Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումով եգիպտական մամուլի էջերէն հանդէս եկան տեղացի մտաւորականներ:
Առաջիններէն մին՝ միջազգային իրաւունքի փրոֆեսոր դր. Այման Սալամա Ապրիլի 23-ին կէսօրին արդէն քանի մը լրատուամիջոցի հրապարակութեան յանձնած էր Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը Ֆրանսայի մէջ պաշտօնական տօնացոյցին վրայ առնուելու քայլին իր արժեւորումը՝ «24 Ապրիլ 2019 – Ֆրանսա կը յաւերժացնէ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը եւ աշխարհին կը ծանուցէ կոծկելու, լռութեան մատնելու եւ ուրանալու ժամանակահատուածի աւարտը» խորագրուած յօդուածով, ուր առաջին հերթին կը հաստատէ, որ երբ Ֆրանսա նման քայլ կʼառնէ, ան պաշտօնապէս ի լուր աշխարհի կը հռչակէ, թէ ինչ որ պատահեցաւ հայոց 24 Ապրիլ 1915-ին, ցեղասպանութիւն էր, որ լիովին կը համապատասխանէ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման եւ հատուցման ՄԱԿ-ի 1948-ի Դեկտեմբերի 9-ի պայմանագիրին մէջ նկարագրուածին:
Ան պատկերաւոր լեզուով հիմնական գիծերու մէջ տուած է «օսմանցիի անիրաւութիւնը հայուն հանդէպ», սեփական հայրենիքէն անոր արտաքսումը, փճացնելու, կողոպտելու եւ սպաննելու համար, Ցեղասպանութեան խորհրդանիշ օրուան՝ 1915-ի Ապրիլի 24-ին հայ մտաւորականութեան եւ ականաւոր դէմքերու ձերբակալութեան եւ աքսորին ու դանդաղ սպանութեանուրուագիծերը: Նոյն պերճախօս ոճով այնուհետեւ կʼանցնի մինչեւ օրս շարունակուող թրքական ուրացման նկարագրութեան, թէեւ «թուրք ցեղասպան հրէշը» վերոյիշեալ պայմանագիրի երկրորդ յօդուածին մէջ նշուած սպանութեան բոլոր արարքները գործած էր, եզրակացնելու համար որ ՄԱԿ-ի պայմանագիրը գրուած է հայոց թափած կարմիր արեամբ, ինչպէս օրէնսգէտ Լեմքին յիշատակած է նշեալ պայմանագիրին ուղին հարթած իր աշխատասիրութիւններուն մէջ:
Միջազգային իրաւունքի մասնագէտը կը հաստատէ, որ ինչքան ալ ժամանակ անցնի, մարդկային պատմութեան յիշողութիւնը մէկ ու կէս միլիոն հայ երախաներու, կանանց, ծերերու եւ ազնիւ մարդոց արեամբ արատաւորուած պիտի մնայ, հաւատալով որ անտառի օրէնքը երկար պիտի չտիրէ եւ հատուցման պահը պիտի հասնի: Ան կʼողջունէ «հզօր հայ ժողովուրդի» յամառութիւնը աշխարհի խղճմտանքին մէջ վառ պահելու իր դատը եւ դէմ դնելու գործուած ոճիրները մեղմացնելու Թուրքիոյ ջանքերուն թէ ամբողջ Հայ դատը ուրանալու փորձերուն, որով հարկադրեց պետութիւններու կառավարութիւններ եւ խորհրդարաններ, առաւել միջազգային թէ ազգային կազմակերպութիւններ, ընկերակցութիւններ ու քաղաքացիական մարմիններ, որ ընդունին, որ ինչ գործեց Թուրքիա 1915 թուականին ու անկէ ետք, միջազգային օրէնքին մէջ Ցեղասպանութիւն ճանչցուած է եւ դիտել կու տայ, որ 2016-ի Մայիսին՝ պատերազմին Թուրքիոյ դաշնակիցներ Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ պաշտօնական ճանաչումէն ետք ալ ի՛նչ ուրացում:
Ապա ան կը յիշատակէ միջազգային իրաւունքի հիմնական սկզբունք մը՝ որ կʼընդունի մարդկային իրաւանց խախտումներու փաստերուն ծանօթանալու զոհերու եւ իրենց ընտանիքներու իրաւունքը, իսկ միւս կողմէ այդ փաստերը հետաքննելու եւ հրապարակելու միջազգային պարտաւորութեան տակ կը դնէ պետութիւնները, ինչ որ կատարեց Թուրքիա 1919-ին Պոլսոյ մէջ հաստատած ռազմական ատեաններով, դատելու համար թուրք պետական ոճրագործ վարիչները: Սակայն էրտողականական Թուրքիան, կը շարունակէ հեղինակը, կʼուրանայ այս իրողութիւնները, իրաւական եւ նիւթական փաստերը, մտավախութիւն յայտնելով, որ այս վարքը ժառանգներուն եւ այլոց ուշ կամ կանուխ նման ոճիրները գործելու կը քաջալերէ:
