Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Սփւռքահայ վերջին 50 տարիներու իրականութենէն ներս, ազգային եւ հասարակական կեանքի հոգերով ու մտահոգութիւններով ապրողներուն համար, օրինակելի տիպար մը եղաւ յունահայ գաղութի սիրուած խմբագիր եւ գործիչ հանգուցեալ ընկ. Յովսէփ Պարազեան, որ Հինգշաբթի՝ 13 Յունիս 2019ին, իր աչքերը փակեց, կարճատեւ հիւանդութենէ մը ետք։
Ընկ. Յովսէփին համար չկար բնագաւառ մը, ուր ան իր դրոշմը եւ իր զօրաւոր անհատականութեան հետքերը ձգած չըլլար։ «Ազատ Օր»ի բազմամեայ իր խմբագրի վաստակէն մինչեւ իր երիտասարդական, կուսակցական, մտաւորական, գրական ու միութենական գործունէութիւնը, ան ամէն տեսակի աշխատանք տարաւ բացառիկ խղճմտութեամբ, նուիրումի անսակարկ հաւատքով եւ ծառայութեան աննկարագրելի մեծութեամբ։
Բոլոր անոնք, որոնք «Ազատ Օր»ի մէջ, թէ՛ կուսակցական ու միութենական շրջանակներէ ներս գործակցեցան կամ աշխատեցան ընկ. Յովսէփի հետ, կը վկայեն, թէ իւրայատուկ «դպրոց» մը եղաւ ան։ Իր նուիրումի բոլոր արժանիքները բարի օրինակ ու ներշնչում հանդիսացան՝ ազգային կեանքի մէջ ծառայութեան նոր չափանիշներ հաստատելով։
Ստորեւ՝ պիտի փորձենք տալ իր կեանքի ու գործունէութեան գլխաւոր բաժինները, որոնք չեն ամփոփուիր յօդուածի մը մէջ, սակայն հանգուցեալ ընկերոջ յիշատակը յարգելու, բայց մանաւանդ անոր ծառայութեան մեծութիւնը ուրուագծելու փորձ մըն են։ Վստահ ենք, թէ թերթիս ընթերցողները եւ յատկապէս անոնք, որոնք ճամբայ կտրեցին ընկ. Յովսէփին հետ, իրենց յիշողութեան մէջ կը պահեն անթիւ դրուագներ եւ յիշատակներ մեր հանգուցեալ ընկերէն։ Մենք կը յուսանք, թէ այս տողերը ուղեցոյց պիտի ըլլան նորահաս սերունդին համար, որպէսզի ընկ. Յովսէփ Պարազեանի նման անխոնջ ծառայողներու տիպարը լուսաւորէ իրենց ճամբան, պայծառ օրինակը դառնալով իրենց անհատական, բայց գլխաւորաբար՝ իրենց ազգային-հասարակական դիմագիծի կազմաւորման մէջ։
ԱՌԱՋԻՆ ՈՍՏՈՒՄՆԵՐԸ
Յովսէփ Պարազեան ծնաւ 1949ին, Տուրղութիի գաղթակայաններուն մէջ, երբ Բ. Համաշախարհային Պատերազմի արհաւիրքէն ետք, Յունաստան հիւծած երկիր մըն էր, իսկ յունահայութիւնը սկսած էր կորսնցնել իր երբեմնի ուժը, մանաւանդ՝ դէպի Հայաստան ներգաղթի ու դէպի արեւմուտք արտագաղթի հսկայական ալիքներուն պատճառով։ Իր նախնական ուսումը ստացաւ Ֆիքսի հայ կաթողիկէ վարժարանին մէջ եւ ինչպէս ինք կը պատմէր, այդ վարժարանի վերջին շրջանաւարտը եղաւ, որովհետեւ յաջորդ տարին, գաղթակայանին մէջ կը սկսէր «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» նորակերտ վարժարանի գործունէութիւնը։
