Փոխարժեքներ
23 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
8 նոյեմբեր 1936-էն մինչեւ 28 մարտ 1939, Սպանիոյ երկրորդ հանրապետութեան մայրաքաղաքը՝ Մատրիտը, կը գտնուէր խիստ պաշարման վիճակի մը մէջ՝ Ֆրանքոյական ֆաշական ուժերուն կողմէ: Հանրապետական ուժերը մատրիտեան փողոցները զարդարած էին «Անոնք պէտք չէ անցնին» գրութեամբ պաստառներով: Այս գրութիւնը հետագային դարձաւ (մինչեւ օրս կը շարունակուի) ամէնէն նշանաւոր կարգախօսներէն մէկը՝ հակաֆաշական պայքարի պատմութեան մէջ:
Ֆաշականներու յաղթանակէն 80 տարի ետք, այսօր ալ կը զգացուի ծայրայեղ աջի վտանգը:
1975-ին Սպանիոյ՝ Ֆրանքոյական բռնատիրութենէն դէպի ժողովրդավարութիւն անցումէն ետք, առաջին անգամը ըլլալով ծայրայեղ աջ կուսակցութիւն մը (Վոքս անունով), ըստ նորագոյն տուեալներուն, կը մրցակցի եւ յոյսեր ունի ստանալու քուէներուն 10 առ հարիւրին համեմատութիւնը: Այսպիսով, Վոքսը կը դառնայ առաջին ծայրայեղ աջ կուսակցութիւնը, որ 40 տարի ետք (առաջինը 1979-ի ընտրութիւններուն մասնակցած Ազգային միասնականութիւն կուսակցութիւնն էր, որ շահեցաւ միայն մէկ աթոռ այդ ընտրութիւններուն ընթացքին, իսկ յաջորդ ընտրութիւններուն՝ 1982-ին կորսնցուց զայն) մուտք պիտի գործէ Սպանիոյ խորհրդարանին մէջ:
Ծայրայեղ աջ Վոքս կուսակցութիւնը իր ժողովրդականութիւնը աւելցուց եւ դարձաւ լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը գրաւող նիւթ, երբ 2 դեկտեմբեր 2018-ին Անտալուսիոյ շրջանային ընտրութիւններուն ստացաւ քուէներուն 11 առ հարիւրը, շահեցաւ 12 աթոռ եւ համագործակցելով կեդրոն-աջ Քաղաքացիներու կուսակցութեան ու պահպանողական Ժողովուրդի կուսակցութեան հետ՝ տապալեց ընկերվարական շրջանային կառավարութիւնը եւ անոր փոխարէն նեցուկ կանգնեցաւ պահպանողական Ժողովուրդի կուսակցութեան՝ կազմելու համար շրջանային նոր կառավարութիւն:
Դէմ յանդիման գտնուելով ծայրայեղ աջին հետ, Սպանիոյ Ընկերվար բանուորական կուսակցութիւնը՝ ղեկավարութեամբ ներկայ վարչապետ Փետրօ Սանչեզին (անոր ղեկավարած կառավարութիւնը նուազ քան մէկ տարուան կեանք ունի), վերջ դրաւ խստամբերական քաղաքականութեան, բարձրացուց պետական ծախսը, բանակցութիւններ վարեց Քաթալոնիոյ՝ անկախութեան կողմնակից կառավարութեան հետ, իսկ այսօր իր ընտրական քարոզարշաւին մէջ կը կեդրոնանայ սեռային բռնութեանց դէմ պայքարելու, սեռային հաւասարութիւնը ընդլայնելու, պետութեան դաշնակցային համակարգը հզօրացնելու եւ հարկային փախուստներուն վերջ տալու կէտերուն վրայ:
28 ապրիլ 2019-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին, աջակողմեան եռեակին (Ժողովուրդի, Քաղաքացիներու եւ Վոքս կուսակցութիւններ) յաղթանակը կը նշանակէ վերադառնալ տնտեսական ճգնաժամի օրերուն, երբ կը վարուէին խստամբերական քաղաքականութիւններ. կը նշանակէ նաեւ վերահաստատել միջնադարեան ընկերային քաղաքականութիւնները՝ քրէականացնելով վիժումը (Անտալուսիոյ մէջ Վոքս կուսակցութիւնը պահանջեց, որ վերջ դրուի սեռային բռնութիւններու քրէականացման):
Միջազգային գաղափարաքաղաքական դիտանկիւնէն դիտելով Սպանիոյ ընտրութիւնները՝ ի յայտ կու գայ, որ քաղաքականութիւնը սկսած է ստանալ գաղափարաբանական դիմագիծ, ինչ որ հեռու էր քաղաքական դաշտէն՝ վերջին տարիներուն ընթացքին: Համաձայն միջազգային մամուլին, կիներու իրաւունքները եւ սեռային հարցերը (սեռային բռնութիւն, վիժում, ՍԻՏԱ) առանցքները կը կազմեն քուէարկողներու մտահոգութեան՝ վախնալով, որ աջին յաղթանակը ետդարձի պատճառ դառնայ կիներու իրաւունքներու եւ սեռային քաղաքականութեան գծով:
Ընտրութիւնները ընտրանք են երկու տեսակի Սպանիաներու միջեւ. Սպանիա մը, որ կը կրէ միջնադարեան, Ֆրանքոյական եւ խստամբերական արմատներ կամ Սպանիա մը, որ ունի լուսաւորութեան, ընկերային եւ եւրոպական դիմագիծ:
«Անոնք պէտք չէ անցնին»:
ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