կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2018-12-22 11:05
Հասարակություն

Վերհիշելով Հ․ Եփրեմ վրդ․ Տեր Ղազարյանին

Վերհիշելով Հ․ Եփրեմ վրդ․ Տեր Ղազարյանին

Աղբյուրը՝ Kantsasar

Գրականագէտ Մինաս Թէօլէօլեան իր «Դար Մը Գրականութիւն»ի Ա. հատորին մէջ (Գահիրէ, 1956) Հ. Եփրեմին յատկացուցած է առանձին գլուխ՝ հակիրճ անդրադարձումով ու լուսանկարով։ Թէօլէօլեանի արժեւորումը բարձր է.- «Հ. Եփրեմ Տ. Ղազարեանի քերթուածը սեթեւեթ չունի. զուսպ յուզումի եւ հաղորդական ապրումներու գծով մը կը զարգանան անոնք, մասնաւորաբար Վարուժանի ձգողութեան ենթակայ։ Կշռոյթ ունին եւ յղկուած լեզու»։

Եւ սխալ ալ չէ այս գնահատականը։ Կարդանք, զորօրինակ, իր «Սիրոյ փեթակ»ը.

Բերէ՛ք ինծի դառնութիւննե՛րը բոլոր,

Բերէ՛ք սրտիս փեթակին.

Կ’ուզեմ քամել խորիսխներու մեղրը լոյս,

Վէրքերու մէջ մթագին։

 

 Ա՜հ, թող հալի ամբողջ փեթակը սրտիս,

Սիրոյ անմար բոցերով.

Ու թող ձուլուին մեղրամոմէն մնացորդ

Յոյսի մոմեր հոգեթով։

Միայն թէ, զարմանալին ա՛յն եղաւ՝ որ այս օժտեալ վանական բանաստեղծը, աւելի ուշ, չշարունակեց իր քերթողական տպաւորիչ երթը, կամ եթէ շարունակեց իսկ՝ տուաւ շատ քիչ ու պատահական բխումով միայն։ Բանաստեղծական նոր հատոր ալ չհրատարակեց այնուհետեւ։ Ու հաւանաբար այս էր պատճառը, որ Թէօլէօլեան իր պատկառելի երկհատորեակին Բ. վերանայեալ հրատարակութեան մէջ (Ամերիկա, 1977), խուսափեցաւ Հ. Եփրեմը կրկին հիւրընկալելէ սփիւռքահայ գրողներու նոր դասաւորեալ իր ցուցակին մէջ…։

 1953-ին Հ. Եփրեմ ընթերցողին սեղանին դրաւ նոր գիրք մը՝ «Դէպի Աղբիւրը Լոյսին»։ Ասով, բանաստեղծական կալուածէն ոստում մը կը կատարէր ան դէպի խոհափիլիսոփայական ածու, քննելու համար «տիեզերքի առեղծուածը»։ Հատորը իմաստասիրական մտածումներու եւ խորհրդածութեանց մատեան մըն էր, որ կþուզէր «ապացուցել Աստուծոյ գոյութիւնը, բանականութեան յագուրդ տուող փաստերով»։ Դիւրամատչելի լեզուով ու ոճով՝ Հ. Եփրեմ նախ կը յիշեցնէր Աստուծոյ գոյութիւնը ժխտող տեսաբանութիւններն ու սխալ վարդապետութիւնները, այնուհետեւ ալ, հակադրաբար, մի առ մի կը շարայարէր բոլոր այն ապացոյցները, որոնք կը հաստատեն Գերագոյն Էակին՝ Աստուծոյ, գոյութիւնը։ 230 էջանի այս հետաքրքրական գիրքը Բ. հրատարակութիւն մըն ալ ունեցաւ 1991-ին։