Փոքր տարիքէն, հայերէնի ուսմանց մէջ ան աչքի զարնող աշակերտ մը եղաւ։ Ճիշդ անոր համար ալ, 1961ին ան, այլ յունահայերու հետ միասին, ղրկուեցաւ Պէյրութի «Նշան Փալանճեան» ճեմարան, կատարելագործելու համար իր հայերէնի ուսումը, ապագային ազգային կեանքի մէջ ծառայութիւն մատուցելու նպատակով։ Աննման մեր մեծերուն՝ Սիմոն Վրացեանի, Գառնիկ Բանեանի, Մուշեղ Իշխանի եւ Հրաչ Տասնապետեանի շունչն էր, որ կեանք տուաւ ընկ. Յովսէփի մտային ծլարձակումներուն, իր նկարագրի կերտումին, ապագայ դաշնակցական զինուորի գաղափարական ներշնչման ու վերջապէս հայ մամուլի անխոնջ սպասարկուն ըլլալու իր երիտասարդական տեսիլքներուն։ Աւելի ետք, ան իր ուսումը շարունակեց «Հայկազեան» համալսարանի հայագիտական բաժնէն ներս, հոն եւս հայաբոյր միջավայրի մը բարիքները քաղելով։ Իր ճեմարանական օրերուն էր, երբ Սիմոն Վրացեան պատանի Յովսէփին մէջ տեսաւ ապագայ գործիչը, յաճախ անոր իր մօտ կանչեց, որպէսզի դասարանէն ետք ազատ ժամերուն Յովսէփ գրի առնէ մեծանուն Հայուն յուշերն ու ապրումները։ Իր դասընկերներէն Նշան Պասմաճեան կը վկայէ, թէ ընկ. Յովսէփ, ճեմարանի տարիներուն, արդէն սկսած էր գրիչ շարժել՝ բանաստեղծութիւններ գրելով «Մազապուր» ստորագրութեամբ։
ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼԵՐԸ
Լիբանան եղած տարիներուն, ընկ. Յովսէփ ապրեցաւ լիբանանահայութեան ազգային, կուսակցական, գրական ու մշակութային ծաղկումին ամէնէն բեղուն եւ զօրաւոր ժամանակաշրջանը, ուր ազգային եւ դաշնակցական ոգին ամէն կողմ տարածուեցաւ՝ նոր երանդ եւ ուժ տալով Սփիւռքի հզօրացման։ Հոն էր, որ ընկ. Յովսէփ, անսալով ցեղի ձայնին, մուտք գործեց Հ.Յ.Դաշնակցութեան մէջ, կեանք մը ամբողջ հայութեան նուիրաբերելու համար իր ամբողջ հոգին, իր մտքի ու ձեռքի աշխատանքը։
Յունաստան վերադարձին, այլեւս կազմաւորուած երիտասարդ՝ ընկ. Յովսէփ անմիջապէս նետուեցաւ ազգային կեանքի մէջ եւ սկսաւ ամէն տեղ իր դրոշմը ձգել։
Եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզիկ, հայ երգն ու թատրոնը իր մէջ բոցավառեցան, մտաւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդաց Միութեան մէջ եւ իր ուսման ու կազմաւորման պտուղները սկսաւ տալ գաղութին։ Իր երիտասարդական օրերու գլխաւոր նուաճումներէն մէկը եղաւ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան Ֆիքսի «Զարթօնք» խումբին կազմութիւնը եւ պատանիներու ազգային ու մշակութային դաստիարակութիւնը։ «Ազատ Օր»ի այդ տարիներու ելոյթներուն թղթակցութիւնները կը նշեն ընկ. Յովսէփի անունը, որպէս պատանիներու պատասխանատուն եւ վարիչ դաստիարակը։
Մինչեւ 1975, ան մաս կազմեց Հ.Յ.Դ. Երիտասարդաց Միութեան Կեդր. Վարչութեան։
ԿԵԱՆՔ ՄԸ ԱՄԲՈՂՋ՝ «ԱԶԱՏ ՕՐ»Ի ՄԷՋ