Ան կʼարժեւորէ Ֆրանսայի «պատմական քայլը»՝ որ նման ոճիրի առաջքը կʼառնէ, մինչ ուրացում կը նշանակէ յարատեւում: Հայոց ցեղասպանութեան Ֆրանսայի ճանաչումը միջազգային պարտաւորութիւն կը համարէ ան, ոչ միայն տէ ժիւրէ, այլեւ տէ ֆաքթօ, նկատելով որ Ֆրանսա առաջին համաշխարհային պատերազմին մասնակից մեծ պետութիւններէն մին էր, որուն դիւանագիտական ներկայացուցիչները իրենց պետութեան եւ բովանդակ աշխարհին ականատես վկաները դարձած էին:
***
Յաջորդ յօդուածագիրը, երիտասարդ գրող, վիպասան Ահմէտ Մակտի Համմամ «Տուսթուր» թերթի կայքէջին վրայ ըստ էութեան ներկայացնելով Ցեղասպանութեան ոճիրին ՄԱԿ-ի 1948-ի պայմանագիրի երեք նախապայմանները, կը խորհի, որ թուրքերը դժուարութիւն պիտի ունենան ուրանալու եւ հերքելու հայոց դէմ հանգրուանային կերպովիրենց գործած ստոր ոճիրը, որուն մեծագոյնն ու դաժանագոյնը 104 տարի առաջ գործադրուեցաւ՝ 24 Ապրիլ 1915-ին, կը գրէ ան:
Համմամ կը նկարագրէ Մեծ եղեռնի փուլերը՝ հայոց վերնախաւի գլխատումը, բանակ զօրակոչուած հայ զինուորներու զինաթափումը, շինարարական ծանր աշխատանքներու լծումն ու այնուհետեւ մաս առ մաս սպանութիւնը, ապա սեփական հայրենիքէն ժողովուրդի տեղահանութեան ու բռնագաղթի: Ան կը յիշատակէ կոտորածներուն մէջ «թաշքիլէթ մախսուսիյէ»ի եւ քիւրտ չէթէներու դերակատարութիւնը թուրք կանոնաւոր ոստիկանութեան եւ զինուած ուժերուն կողքին:
Յիշատակելով ոճիրի հեղինակ երեք փաշաները՝ Թալէաթը, Էնվէրը եւ Ճեմալը, որոնք կայսրութիւնը առաջին համաշխարհայինին պարտութեան առաջնորդեցին, «գործեցին նաեւ այս պատմական ցեղասպանութիւնը, որ թուրք պատմութեան մէջ պիտի մնայ ամօթի ու նուաստացումի խարան, եւ դատապարտուեցան նոյնինքն թրքական դատարանի կողմէ»:
Ան յոյս կը յայտնէ, որ եկող քանի մը տարիներուն հայ զոհերու հոգիները կըխաղաղին, երբ աւելի շատ պետութիւններ ճանչնան ցեղասպանութիւնը ու այն ատեն Թուրքիոյ հանրապետութիւնը հարկադրուած պիտի ըլլայ հատուցելու օսմանեան Թուրքիոյ գործած ոճիրը:
***
Երրորդ յօդուածագիրը՝ Ֆաթմա Պատաուի, «Ախպար էլ Միսայի»ի (Երեկոյեան լուրեր) Ապրիլի 23-ի թիւով երկարապատում գրութիւն մը նուիրած է Արցախին՝ «ԼեռնայինՂարաբաղ՝ հակամարտութիւններու թատերաբեմը» խորագրով: Ան իր նիւթը ներկայացնելու համար պատմութիւնը հին դարերէն կը սկսի՝ Ուրարտուէն, հաստատելու համար որ հայապատկան հինաւուրց բնակավայր եղած է Արցախ աշխարհը, զոր հիւսիս-արեւելքէն կʼեզերէ Կուր գետը, եւ սահմանը կը կազմէ Աղուանքի հետ,վկայակոչելով ժամանակի յոյն մեծանուն պատմագիրները՝ Ստրաբոնէն Պլուտարքոս եւ այլք:
Առաջ երթալով, ան կը յիշատակէ, որ Հայաստան առաջին անգամ Բիւզանդիոնի եւ պարսից միջեւ բաժնուեցաւ 387 թուականին, որով Արցախ աշխարհն ալ անցաւ պարսկական տիրապետութեան տակ, ինչը սակայն, կը նշէ ան, մինչեւ միջնադարու վերջերը չխախտեց շրջանի ազգային նկարագիրը, երբ 18 դարու կէսերէն թուրք վաչկատուն ցեղախումբեր թափանցեցին Արցախի հիւսիսային սահմանէն, ուր կʼիշխէին մելիքական տուները: Անկʼանդրադառնայ մելիքներու պայքարին եւ օտարի լուծէն ու յարձակումներէն ազատուելու ջանքերուն, ապա՝ ռուս ցարերուն հետ դաշնակցութեան, կը յիշատակէ Գիւլիստանի եւ Թիւրքմենչայի պայմանագիրները, որոնցմով Արցախի վերահսկողութիւնը Ռուսիոյ անցաւ, որմէ ետքերկրամասը մինչեւ 1917՝ պոլշեւիկեան յեղաշրջումը խաղաղութեան մէջ ապրեցաւ:
