Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Լիբանանեան փոթորիկը անմասն չի ձգեր Լիբանանի հայութիւնը:
Վերջին ժամանակաշրջանին հետզհետէ խորացող տնտեսական տագնապին, ելեւմտական իրավիճակի անյստակութեան ու աճող կենցաղային դժուարութեանց վրայ եկաւ աւելնալու 17 հոկտեմբերի ժողովրդային ցասումին իբրեւ հետեւանք կառավարութեան հրաժարականը եւ դրամատնային տագնապը աննախատեսելի ապագայ մը բացաւ բոլոր լիբանանցիներուն առջեւ:
Լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկումով ու տնտեսական տագնապին իբրեւ հետեւանք գործազրկութիւնը աւելցաւ եւ բոլորս դրաւ յաւելեալ պատասխանատուութեանց դիմաց:
Առաջին անգամը չէ, որ Լիբանանի հայութիւնը կը գտնուի տագնապի մէջ:
Բայց նաեւ պիտի չըլլայ ա՛յն, որ մենք յուսալքուինք, խուճապի մատնուինք եւ արագ ու անհաշիւ կեցուածքներով մտահոգուինք հաւաքական «քանդումով» մը, որ վայել է միայն անջիղ, անողնայար, պատեհապաշտ ու անհեռատես հաւաքականութեանց:
Հայութիւնը Լիբանանի մէջ տարբեր տագնապալի փուլերու, հարուստ կենսափորձը ունի տոկալու, համբերելու, յաղթահարելու եւ յաղթելու իր դիմաց ցցուած խոչընդոտներուն` այդպիսով շարունակելու համար հայութեան հաւաքական գոյութեան պահպանումն ու ամրապնդումը:
Լիբանանի մէջ մեր գոյութեան պահպանման հիմնական ամրոցը հայ դպրոցն է անկասկած: Այս մէկը լաւ գիտէ իր զաւակը հայ դպրոց ուղարկող ծնողքը, հայոց լեզուին ու հայկականութեան նախանձախնդիր հայ մարդը, հայու ինքնութիւնը ամրօրէն պահպանուած տեսնող հայը:
Կրթական պատասխանատուութիւն շալկած հայկական յարանուանութիւններ թէ միութիւններ արդէն իսկ անցնող տարիներուն, երկարատեւ սերտողութիւններէ ետք կատարեցին անհրաժեշտ դասաւորումներ, դպրոցներու միացումով կամ մէկտեղումով եւ դիմեցին համապատասխան միջոցառումներու կրթութեան հայ օճախը վառ ու նախանձելի պահելու համար:
Այսօր, մեր այս տագնապին մէջ, մեր առաջնահերթութիւնը հայ դպրոցն է միայն:
Բոլոր միութիւններէն, կառոյցներէն, նպատակներէն առաջ հայ դպրոցը կանգուն պահելու հիմնախնդիրին դիմացն ենք բոլորս:
Չկայ աւելի առաջնահերթ խնդիր ու ծրագիր, քան տագնապի այս օրերուն լիբանանահայ դպրոցը կանգուն պահելու գերխնդիրը:
Բազմիցս ըսած ու կրկնած ենք, ու պիտի շարունակենք կրկնել:
Ոչ մէկ կուսակցութիւն կը գոյատեւէ առանց հայ դպրոցի:
Ոչ մէկ մշակութային, մարզական, բարեսիրական թէ հայրենակցական միութիւն կը գոյատեւէ առանց հայ դպրոցի:
Ոչ մէկ թերթ կը գոյատեւէ եւ ընթերցող կը պահէ առանց հայ դպրոցի:
Հայ եկեղեցին կը փակէ իր դռները, երբ հայ դպրոցը կ՛անշքանայ: Հայը կրնայ մնալ քրիստոնեայ, բայց եկեղեցին չ՛ունենար հայերէնով աղօթք բարձրացնող հայ, ո՛չ ալ հայերէն աղօթք կարդացող հոգեւորական:
Հայ դպրոցը հիմն է մեր գոյութեան:
Երկրի տնտեսական այս վիճակին մէջ, մեր միակ կիզակէտը պէտք է ըլլայ կրթական մեր կառոյցներուն, մեր գոյութիւնը ապահովող հայ դպրոցին գոյատեւման եւ առաքելութեան շարունակութեան պահպանումը:
Այս ուղղութեամբ, տնտեսական թէ ելեւմտական հաշիւներէ մեկնած որեւէ նահանջ, տկարութիւն կամ տատանում ո՛չ միայն չի նպաստեր հայ դպրոցին այլեւ կը հարուածէ Լիբանանի հայութեան ողնայարը:
Խուճապային, շուտիկ եւ զուտ առեւտրական հաշիւներով որոշումներ կարելի չէ կայացնել նման ճակատագրական փուլերու:
Պահանջուածը` հաւաքական գիտակցութեամբ եւ հաւաքական պատասխանատուութեամբ հայ դպրոցը ամուր պահելն է:
Հարցը համայն լիբանանահայութեան խնդիրն է եւ կարելի չէ զիջիլ հայ դպրոցին հաշուոյն:
Որեւէ զիջում համահայկական մեր ուժը տկարացնելու կը ծառայէ միայն:
Առաջնահերթը` հայ դպրոցն է:
Բոլորս պարտինք նեցուկ կանգնիլ հայ դպրոցին:
Յ. Բագրատունի