1969ին ընկ. Յովսէփ Պարազեան արդէն սկսած էր աշխատիլ որպէս գրասենեակի պաշտօնեայ՝ քիմիական գործարանի մը մէջ, երբ յունահայ հանգուցեալ հաւատաւոր ընկեր Օննիկ Օննիկեան երիտասարդ Յովսէփին մէջ տեսաւ ապագայ խմբագիրը ու մամուլի սպասարկուն։ Ընկ. Յովսէփ, առանց երկրորդ խօսքի, իր դրական պատասխանը տուաւ ու, հրաժարելով իր աշխատանքէն, մուտք գործեց «Ազատ Օր»ի հայաբոյր եւ մարդակերտ ընտանիքէն ներս՝ անկէ երբեք դուրս չգալու գերագոյն պատասխանատուութեամբ եւ խոստումով։
Մեր մեծ մտաւորականներուն՝ Վազգէն Եսայեանի եւ Ահարոն Ստեփանեանի շունչին տակ սկսաւ ծաւալել իր խմբագրական արժանիքները։ Թերթի տպարանը եղաւ իր կռուանը, ուր ան ամէն տեսակի գործ կը կատարէր՝ լուրեր կը խմբագրէր, տառեր կը շարէր, տպագրութիւն կ՚ընէր, թերթ կը ծալլէր, թերթ կը բաժնէր։ Ընկ. Յովսէփ, հակառակ իր խմբագրական հմտութեան ու տաղանդին, երբեք վերէն չնայեցաւ, այլ պարզ ու համեստ զինուորի մը պէս, թերթի պատրաստութեան ամէն տեսակի աշխատանքները կատարեց խղճմտութեամբ եւ գերագոյն զգայնութեամբ։ Թերթին համար զոհողութեան չափանիշները ան տարաւ շատ առաջ ու միշտ փորձեց նոյն յատկանիշները եւ իր բնատուր առաքինութիւնները փոխանցել իր շուրջիններուն եւ գործակիցներուն։
Վազգէն Եսայեանի մահէն ետք, ընկ. Յովսէփ այլեւս լիովին ստանձնեց թերթի պատասխանատուութիւնը, որպէս խմբագիր եւ արտօնատէր։ «Ազատ Օր»ին համար նոր ուղիներ կը բացուէին։ Արդէն այդ տարիներուն, օրուան պատասխանատու մարմիններու աջակցութեամբ, թերթը օժտուած էր «լինոթիփ» սարքերով։ Ընկ. Յովսէփ չզլացաւ նստելու մեքենային առջեւ եւ տողեր շարելու։ Մեծ ու պզտիկ գործ չկար թերթին մէջ։ «Ազատ Օր» ամէն գնով պէտք էր օրը-օրին, ժամը-ժամուն պատրաստ ըլլար, «տաք հաց»ի նման իր անհամբեր ընթերցողներուն հասնելու համար։
Բառերը սահմանափակ են նկարագրելու համար ընկ. Յովսէփ Պարազեանի խմբագրական վաստակը։ Հայ մամուլի հարազատ սպասարկուն ըլլալով՝ ան ամէն օր լուրեր խմբագրեց, նիւթեր զատեց, յօդուածներ ու նշմարներ ստորագրեց, շարեց ու սրբագրեց թերթի ամէն մէկ տողը։ Ներշնչուած խմբագրականներ գրեց զանազան առիթներով, ազգային ոգին եւ դաշնակցականի իր գաղափարական ամբողջ ներաշխարհն ու մտածելակերպը յանձնելով թուղթին։ Ժողովրդային խօսքով՝ ան «համ ու հոտ» տուաւ թերթին, ամէնօրեայ հարուստ նիւթերով, այժմէական լուրերով, թղթակցութիւններով եւ յօդուածներով։ Առաւօտեան առաջին լոյսէն մինչեւ ուշ կէսօր, անկէ ետք իր տան մէջ իսկ, ան իր գրիչը վար չձգեց։ Գրեց անընդհատ, խմբագրեց, թարմութիւն տուաւ թերթին։
1970ական թուականներու վերջաւորութեան, ընկ. Յովսէփի անհանդարտ միտքը յղացաւ շաբաթական հերթականութեամբ ներկայացուած «Ազատ Օր»ի գրական յաւելուածը։ Հայ գրականութեան ու բանաստեղծութեան փունջերու փնտռուած գոհարներ կազմեց այդ յաւելուածներու շարքը՝ երկար տարիներու վրայ։ Ընկ. Յովսէփի ջանքերով, ընթերցասէր հասարակութեան առջեւ բացուեցաւ հայ գիրի ու դպրութեան հարուստ աշխարհը։