Արցախի շուրջ հակամարտութեան սկիզբը ան կը կապէ ռուսական կայսրութեան փլուզման, որուն յաջորդեց՝ Հայաստանի հանրապետութեան կողքին, թրքական հովանաւորութեամբ Ատրպէյճանի պետութեան կազմաւորումը, որ առաջին օրէն հողային պահանջներ ունեցաւ Կովկասի մէջ հայկական ընդարձակ տարածքներու նկատմամբ: Հեղինակը պատկերաւոր կը փոխանցէ 1918-20 պատմական անցքերը, զուգորդելով Հայոց ցեղասպանութեան հետ, թրքական զօրքի ներգործութիւնը կովկասեան դէպքերու զարգացման եւ հայկական բնակավայրերու կոտորածներուն եւ կողոպուտին մէջ, կը հասնի 1920-ի Մարտի 28-ին Շուշիի հրկիզման, այնուհետեւ Ազգերու լիկայի միջամտութեան փորձին, որ 1 Դեկտեմբեր 1920-ի որոշումով կը մերժէԱտրպէյճանի անդամակցութիւնը: Յօդուածագիրը կը փաստէ, որ 1918-20 անկախ Ատրպէյճանին երբեւէ մաս չեն կազմած Արցախը կամ Նախիջեւանը, ինչ որ շրջուած է հետագային Ստալինի եւ խորհրդային իշխանութեան միջամտութեամբ:
Ֆաթմա Պատաուի այնուհետեւ կը պատմէ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի կազմաւորման պարագաները փոքր հողակտորի մը վրայ, թուարկելով այն բոլոր շրջանները որոնք կամայականօրէն դուրս ձգուած էին անկէ եւ կʼեզրակացնէ, որ Արցախի խնդիրը այդպէսով լուծում չգտաւ, այլ 70 տարի սառեցուեցաւ, որուն ընթացքին բազմիցս Լեռնային Ղարաբաղի հայ մեծամասնութիւնը հանրագրութիւններով եւ ուղերձներով խորհրդային կեդրոնական իշխանութիւններէն պահանջեցին չեղեալ համարել Ատրպէյճանի կցման 1921-ի ապօրէն որոշումը եւ Լեռնային Ղարաբաղը միացնել Հայաստանի, գրելով որ նոյնիսկ ստալինեան դաժան բռնադատութեան տարիներուն հայերը դադար չառին:
Եւ կը հասնի 1988 թուական, զոր շրջադարձային կʼորակէ ոչ միայն արցախահայութեան, այլ բովանդակ հայութեան ճակատագրին համար եւ մանրակրկիտ՝ թիւ ու թուականով կը վերաշարադրէ հայ բնակչութեան դէմ Սումկայիթէն սկսած ցեղասպանութիւնը, տնտեսական շրջափակումը, հայկական գիւղերու բռնի տեղահանումը, իսկ միւս կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Շահումեանի միաւորման ակտը եւ անկախութեան հռչակումը, հակամարտութեան սաստկացումը եւ կանոնաւոր պատերազմի վերածուիլը, որուն սկզբնական փոխնիփոխ յաջողութեամբ ընթացքը կը նկարագրէ հեղինակը, 1992-ին Շուշիի ազատագրութենէն ամիս մը ետք՝ Շահումեանի անկումը ատրպէյճանցիներու ձեռք, Արցախի պաշտպանութեան բանակի կազմաւորումը, շարք մը բռնագրաւուած շրջաններու ազատագրութիւնն ու յենակէտերու չէզոքացումը, հասնելու համար 1994 Մայիսի 5-ի Պիշքէքի զինադադարի պայմանագիրին, որուն կողմերէն մին էր Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութեան ներկայացուցիչը, Ռուսիոյ, Կիրքիզիայի, ԱՊՀ խորհրդարանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կողքին:
Վերջապէս յիշատակենք, որ եգիպտացի մտաւորականներու թէ եգիպտական մամուլիշահեկան այս եւ պարբերական հրատարակութիւնները կամաւոր են, անհատոյց, տեսակ մը գնահատանք երկրորդ հայրենիքին հայոց ունեցած դրական եւ բազմերես ներդրումին: Նման քարոզչութիւն ապահովելու համար ուրիշներ պէտք է մեծ գումարներ վճարեն եւ հաւանաբար կը վճարեն ալ: Ըստ արժանւոյն պէտք է գնահատել եգիպտացիներու այս վերաբերմունքը:
Պատրաստեց` Արմեն Մազլումյանը