Վերինին օրկանական մէկ շարունակութիւնն էր «Ես Եմ Լոյս Աշխարհի» հատորը, որ հրատարակուեցաւ 1988-ին։ Հոս ալ սեւեռումի կ’ենթարկուէր  Քրիստոս՝ «գիտութեան լոյսին դիմաց»։ Այս վերջին զոյգ հատորներով՝ Հ. Եփրեմ մեր առջեւ կը կանգնէր որպէս արդիաշունչ աստուածաբան մը, որ կը սիրէ դեգերիլ բնութեան, գիտութեան, ինչպէս նաեւ մտքի բոլոր օրէնքներուն միջեւ։

Ինծի կը թուի սակայն, թէ Հ. Եփրեմի ամէնէն գործնապաշտ ու ժողովրդական աշխատասիրութիւնը իր ֆրանսերէնէ-Հայերէն բառարանը եղաւ, զոր հրատարակեց Պէյրութի մէջ 1957-ին, եւ որ վերատպուեցաւ 1983-ին ալ։ Շատ գործնական բառարան մըն էր այս, մօտ 700 էջանի, օժտուած՝ դժուար կարդացուող ֆրանսերէն բառերուն դիմաց դրուած հայատառ ճշգրիտ հնչումներով, ինչ որ դիւրութիւն մըն էր ուսանողներու եւ սկսնակներու համար։

Բայց նուազ ժողովրդական չեղաւ նաեւ այն փառաւոր ու մեծղի դպրոցական «Յուշամատեան»ը, զոր Հ. Եփրեմ պատրաստեց ու հրատարակեց Հալէպի Մխիթարեան վարժարանի յիսնամեակին առիթով, 1990-ին, որոշ յապաղումով մը։ Լա՛ւ որ գրուեցաւ այդ յուշամատեանը այդ տարիներուն։ Այլապէս, այսօր ո՞վ պիտի համարձակէր ձեռնարկել այդպիսի ծաւալուն գիրքի մը գրառումին…։

Գիտենք, որ Հալէպի Մխիթարեան վարժարանը հիմնուած էր 1936-ին, ու առաջին տեսուչն ալ եղած էր տրապիզոնցի Հ. Վրթանէս Խանպէկեանը։ Տասնամեակ մը անց սակայն, երբ Հ. Եփրեմ պիտի գար միանալու ուսուցչական կազմին՝ ա՛լ պիտի դառնար դպրոցին ամէնէն սիրական ու տիրական դէմքը։

Կրթական մարզի իսկական նուիրեալ մըն էր ան։ Ճիգ ու քրտինք չէր խնայած Մխիթարեանի նոր շէնքին կառուցման ու վերաբացման կնճռոտ աշխատանքներուն մէջ եւս, 70-ական թուականներու կէսերուն, անմիջական գործակից ունենալով Հ. Արիստակէս Մանուկեանը (այս մասին հաւաստի վկայութիւններ ունի Հ. Աւետիք Թալաթինեան՝ «Գեղարդ» սուրիահայ տարեգիրքի Բ. հատորին մէջ, 1978)։ Կը սիրէր շրջապատուիլ աշակերտներով, հաճոյք կը զգար դիտելով երեխաները, լսելով անոնց ճռուողիւնը։

Կարդացէ՛ք իր «Հայ դպրոցը» քերթուածը, ուր դիւրաւ պիտի շօշափէք ո՛չ միայն բանաստեղծական տաքուկ ու վարակիչ շունչ մը, լեզուական վեհութիւն մը, արուեստի ու մտածումի կայլակներ, այլեւ՝ հայկական վարժարանին ու անոր գիրկին մէջ աճող դեռատի սերունդներուն նկատմամբ խորունկ հաւատք մը. 