Նոյն տարիներուն, ընկ. Յովսէփ քաջալերեց պատանի եւ երիտասարդ գրողներ, որոնք իրենց գրական ծլարձակումներու պտուղները տեսան «Ազատ Օր»ին մէջ։ Այդ տարիներուն, ամիսը անգամ մը հրատարակուող «Մանկապատանեկան ծաղկեփունջ»ը առիթը տուաւ սերունդի մը՝ աւելի խորանալու հայերէն լեզուի գրական աշխարհին մէջ, ապագայ յօդուածագիրներ պատրաստելու երազանքով։
Ընկ. Յովսէփի աշխատասիրութիւնը եւ անսահման սէրը դէպի «Ազատ Օր», զինք մղեց նոր ձեւեր փնտռելու թերթի հրատարակութեան համար։ Իր օրով, թերթը երկու անգամ օժտուեցաւ արդի տպագրական մեքենաներով, նախ՝ «Ֆոթոսինթէզ»ի նորարարութեամբ, ապա՝ աւելի արդի համակարգչային ձեւով։ Երկու պարագաներուն ալ, ան նախաձեռնարկ եղաւ թերթին տեսքը բարելաւելու, արտաքինը աւելի գեղեցկացնելու եւ էջադրումին նորաձեւութիւն տալու, քայլ պահելու համար մամուլի նորօրեայ մտածողութեան եւ գործելաոճին հետ։
Ընթերցողները, իրենց գրադարաններուն մէջ, մասունքի նման մինչեւ այսօր կը պահեն «Ազատ Օր»ի բացառիկները, որոնք ամէն տարի պատրաստուեցան ընկ. Յովսէփի ձեռքով։ Անոնք ընթերցանութեան ովասիսներ եղան՝ յունահայ գաղութի փառաւոր անցեալին ու ներկային մասին «լեցուն» նկարագրականներով եւ յօդուածներով։ Յատկանշական են Ջաւախքի մասին անոր նկարագրականները, երբ Ջաւախքի հիմնահարցը տակաւին լռութեան մէջ կը մնար։
Հայ ազատագրական պայքարի նորանոր շղթայազերծումի ամէնէն տաք օրերուն, ընկ. Յովսէփի պատասխանատուութեամբ եւ տքնաջան աշխատանքին արդիւնքով, «Ազատ Օր» եղաւ այն թերթը, ուրկէ ամէն օր հայ մամուլին հայթաթեց անմիջական լրատուութիւն եւ նիւթեր Հրայր-Մաքս Գիլինճեանի դատավարութենէն՝ Փարիզի մէջ եւ Պելկրատի տղոց՝ Յարութիւն Լեւոնեանի եւ Ռաֆֆի Էլպէքեանի դատավարութենէն։ Երկու պարագաներուն ալ, երբ ամբողջ հայութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր այդ երկու դատերուն վրայ, ընկ. Յովսէփի եւ այլ գործիչներու անմիջական ներկայութեամբ դատավարութիւններուն, հայ լրագրութիւնը փայլուն օրեր ապրեցաւ։
Յունահայ փոքրաթիւ գաղութին համար, ընկ. Յովսէփ Պարազեան «Ազատ Օր»ին տուաւ անհամեմատելիօրէն աւելի մեծ արժէք, համազօր՝ մեծաթիւ գաղութներու մամուլին։
Երբ այլեւս, 40 երկար տարիներ յետոյ, ժամը հասաւ հանգստեան կոչուելու, ընկ. Յովսէփ ներքնապէս անհանգիստ եղաւ։ Չուզեց գրիչը վար դնել։ Հայ մամուլին «տաք ու պաղ» օրերը ապրած անձին համար կարելի չէր լռել։ Այդպէս, ան «Ազատ Օր»ի աշխատակիցի հանգամանքով բազմաթիւ յօդուածներ եւ թղթակցութիւններ ստորագրեց։ Ամէն գնով, ան իր ջերմ կապը պահեց թերթին հետ, որուն համար իր լման կեանքը նուիրեց։
