կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-06-19 22:55
Սփյուռք

Համաճարակ եւ… հակաճառանք

Համաճարակ եւ… հակաճառանք

«Երբ կառավարութիւն մը հաստատ կը մնայ ընդդիմութեան ձայնը լռեցնելու սկզբունքին վրայ, ապա անոր կը մնայ ընդամէնը մէկ ճանապարհ՝ յաւելեալ ճնշումներ բանեցնել, մինչեւ որ դառնայ սարսափի աղբիւր իր բոլոր քաղաքացիներուն համար եւ ստեղծէ երկիր մը, ուր բոլորն ալ կ՛ապրին սարսափի մէջ»:

Հէրի Թրումըն (Ա․Մ․Ն․-ի նախագահ 1945-1953)

Միացեալ Նահանգներու 33-րդ նախագահին ղեկավարութեան ժամանակաշրջանը նկատի ունենալով եւ ակնթարթ մը վերադառնալով պատմութեան էջերուն, յստակօրէն կը տեսնենք, թէ Թրումըն քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ինչպիսի՛ ծանր հարցերու դէմ յանդիման կանգնած է։

Այսօր, հայորդիին համար սեղանի վրայ դրուած օրակարգը՝ Թրումընն ու իր օրերու ժխտական կամ դրական աշխատանքներուն մասին վիճաբանիլը չէ, այլ, Օգոստոս 1950-ին անոր արտայայտած վերոյիշեալ խօսքերուն ընդմէջէն՝ բաղդատական կատարելն է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող անցուդարձերուն։

Թրումընի խօսքերը լուրջ են, այնքա՛ն մը լուրջ, որ կրնան խոր մտածումներու դուռ բանալ, մինչեւ իսկ քաղաքական դաշտէն հեռու կանգնող հայորդիին։

Վերստին կարդալով այս խօսքերը, կառավարութեան համակիր թէ հակադիր կողմեր կրնան անգամուան մը համար համաձայնիլ, թէ այդքան ալ ահաւոր կացութեան մէջ չի գտնուիր Հայաստանի ներքաղաքական կեանքը։ Հոս է, որ կը սխալին այս «թեթեւի առնող»-ները, առանց խորապէս գիտակցելու՝ թէ դէպի անդունդ կ՛ուղղուի մեր երկիրը։

Այո՛, կացութիւնը լուրջ է, հակառակ տիրող անլրջութեան, սկսելով յատկապէս Պսակաձեւ ժահրին դէմ որդեգրուած միջոցառումներէն։ Սովորական ընթացքի մէջ կը թուի ըլլալ կեանքը, սակայն նոյնքան արտասովոր՝ որքան մահացողներու հետզհետէ բազմապատկուող թիւերը։

Ցայսօր, ոչ մէկ յստակ կամ մասնագիտական միջամտութիւն ու ցուցմունք. եւ համաճարակը կը շարունակէ հնձել անմեղ ու անպաշտպան էակներու կեանքը։ Ամիսներու վրայ երկարող այս մահասփիւռ եւ անբնական երեւոյթը սկսած է… բնական դառնալ։

Տնտեսական բնագաւառէն ներսն ալ պատկերը նոյնն է. նախընթաց ոչ-դրական պատկերին վրայ իր յաւելումը կատարած է համաճարակին ստեղծած ճգնաժամը. ու կարելի չէ կոյր ձեւանալ, թէ նոյնպիսի պայմաններու մէջ գտնուող մօտակայ այլ երկիրներ ինչպէ՜ս յաջողեցան աւելի ճկուն եւ ազդեցիկ կերպով պայքարիլ կացութեան դէմ եւ ստեղծել շատ աւելի տանելի դրութիւն։

Ներքին քաղաքական գետնի վրայ եւս, անլրջութեան եւ թափթփածութեան մթնոլորտը կարծէք թէ վարակած է ընդդիմութիւնն ու նոյնինքն ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆ հասկացողութիւնը:

Ընդդիմութիւնը անպայման իշխանութեան թշնամին չէ, սակայն դժբախտաբար Ֆրէօտի ախտաճանաճումով եւ բացատրութեամբ՝ անիկա պարզապէս կը չարաշահուի եւ թշնամանքի առիթ կը ստեղծէ: Աղաղակող օրինակ մըն էր վարչապետ Փաշինեանի վերջին օրերուն կատարած յարձակողական յայտարարութիւնները, «ընդդիմադիր» նկատուած կարգ մը կուսակցութիւններու հասցէին, որոնց կարգին՝ յատկապէս Հ․ Յ․ Դաշնակցութեան դէմ։

Որեւէ քաղաքակիրթ երկրի մէջ, շնորհիւ ընդդիմութեան է, որ կարելի կ՛ըլլայ վերատեսութեան ենթարկել եւ սրբագրել իշխանութեան սխալներն ու թերի որոշումներ: Արթուն եւ ուղղամիտ ընդդիմութիւնն է, որ կրնայ միտքերը բիւրեղացնել եւ ի մի բերել բեւեռներ:

Այս ձեւով է, որ պէտք է ընթանայ իշխանութիւն – ընդդիմութիւն պայքարը, մրցակցութիւնն ու մինչեւ իսկ գործակցութիւնը: Վերջին տարիներու պատմութիւնը վկայ է, որ Հ․Յ․ Դաշնակցութիւնը բազմիցս ձեռք երկարած է եւ առաջարկներով ներկայացած է, սակայն անոր ճիգերը միշտ ալ ի թերեւ դուրս եկած են։

Երկրի մը հաւասարակշռուած կառավարման համար, ընդդիմութիւնը նո՛յնքան անհրաժեշտ է, որքան նոյնինքն իշխանութիւնը: Այլապէս, անվերջ հակաճառանքը դուռ կը բանայ անզսպելի համաճարակի, նո՛յնքան վտանգաւոր եւ աղէտալի՝ որքան Պսակաձեւ ժահրը:

«Հայրենիք»ի խմբագրական

19 հունիսի, 2020թ.