Տեսէ՛ք, ո՜րքան հոն գարուններ դեռատի

Կը բերեն երգ ու բերկրանք,

Քարայատակ բակը յանկարծ կը ծաղկի

Ծիծաղներով վարդերանգ։ 

Տեսէ՛ք, ի՜նչպէս հոն արփիներ հրաչուի,

Կը յորդին կեանք,- եւ ահա,

Կ’ալեկոծի գաւիթն յանկարծ ամայի

Քրքիջներով արծաթեայ։ 

Հոն, քով քովի՝ ինչպէս աստղերն երկինքի,

Կ’ըմպեն գաղտնիքն արարչին,

Եւ իրենց վառ աչքերուն մէջ կը բացուի

Գոց վարագոյրն Անցեալին։ 

Հոն, սիրտ սրտի, կարծես վարդեր հրեղէն,

Զուարթ յոյսեր կը ծլին,

Օր մը պիտի անոնց ճակտի բոցերէն

Առկայծ ճրագներ արծարծին։ 

Հոն, ձեռք ձեռքի՝ ինչպէս շղթայ մը լերան

Կան Վարդաններ ծաղկատի,

Պիտի ցոլայ աչքերնուն մէջ յաղթական

Ժպիտը գոհ Մասիսի։ 

Յատակն անոր թող սալարկուի սաթերով,

Ծեփուին պատերն ոսկիէ,

Այնտեղ լոյսի ջերմ օրրանն է, ուր երգով

Ցեղի հոգին կ’երազէ…։ 

Թող յորդի հոն գգուանքն,- ինչպէս ոսկեգոյն

Մեղրը կ’իջնէ փեթակէ,

Այնտեղ բոյնն է, ուր յոյսերով ակաղձուն

Սիրտը ցեղին կը տրոփէ…։

Չեմ մոռնար, որ Հ. Եփրեմ «Բազմավէպ»ի խմբագիր ալ եղած է երկու տարի, 1965-67։ Ս. Ղազարու հայագիտական պաշտօնաթերթին այս շրջանի թիւերուն մէջ աւելի յաճախ կարելի է հանդիպիլ Հ. Եփրեմի ստորագրութեան՝ գրական այլատեսակ յօդուածներու ներքեւ։

*

Հ. Եփրեմ Տէր Ղազարեան վախճանեցաւ 6 Դեկտեմբեր 1993-ին, Հալէպ, կարճատեւ անհանգստութենէ մը ետք։

Երիտասարդ թղթակից մըն էի, ու յաջորդ առաւօտուն իսկ պարտք սեպեցի հեռաձայնել Փարիզ՝ «Յառաջ»ի խմբագրապետուհի Արփիկ Միսաքեանին, հաղորդելու համար Մխիթարեան այս սիրուած վարդապետին մահուան գոյժը։ «Յառաջ» 8 Դեկտեմբեր 1993-ի իր թիւին Ա. էջին վրայ լոյս ընծայեց վարդապետին մահագրականը։ Սփիւռքահայ մամուլի այլ անուներ բան մը գրեցի՞ն կեանքէն հեռացող գիրի այս սպասաւորին մասին. չեմ տեսած։ թերեւս բացառութիւն մը եղաւ Հալէպի «Գանձասար»ին մէջ լոյս ընծայուած այն սեղմ յօդուածը, որմով տպարանատէր Յովհ. Պասմաճեան քանի մը տողով կþողբար կորուստը իր վաղեմի բարեկամին։ Զարմանալիօրէն լուռ մնաց նաեւ վենետիկեան «Բազմավէպ»ը, ու կարծէք մոռցաւ, թէ բարունակ մը  եւս փրթած-ինկած էր Ս. Ղազարու հաստարմատ կաղնիէն վար…

Հայ Կաթողիկէ Զուարթնոց եկեղեցւոյ մէջ կայացած բազմամարդ յուղարկաւորութիւնը, որուն ընթացքին շատ յուզիչ դամբանախօսութիւն մը  կատարեց երկար տարիներու իր ուխտակիցն ու լծակիցը՝ Հ. Արիստակէս, ապացոյցն էր այն սիրոյն, զոր ժողովրդական շրջանակներու մէջ վայելած էր Հ. Եփրեմ,  տասնամեակներու տեւողութեան։

Այսօր կարօտն ունինք նո՛ր Հայր Եփրեմներու…։

Լեւոն Շառոյեան

(Վերջ)

Հալէպ