Ընկ. Յովսէփ միայն «Ազատ Օր»ին համար չգրեց։ Թիւ չունին այն բոլոր յօդուածները, որոնք մեր թերթէն զատ լոյս տեսած են հայ մամուլին մէջ, նոյնիսկ ոչ-դաշնակցական մամուլին մէջ, որովհետեւ ան իր վերլուծումներուն մէջէն կարողացաւ ազգային եւ համահայկական նիւթերուն եւ մարտահրաւէրներուն աւելի մեծ արժէք տալ, խորաթափանց մտածումներով, մտահոգոթիւններով, այլեւ նկարագրական «համեղ» գրութիւններով՝ արդի եւ պատմական Հայաստանին մէջ իր շրջապտոյտներէն։
Խմբագրի իր բազմամեայ փորձառութեան արդիւնքով՝ ան անդամ եղաւ Յունաստանի Լրագրողներու Միութեան, ինչպէս նաեւ ստացաւ Համաշխարհային Լրագրողներու Միութեան անդամատետր։
ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ ԵՒ ՀԱՄԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉԸ
Յաճախ խմբագիր մը կ՚առանձնանայ իր ներաշխարհին մէջ ու կը շարունակէ էջեր արտադրել միայն։ Այդպէս չեղաւ ընկ. Յովսէփին համար։ Ան, հաւատարիմ իր դաշնակցականի երդումին, ամէն օր «Ազատ Օր»ի խմբագրատունէն մեկնելով, իր կեանքը կիսեց ազգային, կուսակցական եւ միութենական գործունէութեան հետ։
Բազմիցս ան մաս կազմեց իր ապրած շրջանի Կոմիտէին։ Մասնակցեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի իրերայաջորդ Կեդր. Կոմիտէներու աշխատանքներուն, որպէս խմբագիր կամ որպէս ընտրուած անդամ, մասնակցեցաւ զանազան կարեւոր ժողովներու, կուսակցական եւ մամլոյ խորհրդաժողովներու ու Սփուռքի նախարարութեան մամլոյ հաւաքներուն։ Ամէն տեղ, իր ժրաջան աշխատանքով, ներկայացումներով, բանաձեւումներով եւ մտածումներով սատարեց հայ մամուլի եւ կուսակցական-կազմակերպչական գործերու յաջողութեան։
1974ին, ընկ. Յովսէփ եղաւ հիմնադիր անդամներէն մէկը Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին, ուր երկար տարիներ ան գործեց Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայ Դատի ճանաչման համար։
Մասնակցեցաւ Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովին՝ 1988ին, Աթէնքի մէջ։
Բանախօսեց Յունաստանի եւ այլ հայկական գաղութներու մէջ եւ իր զօրեղ մտածումներն ու վերլուծումները հաղորդ դարձուց հայ հասարակութեան։
1988ի Սպիտակի ահաւոր երկրաշարժէն ետք, ինք գտնուեցաւ յունահայութեան ընձեռած օգնութեան առաջին օդանաւին մէջ՝ երկրաշարժէն վերապրողներուն մեծ քանակութեամբ ապրանքներ փոխադրելու եւ բաժնելու նպատակով։
Երկար տարիներ, ընկ. Յովսէփ Պարազեան գործեց «Համազգային» հայ մշակութային եւ կրթական միութեան մէջ եւ մինչեւ իր վաղաժամ կորուստը, ան ստանձնեց Շրջ. Վարչութեան ատենապետի զգայուն եւ պատասխանատու պաշտօնը։ Մինչեւ վերջ, ան տենդաբար մտածեց ու գործեց, նոր մասնաճիւղներ հիմնելու կամ նորաձեւ ծրագիրներ ու ելոյթներ կազմակերպելու համար։
Իր բնատուր յատկութիւններով եւ իր նկարագրի մեղմութեամբ, ան կարողացաւ իր շուրջ համախմբել մեծ թիւով երիտասարդ համազգայնականներ, որոնք իր շունչին տակ դաստիարակուեցան եւ այսօր կը շարունակեն գործել երգչախումբի, պարախումբի, թատերականի եւ գրական բաժիններէն ներս։
Որպէս «Համազգային»ի երգչախումբի երկար տարիներու նախկին անդամ, ան մասնաւոր գուրգուրանք եւ հոգածութիւն տածեց «Յ. Փափազեան» երգչախումբին հանդէպ։ Անկէ անդին, բոլոր միաւորներու ընկերները տեւաբար զգացին ընկ. Յովսէփի հայրական գուրգուրանքը եւ ուշադրութիւնը՝ Միութեան վերելքին համար։ «Համազգային»ի մէջ իր տարիները եղան արգասաբեր ու բեղուն։ Ընկ. Յովսէփի թողած դրոշմը եւ աւանդը, երկար տարիներ շարունակ ուղեցոյց պիտի հանդիսանան նոր սերունդներուն համար։
ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՀԵՏ
Ընկ. Յովսէփ Պարազեան ներկայութիւն ունեցաւ գիրքերու աշխարհին մէջ՝ երկու հրատարակութիւններով։ «Պատմական Հայաստանի աւանդներու հետքերով» փոքր ծաւալով հրատարակութեամբ, ան իր տպաւորութիւնները եւ զգացումները թուղթին փոխանցեց՝ պատմական Հայաստանի մէջ իր շրջապտոյտէն ետք։ Իր երկրորդ գիրքին մէջ, աւելի ծաւալուն, «Սիրային զրոյցներ Երեւանին հետ», ան ամփոփեց քաղաքամայր Երեւանի գեղեցկութիւններն ու իր զգացած ապրումները քաղաքին համար։ Ան նաեւ ներդրում ունեցաւ Սամուէլ Ռամազեանի՝ հայ-յունական ռազմական գործակցութեան մասին հատորի պատրաստութեան։ Ընկ. Յովսէփի արխիւներուն մէջ տակաւին անտիպ կը մնան մեծ թիւով գրութիւններ, թատերական գործեր, վերլուծական գործեր, մենագրութիւններ եւ յօդուածներ։
Իր մտաւորական «անհանգիստ» որոնումներուն պատճառով, ան Յունաստանի համալսարաններու մէջ հետեւեցաւ փիլիսոփայութեան, պատմութեան ու բիւզանդագիտութեան ճիւղերուն եւ գիտելիքներու հարուստ պաշար մը ստեղծեց իր ապագայ գրական արտադրութեան համար։ Անդամ էր Հայաստանի գրողներու միութեան։
ՄԱՐԴԸ
Այս սեղմ գիծերուն մէջ, հեռու պիտի մնանք անոր զօրաւոր անհատականութեան եւ սրտբաց ու բարեհամբոյր նկարագրին մասին արտայայտուելէ։ Այդ մէկը, վստահաբար, պիտի ընեն ուրիշներ՝ իրեն հետ երկար ճամբայ կտրած ընկերներ եւ բարեկամներ, գրութիւններով եւ կենդանի յուշերով՝ ընկ. Յովսէփէն։
Պիտի բաւականանք յայտնելու, թէ ան տիպար եւ օրինակելի ընտանիք մը կազմեց, ուր անոր ամէն մէկ անդամ, իր ծառայասիրութեան օրինակով, կը շարունակէ մասնակից ըլլալ հայ կեանքին։ Անոնք կը շարունակեն քալել ընկ. Յովսէփի ճամբէն, իր անսպառ ներշնչումով, գործին անվախօրէն նայելու յատկանիշներով ու իր յետին թողած նուիրումի ժառանգին համաձայն։
Կը մաղթենք, որ ապագային յունահայ գաղութի պատմաբանը՝ համապարփակ եւ մանրամասն կերպով, գաղութի մատեանին մէջ ոսկի գիրերով պիտի արձանագրէ ընկ. Յովսէփ Պարազեանի ծառայութեան եւ անձնուիրութեան մեծութիւնը։
Յիշատակը՝ անթառամ։
«Ա.Օ.»