «Նանիկ»ը, օր մը, դասի ժամանակ, Տիտա՛ն Նիկոլ Աղբալեանին դիմանկարը գծած է իր դասատետրին մէջ. ես այդ հիանալիօրէն հարազատ գծանկարը տեսած եմ եւ կը յուսամ, որ օրին մէկը «ձեռքս կ'անցնի», եւ այդ խորհրդանշական «ջահ»ը կը փոխանցեմ քեզի` իբրեւ չորրորդ սերունդի ներկայացուցիչ:
- Նաեւ` քու սերունդիդ փոխանցուելու է հօրս փչողական գործիքը` «սաքսոֆոն»ը, որ իրեն ծառայած է այն շրջանին, երբ իր դասընկերներուն հետ միասին կը կազմէր «Brown Bros» նուագախումբը, ըլլալով նաեւ այս վերջինին գլխաւոր երգիչը, ճոխացնելով «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցած ելոյթները:
Տղա'ս,
- Երբ որ մանկամսուրէն մանկապարտէզ պիտի փոխանցուիս, նկատի ունեցի՛ր, որ մեծ հայրիկիդ շինարարական վերահսկողութեամբ կառուցուած է ան. նոյնպէս` Ծաղկաձորի գլխաւոր շէնքին հարաւային մասնաշէնքը, մինչ, նախապէս, մնացեալ երկու մասնաշէնքերուն շինութեան վերահսկողութիւնը կատարած էր իմ անդրանիկ քեռիս. աւելին` երկո՛ւքն ալ, իրենց անմիջականօրէն աջակից ունեցած են մեր մէկ այլ Ճեմարանական ազգականը` Յակոբ Թաշճեանը:
- «Շաղզոյեան»էն Ծաղկաձոր փոխադրութեան առաջին հանգրուանը կայացաւ Նոյեմբեր 1987-ին, այսինքն վերամուտէն մօտ երկու ամիս ետք (միայն` միջնակարգն ու երկրորդականը. մանկապարտէզն ու նախակրթարանը այդ տարեշրջանը ամբողջացուցին ի «Շաղզոյեան»). մինչ այդ, 1987-ի ամբողջ ամրան ընթացքին, գլխաւորաբար միջնակարգի եւ երկրորդականի կարգ մը աշակերտներով, մեր բեռնակրական սեւ աշխատանքով եւ թափած քրտինքով` սատարեցինք շինարարական աշխատանքներուն փութացման. արդարեւ, օրուան Շրջանաւարտից Միութեան վարչութեան միաժամանակ դաստիարակիչ եւ խորհրդանշական նախաձեռնութեամբ, ամէն առտու, ամենայն պարտաճանաչութեամբ կը գործուղղուէինք հոն:
Տղա'ս, յուսամ դուն ու քու ապագայի դասընկերներդ համերաշխ եւ սիրալիր սերունդ մը կազմէք, այնպէս ինչպէս ցարդ կը յարատեւէ մեր 1991-ի Սերունդը, որ ամենա՛յն հպարտութեամբ կը կրէ «Տոքթ. Բաբգէն Փափազեան Սերունդ» անունը, եւ որուն «Կնքամայր»ը կը հանդիսանայ Ճեմարանական Ընկհ. Արաքսի Սրապեան-Շահինեանը:
Մեր սերունդը կը յատկանշուի ո՛չ միայն մեր ջախջախիչ մեծամասնութեան յարատեւօրէն շարունակուող մտերի՛մ կապերով. այլ նաեւ` այն իրողութեամբ, որ մեր սերունդը Ճեմարանին հայթայթած է 6-7 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, որոնցմէ միա՛յն երկուքը ցարդ Ճեմարանի մէջ կը շարունակեն իրենց կրթական ծառայութիւնը, յանձինս` Ճեմարանի հինգերորդ տնօրէն` Փաուլա Գէորգեան-Եղիայեանին, որ այս ալեկոծ օրերուն ձեռնհասօրէն կը ղեկավարէ Ճեմարանի կրթական ու վարչական համակարգը, եւ մանկապարտէզի ուսուցչուհի` Սոնիա Պաղտասարեանին, որ ասկէ մի քանի օրեր առաջ տիրացաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին տրամադրած մրցանակներէն մէկուն` առցանց ուսուցման ծիրէն ներս:
Տղա'ս, ճիշդ է, որ Ծաղկաձորի «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» Ճեմարանը կը թեւակոխէ իր 33-րդ տարեշրջանը, սակայն Քաղաքի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանը կը շարունակէ մնալ մեր մա՛յր ակունքը, որուն պարբերաբար կ'այցելենք` լիցքաւորուելու համար Շանթին, Աղբալեանին, Վրացեանին ու Կանաչեանին խրո՛խտ կիսանդրիներուն առջեւ կանգնելով:
Նոյնիսկ եթէ մա՛յր շէնքին ճակատը գտնուող մարմարեայ ցուցանակը, որուն վրայ ամրակո՛ւռ տառերով փորագրուած է «Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարան», վերջին տարիներուն ծածկուած է կերպընկալէ պաստառով մը, որ կը կրէ վարձակալ դպրոցին անունը, անհրաժեշտ ու կենսական է, որ կալուածը յարատեւէ որպէս հասութաբե՛ր «համազգայնապատկան» կալուած, որպէսզի ան կարենայ կենարար աւիշ մատուցել եւ նեցուկ հանդիսանալ մեր բոլորի՛ս Ուխտավայրին առաքելութեան շարունակականութեան երաշխաւորման ծիրէն ներս:
Լիբանան - 21 Յունիս 2020
Սարօ Թոնդեան
Յ.Գ.- «Հայրերու Տօն»ին առիթով`
- Այս գրութիւնը կը ձօնեմ հօրս յիշատակին,
- Նոյնպէս` Ճեմարանի աւա՛գ հօր` Շանթին յիշատակին,
- Կը յուսամ, որ զաւակս արժանի կ'ըլլայ իր կրած երկու իրերայաջորդ անուններուն` Շանթ-Բենօ: